«Ահա՛ւասիկ մեծ բազմութիւնը»
Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք
«Ահա՛ւասիկ մեծ բազմութիւնը»
ԱՆԻԿԱ տասնեակ տարիներ Եհովայի ծառաները շփոթեցնող հարց մըն էր։ Շատոնց փորձ մը եղած էր զայն սուրբ գրայինօրէն լուծելու։ Նիւթը բազմաթիւ զրոյցներու դուռ բացած էր։ Սակայն, ի վերջոյ սուրբ գրային պատասխան մը գտնուեցաւ, եւ 1935–ին ուժգնօրէն ցնցեց Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ գումարուող համաժողովի մը հանդիսականները։
Այս բոլորին ետին հասարակաց հարցում մը կար. Ո՞վ է Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ յիշուած «մեծ բազմութիւնը»։ Հաւատացեալներու այս խումբը երկնքի՞ մէջ պիտի ապրէր։
Հնամենի Հարցում մը
Յովհաննէս առաքեալի ժամանակէն մինչեւ մեր օրերը, Քրիստոնեաները «մեծ բազմութեան» ինքնութեան նկատմամբ շփոթած են։ Աստուածաշունչի Աշակերտները մեծ բազմութիւնը կը նկատէին որպէս երկնային երկրորդական դասակարգ մը, խումբ մը որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին գիտութիւն ունէր, բայց զայն տարածելու համար ջանք չէր թափեր։
Սակայն, օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ ընկերակցող անհատներէն ոմանք քարոզչութեան մէջ շատ նախանձախնդիր դարձան։ Անոնք երկինք երթալու փափաքը չունէին։ Իրականութեան մէջ, անոնց յոյսը ներդաշնակ էր «Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» խորագրով հանրային դասախօսութեան հետ, զոր Եհովայի ծառաները ներկայացուցին 1918–էն մինչեւ 1922։ Այս անհատները երկրի վրայ յաւիտենական կեանքով պիտի օրհնուէին։
Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1923–ի թիւը (Անգլերէն), ոչխարներու եւ այծերու մասին Յիսուսի առակը քննարկեց ու ըսաւ. «Ոչխարները կը ներկայացնեն բոլոր ազգերու ժողովուրդները, ոչ թէ հոգիէն ծնած, այլ՝ արդարութեան հակամէտ, որոնք մտովի կ’ընդունին Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր, եւ իր իշխանութեան ներքեւ աւելի լաւ ժամանակ մը կը սպասեն եւ կը յուսան»։—Մատթէոս 25։31-46
Լոյսի Յաւելեալ Ճառագայթներ
1931–ին, Ջատագովում՝ Գիրք Ա.–ը նկատի առաւ Եզեկիէլ 9–րդ գլուխը եւ բնորոշեց աշխարհի վախճանէն վերապրելու համար իրենց ճակատներուն վրայ նշան ունեցողները որպէս Յիսուսի առակին ոչխարները։ Ջատագովում՝ Գիրք Գ.–ը (հրատարակուած 1932–ին), Իսրայելացի չեղող Յովնադաբի ուղիղ կեցուածքը նկարագրեց, որ Իսրայէլի օծեալ Թագաւոր Յէուի կառքը բարձրացաւ եւ անոր հետ գնաց, սուտ երկրպագուները սպաննելու մէջ Յէուի նախանձախնդրութիւնը տեսնելու համար։ (Դ. Թագաւորաց 10։15-28) Գիրքը ըսաւ. «Յովնադաբը ներկայացուց կամ նախապատկերացուց ներկայիս երկրի վրայ գտնուող մարդոց այն դասակարգը, որ Սատանայի կազմակերպութեան հետ ներդաշնակ չէ, արդարութեան կողմը դիրք կը բռնէ, եւ Տէրը Արմագեդոնին զանոնք ողջ պիտի պահէ, այդ նեղութենէն դուրս պիտի հանէ եւ երկրի վրայ անոնց կեանք պիտի տայ։ Անոնք ‘ոչխար’ դասակարգը կը կազմեն»։
1934–ին, Դիտարան–ը բացայայտ դարձուց թէ երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաները պէտք էր Եհովայի նուիրուէին եւ մկրտուէին։ Այս երկրային դասակարգին առնչութեամբ արդարեւ լոյսը շատ աւելի կը փայլէր։—Առակաց 4։18
