Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ճամբուն մէջ յարատեւելը մեր զօրութիւնը եւ ուրախութիւնն է

Եհովայի ճամբուն մէջ յարատեւելը մեր զօրութիւնը եւ ուրախութիւնն է

Կենսագրութիւն

Եհովայի ճամբուն մէջ յարատեւելը մեր զօրութիւնը եւ ուրախութիւնն է

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԼՈՒԻՃԻ Տ. ՎԱԼԷՆԹԻՆՕ–Ի ԿՈՂՄԷ

Եհովա կը յորդորէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսայեայ 30։21) Այս խրատին հետեւիլը նպատակակէտս եղած է մկրտութենէս ի վեր, 60 տարի առաջ։ Այս նպատակակէտը վաղուց դիմացս դրուած էր ծնողքիս օրինակով, որոնք 1921–ին Իտալիայէն գաղթելով տեղաւորուեցան Քլիվլէնտի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.)։ Հոն անոնք երեք զաւակ մեծցուցին. մեծ եղբայրս՝ Մայքը, պզտիկ քոյրս՝ Լիտիան, եւ ես։

ԾՆՈՂՔՍ տարբեր կրօնքներ հետազօտեցին, բայց ի վերջոյ յուսախաբ ըլլալով՝ տեղի տուին։ Ապա, 1932–ին օր մը, հայրս ձայնասփիւռէն Իտալերէն յայտագրի մը կը հետեւէր։ Անիկա Եհովայի Վկաներու կողմէ կը ձայնասփռուէր, եւ հայրս իր լսածէն ախորժեցաւ։ Ան նամակ գրեց յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրելով, եւ Պրուքլինէն՝ Եհովայի Վկաներու Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն՝ Իտալացի Վկայ մը մեզի այցելեց։ Վառ խօսակցութենէ մը ետք, որ մինչեւ արշալոյս տեւեց, ծնողքս համոզուեցան թէ ճշմարիտ կրօնքը գտած էին։

Հայրս ու մայրս սկսան քրիստոնէական ժողովներու յաճախել եւ իրենց տունը բացին ճամբորդող տեսուչներու։ Թէեւ տակաւին տղեկ էի, բայց այս մարդիկը թոյլ տուին որ քարոզչութեան մէջ իրենց ընկերակցիմ եւ պատճառ եղան որ Եհովայի լիաժամ ծառայելու մասին մտածեմ։ Այս այցելուներէն մէկն էր՝ Գէրի Ու. Պարպըրը, այժմ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամը։ Կարճ ժամանակ ետք՝ 1941–ի Փետրուարին, 14 տարեկանիս մկրտուեցայ, իսկ 1944–ին՝ Քլիվլէնտի մէջ ռահվիրայութեան սկսայ։ Մայքը եւ Լիտիան ալ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճամբան որդեգրեցին։ Մայքը Եհովայի ծառայեց մինչեւ իր մահը, իսկ Լիտիան, 28 տարի ճամբորդական գործին մէջ իր ամուսնոյն՝ Հէրոլտ Ույտնըրի ընկերակցեցաւ։ Ներկայիս, անոնք կը ծառայեն որպէս լիաժամ մասնաւոր ծառաներ։

Բանտը Յարատեւելու Վճռակամութիւնս կը Խորացնէ

1945–ի սկիզբը, Օհայոյի՝ Չիլիքոթ Պետական Բանտը նետուեցայ, քանի որ Աստուածաշունչով մարզուած խիղճս զիս մղած էր Եսայեայ 2։4–ի հետ ներդաշնակ գործելու, ուր կը խօսի սուրերէն խոփեր շինելու մասին։ Բանտին իշխանութիւնները թոյլ տուած էին որ Վկայ բանտարկեալները՝ Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած սուրբ գրային որոշ գրականութիւններ ունենային։ Մօտակայ ժողովքէն Վկաներ օգնութեան կը փութային։ Երբեմն, անոնք քանի մը գրականութիւններ կը նետէին բանտին մօտ գտնուող դաշտին մէջ։ Յաջորդ առաւօտ, մինչ բանտարկեալները գործի վայրերը կը տարուէին, այս գրականութիւնները կը փնտռէին, ապա ձեւով մը զանոնք բանտ կը մտցնէին։ Սակայն, հետագային թոյլ տրուեցաւ որ ա՛լ աւելի գրականութիւններ ունենայինք։ Այն ժամանակ, ի՛րապէս սորվեցայ Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդը արժեւորել, դաս մը՝ որ տակաւին կը յիշեմ ամէն անգամ որ Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի նոր թիւ մը ստանամ։

