‘Իմաստութեամբ՝ մեր օրերը պիտի շատնան’
‘Իմաստութեամբ՝ մեր օրերը պիտի շատնան’
Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ուրանալ թէ կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու համար, իմաստութիւնը կենսական է։ Ճշմարիտ իմաստութիւնը գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը պատշաճօրէն գործածելու կարողութիւնն է։ Անիկա անմտութեան, յիմարութեան եւ տխմարութեան ճիշդ հակառակն է։ Ուստի Սուրբ Գրութիւնները կը յորդորեն մեզ որ իմաստութիւն ձեռք ձգենք։ (Առակաց 4։7) Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը գլխաւորաբար գրուած էր իմաստութիւն եւ խրատ հաղորդելու համար։ Անոր բացման խօսքերը կ’ըսեն. «Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները. իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար»։—Առակաց 1։1, 2
Օրինակի համար, միայն նկատի առնենք Առակաց գրքի առաջին քանի մը գլուխներուն մէջ գտնուած ողջամիտ ուսուցումները։ Իր որդին յորդորող սիրալիր հօր մը նման, Սողոմոն իր ընթերցողներուն կ’աղաչէ որ խրատը ընդունին եւ իմաստութեան ուշադրութիւն ընծայեն։ (Գլուխ 1 եւ 2) Ան մեզի ցոյց կու տայ ի՛նչպէս մտերմութիւն մշակել Եհովայի հետ եւ մեր սիրտը ի՛նչպէս պաշտպանել։ (Գլուխ 3 եւ 4) Յորդոր կը տրուի մեզի որ բարոյապէս մաքուր մնանք։ (Գլուխ 5 եւ 6) Անբարոյ անհատի մը գործելակերպին քօղազերծումը, մեզի համար շատ արժէքաւոր է։ (Գլուխ 7) Իսկ բոլորիս համար որքա՜ն գրաւիչ է անձնաւորուած իմաստութեան կոչը։ (Գլուխ 8) Հետագայ գլուխներուն մէջ, հակիրճ եւ առանձնայատուկ առակները նկատի առնելէ առաջ, Սողոմոն Թագաւոր մինչեւ հիմա իր նկատի առած նիւթերուն խթանիչ ամփոփում մը կը ներկայացնէ։—Գլուխ 9
‘Եկէ՛ք, Իմ Հացէս Կերէ՛ք ու Գինիէս Խմեցէ՛ք’
Առակաց գրքի առաջին հատուածին եզրակացութիւնը ձանձրացուցիչ ամփոփում մը չէ, որ պարզապէս կ’ուրուագծէ նախապէս յիշուած խրատը։ Փոխարէն, անիկա կը ներկայացուի որպէս ոգեւորիչ եւ խթանիչ օրինակ մը, ընթերցողը մղելով որ իմաստութեան հետամուտ ըլլայ։
Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 9–րդ գլուխը հետեւեալ խօսքերով կը սկսի. «Իմաստութիւնը իր տունը շինեց ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց»։ (Առակաց 9։1) Ուսումնական մը կը թելադրէ թէ «եօթը սիւներ» արտայայտութիւնը «կը նշէ բակի մը մէջ շինուած ապարանք մը, որու երկու կողմերը երեք սիւներ ունին, իսկ մուտքին դիմացի կողմը՝ մէջտեղը՝ ուրիշ սիւն մը»։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, ճշմարիտ իմաստութիւնը հաստատ տուն մը շինած է, բազմաթիւ հիւրեր ընդունելու համար։
Խնճոյքի մը համար ամէն ինչ պատրաստ է։ Միսը եւ գինին ալ պատրաստ են։ Իմաստութիւնը անձամբ վերահսկած է ճաշի ու սեղանի պատրաստութեան։ «Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց ու իր սեղանը պատրաստեց»։ (Առակաց 9։2) Այս այլաբանական սեղանին վրայ, երեւութապէս մատչելի է լուրջ խորհրդածութեան արժանի հոգեւոր սնունդ։—Եսայեայ 55։1, 2
Ճշմարիտ իմաստութեան պատրաստած խնճոյքին որո՞նք հրաւիրուած են։ «Անիկա իր աղախինները ղրկեց, որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն. ‘Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ’։ Ու պակասամիտ եղողին ըսեն. ‘Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։ Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք’»։—Առակաց 9։3-6
