Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտել

Հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտել

Հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտել

«Զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6։4

1. Ընտանիքին համար Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ էր, բայց ի՞նչ պատահեցաւ։

«ԱՃԵՑԷՔ ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ադամի ու Եւայի ուղղուած այս խօսքերով, Եհովա Աստուած ամուսնական կարգադրութիւնը հաստատեց։ (Եփեսացիս 3։14, 15) Առաջ նայելով, այդ առաջին զոյգը կրնար երեւակայել երկիր մը՝ իրենց սերունդով լեցուն. կատարեալ անհատներէ բաղկացած գերդաստան մը, որոնք ուրախութեամբ կ’ապրին դրախտ երկրի մը վրայ եւ միասնաբար կը պաշտեն իրենց Մեծ Ստեղծիչը։ Սակայն, Ադամն ու Եւան մեղքի մէջ ինկան, եւ երկիրը արդար ու աստուածավախ մարդոցմով չլեցուեցաւ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Փոխարէն, ընտանեկան կեանքը շուտով քայքայուեցաւ, եւ ատելութիւնը, բռնութիւնը ու ‘անգթութիւնը’ տիրական դարձան, մանաւանդ այս «վերջին օրեր»ու ընթացքին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Ծննդոց 4։8, 23. 6։5, 11, 12

2. Ադամի սերունդը ի՞նչ կարողութիւններ ունէր, սակայն, հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կար։

2 Ադամն ու Եւան Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էին։ Թէեւ Ադամ այժմ մեղաւոր էր, սակայն Եհովա թոյլատրեց որ ան զաւակներ ունենար։ (Ծննդոց 1։27. 5։1-4) Իրենց հօր նման, Ադամի սերունդը բարոյական կարողութիւն ունէր եւ կրնար սորվիլ շիտակը սխալէն զանազանել։ Անոնք կրնային դաստիարակուիլ իրենց Ստեղծիչը ի՛նչպէս պաշտելու եւ զինք բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով ու զօրութեամբ սիրելու կարեւորութեան նկատմամբ։ (Մարկոս 12։30. Յովհաննու 4։24. Յակոբու 1։27) Ասկէ զատ, անոնք կրնային մարզուիլ ‘իրաւունք ընելու, ողորմութիւն սիրելու ու խոնարհութիւնով Աստուծոյ հետ քալելու’։ (Միքիայ 6։8) Սակայն, մեղաւոր ըլլալով, անոնք բաւարար ուշադրութիւն պէտք էր ընծայէին, հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտելու համար։

Ժամանակը Ծախու Առէք

3. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Քրիստոնեայ զաւակներ մեծցնելու համար ‘ժամանակը ծախու առնել’։

3 Այս դժուարին ժամանակներուն, մեծ ջանք պէտք է թափուի որպէսզի երախաներ ‘Եհովան սիրողներ’ ըլլան, եւ իրապէս ‘չարութիւնը ատեն’։ (Սաղմոս 97։10, ՆԱ) Իմաստուն ծնողներ այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար ‘ժամանակը ծախու պիտի առնեն’։ (Եփեսացիս 5։15-17) Եթէ ծնող մըն էք, ասիկա ի՞նչպէս պիտի ընէք։ Նախ՝ նախապատուութիւններ դրէք, «աւելի կարեւոր բաներ»ուն ուշադրութիւն ընծայելով, ի ներառեալ՝ ձեր զաւակներուն սորվեցնելը եւ մարզելը։ (Փիլիպպեցիս 1։10, 11, ՆԱ) Երկրորդ, ձեր ապրելակերպը պարզացուցէք։ Թերեւս հարկ ըլլայ հրաժարիլ կարգ մը գործունէութիւններէ, որոնք իրապէս անհրաժեշտ չեն։ Կամ թերեւս կարգ մը աւելորդ ստացուածքներէ պէտք է ձերբազատուիլ, որոնց հոգ տանիլը ժամանակ կ’առնէ։ Որպէս Քրիստոնեայ ծնող մը, երբեք պիտի չզղջաք որ աստուածավախ զաւակներ մեծցնելու համար հարկ եղած ջանքը թափեցիք։—Առակաց 29։15, 17

