Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ոգեհարցութիւնը իրապէս կրնա՞յ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնել

Ոգեհարցութիւնը իրապէս կրնա՞յ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնել

Ոգեհարցութիւնը իրապէս կրնա՞յ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնել

ԲՈԼՈՐՍ ալ հոգեւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական կարիքներ ունինք։ Այս պատճառով է որ շատեր հետեւեալին նման հարցումներ կը հարցնեն. Ի՞նչ է կեանքին նպատակը, մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին, եւ ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ մեռնինք։ Շատ մը անկեղծ անհատներ ասոնց եւ նմանօրինակ հարցումներու պատասխանները կը փնտռեն ոգեհարցական նիստերով, ուր ոգեհարցներու կը դիմեն, յուսալով մեռելներու ոգիներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել։ Ասիկա կը կոչուի ոգեհարցութիւն։

Ոգեհարցութեան համակիրները բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը գտնուին, եւ ժողովքներու եւ եկեղեցիներու մէջ կը հաւաքուին։ Օրինակ, կ’ենթադրուի թէ Պրազիլիոյ մէջ, շուրջ 4,000,000 ոգեհարցներ կը հետեւին ԺԹ. դարու Ֆրանսացի ուսուցիչ եւ իմաստասէր Իփոլէթ Լէոն Տէնիզար Ռիվայի կողմէ դասաւորուած ուսուցումներուն, որ Ալան Գարտէք ծածկանունին ներքեւ գրեց։ Գարտէք ոգեհարցական բներեւոյթով առաջին անգամ հետաքրքրուեցաւ 1854–ին։ Հետագային ան շատ մը վայրերու մէջ գտնուող ոգեհարցներու հարցումներ ուղղեց եւ պատասխանները արձանագրեց Ոգիներու Գիրքը երկին մէջ, որ հրատարակուեցաւ 1857–ին։ Ան գրած է երկու այլ աշխատասիրութիւններ՝ Ոգեհարցներու Գիրքը եւ Աւետարանը Ըստ Ոգեհարցութեան։

Ոգեհարցութիւնը առնչուած է վուտուի, կախարդութեան, կամ սատանայապաշտութեան նման կրօնական սովորութիւններու հետ։ Սակայն, Ալան Գարտէքի ուսուցումներուն հետեւողները կ’ըսեն թէ իրենց հաւատալիքները տարբեր են։ Անոնց հրատարակութիւնները յաճախ Աստուածաշունչէն կը մէջբերեն, եւ Յիսուսի կ’ակնարկեն որպէս «բոլոր մարդկութեան առաջնորդը եւ օրինակը»։ Անոնք կ’ըսեն թէ Յիսուսի ուսուցումները «աստուածային օրէնքին ամենէն զուտ արտայայտութիւններն են»։ Ալան Գարտէք ոգեհարցական գրութիւնները կը նկատէ որպէս մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ օրէնքին երրորդ յայտնութիւնը, առաջին երկուքը ըլլալով՝ Մովսէսին եւ Յիսուսին ուսուցումները։

Ոգեհարցութիւնը շատերը կը հրապուրէ, քանի որ անիկա կը շեշտէ դրացիի հանդէպ սէրը եւ բարեսիրական գործերը։ Ոգեհարցական հաւատալիքներէն մէկն է՝ «Առանց բարեգործութիւններու՝ փրկութիւն չկայ»։ Ոգեհարցներէն շատեր ընկերային գործերու մէջ գործունեայ են. անոնք հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ այլ հաստատութիւններ հիմնելու կ’օժանդակեն։ Այսպիսի ջանքեր գովասանքի արժանի են։ Սակայն, ոգեհարցներու ուսուցումները ի՞նչպէս կը տարբերին Աստուածաշունչին մէջ գտնուող Յիսուսի ուսուցումներէն։ Նկատի առնենք երկու օրինակներ. մեռելներուն յոյսը եւ տառապանքին պատճառը։