Իմաստութիւնը իր աղախինները ղրկած է հրաւէր տալու համար։ Անոնք հանրային վայրեր գացած են, ուր կրնան իրենց ձայնը աւելի մեծ թիւով մարդոց լսելի դարձնել։ Բոլորն ալ հրաւիրուած են, «պակասամիտ»ները՝ կամ Առակաց 9։4) Իսկ անոնց առջեւ կեանքի խոստումը դրուած է։ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած իմաստութիւնը, մէջը ըլլալով Առակաց գրքինը, վստահաբար գրեթէ բոլորին մատչելի է։ Ներկայիս, որպէս ճշմարիտ իմաստութեան պատգամաւորներ, Եհովայի Վկաները զբաղած են ամէնուրեք մարդոց հրաւիրելով որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն։ Այս գիտութիւնը ստանալը, արդարեւ կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։—Յովհաննու 17։3
հասկացողութեան պակաս ունեցողները, ինչպէս նաեւ փորձառութեան պակաս ունեցողները։ (Քրիստոնեաները պէտք է խոնարհաբար ընդունին իմաստութեան խրատը։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է անչափահասներուն, եւ անոնց որոնք վերջերս սկսած են Եհովայի մասին սորվիլ։ Քանի որ Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ սահմանափակ փորձառութիւն ունին, անոնք կրնան «պակասամիտ» ըլլալ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ անոնց բոլոր շարժառիթները վատ են, սակայն ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ որ անհատ մը իր սիրտը այնպիսի վիճակի մը հասցնէ, որ իրապէս հաճելի ըլլայ Աստուծոյ։ Ասիկա կը պահանջէ խորհուրդները, ցանկութիւնները, խանդաղատանքները եւ նպատակակէտերը Աստուծոյ հաւնած բաներուն հետ ներդաշնակութեան մէջ բերել։ Որքա՜ն կենսական է որ անոնք ‘բանական ու անխարդախ կաթին փափաքին’։—Ա. Պետրոս 2։2
Իրականութեան մէջ, պէտք չէ՞ որ բոլորս ալ «նախնական սորվելիքներ»էն անդին երթանք։ Վստահաբար կարիքը ունինք «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակելու եւ չափահասներուն պատկանող հաստատուն կերակուրէն սնուցանուելու։ (Եբրայեցիս 5։12–6։1. Ա. Կորնթացիս 2։10) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որու Յիսուս Քրիստոս անձամբ կը վերահսկէ, ժրաջանօրէն ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ բոլորին։ (Մատթէոս 24։45-47) Թող որ իմաստութեան սեղանէն կերակրուինք, ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով Աստուծոյ Խօսքը եւ ծառայ դասակարգին կողմէ հայթայթուած սուրբ գրային գրականութիւնները։
«Ծաղրողը Մի՛ Յանդիմաներ»
Իմաստութեան ուսուցումներուն մէջ սրբագրութիւն ու յանդիմանութիւն ալ պարփակուած են։ Շատեր իմաստութեան այս երեսակէն չեն ախորժիր։ Ուստի, Առակաց գրքին առաջին հատուածին եզրակացութիւնը կը բովանդակէ հետեւեալ ազդարարութիւնը. «Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։ Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ»։—Առակաց 9։7, 8ա
