Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրախ Աստուծոյ հետ ուրախ եղէք

Ուրախ Աստուծոյ հետ ուրախ եղէք

Ուրախ Աստուծոյ հետ ուրախ եղէք

«Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ [«ուրախ», Արարատ] եղէք, . . . եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13։11

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ շատեր կեանքի մէջ ուրախ չեն։ (բ) Ի՞նչ է ուրախութիւնը, եւ ի՛նչպէս կրնանք զայն մշակել։

ԱՅՍ մռայլ օրերուն, շատեր ուրախութեան պատճառ մը չեն տեսներ։ Երբ ողբերգութիւնը զիրենք կամ իրենց մէկ սիրելին հարուածէ, անոնք կրնան Յոբի նման զգալ, որ ըսաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Քրիստոնեաները այս «չար ժամանակներ»ու ճնշումներէն եւ նեղութիւններէն զերծ չեն, եւ զարմանալի չէ որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները երբեմն կը վհատին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

2 Այսուհանդերձ, Քրիստոնեաները կրնա՛ն ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ երբ փորձութեան ներքեւ են։ (Գործք 5։40, 41) Որպէսզի հասկնաք թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է, նախ՝ նկատի առէք թէ ի՛նչ է ուրախութիւնը։ Ուրախութիւնը սահմանուած է որպէս «բարի բան մը ակնկալելէն կամ ձեռք ձգելէն առթած բերկրալի զգացում մը»։ * Հետեւաբար, եթէ ժամանակ տրամադրենք մեր ներկայ օրհնութիւնները համրելու համար, մինչ կը խոկանք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ մեզի սպասող ուրախութիւններուն մասին, կրնա՛նք ուրախ ըլլալ։

3. Ի՞նչ առումով կրնայ ըսուիլ թէ ամէն անհատ ուրախ ըլլալու առնուազն մի քանի պատճառներ ունի։

3 Ամէն անհատ կարգ մը օրհնութիւններ ունի, որոնց համար երախտապարտ պէտք է ըլլայ։ Ընտանիքի հայր մը կրնայ իր աշխատանքը կորսնցնել։ Բնական է որ ան մտահոգուի։ Ան կ’ուզէ իր սիրելիներուն պէտք եղածը հայթայթել։ Այսուհանդերձ, եթէ ան ֆիզիքապէս զօրաւոր եւ առողջ է, կրնայ անոր համար երախտապարտ ըլլալ։ Եթէ ան նոր գործ մը գտնէ, կարող պիտի ըլլայ ծանր աշխատիլ։ Միւս կողմէ, թերեւս Քրիստոնեայ կին մը հիւծող հիւանդութենէ մը կը տառապի։ Այսուհանդերձ, ան կրնայ շնորհապարտ ըլլալ սիրալիր բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու աջակցութեան համար, որոնք իրեն կ’օգնեն որ իր հիւանդութիւնը արժանապատուութեամբ եւ քաջութեամբ դիմագրաւէ։ Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց պարագաները, Եհովան՝ «ուրախ Աստուածը» եւ Յիսուս Քրիստոսը՝ «ուրախ ու միմիայն Հզօրը» ճանչնալու առանձնաշնորհումով կրնան ուրախ ըլլալ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ. 6։15, ՆԱ) Այո, Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս գերազանցօրէն ուրախ են։ Անոնք իրենց ուրախութիւնը պահպանած են, հակառակ այն իրողութեան թէ երկրի վրայ վիճակները շատ աւելի տարբեր են քան ինչ որ Եհովա սկիզբէն մտադրած էր։ Անոնց օրինակէն շատ բան կրնանք սորվիլ, մեր ուրախութիւնը ի՛նչպէս պահպանելու մասին։

Անոնք Երբեք Իրենց Ուրախութիւնը Չկորսնցուցին

4, 5. (ա) Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց երբ առաջին զոյգը ըմբոստացաւ։ (բ) Եհովա ի՞նչ կերպով մարդկութեան հանդէպ դրական կեցուածք մը պահեց։