Ի՞նչ Յոյս Մեռելներուն Համար

Ոգեհարցներէն շատեր կը հաւատան հոգեփոխութեան։ Ոգեհարցական հրատարակութիւն մը կ’ըսէ. «Հոգեփոխութիւնը միա՛կ վարդապետութիւնն է որ աստուածային արդարութեան մեր գաղափարին գոհացում կու տայ. անիկա միա՛կ վարդապետութիւնն է որ կրնայ ապագան բացատրել եւ մեր յոյսերը զօրացնել»։ Ոգեհարցները կը բացատրեն թէ մեռնելու ժամանակ հոգին՝ կամ «մարմնաւորուած ոգին», մարմինը կը ձգէ, իր խոզակէն դուրս եկող թիթեռնիկի մը նման։ Անոնք կը հաւատան թէ այս ոգիները հետագային կը հոգեփոխուին մարդ արարածներու, որպէսզի նախկին կեանքի մէջ գործուած մեղքերը սրբեն։ Սակայն, այս նախկին մեղքերը կարելի չէ մտաբերել։ «Աստուած յարմար տեսաւ որ անցեալին գործուած մեղքերուն վրայէն գիծ մը քաշուի», կ’ըսէ Աւետարանը ըստ Ոգեհարցութեան գիրքը։

«Հոգեփոխութիւնը ուրանալը Քրիստոսի խօսքերը ուրանալ կը նշանակէ», գրեց Ալան Գարտէք։ Սակայն, Յիսուս երբեք «հոգեփոխութիւն» բառը չգործածեց եւ այսպիսի գաղափար մը անգամ չյիշեց։ (Տես՝ «Աստուածաշունչը Հոգեփոխութիւն կը Սորվեցնէ՞» շրջագիծը, էջ 22։) Ընդհակառակը, Յիսուս մեռելներու յարութիւնը սորվեցուց։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, ան երեք անձեր յարուցանեց. Նային քաղաքի որբեւարիին տղան, ժողովրդապետի մը աղջիկը, եւ իր մտերիմ բարեկամը՝ Ղազարոս։ (Մարկոս 5։22-24, 35-43. Ղուկաս 7։11-15. Յովհաննու 11։1-44) Նկատի առնենք այդ աչքառու դէպքերէն մէկը եւ տեսնենք թէ Յիսուս «յարութիւն» ըսելով ի՛նչ ըսել կ’ուզէր։

Ղազարոսի Յարութիւնը

Յիսուս լսեց թէ իր բարեկամը՝ Ղազարոս հիւանդ էր։ Երկու օր ետք, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Աշակերտները Յիսուսի ըսածը չհասկցան, ուստի ան յայտնապէս ըսաւ. «Ղազարոս մեռաւ»։ Երբ Յիսուս Ղազարոսի գերեզմանը հասաւ, մարդը չորս օրէ մեռած էր։ Այսուհանդերձ, Յիսուս հրամայեց որ գերեզմանին մուտքին գտնուող քարը վերցուէր։ Ապա մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Ասոր վրայ, սքանչելի բան մը պատահեցաւ։ «Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. ‘Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ’»։—Յովհաննու 11։5, 6, 11-14, 43, 44

Բացայայտօրէն, ասիկա հոգեփոխութիւն չէր։ Յիսուս ըսաւ թէ մեռած Ղազարոսը քնացած կամ անգիտակից էր։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, ‘անոր խորհուրդները կորսուած էին’։ Ան ‘բան մը չէր գիտեր’։ (Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5) Յարուցեալ Ղազարոսը հոգեփոխուած տարբեր անհատ մը չէր։ Ան միեւնոյն անձնաւորութիւնը, տարիքը եւ յիշատակները ունէր։ Ան իր կանխահաս մահուընէ առաջ իր ունեցած բնականոն կեանքը վերսկսաւ եւ վերադարձաւ իր սիրելիներուն, որոնք իրեն համար սուգ բռնած էին։—Յովհաննու 12։1, 2

Հետագային, Ղազարոս վերստին մեռաւ։ Ուստի անոր յարութիւնը ի՞նչ բանի ծառայեց։ Յիսուսի կատարած միւս յարութիւններուն հետ միասին, անիկա կ’ամրապնդէ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ այն խոստումին հանդէպ թէ, Իր հաւատարիմ ծառաները Իր որոշած ժամանակին մեռելներէն պիտի յարուցանուին։ Յիսուսի այդ հրաշքները իր հետեւեալ խօսքը շատ աւելի ծանրակշիռ կը դարձնեն. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։—Յովհաննու 11։25

Այդ ապագայ յարութեան մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [ձայնս] պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ինչպէս որ էր Ղազարոսի պարագան, ասիկա մեռած մարդոց յարութիւն մը պիտի ըլլայ։ Անիկա գիտակից ոգիներու եւ յարուցեալ մարմիններու վերամիացում մը պիտի չըլլայ, մարմիններ՝ որոնք տարբաղադրուած եւ նոյնիսկ այլ ապրող մարմիններու մէկ մասը դարձած կրնան ըլլալ։ Մեռելները յարուցանելը, անհուն իմաստութիւն ու զօրութիւն ունեցող երկնքի ու երկրի Ստեղծիչին կարողութեան սահմաններուն մէջ է։

Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցած յարութեան վարդապետութիւնը, անհատապէս մեզի հանդէպ Աստուծոյ խոր սէրը չի՞ յայտներ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել նախապէս յիշուած երկրորդ հարցումին մասին։

Ի՞նչ Է Տառապանքին Պատճառը

Մարդկային տառապանքին մեծ մասը, անմիտ, անփորձառու կամ նոյնիսկ ամբարիշտ մարդոց ըրած բաներուն հետեւանքն է։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել ողբերգական իրադարձութիւններու մասին, որոնց պատասխանատուն ուղղակիօրէն մարդիկ չեն։ Օրինակ, ինչո՞ւ արկածներ եւ բնական աղէտներ կը պատահին։ Ինչո՞ւ կարգ մը երախաներ բնածին թերութիւններ ունին։ Ալան Գարտէքը այսպիսի բաները նկատեց պատիժներ։ Ան գրեց. «Եթէ կը պատժուինք, ուրեմն յանցանք մը գործուած է։ Եթէ այդ յանցանքը ներկայ կեանքին մէջ պատահած չէ, ուրեմն անիկա նախկին գոյութեան մէջ պատահած ըլլալու է»։ Ոգեհարցները կը սորվին հետեւեալ կերպով աղօթել. «Ո՛վ Տէր, Դուն շատ արդար ես։ Այս հիւանդութիւնը որ յարմար տեսած ես ինծի ղրկել, անոր արժանի ըլլալու եմ . . . զայն կ’ընդունիմ անցեալիս համար որպէս քաւութիւն եւ հաւատքիս ու Քու օրհնեալ կամքիդ հպատակելու որպէս քննութիւն մը»։—Աւետարանը Ըստ Ոգեհարցութեան

Յիսուս այսպիսի բան մը սորվեցո՞ւց։ Ո՛չ։ Յիսուս շատ լաւ գիտէր Աստուածաշունչին հետեւեալ խօսքը. «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ (Ժողովողի 9։11) Ան գիտէր թէ երբեմն գէշ բաներ կը պատահին։ Պայման չէ որ անոնք մեղքերու համար պատիժ մը ըլլան։

Նկատի առէք Յիսուսի կեանքէն հետեւեալ դրուագը. «Երբ [Յիսուս] կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։ Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. ‘Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ’»։ Յիսուսի տուած պատասխանը շատ լուսաբանիչ էր. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։ Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց եւ ըսաւ անոր. ‘Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ’։ . . . Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր»։—Յովհաննու 9։1-3, 6, 7

Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ ո՛չ մարդը, ոչ ալ իր ծնողքը պատասխանատու էին անոր բնածին կուրութեան։ Ուստի Յիսուս թիկունք չկանգնեցաւ այն գաղափարին, թէ այս մարդը կը պատժուէր նախորդ կեանքին մէջ իր գործած մեղքերուն համար։ Ճիշդ է որ Յիսուս գիտէր թէ բոլոր մարդիկը մեղք ժառանգած են։ Սակայն անոնք Ադամի՛ մեղքը ժառանգած են եւ ո՛չ թէ՝ մեղքեր զորս գործած են իրենց ծնելէն առաջ։ Ադամի մեղքին պատճառաւ, բոլոր մարդիկը ֆիզիքապէս անկատար կը ծնին՝ հիւանդութեան եւ մահուան ենթակայ։ (Յոբայ 14։4. Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12. 9։11) Իրականութեան մէջ, Յիսուս այս կացութիւնը չէզոքացնելու համար էր որ երկիր ղրկուեցաւ։ Յովհաննէս Մկրտիչ ըսաւ թէ Յիսուս ‘Աստուծոյ Գառն էր, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէր’։—Յովհաննու 1։29 *