Թէեւ արտօնութիւն ստացանք բանտին մէջ ժողովներ ունենալու, սակայն, Վկայ չեղողներուն արտօնուած չէր ներկայ գտնուիլ։ Այսուհանդերձ, բանտի պաշտօնեաներէն եւ բանտակիցներէն ոմանք գաղտնաբար ներկայ կը գտնուէին, եւ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ (Գործք 16։30-34) Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընի այցելութիւնները, մխիթարութեան յատկանշական աղբիւր մըն էին։ Ան միշտ մեզ կը վստահեցնէր թէ բանտին մէջ մեր անցուցած ժամանակը ի դերեւ չէր, քանի որ անիկա ապագայ նշանակումներու համար մարզում մըն էր։ Այդ սիրելի տարեց եղբայրը սրտիս դպաւ, եւ Եհովայի ճամբուն մէջ քալելու վճռակամութիւնս խորացուց։

Ընկերակից մը կը Ստանամ

Բ. Համաշխարհային Պատերազմը վերջ գտաւ, բանտին դռները բացուեցան, եւ ես վերստին ռահվիրայութեան՝ լիաժամ ծառայութեան՝ ձեռնարկեցի։ Սակայն, 1947–ին հայրս մահացաւ։ Ընտանիքիս նեցուկ կանգնելու համար, աշխարհիկ գործ մը սկսայ, նաեւ բժշկական մարձում մատակարարելու որակումը ձեռք ձգեցի. արհեստ մը՝ որ ինծի պիտի օգնէր դժուար ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, զոր կինս ու ես դիմագրաւեցինք շուրջ 30 տարիներ ետք։ Բայց կը ներէք որ կարգաւ չեմ երթար։ Նախ՝ ձեզի պատմեմ կնոջս մասին։

1949–ին, յետմիջօրէ մը, երբ Թագաւորութեան Սրահն էի, հեռաձայնը հնչեց։ Երբ ընկալուչը վերցուցի, սիրուն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր. «Անունս Քրիսթին Կէնչըր է։ Ես Եհովայի Վկայ մըն եմ։ Գործ մը գտնելու համար Քլիվլէնտ փոխադրուեցայ եւ կ’ուզեմ ժողովքի մը ընկերակցիլ»։ Մեր Թագաւորութեան Սրահը իր բնակած վայրէն շատ հեռու էր, սակայն, իր ձայնը սիրելուս համար մեր սրահը գալու ուղղութիւններ տուի իրեն, եւ քաջալերեցի որ այդ Կիրակի ժողովի գար. այդ օրը՝ հանրային դասախօսութիւնը ե՛ս պիտի ներկայացնէի։ Կիրակի օրը, Թագաւորութեան Սրահ եկող առաջին անձն էի, բայց օտար քոյր մը չեկաւ։ Դասախօսութեան ընթացքին, աչքս մուտքի դրան վրայ էր, բայց մէկը ներս չմտաւ։ Յաջորդ օրը իրեն հեռաձայնեցի, եւ ան ըսաւ թէ տակաւին հանրակառքի դրութեան ծանօթ չէր։ Ուստի առաջարկեցի միասին տեղ մը հանդիպիլ, որպէսզի այս բաները աւելի լաւ բացատրէի իրեն։