4 Եդեմի Պարտէզին մէջ, Ադամն ու Եւան կայտառ առողջութիւն կը վայելէին եւ կատարեալ մտքեր ունէին։ Անոնք ընելիք արդիւնաբեր գործ մը ունէին եւ զայն իրագործելու համար՝ իտէալ միջավայր մը։ Ամէն բանէ վեր, անոնք Եհովայի հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցելու առանձնաշնորհումը ունէին։ Աստուծոյ նպատակն էր որ անոնք ուրախ ապագայ մը վայելէին։ Սակայն մեր առաջին ծնողքը այդ բոլոր բարի պարգեւներով չգոհացաւ. անոնք «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ին արգիլուած պտուղէն գողցան։ Այս անհնազանդ արարքը հիմը եղաւ այն ամբողջ ապերջանկութեան, որմէ մենք՝ անոնց զաւակները՝ ներկայիս կը տառապինք։—Ծննդոց 2։15-17. 3։6. Հռովմայեցիս 5։12

5 Սակայն, Եհովա թոյլ չտուաւ որ Ադամի ու Եւայի ապերախտ կեցուածքը իր ուրախութիւնը խլէ։ Ան վստահ էր որ անոնց զաւակներէն առնուազն ոմանց սրտերը պիտի մղուէին իրեն ծառայելու։ Իրականութեան մէջ, ան ասկէ ա՛յնքան վստահ էր, որ Ադամի ու Եւայի հնազանդ սերունդները փրկելու իր նպատակը ծանուցանեց, նո՛յնիսկ անոնց առաջին զաւակը ծնելէն առաջ։ (Ծննդոց 1։31. 3։15) Յաջորդ դարերուն, մարդոց մեծամասնութիւնը Ադամի ու Եւայի շաւիղներուն հետեւեցաւ, սակայն, Եհովա այս համատարած անհնազանդութեան պատճառաւ մարդկային ընտանիքին կռնակ չդարձուց։ Փոխարէն, ան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ‘իր սիրտը ուրախացնող’ տղամարդոց ու կիներուն վրայ, որոնք զինք հաճեցնելու համար իսկական ջանք մը ըրին, քանի որ զինք կը սիրէին։—Առակաց 27։11. Եբրայեցիս 6։10

6, 7. Ի՞նչ ազդակներ օգնեցին Յիսուսի որ ուրախ մնար։

6 Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի մասին. ան իր ուրախութիւնը ի՞նչպէս պահպանեց։ Երկնքի մէջ հոգեղէն արարած մը ըլլալով, Յիսուս ամէն պատեհութիւն ունէր երկրի վրայ տղամարդոց ու կիներուն գործունէութիւնը դիտելու։ Անոնց անկատարութիւնները բացայայտ էին, սակայն Յիսուս սիրեց զանոնք։ (Առակաց 8։31) Հետագային, երբ երկիր եկաւ եւ մարդոց «մէջ բնակեցաւ», մարդկութեան հանդէպ իր տեսակէտը չփոխուեցաւ։ (Յովհաննու 1։14) Ի՞նչ բան ձգեց որ Աստուծոյ կատարեալ Որդին մարդկային մեղաւոր ընտանիքին հանդէպ այսպիսի դրական տեսակէտ մը պահպանէր։

7 Նախ եւ առաջ, Յիսուս իր անձէն եւ ուրիշներէն տրամաբանական չափով կ’ակնկալէր։ Ան գիտէր թէ ինք աշխարհը դարձի պիտի չբերէր։ (Մատթէոս 10։32-39) Ուստի ան ուրախացաւ երբ նոյնիսկ մէ՛կ անկեղծ անհատ Թագաւորութեան պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջեց։ Թէեւ իր աշակերտներուն վարմունքն ու կեցուածքը միշտ ալ գոհացուցիչ չէին, սակայն Յիսուս գիտէր թէ անոնք ներքնապէս կ’ուզէին Աստուծոյ կամքը ընել, եւ այս պատճառաւ զանոնք սիրեց։ (Ղուկաս 9։46. 22։24, 28-32, 60-62) Յատկանշականօրէն, իր երկնաւոր Հօր ուղղած աղօթքին մէջ, մինչեւ այդ ժամանակ իր աշակերտներուն դրական ընթացքը ամփոփելով, Յիսուս ըսաւ. «Անոնք քու խօսքդ պահեցին»։—Յովհաննու 17։6

8. Մեր ուրախութիւնը պահպանելու առնչութեամբ, Եհովան ու Յիսուսը ընդօրինակելու կարգ մը կերպեր թուեցէք։

