Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր ուրախութիւնը պահպանեցէք

Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր ուրախութիւնը պահպանեցէք

Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր ուրախութիւնը պահպանեցէք

«Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։4

1, 2. Եղբայր մը ու իր ընտանիքը իրենց բոլոր ունեցածը կորսնցնելով հանդերձ, ի՞նչպէս կրցան իրենց ուրախութիւնը պահպանել։

ՍԻԵՐՐԱ ԼԷՈՆԷՆ Ճէյմս անունով եօթանասուն տարեկան Քրիստոնեայ մը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ծանր աշխատած էր։ Երեւակայեցէք իր ուրախութիւնը, երբ բաւարար դրամ խնայելով, ի վերջոյ կրցաւ չորս սենեակով համեստ տուն մը գնել։ Սակայն, Ճէյմս եւ իր ընտանիքը այդ տունը փոխադրուելէն որոշ ժամանակ մը ետք, երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ ծագեցաւ, եւ իրենց տունը հրոյ ճարակ դարձաւ։ Անոնք իրենց տունը կորսնցուցին, բայց ո՛չ իրենց ուրախութիւնը։ Ինչո՞ւ։

2 Ճէյմս եւ իր ընտանիքը իրենց միտքը կեդրոնացուցին ո՛չ թէ իրենց կորսնցուցածին, այլ՝ տակաւին մնացած բաներուն վրայ։ Ճէյմս կը բացատրէ. «Նոյնիսկ ահռելի ժամանակներուն, ժողովներ ունեցանք, Աստուածաշունչը կարդացինք, միասին աղօթեցինք, եւ մեր չնչին ունեցածը ուրիշներու հետ բաժնեցինք։ Կրցանք մեր ուրախութիւնը պահպանել, քանի որ Եհովայի հետ մեր ունեցած հոյակապ յարաբերութեան վրայ կեդրոնացանք»։ Իրենց օրհնութիւնները համրելով, որոնց լաւագոյնն է՝ Եհովայի հետ անձնական սերտ յարաբերութիւնը, այս հաւատարիմ Քրիստոնեաները կրցան «ուրախութեան մէջ յարատեւել»։ (Բ. Կորնթացիս 13։11, ՆԱ) Անշուշտ, այդ ճնշիչ պարագաներուն տոկալը դիւրին չէր։ Սակայն անոնք Եհովայով ուրախ ըլլալէ չդադարեցան։

3. Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք իրենց ուրախութիւնը ի՞նչպէս պահպանեցին։

3 Նախկին Քրիստոնեաներն ալ Ճէյմսի ու իր ընտանիքին նման դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։ Այսուհանդերձ, Պօղոս առաքեալ հետեւեալը գրեց Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն. «Ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք»։ Ապա Պօղոս բացատրեց իրենց ուրախութեան աղբիւրը. «Գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը»։ (Եբրայեցիս 10։34) Այո, այդ առաջին դարու Քրիստոնեաները զօրաւոր յոյս մը ունէին։ Անոնք վստահութեամբ կ’ակնկալէին բան մը ստանալ, որ անկողոպտուելի էր. Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ «կենաց [անթառամ] պսակը»։ (Յայտնութիւն 2։10) Ներկայիս, մեր քրիստոնէական յոյսը, ըլլայ երկնային թէ՝ երկրային, կրնայ մեզի օգնել որ մեր ուրախութիւնը պահպանենք, նոյնիսկ երբ ձախորդութիւններ դիմագրաւենք։

«Յոյսով Ուրախ Եղէ՛ք»

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ ‘յոյսով ուրախ ըլլալու’ Պօղոսի խրատը, Հռովմէացիներուն համար շատ ժամանակայարմար էր։ (բ) Ի՞նչ բան պատճառ կրնայ ըլլալ որ Քրիստոնեային յոյսը իր աչքերուն առջեւէն հեռանայ։