Ծաղրողը ընդվզումով եւ ատելութեամբ կը լեցուի անոր հանդէպ, որ կը փորձէ իրեն օգնել իր ճամբան շտկելու։ Ամբարիշտը յանդիմանութեան արժէքը չի գնահատեր։ Որքա՜ն յիմարութիւն է Աստուծոյ Խօսքին գեղեցիկ ճշմարտութիւնը սորվեցնել մէկու մը, որ կ’ատէ ճշմարտութիւնը կամ պարզապէս կը փորձէ զայն ծաղրել։ Երբ Պօղոս առաքեալ Անտիոքի մէջ կը քարոզէր, խումբ մը Հրեաներու հանդիպեցաւ որոնք ճշմարտութեան հանդէպ սէր չունէին։ Անոնք հայհոյելով ու հակառակելով փորձեցին զինք վիճաբանութեան միջամուխ ընել, սակայն Պօղոս անոնց պարզապէս ըսաւ. «Որովհետեւ դուք [Աստուծոյ խօսքը] կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք»։—Գործք 13։45, 46
Երբ կը ջանանք պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն Թագաւորութեան բարի լուրը տանիլ, զգոյշ ըլլանք որ ծաղրողներու հետ վիճաբանութիւններու եւ առարկութիւններու մէջ չմտնենք։ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտները խրատեց. «Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։ Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ Եթէ մէկը ձեզ Մատթէոս 10։12-14
չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք»։—Յանդիմանութեան նկատմամբ իմաստուն անհատի մը ընդառաջումը, ծաղրող անհատի մը ընդառաջումին ճիշդ հակառակը կ’ըլլայ։ Սողոմոն կ’ըսէ. «Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։ Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ»։ (Առակաց 9։8բ, 9ա) Իմաստուն անհատ մը գիտէ թէ «ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։ (Եբրայեցիս 12։11) Թէեւ խրատը կրնայ նեղացուցիչ թուիլ, սակայն ինչո՞ւ հակադարձենք կամ ինքնապաշտպանութեան դիմենք, եթէ զայն ընդունիլը մեզ աւելի իմաստուն պիտի դարձնէ։
«Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ», կը շարունակէ իմաստուն թագաւորը։ (Առակաց 9։9բ) Սորվելու համար ոեւէ մէկը ո՛չ շատ իմաստուն, ո՛չ ալ շատ մեծ է։ Ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել նոյնիսկ կեանքի աշնան մէջ եղող անհատներ, ճշմարտութիւնը կ’ընդունին եւ Եհովայի կը նուիրուին։ Թող որ մենք ալ ջանանք սորվելու կամքը պահպանել եւ մեր միտքը արթուն պահել։
«Քու Կեանքիդ Տարիները Պիտի Աւելնան»
Նկատի առնուած նիւթին գլխաւոր կէտը շեշտելով, Սողոմոն կը պարփակէ իմաստութեան անհրաժեշտ նախապայմանը։ Ան կը գրէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է»։ (Առակաց 9։10) Ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ առանց խոր ու յարգալից վախ ունենալու, աստուածային իմաստութիւն կարելի չէ ունենալ։ Անհատ մը կրնայ գիտութեամբ լեցուն ուղեղ մը ունենալ, սակայն եթէ Եհովայի վախը չունի, ան այդ գիտութիւնը Ստեղծիչը պատուող կերպով մը պիտի չգործածէ։ Իրողութիւնները գիտնալով հանդերձ, ան նոյնիսկ սխալ եզրակացութիւններու կրնայ յանգիլ, ուրիշներու աչքին յիմար երեւնալով։ Ասկէ զատ, Եհովայի՝ Ամենասուրբին՝ գիտութիւնը անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար, որ իմաստութեան աչքառու մէկ յատկանիշն է։
Իմաստութիւնը ի՞նչ պտուղ կ’արտադրէ։ (Առակաց 8։12-21, 35) Իսրայէլի թագաւորը կ’ըսէ. «Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան»։ (Առակաց 9։11) Երկար օրերը եւ կեանքի տարիները իմաստութեան հետ ընկերակցելուն արդիւնքն են։ Այո, «իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։—Ժողովողի 7։12
