‘Շնորհակալութիւն Եհովայի վկաներուն՝ կրօնական ազատութեան համար’
‘Շնորհակալութիւն Եհովայի վկաներուն՝ կրօնական ազատութեան համար’
«ԵՀՈՎԱՅԻ Վկայի մը երեսին դուռը գոցելէ առաջ, պահ մը կեցէք ու նկատի առէք ասկէ ոչ շատ առաջ այն ամօթալի հալածանքը որու ենթարկուեցան, ինչպէս նաեւ՝ մեր վայելած ազատութիւններուն վերաբերեալ Առաջին Բարեփոխումին մէջ անոնց յատկանշական դերը», կ’ըսէ յօդուած մը Եու.Էս.Էյ Թուտէյ օրաթերթին մէջ։ Եհովայի Վկաները 1940–ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ հալածուեցան, քանի որ՝ ի միջի այլոց՝ մերժեցին դրօշակը բարեւել։—Ելից 20։4, 5
Եհովայի Վկաներուն հետ առնչուած շուրջ 30 դատեր ներկայացուեցան Մ.Ն. Բարձրագոյն Ատեանին առջեւ՝ հինգ տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ, 1938-1943։ Յօդուածը կ’ըսէ. «Վկաները ա՛յնքան յաճախ Առաջին Բարեփոխումին վերաբերեալ հարցեր յարուցանեցին որ, Բարձրագոյն Ատեանին Դատաւորը՝ Հարլըն Ֆիսք Սթոն գրեց. ‘Եհովայի Վկաները պէտք է պարգեւատրուին, ի տես այն օժանդակութեան որ կը բերեն, քաղաքացիական ազատութիւններու վերաբերեալ օրինական խնդիրները լուծելու մէջ’»։
Հետեւաբար, իր եզրափակութեան մէջ, յօդուածը կ’ըսէ. «Բոլոր կրօնքները Եհովայի Վկաներուն շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեն, [կրօնական] ազատութեան ընդլայնման համար»։
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 32]
Background, building։ Photo by Josh Mathes, Collection of the Supreme Court of the United States; lower left, justices։ Collection of the Supreme Court of the United States