4 Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող իր հաւատակիցները քաջալերեց որ յաւիտենական կեանքի ‘յոյսով ուրախ ըլլան’։ (Հռովմայեցիս 12։12) Ասիկա Հռովմէացիներուն համար ժամանակայարմար խրատ մըն էր։ Պօղոսի գրած նամակէն տասը տարի չանցած, անոնք խիստ հալածանքի ենթարկուեցան, եւ անոնցմէ ոմանք Ներոն Կայսրին հրամանով մինչեւ մահ չարչարուեցան։ Անոնց հաւատքը թէ Աստուած խոստացեալ կենաց պսակը պիտի տար իրենց, անկասկած զիրենք զօրացուց իրենց տառապանքին մէջ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։

5 Որպէս Քրիստոնեաներ, մենք ալ հալածանք կ’ակնկալենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Ասկէ զատ, կը գիտակցինք թէ «ժամանակ ու դիպուած» բոլորիս կը պատահին։ (Ժողովողի 9։11) Արկած մը կրնայ սիրելիի մը կեանքը խլել։ Լուրջ հիւանդութիւն մը կրնայ ծնողի մը կամ սերտ բարեկամի մը մահուան պատճառ ըլլալ։ Եթէ մեր ուշադրութիւնը Թագաւորութեան յոյսին վրայ չկեդրոնացնենք, կրնանք հոգեւորապէս վնասուիլ երբ այսպիսի նեղութիւններ պատահին։ Հետեւաբար, լաւ կ’ըլլայ եթէ մենք մեզի հարց տանք. ‘«Յոյսով ուրախ» կ’ըլլա՞մ։ Ո՞րքան յաճախ ժամանակ կը տրամադրեմ անոր մասին խոկալու։ Մօտալուտ Դրախտը ինծի համար իրակա՞ն է։ Ինքզինքս հոն կը տեսնե՞մ։ Անհամբե՞ր եմ որ իրերու դրութեան վախճանը գայ, ինչպէս որ էի երբ ճշմարտութիւնը նոր սորվեցայ’։ Այս վերջին հարցումին մասին լրջօրէն պէտք է մտածենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ լաւ առողջութիւն ունինք, բաւարար դրամ կը շահինք, եւ կ’ապրինք երկրի մը մէջ, որ քիչ թէ շատ ազդուած չէ պատերազմէ, սովէ, կամ բնական աղէտներէ, առնուազն հիմակուհիմա չենք տեսներ Աստուծոյ նոր աշխարհին գալուն ստիպողական կարիքը։

6. (ա) Երբ Պօղոս եւ Շիղա նեղութիւններէ տառապեցան, անոնք իրենց մտածումները ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացուցին։ (բ) Պօղոսի ու Շիղայի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ ներկայիս մեզ քաջալերել։

6 Պօղոս շարունակեց Հռովմէացիներուն խրատել որ ‘նեղութեան մէջ համբերեն’։ (Հռովմայեցիս 12։12) Պօղոսի համար նեղութիւնները օտար չէին։ Անգամ մը, ան տեսիլքի մը մէջ մարդ մը տեսաւ որ հրաւիրեց զինք ‘Մակեդոնիա անցնելու’, հոն գտնուող մարդոց օգնելու որ Եհովայի մասին սորվէին։ (Գործք 16։9) Ընդառաջելով, Պօղոս՝ Ղուկասի, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի հետ՝ նաւով Եւրոպա մեկնեցաւ։ Ի՞նչ կը սպասէր այս նախանձախնդիր միսիոնարներուն։ Նեղութիւններ։ Մակեդոնիոյ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ քարոզելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա խարազանուեցան եւ բանտ նետուեցան։ Բացայայտօրէն, Փիլիպպէի քաղաքացիներէն ոմանք Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ ո՛չ թէ միայն անտարբեր էին, այլեւ՝ սաստիկ հակառակ։ Այս իրադարձութիւնները պատճառ եղա՞ն որ միսիոնարները իրենց ուրախութիւնը կորսնցնէին։ Ո՛չ։ Ծեծուելէ եւ բանտ նետուելէ ետք, «կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին»։ (Գործք 16։25, 26) Անշուշտ, ծեծին պատճառած ցաւերը Պօղոսն ու Շիղան չուրախացուցին, սակայն երկու միսիոնարները անոր վրայ չկեդրոնացան։ Անոնց մտածումները Եհովայի եւ իր տուած օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնացած էին։ ‘Նեղութեան մէջ [ուրախութեամբ] համբերելով’, Պօղոս եւ Շիղա Փիլիպպէի մէջ եւ այլուր իրենց եղբայրներուն համար լաւ օրինակ հանդիսացան։