Տեղեկացայ թէ ծնողքը Չեխոսլաւաքիացի գաղթականներ էին, եւ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետ ընկերակցելու սկսած էին՝ Ո՞ւր Են Մեռելները գրքոյկը կարդալէն ետք։ Անոնք մկրտուած էին 1935–ին։ 1938–ին Քրիսթինին հայրը, Քլայմըրի, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), Եհովայի Վկաներու ժողովքին խումբի ծառան եղաւ (ներկայիս՝ վերակացու տեսուչ կ’ըսուի), իսկ 1947–ին, Քրիսթինը մկրտուեցաւ, 16 տարեկանին։ Շուտով սիրահարեցայ այս գեղեցիկ ու հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող քրոջ։ 24 Յունիս 1950–ին ամուսնացանք, եւ անկէ ի վեր Քրիսթինը հաւատարիմ լծակից մը եղած է ինծի, միշտ պատրաստ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու։ Երախտապարտ եմ Եհովայի որ այս առաքինի ընկերակիցս յօժարեցաւ իր կեանքը իմ կեանքիս միացնել։—Առակաց 31։10

Մեծ Անակնկալ մը

1 Նոյեմբեր 1951–ին, միասին ռահվիրայութեան սկսանք։ Երկու տարի ետք, Թոլետոյի մէջ, Օհայօ, համաժողովի մը ընթացքին, Եղբայր Հիւկօ Ռիմըր եւ Եղբայր Ալպերթ Շրոտըր միսիոնարական ծառայութեամբ հետաքրքրուած խումբ մը ռահվիրաներու խօսեցան։ Մենք ալ անոնց մէջ էինք։ Քաջալերութիւն տրուեցաւ Քլիվլէնտի մէջ մեր ռահվիրայութիւնը շարունակելու, սակայն, ճի՛շդ յաջորդ ամիս մեծ անակնկալ մը ստացանք. հրաւէր մը՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին 23–րդ դասարանը յաճախելու, որ պիտի սկսէր Փետրուար 1954–ին։

Մինչ ինքնաշարժով Գաղաադու Դպրոցը կ’ուղղուէինք, որ այն ատեն Հարաւային Լէնսինկի մէջ էր, Նիւ Եորք, Քրիսթինը այնքան ջղագրգիռ էր որ շարունակ ինծի կ’ըսէր. «Կամա՛ց քշէ»։ Իրեն ըսի. «Քրիսթի՛ն, եթէ ասկէ կամաց քշենք, մեր եղած տեղը պիտի մնանք»։ Սակայն, դպրոցին բակը հասնելէն ետք աւելի հանգիստ զգացինք։ Եղբայր Նաթան Նոր աշակերտներու խումբին բարի գալուստ մաղթեց եւ Գաղաադու մէջ շրջապտոյտ մը կատարեցինք։ Ան նաեւ բացատրեց թէ ի՛նչպէս կրնայինք ջուրը եւ ելեկտրականութիւնը խնայել, շեշտելով թէ Թագաւորութեան շահերուն հոգ տանելու պարագային, խնայողութիւնը առաքինութիւն մըն է։ Այս խրատը մեր մտքին մէջ դրոշմուեցաւ։ Տակաւին այդ խրատին համաձայն կ’ապրինք։

Օդանաւով Ռիօ կ’Ուղղուինք

Շատ չանցած դպրոցը աւարտեցինք, եւ 10 Դեկտեմբեր 1954–ին, ցուրտ Նիւ Եորք Սիթիին մէջ օդանաւ բարձրացանք, ոգեւորուած՝ մեր նոր նշանակումին երթալու, պայծառ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, Պրազիլիա։ Մեզի կ’ընկերակցէին երկու ուրիշ միսիոնարներ՝ Բիթըր եւ Պիլի Գարպէլլօ։ Թռիչքը 24 ժամ պիտի տեւէր, կանգ առնելով Բորթօ Ռիքոյի, Վենէզուէլայի, եւ հիւսիսային Պրազիլիոյ՝ Պէլէմի մէջ։ Սակայն, շարժակը խնդիրներ ունենալուն համար, 36 ժամ ետք էր որ օդանաւին մէջէն Ռիօ տը Ժանէյրոն տեսանք։ Ի՜նչ վեհաշուք տեսարան մը։ Քաղաքին լոյսերը կը պլպլային թաւշեայ գորգի մը վրայ եղող հրեղէն ադամանդներու նման, իսկ լուսնին արծաթեայ փայլքը կը շողշողար Կուանապարա Ծոցի ջուրերուն վրայ։

