«Եհովան ինծի հանդէպ շատ բարի գտնուած է»
«Եհովան ինծի հանդէպ շատ բարի գտնուած է»
ՀԱՃՈՅԱԼԻ երեկոյ մը Մարտ 1985–ին, Եհովայի Վկաներու Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) կեդրոնատեղիին մէջ, Գրական Բաժինի անձնակազմը յատկանշական դէպք մը յիշատակեց։ Այդ տարին Գարլ Ֆ. Գլայնի լիաժամ ծառայութեան վաթսունամեակն էր։ Խանդավառութեամբ, Եղբայր Գլայն ըսաւ. «Եհովան ինծի հանդէպ շատ բարի գտնուած է»։ Ան դիտել տուաւ թէ Սաղմոս 37։4–ը իր նախասիրած համարներէն մէկն էր։ Անկէ ետք, ան ներկաները ուրախացուց իր թաւջութակը նուագելով։
Յաջորդ 15 տարիներու ընթացքին, Եղբայր Գլայն շարունակեց ծառայել որպէս գրական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ՝ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամը։ Ապա, 3 Յունուար 2001–ին, 95 տարեկանին, Գարլ Գլայն հաւատարմօրէն աւարտեց իր երկրային ընթացքը։
Գարլ Գերմանիա ծնած էր։ Իր ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցաւ, եւ Գարլ մեծցաւ Շիքակոյի (Իլլինոյ) արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Փոքր տարիքէն, Գարլը ու իր եղբայրը՝ Թէտը, խոր կերպով հետաքրքրուեցան Աստուածաշունչով։ Գարլ մկրտուեցաւ 1918–ին, իսկ 1922–ին՝ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաժողովին իր լսած զգայացունց բաները, իր մէջ դաշտի ծառայութեան հանդէպ կենսատեւ խանդաղատանք մը արթնցուցին։ Ան չէր ուզեր շաբաթ մը անցընել առանց քարոզչութեան մասնակցելու, նոյնիսկ իր կեանքին վերջին շաբաթները։
Գարլ կեդրոնատեղիի անձնակազմին մէկ անդամը եղաւ 1925–ին, նախ տպարանին մէջ աշխատելով։ Ան երաժշտութեան հանդէպ իսկական սէր ունէր, եւ քանի մը տարի թաւջութակ նուագեց նուագախումբի մը մէջ, որ ձայնասփռումներ կը կատարէր քրիստոնէական ռատիօկայանէն։ Անկէ ետք, ան Ծառայութեան Բաժինին մէջ աշխատեցաւ, յատկապէս վայելելով իր վերակացուին՝ Թ. Ժ. Սըլիվընի ընկերակցութիւնը։ Մինչ այդ, Թէտը ամուսնացաւ եւ իր կնոջ՝ Տորիսին հետ, Բորթօ Ռիքոյի մէջ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկեց։
Շուրջ կէս դար, Գարլ Գլայն Գրական Բաժինին մէջ աշխատեցաւ, ուր ան աչքառու նպաստ մը բերաւ, քանի որ կը սիրէր հետազօտել եւ Աստուածաշունչի խոր գիտութիւն ունէր։ 1963–ին, Գարլ ամուսնացաւ Գերմանացի միսիոնարուհիի մը՝ Մարկարէթի հետ, որ Պոլիվիոյ մէջ կը ծառայէր։ Անոր սիրալիր աջակցութեամբ, մանաւանդ երբ առողջապահական խնդիրներ ունեցաւ, ան կրցաւ արդիւնաբեր ըլլալ, նոյնիսկ տարիքէ մը ետք, երբ շատեր հանգստեան կը կոչուին։ Գարլի բնածին անկեղծութիւնը՝ երաժիշտի մը խանդավառութեան հետ միացած, ժողովքներու եւ համաժողովներու մէջ յիշատակելի դասախօսութիւններ ներկայացնելու նպաստեց։ Իր մահուընէ ոչ շատ առաջ, ան Նիւ Եորքի Պէթէլի մեծ ընտանիքին առաւօտեան պաշտամունքը վարեց, բոլորին ուրախութեան եւ օգտին նպաստելով։
Դիտարան–ի կանոնաւոր ընթերցողներէն շատեր պիտի մտաբերեն Եղբայր Գլայնի կենսագրութիւնը, իր փորձառութիւններուն հաճելի արձանագրութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 1 Հոկտեմբեր 1984–ի թիւին մէջ (Անգլերէն)։ Հաճոյք պիտի առնէք կարդալով կամ վերստին կարդալով այդ կենսագրութիւնը, ի մտի ունենալով թէ զայն գրողը ուրիշ տասնամեակ մը ու կէս տասնամեակ անցուց որպէս հաւատարիմ ու նուիրուած Քրիստոնեայ մը։
Տիրոջ օծեալներէն մէկը ըլլալով, Եղբայր Գլայն բոլոր սրտով կը փափաքէր երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխել։ Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու թէ այժմ Եհովա իր այդ փափաքը կատարած է։—Ղուկաս 22։28-30
[Նկար՝ էջ 31]
Գարլը 1943–ին՝ Թ. Ժ. Սըլիվընի, Թէտի եւ Տորիսի հետ
[Նկար՝ էջ 31]
Գարլը եւ Մարկարէթան, Հոկտեմբեր 2000–ին