Նկատի առէք նաեւ, թէ Յիսուս չըսաւ թէ Աստուած դիտմամբ պատճառ եղած էր որ այս մարդը կոյր ծնէր, որպէսզի օր մը Յիսուս գալով զինք բժշկէր։ Ասիկա ի՜նչ անողորմ ու անպատկառ արարք մը պիտի ըլլար։ Ասիկա Աստուծոյ փառաբանութիւն պիտի բերէ՞ր։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, կոյր մարդուն հրաշալի բուժումն էր որ ‘Աստուծոյ գործերը յայտնի ըլլալու’ ծառայեց։ Յիսուսի կատարած բազմաթիւ բուժումներուն նման, անիկա տառապող մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անկեղծ սէրը արտացոլացուց եւ Իր յարմար ժամանակին մարդկային հիւանդութեան եւ տառապանքին վերջ մը բերելու Իր խոստումին վստահելի ըլլալը հաստատեց։—Եսայեայ 33։24

Մխիթարութիւն չե՞նք զգար, երբ գիտնանք թէ փոխանակ տառապանք պատճառելու, մեր երկնաւոր Հայրը ‘բարի բաներ կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’։ (Մատթէոս 7։11) Բարձրեալը որքա՜ն պիտի փառաբանուի, երբ կոյրերուն աչքերը ու խուլերուն ականջները բացուին, երբ կաղը քալէ, ցատկռտէ եւ վազէ։—Եսայեայ 35։5, 6

Մեր Հոգեւոր Կարիքները Գոհացնենք

Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4) Այո՛, մեր հոգեւոր կարիքները կը գոհացուին երբ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կարդանք, եւ մեր կեանքը անոր համաձայն ապրինք։ Ոգեհարցներուն դիմելը մեր հոգեւոր կարիքներուն իսկական գոհացում չի տար։ Արդարեւ, այսպիսի սովորութիւն բացայայտօրէն դատապարտուած է այն գրքին մէջ, որու Ալան Գարտէք ակնարկեց որպէս Աստուծոյ օրէնքին առաջին յայտնութիւնը։—Բ. Օրինաց 18։10-13

Շատեր, մէջը ըլլալով ոգեհարցները, կը գիտակցին թէ Աստուած Գերագոյն Էակն է, յաւիտենական, անսահմանօրէն կատարեալ, ազնիւ, բարի եւ արդար։ Սակայն, Աստուածաշունչը ասկէ աւելին կը յայտնէ։ Անիկա կը յայտնէ թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի՝ Եհովա, զոր պէտք է պատուենք, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ (Մատթէոս 6։9. Յովհաննու 17։6) Անիկա Աստուած կը ներկայացնէ որպէս իսկական անձ մը, որու հետ մարդկային արարածներ կրնան սերտ յարաբերութիւն մը վայելել։ (Հռովմայեցիս 8։38, 39) Աստուածաշունչը կարդալով, կը սորվինք թէ Աստուած ողորմած է եւ «մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի»։ (Սաղմոս 103։10) Իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ, Գերիշխան Տէր Եհովան իր սէրը, գերակայութիւնը եւ բանաւորութիւնը կը յայտնէ։ Ան է որ հնազանդ մարդիկը կ’առաջնորդէ եւ զիրենք կը պաշտպանէ։ Եհովան ու իր Որդին Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալը «կը նշանակէ յաւիտենական կեանք»։—Յովհաննու 17։3, ՆԱ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ նպատակներուն շուրջ մեզի հարկ եղած բոլոր տեղեկութիւնները կը հայթայթէ, եւ մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք զինք հաճեցնել։ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ քննելը, մեր հարցումներուն ճշմարիտ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի ուղղութիւն կու տայ շիտակին ու սխալին մասին, եւ հաստատ յոյս մը կը հայթայթէ։ Անիկա մեզ կը վստահեցնէ թէ մօտիկ ապագային Աստուած «[մարդոց] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները [անցած պիտի ըլլան]»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովա մարդկութիւնը պիտի ազատագրէ իր ժառանգած մեղքէն ու անկատարութենէն, եւ հնազանդ մարդկութիւնը դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգէ։ Այդ ժամանակ, անոնց թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր կարիքները ամբողջովին պիտի գոհացուին։—Սաղմոս 37։10, 11, 29. Առակաց 2։21, 22. Մատթէոս 5։5