Պէթէլի ընտանիքէն քանի մը հոգի օդակայանը մեզի կը սպասէին։ Ջերմ ընդունելութենէ մը ետք, ինքնաշարժով մեզ մասնաճիւղի գրասենեակը տարին, եւ առաւօտեան ժամը երեքին, անկողին մտանք։ Քանի մը ժամ ետք, զանգի մը ձայնը մեզի յիշեցուց թէ միսիոնարական մեր առաջին օրը սկսած էր։

Դաս մը՝ որ Անյապաղ Սորվեցանք

Շուտով կարեւոր դաս մը սորվեցանք։ Երեկոյ մը, Վկայ ընտանիքի մը տունը հրաւիրուած էինք։ Երբ ուզեցինք քալելով մասնաճիւղ վերադառնալ, մեր հիւրընկալը առարկեց, ըսելով. «Ո՛չ, չէք կրնար երթալ. կ’անձրեւէ», եւ պնդեց որ գիշերը հոն անցընէինք։ «Մեր երկրին մէջ ալ կ’անձրեւէ», ըսի խնդուքով մը, իր խօսքերը զանց ընելու մտոք։ Եւ դուրս եկանք։

Ռիոն շրջապատող լեռներուն պատճառաւ, անձրեւի ջուրը շուտով կը հաւաքուի եւ դէպի քաղաք կը հոսի, յաճախ հեղեղներ պատճառելով։ Շատ չանցած, մինչեւ ծունկ հասնող ջուրերուն մէջէն կը քալէինք։ Մասնաճիւղին մօտ, փողոցները յորդահոս գետերու վերածուած էին, եւ ջուրը մինչեւ մեր կուրծքը կը հասնէր։ Ջրաթաթախ՝ վերջապէս Պէթէլ հասանք։ Յաջորդ օրը, Քրիսթինը շատ անհանգիստ եղաւ եւ ժանտատենդէ բռնուեցաւ, որ երկար ժամանակ զինք տկարացուց։ Պէտք չկայ ըսելու, թէ որպէս նորեկ միսիոնարներ, հարկ էր որ տեղացի փորձառու Վկաներուն խրատը մտիկ ընէինք։

Առաջին Քայլեր՝ Միսիոնարական եւ Ճամբորդական Գործին Մէջ

Այս տհաճելի սկիզբէն ետք, խանդավառօրէն մեր դաշտի ծառայութեան սկսանք։ Մեզի հանդիպող ոեւէ անհատի Փորթուկալերէն ներկայացում մը կը կարդայինք, եւ երեւութապէս երկուքս ալ հաւասարապէս կը յառաջդիմէինք լեզուին մէջ։ Տանտէր մը Քրիսթինին կ’ըսէր. «Քու ըսածդ կը հասկնամ, բայց ոչ՝ իրենը», ինծի նշելով։ Ուրիշ մը ինծի կ’ըսէր. «Քու ըսածդ կը հասկնամ, բայց ոչ՝ իրենը»։ Հակառակ ասոր, շատ ուրախացանք երբ այդ առաջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին աւելի քան 100 Դիտարան–ի բաժանորդագրութիւններ ձեռք ձգեցինք։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի մեր աշակերտներէն քանի մը հատը Պրազիլիոյ մէջ մեր ծառայութեան առաջին տարուան ընթացքին մկրտուեցան, մեզի նմոյշ մը տալով, թէ միսիոնարական այս նշանակումը որքա՛ն պտղաբեր պիտի ըլլար։