8 Անկասկած, բոլորս ալ պիտի օգտուինք ուշադրութեամբ նկատի առնելով այս առնչութեամբ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի ձգած օրինակը։ Կրնա՞նք լիովին ընդօրինակել Եհովան, թերեւս չափազանց չմտահոգուելով երբ հարցերը մեր ակնկալածին պէս չընթանան։ Կրնա՞նք աւելի սերտօրէն հետեւիլ Յիսուսի քայլերուն, մեր ներկայ պարագաներուն հանդէպ դրական հայեցակէտ մը պահպանելով, ինչպէս նաեւ մեր անձին եւ ուրիշներուն առնչութեամբ տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալով։ Այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս այս սկզբունքներէն ոմանք կրնան գործնական կերպով կիրարկուիլ մարզի մը մէջ, որ ամէնուրեք նախանձախնդիր Քրիստոնեաներուն սրտին սիրելի է՝ դաշտի ծառայութիւնը։

Ծառայութեան Հանդէպ Դրական Տեսակէտ մը Պահպանենք

9. Երեմիայի ուրախութիւնը ի՞նչպէս վերարծարծուեցաւ, եւ իր օրինակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։

9 Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլանք։ Մեր ուրախութիւնը կախեալ պէտք չէ ըլլայ մեր ձեռք ձգած արդիւնքներէն։ (Ղուկաս 10։17, 20) Երեմիա մարգարէն անպտղաբեր թաղամասի մը մէջ տարիներ քարոզեց։ Երբ ան ժողովուրդին բացասական հակազդեցութեան վրայ կեդրոնացաւ, իր ուրախութիւնը կորսնցուց։ (Երեմեայ 20։8) Սակայն, երբ պատգամին գեղեցիկ երեսակին վրայ խոկաց, իր ուրախութիւնը վերարծարծուեցաւ։ Երեմիան Եհովայի ըսաւ. «Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ [Եհովա]»։ (Երեմեայ 15։16) Այո, Երեմիա ուրախացաւ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու իր առանձնաշնորհումին համար։ Մե՛նք ալ կրնանք ուրախանալ։

10. Ի՞նչպէս կրնանք ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը պահպանել, նոյնիսկ եթէ ներկայիս մեր թաղամասը արդիւնաբեր չէ։

10 Նոյնիսկ երբ մարդոց մեծամասնութիւնը մերժէ բարի լուրին ընդառաջել, ամէն պատճառ ունինք ուրախ ըլլալու մինչ կը մասնակցինք դաշտի ծառայութեան։ Յիշեցէք թէ Եհովա բացայայտօրէն վստահ էր թէ մարդոցմէ ոմանք պիտի մղուէին իրեն ծառայելու։ Եհովայի նման, երբեք մեր յոյսը պէտք չէ կտրենք որ առնուազն ոմանք, ի վերջոյ գերիշխանութեան հարցին գիտակցելով Թագաւորութեան պատգամը պիտի ընդունին։ Պէտք չէ մոռնանք թէ մարդոց պարագաները կը փոխուին։ Երբ յանկարծ սիրելի մը կորսնցնեն կամ աղէտի մը հանդիպին, ամենէն ինքնագոհ անհատն իսկ կրնայ լրջօրէն մտածել կեանքի իմաստին մասին։ Երբ այսպիսի անհատ մը ‘իր հոգեւոր պէտքերուն գիտակից’ դառնայ, անոր օգնելու պատրաստ պիտի ըլլա՞ք։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Թերեւս ձեր թաղամասին մէջ անհատ մը բարի լուրը լսելու պատրաստ է, երբ յաջորդ անգամ իրեն այցելէք։

11, 12. Գիւղաքաղաքի մը մէջ ի՞նչ պատահեցաւ, եւ անկէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

