‘Ժամանակը ծախու կ’առնէ՞ք’
‘Ժամանակը ծախու կ’առնէ՞ք’
ՊՕՂՈՍ առաքեալ առաջին դարու Եփեսոսին մէջ գտնուող Քրիստոնեաները խրատեց, ըսելով. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Այս խրատը ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, այդ վաղեմի քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած վիճակներուն մասին գաղափար պէտք է ունենանք։
Եփեսոս ճանչցուած էր իր յատկանշական հարստութեամբ, չափազանց անբարոյութեամբ, զեղուն ոճիրով եւ բազմատեսակ դիւապաշտութեամբ։ Ասկէ զատ, հոն գտնուող Քրիստոնեաները ժամանակի հետ առնչուած փիլիսոփայական հաւատալիքներուն հետ պէտք էր մաքառէին։ Եփեսոսի ոչ–Քրիստոնեայ Յոյները չէին հաւատար թէ ժամանակը մէկ ուղղութեամբ կը յառաջանայ։ Յունական փիլիսոփայութիւնը անոնց սորվեցուցած էր թէ կեանքը անվերջ շրջաններու կրկնում մըն էր։ Անհատ մը որ իր ժամանակը վատնած էր կեանքի շրջանի մը մէջ, կրնար զայն վերաշահիլ ուրիշ շրջանի մը մէջ։ Այսպիսի մտածելակերպ մը կրնար Եփեսացի Քրիստոնեաները հրապուրած ըլլալ, որ Եհովայի դէպքերու ժամանակացոյցին նկատմամբ անտարբեր կեցուածք մը որդեգրէին, մէջը ըլլալով աստուածային դատաստանի համար իր ժամանակացոյցը։ Ուստի, ‘ժամանակը ծախու առնելու’ Պօղոսի խրատը տեղին էր։
Պօղոս ժամանակի մասին ընդհանրական իմաստով չէր խօսեր։ Իր գործածած Յունարէն բառը կը նշանակէ որոշուած ժամանակ՝ մասնայատուկ նպատակի մը համար պատեհ ժամանակ մը։ Պօղոս առաջին դարու Քրիստոնեաները կը խրատէր որ իմաստուն կերպով գործածէին իրենց վայելած պատեհ ժամանակաշրջանը, կամ՝ հաճութեան ժամանակը, աստուածային ողորմութիւնը եւ փրկութեան պատեհութիւնը վերջ գտնելէն առաջ։—Հռովմայեցիս 13։11-13. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6-11
Կ’ապրինք նման պատեհ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Փոխանակ աշխարհի մատուցած ժամանակաւոր հաճոյքները հետապնդելով՝ անգամ մը եւս չկրկնուող այս հաճութեան ժամանակը վատնելու, Քրիստոնեաներուն կողմէ իմաստութիւն կ’ըլլայ եթէ իրենց ունեցած ժամանակը գործածեն «բարեպաշտ գործեր» կատարելով, եւ հետեւաբար, Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը զօրացնեն։—Բ. Պետրոս 3։11. Սաղմոս 73։28. Փիլիպպեցիս 1։10