Հասկացողութեան Փայլուն Շող մը
Յայտնութիւն 7։9-17–ի հասկացողութիւնը պսպղուն կերպով շողալու վրայ էր։ (Սաղմոս 97։11) Դիտարան–ը այն յոյսով էր թէ Ուաշինկթըն, Տի.Սի.–ի մէջ (Ա.Մ.Ն.), Մայիս 30–էն մինչեւ 3 Յունիս 1935–ի համար ծրագրուած համաժողովը, Յովնադաբով պատկերացուած անհատներուն համար ‘իսկական մխիթարութիւն եւ օգուտ մը’ պիտի ըլլար։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։
Յայտնութիւն 7։9–ի «մեծ բազմութիւնը» նոյն խումբն էին։ (Յովհաննու 10։16) Իր դասախօսութեան բարձրակէտին, դասախօսը հարցուց. «Երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունեցողները թող հաճին ոտքի կանգնիլ»։ Երբ ներկաներուն մեծամասնութիւնը ոտքի կայնեցաւ, Ռատըրֆորտ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ մեծ բազմութիւնը»։ Քար լռութիւն տիրեց, որու յաջորդեց բուռն ծափահարութիւն մը։ Յաջորդ օրը, 840 նորեկ Եհովայի Վկաներ մկրտուեցան, որոնց մեծամասնութիւնը կը դաւանէր մեծ բազմութենէն ըլլալ։
Շուրջ 20,000 հանդիսականներու ուղղուած «Մեծ Բազմութիւնը» խորագրով ոգեցունց դասախօսութեան մէջ, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ սուրբ գրային ապացոյց ներկայացուց թէ մերօրեայ «ուրիշ ոչխարներ»ը եւԱրտակարգ Ներկայութիւն մը
1935–էն առաջ, Աստուածաշունչի պատգամին ընդառաջող եւ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերող անհատներէն շատեր, Դրախտ երկրին վրայ յաւիտեան ապրելով հետաքրքրուած էին։ Անոնք երկինք երթալու փափաքը չունէին, քանի որ Աստուած անոնց երկնային կեանքի յոյսը չէր տուած։ Ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան հետ անոնց բնորոշուիլը ցոյց տուաւ թէ արդէն իսկ 1935–ին, 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներուն կոչը գրեթէ ամբողջացած էր։—Յայտնութիւն 7։4
Երբ Բ. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, Բանսարկու Սատանան մեծ բազմութեան անդամներուն հաւաքումը կասեցնելու համար բուռն ջանքեր թափեց։ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ արգիլուեցաւ։ Այդ խաւար օրերուն եւ Յունուար 1942–ին իր մահուընէ քիչ առաջ, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ նշեց. «Այնպէս կ’երեւի թէ ‘մեծ բազմութիւնը’ մեր ակնկալածին չափ ալ մեծ պիտի չըլլայ»։
Սակայն, աստուածային օրհնութեամբ, հարցերը յեղաշրջուեցան։ ‘Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալով’, օծեալները եւ իրենց ընկերակիցները՝ ուրիշ ոչխարները, աշակերտելու յանձնարարութիւնը կը շարունակեն կատարել։ (Կողոսացիս 4։12, ՆԱ. Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) 1946–ին, համայն աշխարհի մէջ քարոզող Եհովայի Վկաներու թիւն էր՝ 176,456, մեծամասնութիւնը՝ մեծ բազմութենէն։ 2000–ին, աւելի քան 6,000,000 Վկաներ հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայէին 235 երկիրներու մէջ. ա՛րդարեւ մեծ բազմութիւն մը։ Իսկ անոնց թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։