11 Մեր թաղամասին բնակիչներն ալ կրնան փոխուիլ։ Նկատի առէք հետեւեալ օրինակը։ Փոքր գիւղաքաղաքի մը մէջ, երիտասարդ ամոլներու հաւաքականութիւն մը կ’ապրէր, իրենց զաւակներով միասին։ Երբ Եհովայի Վկաները հոն այցելեցին, բոլոր դռներուն առջեւ միեւնոյն պատասխանը ստացան, «Հետաքրքրուած չենք»։ Երբ մէկը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէր, անմիջապէս դրացիները կը միջամտէին, որպէսզի անհատը Վկաներուն հետ իր կապը խզէր։ Բացայայտօրէն, հոն քարոզելը մարտահրաւէր մըն էր։ Այսուհանդերձ, Վկաները տեղի չտուին. անոնք նոյն թափով շարունակեցին քարոզել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Ժամանակի ընթացքին, այդ գիւղաքաղաքին մէջ բնակող երախաներէն շատերը մեծցան, ամուսնացան եւ հոն հաստատուեցան։ Անդրադառնալով թէ իրենց ապրելակերպը իսկական ուրախութիւն չէր բերած, այս երիտասարդներէն շատեր սկսան ճշմարտութիւնը փնտռել։ Անոնք գտան զայն, երբ Վկաներուն կողմէ ծանուցուած բարի լուրին նպաստաւոր կերպով ընդառաջեցին։ Ուստի, տարիներ ետք է որ փոքր ժողովքը սկսաւ աճիլ։ Երեւակայեցէք Թագաւորութեան հրատարակիչներուն ուրախութիւնը, որոնք տեղի չտուին։ Կը մաղթենք որ Թագաւորութեան փառաւոր պատգամը քարոզելու մէջ մեր յարատեւութիւնը, մեզի՛ ալ ուրախութիւն բերէ։

Հաւատակիցները Ձեզի Զօրավիգ Պիտի Կանգնին

13. Երբ վհատինք, որո՞ւ կրնանք դիմել։

13 Երբ ճնշումները աւելնան կամ երբ կեանքը ձեզի ջախջախիչ հարուած մը տայ, մխիթարութեան համար ո՞ւր կրնաք դիմել։ Եհովայի նուիրուած միլիոնաւոր ծառաներ նա՛խ աղօթքով Եհովայի կը դիմեն, յետոյ՝ իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր աշակերտներուն մատուցած օգնութիւնը արժեւորեց։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, ան անոնց մասին խօսեցաւ, ըսելով թէ «[դուք] միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ»։ (Ղուկաս 22։28) Անշուշտ, այդ առաքեալները անկատար էին, սակայն անոնց հաւատարմութիւնը, Աստուծոյ Որդիին համար մխիթարութիւն մըն էր։ Մե՛նք ալ կրնանք մեր հաւատակիցներէն զօրութիւն ստանալ։

14, 15. Ի՞նչ բան օգնեց զոյգի մը որ իրենց որդւոյն մահուան հետ գլուխ ելլեն, եւ անոնց փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Միշէլ եւ Տայան անունով Քրիստոնեայ ամոլ մը, սորվեցան թէ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած աջակցութիւնը որքա՛ն արժէքաւոր կրնայ ըլլալ։ Անոնց 20 տարեկան տղան՝ Ճոնաթանը, կենսունակ եւ խոստմնալից Քրիստոնեայ մը, ախտաճանաչուեցաւ թէ ուղեղի ուռ մը ունէր։ Բժիշկները հերոսաբար փորձեցին զինք փրկել, սակայն Ճոնաթանի ֆիզիքական վիճակը վատթարացաւ, եւ երեկոյ մը ան մահացաւ։ Միշէլը եւ Տայանը ջախջախուած զգացին։ Անոնք անդրադարձան որ այդ իրիկուն յայտագրուած Ծառայութեան Ժողովը գրեթէ լրանալու վրայ էր։ Այսուհանդերձ, մխիթարութեան անհրաժեշտ կարիքը ունենալով, անոնք իրենց մօտ գտնուող երէցէն խնդրեցին որ զիրենք Թագաւորութեան Սրահ տանի։ Անոնք սրահ հասան ճիշդ այն ատեն երբ ժողովքին կը ծանուցանուէր Ճոնաթանի մահը։ Ժողովէն ետք, արտասուայեղց ծնողները շրջապատուեցան իրենց եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք ողջագուրեցին զիրենք եւ մխիթարական խօսքեր մատուցանեցին։ Տայանը կը մտաբերէ. «Երբ սրահ հասանք, ջախջախուած կը զգայինք, սակայն մեր եղբայրները որքա՛ն մխիթարեցին մեզ. անոնք մեր տրամադրութիւնը որքա՛ն փոխեցին։ Թէեւ անոնք մեր վիշտը չվանեցին, սակայն օգնեցին մեզի որ ճնշումին ներքեւ տոկանք»։—Հռովմայեցիս 1։11, 12. Ա. Կորնթացիս 12։21-26