7. Ինչո՞ւ մեր աղօթքներուն մէջ շնորհակալական խօսքեր ալ պէտք է պարփակենք։

7 Պօղոս գրեց. «Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։12) Երբ մտահոգիչ պահեր ունենաք, կ’աղօթէ՞ք։ Ի՞նչ բանի մասին կ’աղօթէք։ Հաւանաբար կը յիշէք ձեր մասնայատուկ խնդիրը եւ Եհովայի օգնութիւնը կը խնդրէք։ Սակայն կրնաք նաեւ ձեր վայելած օրհնութիւններուն համար շնորհակալական արտայայտութիւններ պարփակել։ Երբ խնդիրներ ծագին, մեզի համար Եհովայի ըրած բարութիւններուն վրայ խորհրդածելը, մեզի կ’օգնէ որ ‘յոյսով ուրախ ըլլանք’։ Դաւիթ, որու կեանքը դժուարութիւններով լեցուն էր, գրեց. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։ (Սաղմոս 40։5) Եթէ Դաւիթի նման, Եհովայէ մեր ստացած օրհնութիւններուն մասին կանոնաւորաբար խորհրդածենք, վստա՛հաբար ուրախ պիտի ըլլանք։

Դրական Տեսակէտ մը Պահեցէք

8. Ի՞նչ բան Քրիստոնեային կ’օգնէ հալածանքի ներքեւ ուրախ մնալու։

8 Յիսուս իր հետեւորդները կը քաջալերէ որ դրական տեսակէտ մը պահեն, երբ զանազան նեղութիւններու հանդիպին։ Ան կ’ըսէ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար»։ (Մատթէոս 5։11) Այսպիսի պարագաներու ներքեւ ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառ ունինք։ Հակառակութեան դիմանալու մեր կարողութիւնը ապացոյց մըն է թէ Եհովայի հոգին մեր վրայ է։ Պետրոս առաքեալ իր օրուան հաւատակից Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի [եւ զօրութեան] եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է»։ (Ա. Պետրոս 4։13, 14) Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովա նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք ու հետեւաբար՝ մեր ուրախութիւնը պահենք։

9. Երբ իրենց հաւատքին համար բանտին մէջ էին, ի՞նչ բան կարգ մը եղբայրներու օգնեց ուրախութեան պատճառներ գտնելու։

9 Նոյնիսկ երբ ահռելի պարագաներու ներքեւ ըլլանք, կրնանք ուրախանալու պատճառներ գտնել։ Ատոլֆ անունով Քրիստոնեայ մը ասոր ճշմարիտ ըլլալը գիտցաւ։ Ան կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը երկար տարիներէ ի վեր արգելքի տակ է։ Ատոլֆ եւ իր ընկերակիցներէն շատեր ձերբակալուեցան եւ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան, քանի որ մերժած էին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց հաւատալիքները ուրանալ։ Բանտին մէջ կեանքը անտանելի էր, սակայն, Պօղոսի ու Շիղայի նման, Ատոլֆը եւ իր բանտակիցները Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու պատճառներ գտան։ Անոնք ըսին թէ բանտին մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնը, իրենց հաւատքը զօրացնելու եւ քրիստոնէական արժէքաւոր յատկութիւններ մշակելու նպաստեց, ինչպէս՝ առատաձեռնութիւն, կարեկցութիւն եւ եղբայրասիրութիւն։ Օրինակի համար, երբ բանտարկեալներէն մէկը իր ընտանիքէն ծրար մը ստանար, ան զայն իր հաւատակիցներուն հետ կը բաժնէր, որոնք այս յաւելեալ հայթայթումները կը նկատէին որպէս թէ Եհովայէն՝ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողէն կու գային։ Ազնուութեան այսպիսի արարքներ թէ՛ տուողին եւ թէ ստացողներուն ուրախութիւն բերին։ Հետեւաբար, իրենց հաւատքը բեկանելու միտումով եղած փորձութիւնը, խորքին մէջ զիրենք հոգեւորապէս զօրացուց։—Յակոբու 1։17. Գործք 20։35