4. Ընտանիք մը ի՞նչպէս միացած կրնայ պահուիլ։

4 Ձեր զաւակներուն հետ ժամանակ անցընելը, մանաւանդ հոգեւոր բաներու համար, ժամավաճառութիւն չէ եւ ընտանիք մը միացած պահելու լաւագոյն կերպն է։ Սակայն ասիկա դիպուածի մի՛ ձգէք։ Յայտագրեցէք որոշ ժամանակներ անցընել իրարու հետ։ Ասիկա չի նշանակեր պարզապէս նոյն տունին մէջ ըլլալ, իւրաքանչիւրը իր ուզածը ընելով։ Երախաները շա՛տ աւելի կը բարգաւաճին, երբ ամէն օր անոնց անձնական ուշադրութիւն ընծայուի։ Անոնց հանդէպ առատօրէն սէր եւ հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերուի։ Նոյնիսկ զաւակներ ունենալ որոշելէ առաջ, կողակիցներ լրջօրէն պէտք է նկատի առնեն այս կարեւոր պատասխանատուութիւնը։ (Ղուկաս 14։28) Այն ատեն անոնք զաւակներ մեծցնելը անհաճելի պաշտօն մը պիտի չնկատեն։ Ընդհակառակը, զայն օրհնեալ առանձնաշնորհում մը պիտի նկատեն։—Ծննդոց 33։5. Սաղմոս 127։3

Խօսքով եւ Օրինակով Սորվեցուցէք

5. (ա) Զաւակներուն Եհովան սիրել սորվեցնելը ի՞նչ բանով կը սկսի։ (բ) Բ. Օրինաց 6։5-7–ի մէջ ծնողներուն տրուած խրատը ի՞նչ է։

5 Ձեր զաւակներուն Եհովան սիրել սորվեցնելը կը սկսի իրեն հանդէպ ձեր ունեցած սիրով։ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր սէրը պիտի մղէ ձեզ որ իր ցուցմունքներուն հաւատարմօրէն հետեւիք։ Ասիկա կը պարփակէ զաւակները ‘Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնել’։ (Եփեսացիս 6։4) Աստուած ծնողները կը խրատէ որ իրենց զաւակներուն օրինակ հանդիսանան, անոնց հետ հաղորդակցին եւ անոնց սորվեցնեն։ Բ. Օրինաց 6։5-7–ն կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ Յաճախ յորդորելով եւ կրկնելով, կրնաք Աստուծոյ պատուիրանները ձեր զաւակներուն մէջ քանդակել։ Այսպիսով, ձեր զաւակները Եհովայի հանդէպ ձեր ունեցած սէրը պիտի շօշափեն, եւ ասիկա իր կարգին պիտի մղէ որ իրենք ալ Աստուծոյ հետ մտերմութիւն մշակեն։—Առակաց 20։7

6. Ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է օգտագործեն այն իրողութիւնը թէ զաւակները օրինակով կը սորվին։

6 Մանուկները սորվելու զօրաւոր փափաք ունին։ Անոնք արթուն ունկնդիրներ եւ դիտողներ, ինչպէս նաեւ ձեր օրինակը ընդօրինակելու մէջ արագ են։ Երբ տեսնեն թէ դուք նիւթապաշտ չէք, ասիկա անոնց կ’օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչպէս Յիսուսի խրատին կրնան հետեւիլ։ Անոնց կը սորվեցնէք նիւթական բաներուն նկատմամբ մտազբաղ չըլլալ, այլ՝ ‘առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրել’։ (Մատթէոս 6։25-33) Աստուածաշունչի ճշմարտութեան, Աստուծոյ ժողովքին եւ նշանակուած երէցներուն մասին օգտակար ու շինիչ կերպով խօսելով, ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէք Եհովան յարգել եւ իր հոգեւոր հայթայթումները արժեւորել։ Քանի որ երախաները իսկոյն կը նկատեն հակասութիւնները, բերանացի կրթութեան պէտք է ընկերակցին այնպիսի վարք ու վերաբերմունք, որոնք ցոյց կու տան հոգեւոր բաներու հանդէպ ձեր խոր գնահատութիւնը։ Ի՜նչ օրհնութիւն մըն է երբ ծնողներ տեսնեն թէ իրենց լաւ օրինակը, զաւակներուն մէջ Եհովայի հանդէպ անկեղծ սէր յառաջ բերած է։—Առակաց 23։24, 25

7, 8. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ փոքր տարիքէն զաւակները մարզելու արժէքը, իսկ յաջողութեան վարկը որո՞ւ պէտք է երթայ։

7 Զաւակները փոքր տարիքէն մարզելու արժէքը կրնայ տեսնուիլ Վենէզուէլայէն եկած փորձառութեամբ մը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Անիկա երիտասարդ ամոլի մը՝ Ֆելիքսի եւ Մայերլինի՝ հետ պատահած է։ Անոնք ռահվիրաներ են։ Երբ իրենց մանչը՝ Ֆելիթոն ծնաւ, անոնց բուռն փափաքն էր իրենց լաւագոյնը ընել զինք մեծցնելու համար որպէս Եհովայի ճշմարիտ երկրպագու մը։ Մայերլինը սկսաւ Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքէն բարձրաձայն կարդալ Ֆելիթոյին։ Այնպէս կը թուէր թէ Ֆելիթոն շատ փոքր տարիքին կը ճանչնար Մովսէսը եւ այս գրքին մէջ նկարագրուած այլ անձնաւորութիւնները։

8 Երբ տակաւին շատ փոքր էր, Ֆելիթոն սկսաւ առանձին վկայել։ Ան Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալու իր փափաքը իրականացուց, եւ հետագային մկրտուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, Ֆելիթոն կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Ծնողքը կ’ըսեն. «Մինչ մեր տղուն յառաջդիմութիւնը կը տեսնենք, կ’անդրադառնանք թէ ասիկա Եհովայի եւ իր դաստիարակութեան կը պարտինք»։

Զաւակներուն Օգնեցէք որ Հոգեւորապէս Աճին

9. Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ մեր ստացած հոգեւոր դաստիարակութեան համար ինչո՞ւ երախտապարտ պէտք է ըլլանք։

9 Բազմաթիւ պարբերաթերթեր, հարիւրաւոր գրքեր եւ Ինթըրնէթի հազարաւոր Ուէպ–ի վայրեր կան, որոնք զաւակներ մեծցնելու մասին խրատներ կը հայթայթեն։ Շատ յաճախ «տեղեկութիւնները իրար կը հակասեն», կ’ըսէ երախաներու մասին Նիուզուիք–ի մասնայատուկ թիւ մը։ «Ա՛լ աւելի շփոթեցուցիչ է երբ տեղեկութիւն մը, որու կը խորհէիք թէ կրնաք վստահիլ, կը փաստուի որ բոլորովին սխալ է»։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա առատօրէն հայթայթումներ ըրած է, ընտանիքներու դաստիարակութեան եւ հոգեւոր զարգացման համար։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ եղած բոլոր հայթայթումներէն լիովին կ’օգտուի՞ք։—Մատթէոս 24։45-47

10. Աստուածաշունչի ընտանեկան ազդու ուսումնասիրութիւն մը ի՞նչպէս օգտակար է թէ՛ ծնողքին եւ թէ զաւակներուն։

10 Շատ կարեւոր կարիք մըն է՝ Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ու հաստատ ուսումնասիրութիւն մը, որ տեղի կ’ունենայ հանդարտ միջավայրի մը մէջ։ Զայն դաստիարակիչ, հաճելի եւ քաջալերական դարձնելու համար, լաւ պատրաստութիւն կը պահանջուի։ Իրենց զաւակները քաջալերելով որ արտայայտուին, ծնողներ կրնան գիտնալ թէ անոնց սրտին ու մտքին մէջ ի՛նչ կայ։ Ընտանեկան ուսումնասիրութեան մը ազդու ըլլալը որոշելու կերպերէն մէկն է, նշմարել թէ ընտանիքի բոլոր անդամները ակնկառոյց կը սպասե՞ն անոր թէ ոչ։

11. (ա) Ծնողներ իրենց զաւակներուն կրնան օգնել ի՞նչ նպատակակէտեր դնելու։ (բ) Երբ Ճափոնցի աղջնակ մը իր նպատակակէտը հետապնդեց, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

11 Հոգեւոր նպատակակէտերն ալ կը նպաստեն հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը յառաջ բերելու, եւ ծնողներ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն որ այսպիսի նպատակակէտեր դնեն։ Պատշաճ նպատակակէտերը կը պարփակեն՝ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ, բարի լուրի կանոնաւոր հրատարակիչ մը ըլլալ, եւ յառաջդիմել դէպի նուիրում ու մկրտութիւն։ Այլ նպատակակէտեր կրնան ներփակել լիաժամ ծառայութիւնը՝ որպէս ռահվիրայ կամ Պէթէլի ծառայ, եւ կամ որպէս միսիոնար։ Այումի կոչուած Ճափոնցի աղջնակ մը, մինչ նախակրթարան կը յաճախէր, նպատակակէտ դրաւ որ իր դասարանի բոլոր աշակերտներուն վկայէ։ Իր ուսուցիչին եւ դասընկերներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար, ան գրադարանին մէջ քանի մը սուրբ գրային գրականութիւններ դնելու արտօնութիւն ստացաւ։ Որպէս արդիւնք, նախակրթարանի իր վեց տարիներու ընթացքին, ան Աստուածաշունչի 13 ուսումնասիրութիւններ վարեց։ Աստուածաշունչի այդ աշակերտներէն մէկը եւ անոր ընտանիքէն քանի մը հոգի մկրտուած Քրիստոնեաներ եղան։

12. Երախաները ի՞նչպէս կրնան քրիստոնէական ժողովներէն լաւագոյնս օգտուիլ։

12 Զօրաւոր հոգեւոր առողջութիւն ունենալու համար, կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուիլն ալ անհրաժեշտ է։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց որ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չթողուն, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին’։ Թող որ ասիկա մեր սովորութիւնը չդառնայ, քանի որ թէ՛ անչափահասները եւ թէ չափահասները մեծապէս կ’օգտուին քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։ (Եբրայեցիս 10։24, 25. Բ. Օրինաց 31։12) Երախաները պէտք է սորվին ուշի ուշով մտիկ ընել։ Ժողովները պատրաստելն ալ կենսական է, քանի որ պատասխաններ տալով մեծագոյն օգուտը կը ստացուի։ Թէեւ փոքրիկ մը կրնայ սկսիլ քանի մը բառ ըսելով կամ պարբերութենէ մը պզտիկ հատուած մը կարդալով, սակայն շատ օգտակար պիտի ըլլայ եթէ երախաներուն մարզում տրուի որ պատասխանները փնտռեն եւ զանոնք իրենց բառերով ներկայացնեն։ Ո՛վ ծնողներ, կանոնաւոր ու իմաստալից պատասխաններ տալով, անոնց օրինակ կը հանդիսանա՞ք։ Լաւ կ’ըլլայ նաեւ որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ իր անձնական Աստուածաշունչը, երգարանը եւ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան համար գործածուած գրականութիւնը ունենայ։

13, 14. (ա) Ինչո՞ւ ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ ծառայութեան պէտք է մասնակցին։ (բ) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ դաշտի ծառայութիւնը զաւակներուն համար օգտակար եւ ուրախ բան մը ըլլայ։