15 Փորձանքը պատճառ եղաւ որ Միշէլը եւ Տայանը իրենց եղբայրներուն աւելի մօտենան։ Անիկա պատճառ եղաւ նաեւ որ իրարու աւելի՛ մօտենան։ Միշէլը կ’ըսէ. «Սորվեցայ սիրելի կնոջս վրայ աւելի գուրգուրալ։ Յուսահատութեան պահերուն իրարու հետ կը խօսինք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին եւ թէ Եհովա ի՛նչպէս մեզի նեցուկ կը կանգնի»։ Տայանը կը շարունակէ. «Թագաւորութեան յոյսը այժմ մեզի համար շատ աւելի մեծ իմաստ մը ունի»։

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր կարիքները մեր եղբայրներուն գիտցնելու մէջ նախաձեռնութիւնը առնենք։

16 Այո, մեր Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը կրնան կեանքի դժուար պահերուն մեզ «տոգորող ոյժ մը» ըլլալ եւ այսպէս մեզի օգնել որ մեր ուրախութիւնը պահպանենք։ (Կողոսացիս 4։11, ՆԱ) Անշուշտ, անոնք մեր միտքը չեն կրնար կարդալ։ Ուստի, երբ օգնութեան կարիքը ունենանք, լաւ կ’ըլլայ որ զանոնք տեղեակ պահենք։ Ապա կրնանք անկեղծ գնահատութիւն յայտնել, որեւէ մխիթարութեան համար որ մեր եղբայրները կը մատուցանեն, անոր աղբիւրը՝ Եհովան նկատելով։—Առակաց 12։25. 17։17

Նայեցէք Ձեր Ժողովքին

17. Առանձին մայր մը ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ իրեն նման եղողները ի՞նչ աչքով կը դիտենք։

17 Ձեր հաւատակիցներուն ո՛րքան սերտօրէն նայիք, այնքան աւելի պիտի սորվիք զանոնք գնահատել եւ իրենց ընկերակցութեամբ ուրախ ըլլալ։ Նայեցէք ձեր ժողովքին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Կա՞յ առանձին ծնող մը որ կը պայքարի իր զաւակները ճշմարտութեան ճամբուն մէջ մեծցնելու համար։ Անոր լաւ օրինակին մասին խորհա՞ծ էք։ Պահ մը երեւակայեցէք անոր դիմագրաւած խնդիրները։ Ժենին անունով առանձին ծնող մը քանի մը հատը կը թուէ. առանձնութիւն, գործատեղիին մէջ տղամարդոց կողմէ անբարոյ մերձեցումներ, չափազանց սահմանափակ պիւտճէ մը։ Սակայն, ան կ’ըսէ թէ մեծագոյն խոչընդոտը, իր զաւակներուն զգացական կարիքներուն հոգ տանիլն է, քանի որ իւրաքանչիւր զաւակ անզուգական է։ Ժենին ուրիշ խնդիր մըն ալ կը յիշէ. «Ամուսինի մը ստեղծած պարապութիւնը լեցնելու համար ձեր տղան ընտանիքին գլուխը ընելու հակումը մերժելը, իսկական մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ Աղջնակ մը ունիմ, եւ երբեմն կը մոռնամ թէ զինք պէտք չէ ծանրաբեռնեմ, գաղտնեկիցս դարձնելով»։ Հազարաւոր աստուածավախ առանձին ծնողներու նման, Ժենինը լիաժամ կ’աշխատի եւ իր ընտանիքին հոգ կը տանի։ Ան նաեւ իր զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ, ծառայութեան մէջ զանոնք կը մարզէ, եւ զիրենք ժողովներու կը բերէ։ (Եփեսացիս 6։4) Եհովա որքա՜ն ուրախ պէտք է ըլլայ, մինչ ամէն օր կը դիտէ այս ընտանիքին ջանքերը ուղղամտութիւն պահելու համար։ Մեր մէջ այսպիսի անհատներ ունենալը մեր սիրտը չ’ո՞ւրախացներ։ Այո՛, արդարեւ։