10, 11. Քոյր մը ի՞նչպէս կրցաւ գլուխ ելլել բիրտ հարցաքննութեան մը եւ երկարատեւ բանտարկութեան հետ։

10 Էլլան, որ նոյնպէս կ’ապրի երկրի մը մէջ ուր Թագաւորութեան գործը երկար ատենէ արգիլուած է, իր քրիստոնէական յոյսը ուրիշներու հետ բաժնելուն համար ձերբակալուեցաւ։ Ութ ամիս շարունակ, ան բիրտ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ։ Վերջապէս երբ դատավարութեան բերուեցաւ, տասը տարուան բանտարկութեան դատավճիռ տրուեցաւ, բանտի մը մէջ ուր իրմէ զատ Եհովայի ուրիշ երկրպագուներ չկային։ Այն ատեն Էլլան հազիւ 24 տարեկան երիտասարդուհի մըն էր։

11 Անշուշտ, Էլլան չէր փափաքեր իր երիտասարդութեան մեծ մասը բանտին մէջ անցընել։ Սակայն, քանի որ ան չէր կրնար իր պարագան փոխել, որոշեց իր հայեցակէտը փոխել։ Հետեւաբար, ան սկսաւ բանտը նկատել վկայելու իր անձնական թաղամասը։ Ան կ’ըսէ. «Քարոզելու դաշտը ա՛յնքան ընդարձակ էր, որ տարիները արագօրէն սահեցան»։ Աւելի քան հինգ տարի ետք, Էլլան դարձեալ հարցաքննուեցաւ։ Գիտակցելով թէ բանտին ձողերը իր հաւատքը չէին քանդած, զինք հարցաքննողները ըսին. «Չենք կրնար քեզ ազատ արձակել. քանի որ չես փոխուած»։ «Բայց ես փոխուա՛ծ եմ», եղաւ Էլլայի վճռական պատասխանը։ «Այժմ աւելի լա՛ւ հայեցակէտ մը ունիմ, քան երբ նոր բանտ մտայ, իսկ հաւատքս առաջուընէ շա՛տ աւելի զօրաւոր է»։ Ապա աւելցուց. «Եթէ չէք ուզեր զիս ազատ արձակել, պիտի մնամ մինչեւ որ Եհովա յարմար տեսնէ զիս ազատ արձակել»։ Հինգ ու կէս տարուան բանտարկութիւնը Էլլայի ուրախութիւնը չէր խլած։ Ան սորվեցաւ գոհ ըլլալ, ի՛նչ պարագաներու մէջ ալ գտնուէր։ Իր օրինակէն բան մը կրնա՞ք սորվիլ։—Եբրայեցիս 13։5

12. Դժուար պարագաներու մէջ գտնուող Քրիստոնեայի մը ի՞նչ բան մտքի խաղաղութիւն կրնայ տալ։