1950–ական թուականներու կիսուն, Պրազիլիոյ մէջ շատ ժողովքներ շրջանային տեսուչի մը կողմէ կանոնաւոր այցելութիւններ չէին ունենար, քանի որ որակելի եղբայրներուն թիւը քիչ էր։ Ուստի, մինչ տակաւին լեզուն կը սորվէի եւ Փորթուկալերէնով հանրային դասախօսութիւն մը չէի տուած, 1956–ին Սէն Բաւլօ նահանգին մէջ որպէս շրջանային տեսուչ նշանակուեցայ։

Քանի որ մեր այցելած առաջին ժողովքը երկու տարիէ ի վեր շրջանային տեսուչին այցելութիւնը չէր ունեցած, բոլորն ալ մեծ ակնկալութիւններ ունէին հանրային դասախօսութեան համար։ Այդ դասախօսութիւնը պատրաստելու համար, Փորթուկալերէն Դիտարան–ի յօդուածներէն պարբերութիւններ կտրեցի եւ զանոնք էջերու վրայ փակցուցի։ Այդ Կիրակի, Թագաւորութեան Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր։ Նոյնիսկ բեմին վրայ մարդիկ նստած էին, բոլորն ալ այս կարեւոր առիթը կը սպասէին։ Դասախօսութիւնը, կամ աւելի ճիշդը՝ ընթերցանութիւնը սկսաւ։ Ատենը մէյ մը ներկաներուն կը նայէի եւ զարմանալին այն էր որ ոչ ոք կը շարժէր, ոչ իսկ երախաները։ Ամէնքն ալ ակնապիշ ինծի կը նայէին։ Մտքէս ըսի. ‘Ապրի՛ս Վալէնթինօ, Փորթուկալերէնդ որքա՛ն բարելաւուած է։ Այս մարդիկը ուշի ուշով քեզի մտիկ կ’ընեն’։ Տարիներ ետք, երբ դարձեալ նոյն ժողովքը այցելեցի, առաջին այցելութեանս ներկայ եղող եղբայր մը ինծի ըսաւ. «Կը յիշե՞ս այդ հանրային դասախօսութիւնը զոր տուիր։ Անկէ բա՛ռ մը իսկ չհասկցանք»։ Խոստովանեցայ թէ այդ դասախօսութենէն ե՛ս ալ շատ բան չէի հասկցած։

Շրջանային գործին մէջ անցուցած այդ առաջին տարիս, յաճախ կը կարդայի Զաքարեայ 4։6–ը։ ‘Ոյժով չէ, հապա իմ հոգիովս’ խօսքերը ինծի կը յիշեցնէին թէ Թագաւորութեան գործին յառաջդիմութեան միա՛կ պատճառը Եհովայի հոգին էր։ Իսկ գործը ի՛րապէս յառաջդիմեց, հակառակ մեր բացայայտ սահմանափակումներուն։

Ճամբու Ընթացքին Մարտահրաւէրներ եւ Օրհնութիւններ

Շրջանային գործը կը նշանակէր երկրին մէկ շրջանէն միւսը փոխադրուիլ, շալկելով՝ գրամեքենայ մը, գրականութեան սնտուկներ, ճամբրուկներ եւ պայուսակներ։ Քրիսթինը իմաստութեամբ մեր ինչքերը կը թուագրէր, որպէսզի մէկ օթոպիւսէն միւսը փոխադրուելու ատեն բան մը չմոռնայինք։ Սովորական էր ցեխոտ ճամբաներու մէջէն 15 ժամ օթոպիւսով ճամբորդել, մեր յաջորդ նշանակումին հասնելու համար։ Երբեմն ջղագրգիռ կ’ըլլայինք, մանաւանդ երբ հակառակ ուղղութեամբ սուրացող երկու օթոպիւսներ նո՛յն պահուն խախուտ կամուրջէ մը անցնէին, մազ կը մնար որ իրարու դպչէին։ Նաեւ կը ճամբորդէինք շոգեկառքով, նաւով, եւ ձիավարելով։