18, 19. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք ժողովքի անդամներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։

18 Դարձեալ ձեր ժողովքին վրայ ակնարկ մը նետեցէք։ Կրնաք տեսնել հաւատարիմ այրիներ, որոնք ժողովներէն երբեք ‘չեն զատուիր’։ (Ղուկաս 2։37) Երբեմն անոնք առանձնութենէ չե՞ն տառապիր։ Անշո՛ւշտ։ Անոնք չափազանց կը կարօտնան իրենց կողակիցները։ Սակայն, Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած կը մնան եւ անձնապէս ուրիշներով կը հետաքրքրուին։ Անոնց հաստատ ու դրական կեցուածքը, ժողովքին ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։ Աւելի քան 30 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող Քրիստոնեայ մը նշեց. «Մեծագոյն ուրախութիւններէս մէկն է տարեց եղբայրներ ու քոյրեր տեսնել, որոնք բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած են եւ տակաւին հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայեն»։ Այո, մեր մէջ գտնուող տարեց Քրիստոնեաները, մեծ քաջալերութիւն մըն են դեռահասակներուն։

19 Ի՞նչ կրնանք ըսել նորեկներուն մասին, որոնք տակաւին վերջերս սկսած են ժողովքին հետ ընկերակցիլ։ Չե՞նք խրախուսուիր երբ անոնք իրենց հաւատքը կ’արտայայտեն ժողովներու ընթացքին։ Խորհեցէք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելէն ի վեր անոնց ըրած յառաջդիմութեան մասին։ Եհովա անոնց համար շա՛տ ուրախ ըլլալու է։ Մենք ալ ուրա՞խ ենք։ Մեր հաճութիւնը կ’արտայայտե՞նք, զանոնք գովելով իրենց թափած ջանքերուն համար։

20. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ ժողովքին մէջ կարեւոր դեր մը կը խաղայ։

20 Ամուսնացած, ամուրի կամ առանձի՞ն ծնող մըն էք։ Որբ տղեկ մը կամ աղջի՞կ մըն էք, թէ ոչ՝ այրի մը։ Տարիներէ ի վեր ժողովքին ընկերակցո՞ղ մըն էք, թէ ոչ՝ վերջերս սկսած էք ժողովքին ընկերակցիլ։ Վստահ եղէք որ ձեր հաւատարիմ օրինակը բոլորս կը քաջալերէ։ Իսկ երբ Թագաւորութեան երգեցողութեան մասնակցիք, կամ պատասխան մը տաք կամ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ աշակերտական բաժին մը ներկայացնէք, ձեր մասնակցութիւնը մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։ Ասկէ աւելի, անիկա Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։

21. Ի՞նչ ընելու շատ պատճառներ ունինք, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

21 Այո, նոյնիսկ այս վրդովեցուցիչ ժամանակներուն, կրնանք մեր ուրախ Աստուծոյն պաշտամունքին մէջ ուրախ ըլլալ։ Բազմաթիւ պատճառներ ունինք Պօղոսի հետեւեալ քաջալերութեան ընդառաջելու. «Ո՛ղջ [«ուրախ», Արարատ] եղէք, . . . եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ (Բ. Կորնթացիս 13։11) Սակայն, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ բնական աղէտ մը, հալածանք կամ տնտեսական սաստիկ նեղութիւն մը դիմագրաւենք։ Կարելի՞ է մեր ուրախութիւնը պահպանել, նոյնիսկ այսպիսի պայմաններու ներքեւ։ Մինչ յաջորդ յօդուածը նկատի կ’առնէք, ձեր անձնական եզրակացութիւններուն յանգեցէք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 119, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներու կողմէ։

Կրնա՞ք պատասխանել

• Ուրախութիւնը ի՞նչպէս սահմանուած է։

• Դրական կեցուածք մը պահպանելը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ ուրախ մնանք։

• Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ մեր ժողովքին թաղամասին նկատմամբ դրական տեսակէտ մը ունենանք։

• Ձեր ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ կերպերով կը գնահատէք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 10]

Թաղամասին մէջի մարդիկը կրնան փոխուիլ

[Նկար՝ էջ 12]

Ձեր ժողովքին անդամները ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն