Տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ ժամանակը իր վախճանին մօտեցած է
Տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ ժամանակը իր վախճանին մօտեցած է
ՈՒՐ որ նայիք, տառապանք կայ։ Ոմանք իրենց անձին վրայ տառապանք կը բերեն։ Անոնք սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններէ կը բռնուին, կամ ալ թմրեցուցիչի կամ խմիչքի չափազանց գործածութեան կամ ծխախոտի հետեւանքներէն կը տառապին։ Կամ կարգ մը սննդառական սովորութիւններու պատճառաւ առողջապահական խնդիրներ կրնան դիմագրաւել։ Սակայն, տառապանքին մեծ մասը հետեւանքն է ազդակներու կամ դէպքերու, որոնք սովորական անհատին կամքէն անկախ են, ինչպէս՝ պատերազմը, ազգատոհմային բռնութիւնը, ոճիրը, աղքատութիւնը, սովը, հիւանդութիւնը։ Ուրիշ բան մը, որու վրայ մարդիկ հիմնականօրէն իշխանութիւն չունին, ծերութեան եւ մահուան հետ առնչուած տառապանքն է։
Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, ինչո՞ւ սիրալիր Աստուած մը թոյլ տուած է որ այս բոլոր տառապանքը այսքան դարեր շարունակուի։ Ան այս կացութիւնը ե՞րբ պիտի շտկէ։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանելու համար, մարդուն առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակը պէտք է քննենք։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի հասկնալու համար թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլատրած է տառապանքը եւ ասոր նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։
Ազատ Կամքի Պարգեւը
Երբ Աստուած առաջին մարդկային արարածը ստեղծեց, ան ուղեղ ունեցող մարմին մը յառաջ բերելէն աւելին ըրաւ։ Աստուած Ադամն ու Եւան անբան մարդամեքենաներ ըլլալու համար ալ չստեղծեց։ Ան անոնց մէջ ազատ կամքի կարողութիւնը զետեղեց։ Ասիկա սքանչելի պարգեւ մըն էր, քանի որ «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ծննդոց 1։31) Այո, «Աստուծոյ գործը կատարեալ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Բոլորս ալ կը գնահատենք ազատ կամքի այս պարգեւը, քանի որ չենք ուզեր որ մեր բոլոր գաղափարները եւ արարքները մեր վրայ պարտադրուին, ո՛չ մէկ բանի մէջ ընտրութիւն ունենալով։
Ահա շատ բարի էր»։ (Սակայն, ազատ կամքի այս ընտիր պարգեւը առա՞նց սահմանափակումներու պէտք էր գործածուէր։ Նախկին Քրիստոնեաներուն տրուած ուղղութիւններուն մէջ, Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 2։16) Հասարակաց բարիքին համար սահմանափակումներ պէտք է ըլլան։ Ուստի, ազատ կամքը պէտք էր ղեկավարուէր օրէնքին հեղինակութեամբ։ Ապա թէ ոչ, անիշխանութիւն պիտի գոյանար։
Որո՞ւ Օրէնքը
Որո՞ւ օրէնքը պիտի որոշէր ազատութեան պատշաճ սահմանները։ Այս հարցումին պատասխանը կապ ունի Աստուծոյ կողմէ տառապանքի թոյլատրման հիմնական պատճառին հետ։ Քանի որ Աստուած ստեղծեց մարդիկը, ան շատ աւելի լաւ գիտէ թէ անոնք ի՛նչ օրէնքներու պէտք է հնազանդին, իրենց օգտին եւ ուրիշներու բարօրութեան համար։ Աստուածաշունչը հարցը հետեւեալ կերպով կը պարզէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17
Բացայայտօրէն, կենսական կէտը այս է. Մարդիկ Աստուծմէ անկախ ըլլալու համար չստեղծուեցան։ Ան զանոնք ա՛յնպիսի կերպով մը շինեց որ իրենց յաջողութիւնն ու ուրախութիւնը կախեալ էր իր արդար օրէնքներուն հնազանդելէն։ Աստուծոյ մարգարէն՝ Երեմիան ըսաւ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23