1961–ին սկսանք նահանգային գործին մէջ ծառայել, շրջանէ շրջան ճամբորդելով, փոխանակ ժողովքէ ժողովք ճամբորդելու։ Շաբաթը քանի մը երեկոյ, Եհովայի կազմակերպութեան արտադրած ֆիլմերը կը ցուցադրէինք, ամէն անգամ տարբեր վայրի մը մէջ։ Յաճախ ստիպուած կ’ըլլայինք արագ շարժելու, տեղւոյն կղերներէն աւելի խորամանկ գտնուելու համար, որոնք կը փորձէին այս ցուցադրութիւններուն արգելք հանդիսանալ։ Քաղաքի մը մէջ, վարդապետ մը ստիպեց սրահի մը տէրը որ մեզի հետ ըրած համաձայնութիւնը չեղեալ նկատէր։ Օրեր փնտռելէ ետք, ուրիշ վայր մը գտանք, սակայն մէկու մը բան մը չըսինք եւ շարունակեցինք բոլորը առաջուան վայրը հրաւիրել։ Յայտագիրը սկսելէն առաջ, Քրիսթինը այդ սրահը գնաց եւ ֆիլմը դիտել ուզողներուն առանց շշուկի յայտնեց նոր վայրը։ Այդ գիշեր, 150 հոգի ֆիլմը դիտեց, որ հետեւեալ յարմար բնաբանը ունէր՝ Նոր Աշխարհի Ընկերութիւնը Գործի Վրայ։

Թէեւ մեկուսացած վայրերու մէջ ուղեւորութեան գործը երբեմն յոգնեցուցիչ էր, սակայն հոն բնակող եղբայրները ա՛յնքան կը գնահատէին մեր այցելութիւնները եւ իրենց համեստ տուները մեր հետ բաժնելու նկատմամբ ա՛յնքան հիւրասէր էին, որ Եհովայի մի՛շտ շնորհակալութիւն կը յայտնէինք որ կրցանք անոնց հետ ըլլալ։ Անոնց հետ բարեկամանալը մեզի սիրտ տոգորող օրհնութիւններ բերաւ։ (Առակաց 19։17. Անգեայ 2։7) Ուստի, որքա՜ն տխրեցանք երբ աւելի քան 21 տարի Պրազիլիոյ մէջ ծառայելէ ետք, մեր միսիոնարական օրերը վերջ գտան։

Տագնապի մը Ընթացքին, Եհովա Մեզի Ճամբան Ցոյց Տուաւ

1975–ին, Քրիսթինը վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ։ Շարունակեցինք ուղեւորութեան գործը, սակայն Քրիսթինի առողջութիւնը վատթարացաւ։ Այնպէս թուեցաւ թէ լաւագոյն բանը Միացեալ Նահանգներ վերադառնալն էր, որպէսզի Քրիսթինը բժշկական խնամք կարենար ստանալ։ 1976–ի Ապրիլին, հասանք Լոնկ Պիչ, Քալիֆորնիա, եւ մօրս հետ մնացինք։ Երկու տասնամեակ օտարութեան մէջ ապրած ըլլալով, շուարած էինք թէ այս պարագան ի՛նչպէս ձեռք պիտի առնէինք։ Սկսայ մարձումներ մատակարարել, եւ անկէ շահած դրամս մեր ծախսերը ծածկեց։ Քալիֆորնիա նահանգը Քրիսթինին համար հիւանդանոցի մը մէջ տեղ ապահովեց, սակայն հոն ան ամէն օր աւելի տկար կը զգար, քանի որ բժիշկները կը մերժէին զինք դարմանել առանց արիւն տալու։ Ճարահատ՝ Եհովային աղաչեցինք որ մեզ առաջնորդէ։

Յետմիջօրէ մը՝ երբ դաշտի ծառայութեան մէջ էի, բժիշկի մը գրասենեակը նկատեցի եւ իսկոյն որոշեցի ներս մտնել։ Թէեւ բժիշկը տուն երթալու վրայ էր, սակայն զիս իր գրասենեակը հրաւիրեց եւ երկու ժամ խօսակցեցանք։ Ապա ըսաւ. «Կը գնահատեմ ձեր կատարած միսիոնարական գործունէութիւնը, իսկ կինդ պիտի դարմանեմ անվճար եւ առանց արեան ներարկումի»։ Ականջներուս չհաւատացի։