12 Մի՛ եզրակացնէք թէ Էլլան անսովոր պարգեւ մը ունի, որ իրեն կ’օգնէ այսպիսի դժուարութիւններ ձեռք առնելու։ Ակնարկելով իր դատավճիռը ստանալուն կանխող ամիսներուն եղած հարցաքննութեան շրջանին, Էլլան կ’ըսէ. «Կը յիշեմ թէ ակռաներս կը կափկափէի, եւ ահաբեկուած ճնճղուկի մը նման կը զգայի»։ Սակայն, Էլլան Եհովայի վրայ զօրաւոր հաւատք ունի։ Ան սորված է իր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնել։ (Առակաց 3։5-7) Որպէս արդիւնք, Աստուած առաջուընէ շա՛տ աւելի իրական եղած է իրեն համար։ Ան կը բացատրէ. «Ամէն անգամ որ հարցաքննութեան խուցը մտնէի, կը զգայի թէ վրաս խաղաղութիւն մը կու գար։ . . . Կացութիւնը ո՛րքան սաստկանար, խաղաղութիւնը ա՛յնքան կ’աւելնար»։ Այդ խաղաղութեան աղբիւրը Եհովան էր։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

13. Ի՞նչ բան մեզ կը հաւաստիացնէ թէ երբ նեղութեան հանդիպինք, տոկալու զօրութիւնը պիտի ունենանք։

13 Էլլան, որ այժմ բանտէն արձակուած է, իր ուրախութիւնը պահպանեց հակառակ իր կրած նեղութիւններուն։ Ան ասիկա ըրաւ, ոչ թէ իր զօրութեամբ, այլ՝ Եհովայի տուած զօրութեամբ։ Նոյնն էր պարագան Պօղոս առաքեալին, որ գրեց. «Մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ . . . Վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։—Բ. Կորնթացիս 12։9, 10

14. Բացատրեցէք թէ Քրիստոնեայ մը ի՛նչպէս կրնայ փորձիչ պարագայի մը հանդէպ դրական տեսակէտ մը ունենալ եւ անոր արդիւնքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ։

14 Ներկայիս ձեր դիմագրաւած ճնշումները թերեւս որոշ չափով տարբեր են հոս նկատի առնուածներէն։ Այսուհանդերձ, անոնց բնոյթը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելը դժուար է։ Օրինակի համար, թերեւս ձեր գործատէրը ձեր գործը շատ աւելի կը քննադատէ, քան՝ ուրիշ կրօնքներու պատկանող պաշտօնեաներուն գործը։ Թերեւս ձեզի համար ուրիշ գործ մը գտնելը անկարելի է։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր ուրախութիւնը պահպանել։ Մտաբերեցէք Ատոլֆը եւ իր ընկերակիցները, որոնց բանտարկութիւնը իրենց սորվեցուց կենսական յատկութիւններ մշակել։ Եթէ ձեր գործատէրը գոհացնելու անկեղծ ջանքեր թափէք, նոյնիսկ եթէ անիկա «ժանտաբարոյ» գործատէր մը ըլլայ, համբերութեան եւ երկայնամտութեան նման քրիստոնէական յատկութիւններ պիտի մշակէք։ (Ա. Պետրոս 2։18) Ասկէ զատ, որպէս գործաւոր շատ աւելի արժէքաւոր պիտի ըլլաք, եւ ասիկա հետագային աւելի գոհացուցիչ գործ մը գտնելու ձեր պատեհութիւնները կրնայ աւելցնել։ Այժմ նկատի առնենք կարգ մը ուրիշ կերպեր, որոնցմով կրնանք Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը պահել։

Պարզացնելը Ուրախութեան կ’Առաջնորդէ

15-17. Զոյգ մը սորվեցաւ թէ ի՞նչ բան կրնայ ճնշումը թեթեւցնել, թէեւ չէր կրնար անոր պատճառը բոլորովին վերցնել։

15 Թերեւս ձեր աշխարհիկ գործին տեսակը կամ վայրը փոխելու ընտրութիւնը չունենաք, սակայն կրնաք ձեր կեանքի այլ մարզերը որոշ չափով հակակշռի տակ առնել։ Նկատի առէք հետեւեալ փորձառութիւնը։