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 19 Մեղքը եւ մահը ի՛նչպէս ծագում առնելուն մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 6–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներու կողմէ։

[Շրջանակ՝ էջ 22]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀՈԳԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ՞

Աստուածաշունչի որեւէ համար հոգեփոխութեան վարդապետութեան թիկունք կը կանգնի՞։ Նկատի առէք այս վարդապետութեան հաւատացողներուն կողմէ գործածուած կարգ մը համարներ.

«Բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։ . . . Անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար»։—Մատթէոս 11։13, 14

Յովհաննէս Մկրտիչ վերածնեալ Եղիա՞ն էր։ Երբ Յովհաննէսի հարցուցին՝ «Եղիա՞ն ես», ան բացայայտօրէն պատասխանեց. «Չեմ»։ (Յովհաննու 1։21) Սակայն, մարգարէացուած էր թէ Յովհաննէս պիտի կանխէր Մեսիան, «Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը»։ (Ղուկաս 1։17. Մաղաքեայ 4։5, 6) Ուրիշ խօսքով, Յովհաննէս Մկրտիչ Եղիան էր այն առումով որ ան Եղիայի նման գործ մը կատարեց։

«Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել։ Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’»։—Յովհաննու 3։3, 7

Հետագային առաքեալներէն մէկը գրեց. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը»։ (Ա. Պետրոս 1։3, 4. Յովհաննու 1։12, 13) Բացայայտօրէն, Յիսուսի ակնարկած վերածնունդը, հոգեւոր փորձառութիւն մըն էր, որ տեղի պիտի ունենար մինչ իր հետեւորդները տակաւին ողջ էին. անիկա չէր ակնարկեր ապագային ըլլալիք հոգեփոխութեան մը։

«Եթէ մարդը մեռնի, ան յաւիտեան կ’ապրի. երբ երկրի վրայ գոյութեանս օրերը լրանան, պիտի սպասեմ, յուսալով որ դարձեալ պիտի վերադառնամ»։Յոբայ 14։14–ի «Յունարէն թարգմանութիւն» մը, մէջբերուած՝ Աւետարանը Ըստ Ոգեհարցութեան գրքին մէջ։

Արեւելահայերէն Նոր Թարգմանութիւնը (Էջմիածին) այս համարը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Մարդը թէ մեռնի՝ կ’ապրի՞ նա դարձեալ՝ ամբողջացնելով օրերն իր կեանքի։ Պիտի սպասեմ, մինչեւ որ կրկին գոյութիւն առնեմ»։ Կարդացէք այս համարին բովանդակութիւնը։ Պիտի նկատէք թէ մեռելները գերեզմանին մէջ կը սպասեն, որպէսզի «կրկին գոյութիւն» առնեն։ (Համար 13) Մինչ կը սպասեն, անոնք գոյութիւն չունին։ «Մահկանացուն՝ վախճանուած մարդը գնում է եւ է՛լ գոյութիւն չունի»։—Յոբայ 14։10, Էջմիածին

[Նկար՝ էջ 21]

Յարութեան յոյսը իւրաքանչիւրիս հանդէպ Աստուծոյ խոր հետաքրքրութիւնը կը յայտնէ

[Նկարներ՝ էջ 23]

Աստուած վերջ պիտի դնէ մարդկային տառապանքին