Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փառաբանենք Եհովան իր մեծամեծ գործերուն համար

Փառաբանենք Եհովան իր մեծամեծ գործերուն համար

Փառաբանենք Եհովան իր մեծամեծ գործերուն համար

«Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ . . . Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ»։—ՂՈՒԿԱՍ 1։46-49

1. Ի՞նչ մեծամեծ գործերու համար իրաւացիօրէն կը փառաբանենք Եհովան։

ԵՀՈՎԱ փառաբանութեան արժանի է իր մեծամեծ գործերուն համար։ Երբ Մովսէս մարգարէն կը պատմէր Իսրայէլի ելքը Եգիպտոսէն, ան յայտարարեց. «Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան»։ (Բ. Օրինաց 11։1-7) Նոյնպէս, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը կոյս Մարիամի կը ծանուցանէր Յիսուսի մօտալուտ ծնունդը, Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ . . . Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ»։ (Ղուկաս 1։46-49) Որպէս Եհովայի Վկաներ, զինք կը մեծարենք Իսրայէլը Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրելուն եւ իր սիրելի Որդւոյն հրաշալի ծնունդին նման մեծամեծ գործերուն համար։

2. (ա) Աստուծոյ «յաւիտենական նպատակ»ը ի՞նչ կը նշանակէ հնազանդ մարդկութեան համար։ (բ) Յովհաննէս Պատմոս կղզիին մէջ ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ։

2 Եհովայի մեծամեծ գործերէն շատերը առնչուած են Մեսիային եւ իր թագաւորական իշխանութեան միջոցաւ հնազանդ մարդկութիւնը օրհնելու Իր «յաւիտենական նպատակ»ին հետ։ (Եփեսացիս 3։8-13, ՆԱ) Այդ նպատակը աստիճանաբար կը զարգանար, երբ տարեց Յովհաննէս առաքեալին թոյլ տրուեցաւ որ տեսիլքով երկնքի մէջ բացուած դուռ մը տեսնէ։ Ան լսեց փողանման ձայն մը, որ կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։ (Յայտնութիւն 4։1) Մինչ հռովմէական կառավարութեան կողմէ Պատմոս կղզին աքսորուած էր «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար», Յովհաննէսի ‘յայտնութիւն մը տրուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով’։ Առաքեալին տեսած ու լսած բաները, Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին մասին շատ բան յայտնեցին, բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հոգեւոր լուսաւորութիւն եւ ժամանակայարմար քաջալերութիւն հայթայթելով։—Յայտնութիւն 1։1, 9, 10

3. Տեսիլքի մէջ Յովհաննէսի տեսած 24 երէցները որո՞նք կը ներկայացնեն։

3 Երկնքի մէջ այդ բացուած դռնէն ներս Յովհաննէս տեսաւ 24 երէցներ, աթոռներու վրայ նստած եւ թագերով օժտուած։ Անոնք Աստուծոյ առջեւ ինկան եւ ըսին. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ (Յայտնութիւն 4։10բ) Այս երէցները կը ներկայացնեն բոլոր յարուցանուած օծեալ Քրիստոնեաները, Եհովայի իրենց խոստացած բարձր դիրքին մէջ։ Անոնք կը մղուին Եհովան փառաբանելու ստեղծագործութեան հետ առնչուած իր մեծամեծ գործերուն համար։ Մենք ալ կը սքանչանանք՝ ‘Աստուծոյ մշտնջենաւոր զօրութեան ու աստուածութեան’ ապացոյցը տեսնելով։ (Հռովմայեցիս 1։20) Իսկ ո՛րքան շատ սորվինք Եհովայի մասին, ա՛յնքան աւելի պատճառներ կը գտնենք զինք փառաբանելու իր մեծամեծ գործերուն համար։

Եհովայի Գովելի Գործերը Յայտարարեցէ՛ք

4, 5. Օրինակներ տուէք թէ Դաւիթ ի՛նչպէս Եհովան փառաբանեց։

4 Սաղմոսերգու Դաւիթ գովաբանեց Աստուած Իր մեծամեծ գործերուն համար։ Օրինակ, Դաւիթ երգեց. «Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի, ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։ Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս, դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես. որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ»։ (Սաղմոս 9։11, 13, 14) Տաճարին յատակագիծը իր որդւոյն՝ Սողոմոնի տալէ ետք, Դաւիթ Աստուած օրհնեց ու փառաբանեց, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. . . . Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։ . . . Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք»։—Ա. Մնացորդաց 29։10-13