16 Քրիստոնեայ զոյգ մը երէց մը ընթրիքի հրաւիրեց իրենց տունը։ Այդ երեկոյ, եղբայրը եւ իր կինը իրենց սիրտը պարպեցին, երէցին յայտնելով թէ վերջերս կեանքի ճնշումներուն պատճառաւ ջախջախուած կը զգային։ Թէեւ երկուքն ալ լիաժամ ու բազմապահանջ գործեր ունէին, սակայն ի վիճակի չէին ուրիշ գործ մը փնտռելու։ Անոնք հարց տուին թէ որքա՛ն ատեն պիտի կարենային այս կացութեան տոկալ։

17 Երբ խրատ ուզեցին, երէցը պատասխանեց. «Պարզացուցէ՛ք»։ Ի՞նչպէս։ Ամուսինը եւ կինը ամէն օր գործի երթալ–գալու համար երեք ժամ կը վատնէին։ Երէցը, որ այս զոյգը լաւ կը ճանչնար, թելադրեց որ իրենց գործատեղիին մօտ եղող շրջան մը փոխադրուին, որպէսզի ամէն օր գործի երթալ–գալու համար վատնուած ժամանակը կարենային նուազեցնել։ Խնայուած ժամանակը կրնար գործածուիլ կարգ մը այլ կարեւոր բաներու հոգ տանելու, կամ պարզապէս հանգիստ ընելու համար։ Եթէ կեանքի ճնշումները ձեր ուրախութենէն մաս մը կը խլեն, ինչո՞ւ ձեր պարագան չքննէք, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնաք կարգ մը վերաճշդումներ ընել, հանգիստի ժամանակ ունենալու համար։

18. Ինչո՞ւ կարեւոր է խոր կերպով մտածել, որոշումներ տալէ առաջ։

18 Ճնշումը նուազեցնելու ուրիշ կերպ մըն է, որոշումներ տալէ առաջ խոր կերպով մտածել։ Օրինակ, Քրիստոնեայ մը որոշեց տուն մը շինել։ Ան շատ խրթին ուրուագիծ մը ընտրեց, հակառակ անոր որ ասկէ առաջ երբեք տուն մը շինած չէր։ Այժմ ան կը գիտակցի թէ կրնար անհարկի խնդիրներէն խուսափիլ, եթէ իր տան ուրուագիծը ընտրելէն առաջ ‘իր քայլերը քննած’ ըլլար։ (Առակաց 14։15) Ուրիշ Քրիստոնեայ մը համաձայնեցաւ հաւատակիցի մը փոխ առած գումարին համար երաշխաւոր ըլլալ։ Ըստ համաձայնութեան, եթէ փոխ առնողը չկարենար վճարել, երաշխաւորը ստիպուած էր ի՛նք վճարել գումարը։ Սկիզբը ամէն բան լաւ ընթացաւ, սակայն ժամանակ մը ետք փոխ առնողը սկսաւ համաձայնութիւնը չյարգել։ Փոխ տուողը խուճապի մատնուեցաւ, եւ պահանջեց որ երաշխաւորը լման գումարը վճարէր իրեն։ Ասիկա երաշխաւորին վրայ մեծ ճնշում բանեցուց։ Կարելի չէ՞ր ասոր առաջքը առնել, եթէ ան բոլոր ազդակները շատ աւելի ուշադրութեամբ նկատի առնէր, պարտքին պատասխանատուութիւնը իր վրայ առնել համաձայնելէ առաջ։—Առակաց 17։18