Իմաստութիւն ձեռք ձգելու համար ջանք թափելը մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է։ Այս իրողութիւնը շեշտելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես»։ (Առակաց 9։12) Իմաստունը իր օգտին համար իմաստուն է, եւ ծաղրողը ինք միայն պատասխանատու է իր տառապանքին։ Արդարեւ, ինչ որ ցանենք զայն կը հնձենք։ Ուստի, թող որ մեր ‘ականջը իմաստութեան տանք’։—Առակաց 2։2
«Անզգամ Կինը Աղաղակող կ’Ըլլայ»
Հակադրութիւն մը ընելու նպատակաւ, Սողոմոն յաջորդիւ կ’ըսէ. «Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ [«յիմարութիւնը աղաղակող կնկայ պէս կ’լինի», Արարատ], անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։ Քաղաքին բարձր տեղերը, իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի, որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող անցորդները կանչէ։ ‘Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ’»։—Առակաց 9։13-16ա
Յիմարութիւնը պատկերացուած է որպէս աղաղակող, սանձարձակ եւ անմիտ կին մը։ Ան ալ տուն մը շինած է, եւ ստանձնած է անփորձառու անհատները կանչելու պարտականութիւնը։ Ուստի անցորդները ընտրութիւն մը ունին։ Անոնք որո՞ւ հրաւէրը պիտի ընդունին. իմաստութեա՞ն թէ յիմարութեան։
«Գողցուած Ջուրերը Անոյշ Են»
Թէ՛ իմաստութիւնը եւ թէ յիմարութիւնը մտիկ ընողները կը հրաւիրեն որ ‘հոս գան’։ Սակայն, հրաւէրները իրարմէ տարբեր են։ Իմաստութիւնը մարդիկը կը հրաւիրէ գինիի, միսի եւ հացի խնճոյքի մը։ Յիմարութեան հրամցուցած բաները մեզի կը յիշեցնեն անբարոյ կնկայ մը կերպերը։ Սողոմոն կ’ըսէ. «Պակասամիտ եղողին կ’ըսէ. ‘Գողցուած ջուրերը անոյշ են եւ Առակաց 9։16բ, 17
գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ’»։—Խառնուած գինիին փոխարէն, «անզգամ կինը» գողցուած ջուրեր կը հրամցնէ։ (Առակաց 9։13) Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, սիրելի կողակիցի մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալը թարմ ջուր խմելու նմանցուած է։ (Առակաց 5։15-17) Ուստի, գողցուած ջուրերը կը պատկերացնեն գաղտնօրէն կատարուած սեռային անբարոյ յարաբերութիւնները։ Այսպիսի ջուրեր անոյշ գինիէն աւելի լաւ կրնան թուիլ, քանի որ գողցուած են եւ հետեւանքներէն խուսափելու գաղափարը կը կրեն։ Գաղտնի կերուած հացը, իմաստութեան հացէն ու միսէն աւելի համով ըլլալու երեւոյթը ունի, քանի որ անիկա անպարկեշտ միջոցներով շահուած է։ Արգիլուած եւ գաղտնի բաները գրաւիչ նկատելը, յիմարութեան նշան մըն է։
Թէեւ իմաստութեան հրաւէրը կեանքի խոստումը կը պարփակէ, անզգամ կին մը իր ճամբաներուն հետեւանքներուն մասին բան մը չի խօսիր։ Սակայն, Սողոմոն կ’ազդարարէ. «Անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կան ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են»։ (Առակաց 9։18) Ուսումնական մը կը գրէ. «Անզգամ կնոջ տունը բնակարան մը չէ, այլ դամբարան մը։ Երբ հոն մտնէք, ողջ դուրս չէք գար»։ Անբարոյ կենցաղի մը հետեւիլը իմաստութիւն չէ. անիկա մահացու է։
Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Թող որ միշտ իմաստութեան սեղանէն կերակրուինք եւ ըլլանք անոնց մէջ, որոնք կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ են։
[Նկար՝ էջ 31]
Իմաստութիւն ձեռք ձգելը անհատական պատասխանատուութիւն մըն է
[Նկար՝ էջ 31]
Իմաստուն անհատը սրբագրութիւնը կ’ընդունի