5 Սուրբ Գրութիւնները բազմիցս կը հրաւիրեն, այո՝ կը յորդորեն, մեզ որ Դաւիթի նման Եհովան փառաբանենք։ Սաղմոսաց գիրքը Աստուած փառաբանող բազմաթիւ արտայայտութիւններ կը բովանդակէ, եւ այդ երգերուն գրեթէ կէսը Դաւիթի վերագրուած է։ Ան անդադար Եհովան փառաբանեց եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեց։ (Սաղմոս 69։30) Ասկէ զատ, Դաւիթի եւ ուրիշներու ներշնչեալ յօրինումները, վաղուց կը գործածուին Եհովան փառաբանելու համար։

6. Ներշնչեալ սաղմոսները ի՞նչպէս օգտակար կրնան ըլլալ մեզի։

6 Սաղմոսները որքա՜ն օգտակար են Եհովայի երկրպագուներուն։ Երբ ուզենք Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել մեզի ի նպաստ իր ըրած մեծամեծ բաներուն համար, բնականաբար մեր միտքը կ’ուղղուի սաղմոսներուն մէջ գտնուած գեղեցիկ արտայայտութիւններուն։ Օրինակ, երբ նոր կը զարթնինք, թերեւս կը մղուինք ասոնց նման խօսքեր ըսել. «Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ, առտուները՝ քու ողորմութիւնդ ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել . . . վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ»։ (Սաղմոս 92։1-4) Երբ մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացող բան մը յաղթահարենք, կրնանք մղուիլ աղօթքով ուրախութիւն եւ գնահատութիւն արտայայտել, ճիշդ ինչպէս որ սաղմոսերգուն ըրաւ, երբ երգեց. «Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ, աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։ Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք, սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր»։—Սաղմոս 95։1, 2

7. (ա) Քրիստոնեաներուն երգած շատ մը երգեցողութիւններուն մասին ի՞նչ բան ուշագրաւ է։ (բ) Ժողովներուն կանուխ գալու եւ մինչեւ վերջը մնալու պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։

7 Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններ յաճախ կ’երգենք ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ։ Ուշագրաւ է թէ այս երգեցողութիւններէն շատերը Սաղմոսաց գրքէն ներշնչուած գաղափարներու վրայ հիմնուած են։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ ներկայիս Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններու գեղեցիկ հաւաքածոյ մը ունինք։ Եհովան երգերով փառաբանելը շատ լաւ պատճառ մըն է, որ մեր ժողովներուն կանուխ գանք եւ մինչեւ վերջը մնանք, որպէսզի մեր հաւատակիցներուն հետ երգեցողութեամբ ու աղօթքով Եհովան փառաբանենք։

«Եահը Փառաբանեցէ՛ք»

8. «Ալէլուիա՜» բառին նշանակութիւնը ի՞նչ է։

8 Եհովայի փառաբանութեան կ’ակնարկէ «Ալէլուիա՜» բառը, Եբրայերէն արտայայտութեան մը տառադարձութիւնը, որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը միշտ թարգմանած է՝ «Եահը փառաբանեցէ՛ք»։ Օրինակ, Սաղմոս 135։1-3–ի մէջ, այս ջերմ՝ բայց շեշտակի հրաւէրը կը կարդանք. «Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, որ Տէրոջը տունը կը կենաք, մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է. սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է»։

9. Ի՞նչ բան կը մղէ մեզ որ Եհովան փառաբանենք։

9 Երբ Աստուծոյ հոյակապ ստեղծագործութեան եւ մեզի համար իր ըրած բաներուն մասին խորհինք, սրտաբուխ գնահատութիւնը կը մղէ մեզ որ զինք փառաբանենք։ Երբ մտածենք անցեալին իր ժողովուրդին սիրոյն Եհովայի ըրած հրաշալի բաներուն մասին, մեր սիրտը կը մղէ մեզ որ զինք փառաբանենք։ Իսկ երբ խորհինք Եհովայի կատարելիք մեծամեծ բաներու մասին, գնահատութիւն եւ երախտագիտութիւն արտայայտելու կերպեր կը փնտռենք։

10, 11. Մեր իսկ գոյութիւնը ի՞նչպէս մեզի պատճառ կու տայ Աստուած փառաբանելու։

10 Մեր անձնական գոյութիւնը վաւերական պատճառ մը կու տայ որ Եահը փառաբանենք։ Դաւիթ երգեց. «[Ո՛վ Եհովա] կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ (Սաղմոս 139։14) Այո, մենք ‘զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’, ու տեսնելու, լսելու եւ մտածելու կարողութեան նման թանկագին պարգեւներ ունինք։ Ուստի, պէտք չէ՞ մեր կեանքը ապրինք այնպէս մը որ մեր Արարիչը փառաբանենք։ Պօղոս այս էր որ ըսաւ, երբ գրեց. «Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։31