13 Իմաստուն ծնողներ իրենց զաւակներուն պատանեկան կայտառութիւնը կ’ուղղեն Եհովայի ծառայութեան, անոնց օգնելով որ քարոզչութիւնը իրենց կեանքին կարեւոր մէկ մասը ընեն։ (Եբրայեցիս 13։15) Ծնողներ միայն ծառայութեան մէջ իրենց զաւակներուն հետ աշխատելով կրնան վստահ ըլլալ թէ իրենց երախաները հարկ եղած մարզումը կը ստանան, այնպիսի քարոզիչ մը ըլլալու, որ ‘պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Ուստի, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Եթէ ծնող մըն էք, ձեր զաւակներուն կ’օգնէ՞ք որ դաշտի ծառայութեան համար պատրաստուին։ Ասիկա ընելը պիտի օգնէ որ ծառայութիւնը իրենց համար ուրախ, իմաստալից եւ արդիւնաբեր ըլլայ։

14 Ինչո՞ւ օգտակար է որ ծնողներ եւ զաւակներ ծառայութեան մէջ միասին աշխատին։ Այս կերպով, զաւակներ կրնան նշմարել եւ ընդօրինակել իրենց ծնողներուն լաւ օրինակը։ Միեւնոյն ատեն, ծնողներ կրնան նկատել իրենց զաւակներուն կեցուածքը, վարմունքը եւ կարողութիւնը։ Ձեր զաւակները ծառայութեան տարբեր մարզերուն մէջ ձեր հետ տարէք։ Եթէ կարելի է, թող իւրաքանչիւր զաւակ իր անձնական ծառայութեան պայուսակը ունենայ, եւ անոր սորվեցուցէք զայն կոկիկ եւ ներկայանալի պահել։ Յարատեւ մարզումով եւ քաջալերութեամբ, ծառայութեան հանդէպ իսկական գնահատութիւն պիտի զարգանայ, եւ զաւակները քարոզչութիւնը պիտի նկատեն որպէս Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ սէր ցոյց տալու միջոց մը։—Մատթէոս 22։37-39. 28։19, 20

Հոգեւորականութիւն Պահպանեցէք

15. Քանի որ ընտանիքի մը հոգեւորականութիւնը պահպանելը շատ կարեւոր է, ասիկա ընելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։

15 Ընտանիքին հոգեւորականութիւնը պահպանելը կենսական է։ (Սաղմոս 119։93) Ասիկա ընելու միջոցներէն մէկն է՝ ձեր ընտանիքին հետ ամէն առիթով հոգեւոր նիւթեր նկատի առնել։ Անոնց հետ օրուան համարը նկատի կ’առնէ՞ք։ Սովորութիւն ունի՞ք ‘ճամբան քալած ատեննիդ’ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ կամ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ընթացիկ թիւերէն կէտեր բաժնել։ «Պառկելու ու ելլելու ատեն» կը յիշէ՞ք աղօթքով Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել կեանքի իւրաքանչիւր օրուան եւ իր ճոխ հայթայթումներուն համար։ (Բ. Օրինաց 6։6-9) Երբ ձեր զաւակները տեսնեն թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը կ’արտացոլայ ձեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ, ասիկա պիտի օգնէ որ անոնք ճշմարտութիւնը սեփականացնեն։

16. Ի՞նչ օգուտ ունի զաւակները քաջալերելը որ անձամբ հետազօտութիւն ընեն։

16 Երբեմն, երախաները առաջնորդութեան կարիքը պիտի ունենան, յարուցուող խնդիրներու կամ պարագաներու հետ գլուխ ելլելու համար։ Փոխանակ միշտ անոնց ըսելու թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, ինչո՞ւ անոնց չէք սորվեցներ հարցերու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը փնտռել, զիրենք քաջալերելով որ առանձին հետազօտութիւն ընեն։ ‘Հաւատարիմ ծառային’ միջոցաւ հայթայթուած բոլոր գործիքները եւ գրականութիւնները լաւ կերպով գործածել սորվիլը, երախաներուն պիտի օգնէ որ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակեն։ (Ա. Թագաւորաց 2։21բ) Իսկ երբ իրենց Աստուածաշունչի փնտռտուքին օգուտները ընտանիքի միւս անդամներուն հետ բաժնեն, ընտանիքին հոգեւորականութիւնը աւելի կը բարելաւուի։