19. Ի՞նչ կարգ մը կերպեր կրնան մեր կեանքին մէջ ճնշումը նուազեցնել։

19 Երբ յոգնինք, բնաւ չեզրակացնենք թէ կրնանք մեր վրայէն ճնշումը թեթեւցնել ու մեր ուրախութիւնը վերագտնել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, դաշտի ծառայութեան եւ ժողովներու ներկայ գտնուելու համար տրամադրուած ժամանակը նուազեցնելով։ Ասիկա չընենք, քանի որ անոնք կենսական կերպեր են, որոնց միջոցաւ կրնանք Եհովայի սուրբ հոգին ստանալ, որուն պտուղներէն մէկը՝ ուրախութիւնն է։ (Գաղատացիս 5։22) Քրիստոնէական գործունէութիւնները միշտ թարմացուցիչ են եւ սովորաբար չափազանց յոգնեցուցիչ չեն։ (Մատթէոս 11։28-30) Շատ հաւանական է որ աշխարհիկ գործունէութիւնները կամ զբօսանքները, եւ ո՛չ թէ հոգեւոր գործունէութիւնները, կը նպաստեն մեր յոգնածութեան։ Կանուխ անկողին մտնել սորվիլը կրնայ մեր կազդուրման նպաստել։ Քիչ մը յաւելեալ հանգիստը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ։ Նաթան Հ. Նոր, որ մինչեւ իր մահը ծառայեց որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամը, սովորութիւն ունէր միսիոնարներուն ըսելու. «Երբ յուսալքուիք, առաջին բանը որ պէտք է ընէք, քիչ մը հանգիստ ընելն է։ Պիտի զարմանաք որ գրեթէ որեւէ խնդիր շատ աւելի լուծելի պիտի թուի, եթէ գիշերը լաւ քուն մը քաշէք»։

20. (ա) Ամփոփեցէք այն կարգ մը կերպերը, որոնցմով կրնանք մեր ուրախութիւնը պահպանել։ (բ) Ուրախ ըլլալու համար ի՞նչ պատճառներու մասին կրնաք խորհիլ։ (Տես՝ շրջագիծը էջ 17–ի վրայ։)

20 Քրիստոնեաները «ուրախ Աստուծոյ»ն ծառայելու առանձնաշնորհումը ունին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ինչպէս տեսանք, կրնանք մեր ուրախութիւնը պահպանել նոյնիսկ երբ լուրջ խնդիրներ դիմագրաւենք։ Թող որ Թագաւորութեան յոյսը մեր դիմաց վառ պահենք, մեր տեսակէտը բարեճշդենք երբ անհրաժեշտ է, եւ մեր կեանքը պարզ պահենք։ Ապա, մենք մեզ ի՛նչ պարագայի մէջ ալ գտնենք, Պօղոսի խօսքերուն պիտի ընդառաջենք. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—Փիլիպպեցիս 4։4

Հետեւեալ հարցումներուն շուրջ լրջօրէն խորհեցէք.

• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Թագաւորութեան յոյսին վրայ պէտք է կեդրոնացած մնան։

• Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ դժուար պայմաններու ներքեւ մեր ուրախութիւնը պահպանենք։

• Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք մեր կեանքը պարզացնել։

• Ոմանք ո՞ր մարզերուն մէջ իրենց կեանքը պարզացուցած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 17]

Ուրախ ըլլալու համար յաւելեալ պատճառներ

Որպէս Քրիստոնեաներ, ուրախանալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Նկատի առէք հետեւեալը.

1. Եհովան կը ճանչնանք։

2. Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորված ենք։

3. Յիսուսի զոհագործութեան վրայ մեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ մեր մեղքերը կը ներուին։

4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. նոր աշխարհը շուտով պիտի գայ։

5. Եհովա մեզ հոգեւոր դրախտի մը մէջ բերած է։

6. Քրիստոնէական օգտակար ընկերակցութիւն կը վայելենք։

7. Քարոզչութեան մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը ունինք։

8. Ողջ ենք, եւ որոշ չափով ոյժ եւ կարողութիւն ունինք։

Ուրախ ըլլալու համար ուրիշ քանի՞ պատճառներ կրնաք յիշել։

[Նկար՝ էջ 13]

Պօղոս եւ Շիղա նոյնիսկ բանտին մէջ ուրախ էին

[Նկարներ՝ էջ 15]

Ձեր աչքերը Աստուծոյ նոր աշխարհի ուրախ հեռանկարին վրայ սեւեռա՞ծ էք