Աստուած մարդկութիւնը իր ֆիզիքական օրէնքներուն ենթակայ դարձուց, ինչպէս՝ ձգողականութեան օրէնքին։ Նոյնպէս, ան մարդիկը ստեղծեց որ իր բարոյական օրէնքներուն ենթարկուին, որոնք ծրագրուած են ներդաշնակ ընկերութիւն մը մէջտեղ բերելու։ Ուստի լաւ պատճառով մը, Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։—Առակաց 3։5
Հետեւաբար, մարդկային ընտանիքը երբեք չէր կրնար ինքզինք յաջողութեամբ կառավարել, առանց Աստուծոյ իշխանութեան։ Փորձելով իրմէ անկախ ըլլալ, մարդիկ իրար հակասող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կրօնական դրութիւններ պիտի ստեղծէին, եւ ‘մարդ ուրիշ մարդու վրայ պիտի իշխէր իրեն թշուառութեան համար’։—Ժողովողի 8։9
Սխալը Ո՞ւր Էր
Աստուած մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամին ու Եւային կատարեալ սկզբնաւորութիւն մը տուաւ։ Անոնք կատարեալ մարմիններ եւ ուղեղներ ունէին, ինչպէս նաեւ դրախտային պարտէզ մը՝ որպէս բնակարան։ Եթէ անոնք Աստուծոյ օրէնքին ենթարկուէին, կատարեալ եւ ուրախ պիտի մնային։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք դրախտ երկրի մը վրայ ապրող կատարեալ եւ ուրախ մարդկային ընտանիքի մը ծնողքը պիտի ըլլային։ Մարդկային ցեղին համար Աստուծոյ կամքը ասիկա էր։—Ծննդոց 1։27-29. 2։15
Սակայն, մեր առաջին նախահայրն ու նախամայրը իրենց ազատ Ծննդոց, գլուխ 3) Քանի որ իր իշխանութիւնը մերժեցին, ան այլեւս ստիպուած չէր զանոնք կատարելութեան մէջ պահել։ ‘Անոնք ապականեցան, իր որդիները չմնացին, արատը իրենցն էր’։—Բ. Օրինաց 32։5, ՆԱ
կամքը սխալ կերպով գործածեցին։ Անոնք սխալ կերպով խորհեցան թէ Աստուծմէ անկախ ըլլալով կրնային յաջողիլ։ Իրենց ազատ կամքը գործածելով, իր օրէնքներուն սահմաններէն դուրս ելան։ (Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալէն ետք, Ադամն ու Եւան սկսան մարմնով ու մտքով վատթարանալ։ Եհովայի քովն է կեանքի աղբիւրը։ (Սաղմոս 36։9) Ուստի, իրենք զիրենք Եհովայէն անջատելով, մարդկային առաջին զոյգը անկատար դարձաւ եւ ի վերջոյ մեռաւ։ (Ծննդոց 3։19) Ծինային ժառանգութեան օրէնքներուն համաձայն, անոնց զաւակները կրնային ձեռք ձգել միա՛յն այն ինչ որ իրենց ծնողքը ունէին։ Իսկ իրենց ծնողքը ի՞նչ ունէին։ Անկատարութիւն եւ մահ։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12
Գլխաւոր Հարցը՝ Գերիշխանութիւնը
Երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, անոնք իր գերիշխանութեան, այսինքն՝ իշխելու իր իրաւունքին, ասպարէզ կարդացին։ Եհովա կրնար զանոնք բնաջնջել, ապա ուրիշ զոյգ մը ստեղծել, սակայն ասիկա պիտի չլուծէր այն հարցը, թէ որո՛ւ իշխանութիւնը շիտակ՝ եւ մարդոց համար լաւագոյնն է։ Իրենց անձնական գաղափարներուն համաձայն իրենց համայնքները մշակելու ժամանակ ունենալով, մարդիկ ամէն կասկածէ վեր պիտի ապացուցանէին թէ Աստուծմէ անկախ իշխանութիւնը պիտի յաջողէ՞ր թէ ոչ։
Մարդկային պատմութեան հազարաւոր տարիները ի՞նչ կը յայտնեն մեզի։ Այդ բոլոր դարերու ընթացքին, մարդիկ ամէն տեսակ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կրօնական դրութիւններ փորձած են։ Սակայն, ամբարշտութիւնն ու տառապանքը շարունակուած են։ Իրականութեան մէջ, ‘չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ յառաջացած են’, մանաւանդ՝ մեր օրերուն։—Բ. Տիմոթէոս 3։13