Լիովին Եհովայի Ապաւինեցէք

17. Առանձին ծնողներ ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատին իրենց զաւակները որպէս Քրիստոնեաներ մեծցնելու նկատմամբ։

17 Ի՞նչ կրնանք ըսել առանձին ծնողով ընտանիքներու մասին։ Անոնք զաւակներ մեծցնելու մէջ յաւելեալ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Սակայն, ո՛վ առանձին ծնողներ, մի՛ յուսալքուիք։ Կարելի է յաջողութիւն գտնել, ինչպէս ցոյց կը տրուի շատ մը առանձին ծնողներու պարագայով, որոնք Աստուծոյ ապաւինած, հնազանդօրէն իր խրատը կիրարկած, ու հոգեւորապէս զօրաւոր եւ հոյակապ զաւակներ մեծցուցած են։ (Առակաց 22։6) Անշուշտ, Քրիստոնեաներ որոնք առանձին ծնող են, լիովին Եհովայի պէտք է ապաւինին։ Անոնք պէտք է հաւատան որ ան պիտի օգնէ։—Սաղմոս 121։1-3

18. Ծնողներ իրենց զաւակներուն մտային ու ֆիզիքական ո՞ր կարիքներուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն, սակայն շեշտը ի՞նչ բանի վրայ պէտք է դրուի։

18 Իմաստուն ծնողներ կը գիտակցին թէ ‘ծիծաղելու ժամանակ կայ եւ կաքաւելու ժամանակ կայ’։ (Ժողովողի 3։1, 4) Զբօսանքը եւ հաւասարակշռուած ու օգտակար ժամանցը, երախայի մը միտքն ու մարմինը կերտելու համար կենսական են։ Շինիչ երաժշտութիւնը եւ մանաւանդ երգերով Աստուած փառաբանելը, երախային պիտի օգնէ առողջ վերաբերմունք մը մշակելու, որ կարեւոր դեր մը կրնայ խաղալ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը զօրացնելու մէջ։ (Կողոսացիս 3։16) Պատանեկութիւնը նաեւ ժամանակն է աստուածավախ չափահաս մը ըլլալու համար պատրաստուելու, որպէսզի անոնք շարունակեն հաճելի կեանք մը վայելել յաւիտեան, դրախտ երկրի մը վրայ։—Գաղատացիս 6։8

19. Ծնողներ ինչո՞ւ կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի օրհնէ զաւակ մեծցնելու իրենց ջանքերը։

19 Եհովա կ’ուզէ որ բոլոր Քրիստոնեայ ընտանիքները հոգեւորապէս զօրաւոր ու միացած ըլլան։ Եթէ իրապէս Աստուած կը սիրենք եւ իր Խօսքին հնազանդելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, ան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ եւ իր ներշնչեալ ուղղութեան հետեւելու համար հարկ եղած զօրութիւնը պիտի տայ։ (Եսայեայ 48։17. Փիլիպպեցիս 4։13) Յիշեցէք թէ ձեր զաւակներուն սորվեցնելու եւ մարզելու ձեր ունեցած ներկայ պատեհութիւնը սահմանափակ է եւ երբեք պիտի չկրկնուի։ Ձեր լաւագոյնը ըրէք Աստուծոյ Խօսքին խրատը կիրարկելու համար, եւ Եհովա պիտի օրհնէ հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտելու ձեր ջանքերը։

Ի՞նչ սորվեցանք

• Զաւակներ մարզելու համար ինչո՞ւ ժամանակը ծախու առնելը շատ կարեւոր է։

• Ինչո՞ւ ծնողական լաւ օրինակը անհրաժեշտ է։

• Երախաներու հոգեւոր աճման նպաստելու կարգ մը կարեւոր կերպերը ի՞նչ են։

• Ընտանիքի մը հոգեւորականութիւնը ի՞նչպէս կրնայ պահպանուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 24, 25]

Հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիքները կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրեն, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին, եւ միասին ծառայութեան կը մասնակցին