Այս ազնիւ բժիշկը, որ յարգուած մասնագէտ մըն էր, Քրիսթինը փոխադրեց իր աշխատած հիւանդանոցը, եւ իր հմուտ հոգատարութեան ներքեւ Քրիսթինի վիճակը շուտով բարելաւուեցաւ։ Որքա՜ն երախտապարտ եղանք Եհովայի, որ այդ դժուարին ժամանակին մէջ մեզի ճամբան ցոյց տուաւ։

Նոր Նշանակումներ

Երբ Քրիսթինը իր ոյժը վերագտաւ, որպէս ռահվիրաներ ծառայեցինք եւ ուրախութիւնը ունեցանք Լոնկ Պիչի բնակիչներէն ոմանց օգնելու որ Եհովայի երկրպագուները ըլլան։ 1982–ին, մեզմէ խնդրուեցաւ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջանային գործի ձեռնարկենք։ Ամէն օր Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնէինք ուղեւորութեան գործին մէջ մեզ դարձեալ գործածելուն համար, ծառայութեան մարզ մը՝ որ կը սիրէինք։ Ծառայեցինք Քալիֆորնիայի, ապա՝ Նիւ Ինկլընտի մէջ, ուր շրջանը կը պարփակէր կարգ մը փորթուկալախօս ժողովքներ։ Հետագային, անիկա Պերմուտան ալ պարփակեց։

Չորս թարմացնող տարիներէ ետք, ուրիշ նշանակում մը ստացանք։ Հրաւիրուեցանք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայելու, ո՛ւր որ կը փափաքէինք։ Թէեւ տխրեցանք որ ուղեւորութեան գործը կը ձգէինք, սակայն, վճռած էինք մեր նոր նշանակումին մէջ յարատեւել։ Սակայն ո՞ւր։ Ուղեւորութեան գործին ընթացքին, նկատած էի թէ Մասաչուսէթսի մէջ, Նիւ Պետֆորտի փորթուկալախօս ժողովքը օգնութեան կարիքը ունէր. ուստի, Նիւ Պետֆորտ ուղղուեցանք։

Երբ հոն հասանք, ժողովքը մեզի համար բարի գալուստի մեծ հաւաքոյթ մը սարքեց։ Ասիկա մեզի զգացնել տուաւ թէ գնահատուած էինք՝ եւ ձգեց որ արցունք թափենք։ Երկու զաւկի տէր ամոլ մը, ազնուօրէն մեզ ընդունեցին իրենց տունը, մինչեւ որ յարկաբաժին մը գտնէինք։ Եհովա իրապէս մեր ակնկալածէն շատ աւելի օրհնեց այս մասնաւոր ռահվիրայութեան նշանակումը։ 1986–էն ի վեր, այս գիւղաքաղաքին մէջ շուրջ 40 անհատներու օգնած ենք որ Վկաներ ըլլան։ Անոնք մեր հոգեւոր ընտանիքն են։ Ասկէ զատ, հինգ տեղացի եղբայրներու յառաջդիմութիւնը եւ հօտին հոգածու հովիւներ ըլլալը տեսնելու ուրախութիւնը ունեցայ։ Անիկա միսիոնարական արդիւնաբեր նշանակումի մը մէջ ծառայելու պէս էր։

Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, կ’ուրախանանք որ մեր մանկութենէն ի վեր Եհովայի ծառայած ենք եւ ճշմարտութիւնը մեր ապրելակերպը ըրած ենք։ Ճիշդ է որ տարիքը եւ հիւանդութիւնները այժմ մեզի կ’ազդեն, սակայն Եհովայի ճամբուն մէջ յարատեւելը տակաւի՛ն մեր զօրութիւնը եւ ուրախութիւնն է։

[Նկար՝ էջ 26]

Երբ տակաւին նոր հասած էինք Ռիօ տը Ժանէյրօ

[Նկար՝ էջ 28]

Մեր հոգեւոր ընտանիքը Նիւ Պետֆորտի մէջ, Մասաչուսէթս