Ի. դարը գիտական եւ ճարտարարուեստական իրագործումներու զենիթը եղաւ։ Սակայն, անիկա տեսաւ նաեւ մարդկային ցեղին ամբողջ պատմութեան յոռեգոյն տառապանքը։ Բժշկական ի՛նչ յառաջդիմութիւններ ալ ըլլան, Աստուծոյ օրէնքը տակաւին ճշմարիտ կը մնայ. Աստուծմէ՝ կեանքի աղբիւրէն՝ անջատուած մարդիկը կը հիւանդանան, կը ծերանան եւ կը մեռնին։ Որքա՜ն բացայայտօրէն փաստուած է թէ մարդիկ ‘իրենց քալուածքը շտկելու կարող չեն’։
Աստուծոյ Գերիշխանութիւնը կը Պարտադրուի
Մի անգամ ընդմիշտ, Աստուծմէ անկախ ըլլալու այս ողբերգական փորձառութիւնը ապացուցանած է թէ Իրմէ անկախ մարդկային իշխանութիւնը երբե՛ք չի կրնար յաջողիլ։ Միա՛յն Աստուծոյ իշխանութիւնը կրնայ ուրախութիւն, միութիւն, առողջութիւն եւ կեանք բերել։ Ասկէ զատ, Եհովայի անթերի Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը, ցոյց կու տայ թէ մենք կ’ապրինք Աստուծմէ անկախ եղող մարդկային իշխանութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ասոր եւ ամբարշտութեան ու տառապանքին համար Եհովայի թոյլատրման ժամանակը իր աւարտին կը մօտենայ։
Շուտով Աստուած մարդոց գործերուն պիտի միջամտէ։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Այն թագաւորներուն [այժմ գոյութիւն ունեցող մարդկային իշխանութիւններուն] օրերը երկնքի Աստուածը [երկնքի մէջ] ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի [անգամ մը եւս մարդիկ երկիրը պիտի չկառավարեն]։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները [ներկայ իշխանութիւնները] պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
Երկնային Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը՝ Աստուածաշունչին բնաբանն է։ Յիսուս ատիկա իր գլխաւոր ուսուցումը դարձուց։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
Երբ մարդկային իշխանութիւնը Աստուծոյ Առակաց 2։21, 22–ին մէջ, մեզի երաշխիք կը տրուի. «Ուղիղները [Աստուծոյ իշխանութեան կառչողները] երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները [Աստուծոյ իշխանութեան չկառչողները] երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։ Աստուածային ներշնչումով գրող սաղմոսերգուն երգեց. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։10, 11, 29
իշխանութեամբ փոխարինուի, ո՞վ պիտի վերապրի։Հոյակապ Նոր Աշխարհ մը
Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, իրերու ներկայ դրութեան վախճանէն վերապրողները, ամբարշտութենէ ու տառապանքէ մաքրուած երկրի մը վրայ պիտի ապրին։ Մարդկութիւնը աստուածատուր կրթութիւն պիտի ստանայ, եւ ժամանակի ընթացքին «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Այս շինիչ ու դրական ուսուցումը, ի՛րապէս խաղաղ ու ներդաշնակ մարդկային ընկերութիւն մը յառաջ պիտի բերէ։ Հետեւաբար, այլեւս պատերազմ, սպանութիւն, բռնութիւն, բռնաբարում, գողութիւն եւ այլ ոճիրներ պիտի չըլլան։
Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրող հնազանդ մարդկութեան վրայ ֆիզիքական հոյակապ օգուտներ պիտի տեղան։ Աստուծոյ իշխանութեան դէմ եղած ըմբոստութեան բոլոր գէշ հետեւանքները պիտի վերացուին։ Անկատարութիւնը, հիւանդութիւնը, ծերութիւնը եւ մահը անցեալին պիտի պատկանին։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները կը խոստանան. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 33։24. 35։5, 6) Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ կայտառ առողջութիւն վայելել, ամէն օր՝ յաւիտեան։
