Որբեւարութիւնը ի՛նչպէս ազդեց երկու կիներու
Որբեւարութիւնը ի՛նչպէս ազդեց երկու կիներու
ՍԱՆՏՐԱՆ Աւստրալիոյ մէջ ապրող որբեւարի մըն է։ Քանի մը տարի առաջ երբ անոր ամուսինը մահացաւ, Սանտրային անմիջական հակազդեցութիւնը եղաւ՝ ամբողջական ցնցում։ «Յանկարծ կողակիցս եւ լաւագոյն բարեկամս կորսնցնելը, ջախջախեց զիս։ Իրապէս չեմ յիշեր թէ հիւանդանոցէն ի՛նչպէս տուն վերադարձայ, կամ օրուան մնացեալ մասը ի՛նչպէս անցուցի։ Յաջորդ քանի մը շաբաթներու ընթացքին, վախերս ֆիզիքական յարատեւ ցաւի վերածուեցան»։
Սանտրա իրմէ մեծ բարեկամուհի մը ունի, Իլէյնը, որ շուրջ վեց տարիէ որբեւարի մըն է։ Իլէյն իր ամուսնոյն՝ Տէյվիտի վեց ամիս խնամք տարաւ, խլիրդէ մահանալէն առաջ։ Իլէյնի վիշտը ա՛յնքան խոր էր որ իր ամուսնոյն մահէն կարճ ժամանակ ետք, ան ժամանակաւոր կուրութենէ տառապեցաւ։ Երկու տարի ետք, Իլէյն հանրային վայրի մը մէջ մարեցաւ։ Անոր բժիշկը ֆիզիքական հիւանդութեան նշան մը չգտաւ։ Սակայն, ան երեւան հանեց թէ Իլէյնը իր վիշտը չէր դրսեւորեր, ուստի անոր յանձնարարեց որ տուն երթար եւ փորձէր լալ։ «Վիշտս յաղթահարելը բաւական ժամանակ առաւ», կ’ըսէ Իլէյնը, ապա կ’աւելցնէ թէ երբ առանձին ըլլար, «նոյնիսկ ննջարան կ’երթայի եւ գլուխս Տէյվիտին հագուստներուն մէջ կը թաղէի»։
Այո, սիրելի կողակիցի մը մահը կրնայ այլազան հակազդեցութիւններ պատճառել, քանի որ որբեւարութիւնը պարզապէս առանց ամուսին մը ունենալու ապրելէն աւելին կը պարփակէ։ Օրինակի համար, Սանտրան որոշ ժամանակ մը այն զգացումը ունեցաւ թէ իր ինքնութիւնը կորսնցուցած էր։ Վերջերս այրի դարձած շատ մը որբեւարիներուն նման, ան անպաշտպան եւ անապահով ալ զգաց։ Սանտրան կը մտաբերէ. «Քանի որ սովորաբար ամուսինս վերջնական որոշումները կու տար, յանկարծ այդ որոշումները իմ վրաս ձգուեցան։ Քունս խանգարուեցաւ։ Յոգնած եւ ուժաթափ եղայ։ Չէի գիտեր ի՛նչ ընել»։
Սանտրայի եւ Իլէյնի պատմութեան նման պատմութիւններ ամէն օր կը կրկնուին աշխարհի չորս կողմը։ Հիւանդութիւնը, արկածները, պատերազմները, ցեղային մաքրագործութիւնները եւ բռնութիւնը ընդհանուր առմամբ, որբեւարիներու թիւին յաւելման կը նպաստեն։ * Այս կիներէն շատեր լռելեայն կը տառապին, առանց գիտնալու թէ ի՛նչ ընեն։ Բարեկամներ ու ազգականներ ի՞նչ կրնան ընել, անոնց աջակցելու որ որբեւարութեան համակերպին։ Յաջորդ յօդուածը կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 5 Ուրիշ կիներ որբեւարիներու նման պարագայի մը մէջ են, քանի որ իրենց ամուսինները զիրենք լքած են։ Թէեւ բաժանումն ու ամուսնալուծումը իւրայատուկ խնդիրներ կը ստեղծեն, բայց յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուած սկզբունքներէն շատերը, այս պարագաներու մէջ եղող կիներուն ալ կրնան օգնել։