Աստուծոյ սիրալիր առաջնորդութեան ներքեւ, այդ նոր աշխարհին բնակիչները իրենց կորովն ու հմտութիւնները պիտի գործածեն, երկրածաւալ դրախտ մը կերտելու համար։ Աղքատութիւնը, ոճիրը եւ տնազրկութիւնը յաւիտեան չքացած պիտի ըլլան, քանի որ Եսայիի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն»։ (Եսայեայ 65։21, 22) Արդարեւ, «ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիայ 4։4
Երկիրը Աստուծոյ եւ հնազանդ մարդկութեան սիրալիր հոգատարութեան պիտի ընդառաջէ։ Սուրբ գրային հետեւեալ երաշխիքները ունինք. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ . . . Անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին»։ Եսայեայ 35։1, 6) «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։16
(Ի՞նչ կրնանք ըսել միլիառաւոր մեռելներուն մասին։ Անոնք որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են ետ կեանքի պիտի բերուին, քանի որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Այո, մեռելները կեանքի պիտի բերուին։ Անոնք Աստուծոյ իշխանութեան վերաբերեալ հոյակապ ճշմարտութիւններ պիտի սորվին եւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը պիտի ստանան։—Յովհաննու 5։28, 29
Այս միջոցներով, Եհովա Աստուած բոլորովին պիտի յեղաշրջէ տառապանքի, հիւանդութեան եւ մահուան այս ահռելի վիճակը, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդկութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահած է։ Ա՛լ հիւանդութիւն պիտի չըլլայ։ Ո՛չ անկարողութիւններ, ո՛չ մահ։ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Ա՛յսպէս է որ Աստուած տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Ան այս ապականած աշխարհը պիտի կործանէ եւ իրերու բոլորովին նոր դրութիւն մը պիտի բերէ, որու մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ասիկա ի՜նչ բարի լուր մըն է։ Այդ նոր աշխարհին անմիջական կարիքը ունինք։ Իսկ զայն տեսնելու համար երկար սպասելու պէտք չունինք։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարումէն կը գիտնանք թէ նոր աշխարհը դրան սեմին կը գտնուի, եւ Աստուծոյ կողմէ տառապանքին թոյլատրումը իր վախճանին կը մօտենայ։—Մատթէոս 24։3-14
[Շրջանակ՝ էջ 8]
Մարդկային իշխանութեան ձախողութիւնը
Մարդկային իշխանութեան առնչութեամբ, Գերմանիոյ նախկին Վարչապետ Հէլմութ Շմիթ ըսաւ. «Մենք՝ մարդկայիններս՝ . . . միշտ մասամբ կառավարած ենք աշխարհը, եւ գրեթէ շատ գէշ կերպով։ . . . Բնաւ զայն բոլորովին խաղաղ կերպով չենք կառավարած»։ Հիումըն Տիվէլափմընթ Րիփորթ 1999–ը նշեց. «Բոլոր երկիրներն ալ կը տեղեկագրեն թէ իրենց ընկերային կառոյցը կը մաշի՝ ընկերային խռովութիւններով, աւելցող ոճիրներով եւ տնային վայրագութիւններով։ . . . Համաշխարհային սպառնալիքները հետզհետէ կ’աւելնան, զանոնք ձեռք առնելու ազգային կարողութիւնները գերակշռելով եւ միջազգային ընդառաջումէն շատ աւելի արագ ընթանալով»։
[Նկարներ՝ էջ 8]
Արդարեւ անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 5]
Third from top, mother and child։ FAO photo/B. Imevbore; bottom, explosion։ U.S. National Archives photo