11 Եթէ իրապէս կը սիրենք Եհովան, ամէն բան պիտի ընենք իր փառքին համար։ Յիսուս ըսաւ թէ առաջին պատուիրանն է՝ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։ (Մարկոս 12։30. Բ. Օրինաց 6։5) Վստահաբար, պէտք է սիրենք Եհովան եւ զինք փառաբանենք որպէս մեր Արարիչը եւ՝ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը։ (Յակոբու 1։17. Եսայեայ 51։13. Գործք 17։28) Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ մեր տրամաբանելու կարողութիւնները, մեր հոգեւոր հակումը, եւ մեր ֆիզիքական ոյժը՝ մեր բոլոր յատկանիշներն ու կարողութիւնները՝ Եհովայէ են։ Որպէս մեր Ստեղծիչը ան արժանի է մեր սիրոյն եւ փառաբանութեան։

12. Եհովայի մեծամեծ գործերուն եւ Սաղմոս 40։5–ի խօսքերուն հանդէպ ի՞նչպէս կը զգաք։

12 Եհովայի մեծամեծ գործերը զինք սիրելու եւ փառաբանելու անհամար պատճառներ կու տան մեզի։ Դաւիթ երգեց. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։ (Սաղմոս 40։5) Դաւիթ չէր կրնար պատմել Եհովայի բոլոր հրաշալի գործերը. մե՛նք ալ չենք կրնար։ Բայց թող որ միշտ Աստուած փառաբանենք, երբ իր հրաշալի գործերէն մէկը մեր ուշադրութեան յանձնուի։

Աստուծոյ Յաւիտենական Նպատակին Հետ Առնչուող Գործեր

13. Մեր յոյսը ի՞նչպէս առնչուած է Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն հետ։

13 Ապագայի մեր յոյսը սերտօրէն առնչուած է Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին հետ կապ ունեցող մեծամեծ եւ գովելի գործերուն հետ։ Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ետք, Եհովա յուսաբեր առաջին մարգարէութիւնը տուաւ։ Օձը դատապարտելով, Աստուած ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Եհովա սքանչելի գործ մը կատարելէն ետք՝ ամբարիշտ աշխարհ մը մէջտեղէն վերցնող երկրածաւալ Ջրհեղեղէն Նոյ եւ իր ընտանիքը փրկելը, կնոջ խոստացեալ Սերունդին յոյսը շարունակեց հաւատարիմ մարդոց սրտին մէջ վառ մնալ։ (Բ. Պետրոս 2։5) Աբրահամի եւ Դաւիթի նման հաւատարիմ մարդոց տրուած մարգարէական խոստումները, յաւելեալ լոյս սփռեցին թէ Եհովա այս Սերունդին միջոցաւ ի՛նչ պիտի իրագործէր։—Ծննդոց 22։15-18. Բ. Թագաւորաց 7։12

14. Մարդկութեան ի նպաստ Եհովայի ըրած մեծամեծ գործերուն մեծագոյն օրինակը ի՞նչ է։

14 Մեծագոյն օրինակը թէ Եհովա մարդկութեան ի նպաստ մեծամեծ գործեր կատարող է, ի յայտ եկաւ երբ իր միածին Որդին՝ խոստացեալ Սերունդը, Յիսուս Քրիստոսը տուաւ որպէս փրկանքի զոհագործութիւն։ (Յովհաննու 3։16. Գործք 2։29-36) Փրկանքը Աստուծոյ հետ հաշտուելու հիմը հայթայթեց։ (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 5։11) Եհովա առաջին հաշտուողները Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին հաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ հաւաքեց։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անոնք բարի լուրը ամէնուրեք քարոզեցին, ցոյց տալով թէ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը հնազանդ մարդկութեան առջեւ ճամբան կը հարթէ, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական օրհնութիւններ վայելելու համար։

15. Եհովա մեր օրերուն ի՞նչպէս հրաշալի կերպով գործած է։

15 Մեր օրերուն, Եհովա հրաշալի կերպով գործած է, օծեալ Քրիստոնեաներուն մնացորդը հաւաքելու համար։ Կործանումի հովերը ետ պահուած են, 144,000–ին մնացեալ անդամներուն կնքուիլը թոյլ տալու համար, որոնք Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ պիտի իշխեն։ (Յայտնութիւն 7։1-4. 20։6) Աստուած հոգ տարած է որ օծեալ Քրիստոնեաները «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հոգեւոր գերութենէն ազատագրուին։ (Յայտնութիւն 17։1-5) 1919–ի այդ ազատագրումը եւ անկէ ի վեր անոնց վայելած աստուածային պաշտպանութիւնը թոյլ տուած են որ օծեալ մնացորդը ի՞նչ ընէ։ Փայլի՝ վերջին վկայութիւն մը տալով, առաջ որ Եհովա վերջ դնէ Սատանայի ամբարիշտ իրերու դրութեան, մօտալուտ «մեծ նեղութեան» ընթացքին։—Մատթէոս 24։21. Դանիէլ 12։3. Յայտնութիւն 7։14

16. Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութեան առ ի հետեւանք, ներկայիս ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

16 Եհովայի օծեալ Վկաները Թագաւորութիւնը համաշխարհային տարողութեամբ քարոզելու մէջ եռանդունօրէն առաջնորդութիւնը առած են։ Որպէս հետեւանք, «ուրիշ ոչխարներ»էն երթալով աւելի անհատներ, ներկայիս Եհովայի երկրպագուները կը դառնան։ (Յովհաննու 10։16) Կ’ուրախանանք որ տակաւին առիթ կայ որ երկրին հեզերը Եհովան փառաբանելու մէջ մեզի միանան։ Անոնք որոնք «եկո՛ւր» հրաւէրին կ’ընդառաջեն, մեծ նեղութենէն ողջ պիտի անցնին, յաւիտեան Եհովան փառաբանելու հեռանկարը ունենալով։—Յայտնութիւն 22։17

Հազարաւորներ Ճշմարիտ Պաշտամունքը կ’Որդեգրեն

17. (ա) Եհովա մեր քարոզչութեան առնչութեամբ ի՞նչպէս մեծամեծ գործեր կը կատարէ։ (բ) Զաքարեայ 8։23–ը ի՞նչպէս կը կատարուի։

17 Ներկայիս Եհովա մեր քարոզչութեան հետ առնչուած մեծամեծ ու գովելի գործեր կը կատարէ։ (Մարկոս 13։10) Վերջին տարիներուն, ան ‘մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացած է’։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Ասիկա ճամբան հարթած է որ բարի լուրը ծանուցանուի այն հսկայական թաղամասերուն մէջ, ուր ճշմարտութեան հակառակորդները նախապէս արգելք կը հանդիսանային։ Ատենօք հոգեւոր խաւարի մէջ ապրողները ներկայիս Եհովան փառաբանելու հրաւէրին կ’ընդառաջեն։ Անոնք հետեւեալ մարգարէութիւնը կը կատարեն. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»’»։ (Զաքարեայ 8։23) Հոս ակնարկուած «Հրեայ եղող մարդ»ը հոգեւոր Հրեաներն են, օծեալ Քրիստոնեաներու ներկայ մնացորդը։ Քանի որ տասը թիւը երկրային ամբողջութեան կրնայ ակնարկել, «տասը մարդ»ը կը ներկայացնէ «մեծ բազմութիւն»ը, որ կ’ընկերակցի «Աստուծոյ Իսրայէլին», որուն հետ «մէկ հօտ» կը կազմէ։ (Յայտնութիւն 7։9, 10. Գաղատացիս 6։16) Որքա՜ն կ’ուրախանանք տեսնելով մեծ թիւով անհատներ միասնաբար սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն, որպէս Եհովա Աստուծոյ երկրպագուներ։

18, 19. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա քարոզչութեան գործը կ’օրհնէ։

18 Կը հրճուինք որ ներկայիս տասնեակ, այո, հարիւր հազարաւորներ կ’ողջունեն ճշմարիտ պաշտամունքը այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր նախապէս սուտ կրօնքը ա՛յնքան տիրական էր, որ կը թուէր թէ մարդիկ բնաւ պիտի չընդառաջէին բարի լուրին։ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–ին վերջին հրատարակութեան մէջ տեսէք այն երկիրները, որոնք ներկայիս 100,000–էն մինչեւ շուրջ 1,000,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ ունին։ Ասիկա զօրաւոր փաստ մըն է որ Եհովա կ’օրհնէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը։—Առակաց 10։22

19 Որպէս Եհովայի ժողովուրդը, մեր երկնաւոր Հայրը կը փառաբանենք եւ իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ կեանքի մէջ մեզի իրական նպատակ մը, իր ծառայութեան մէջ վարձահատոյց գործ մը, եւ ապագայի համար փայլուն յոյս մը տալուն համար։ Մենք աստուածային բոլոր խոստումներու կատարման վառ ակնկալութեամբ կ’ապրինք եւ վճռած ենք ‘անձերնիս Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել, սպասելով՝ յաւիտենական կեանքին’։ (Յուդա 20, 21) Որքա՜ն կը հրճուինք տեսնելով թէ ներկայիս Աստուած փառաբանող մեծ բազմութիւնը շուրջ 6,000,000–ի կը հասնի։ Եհովայի բացայայտ օրհնութեամբ, օծեալ մնացորդը եւ իրեն ընկերակցող ուրիշ ոչխարները, շուրջ 91,000 ժողովքներու մէջ հաւաքուած են, 235 երկիրներու մէջ։ Բոլորս ալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ հոգեւորապէս լաւ կը կերակրուինք։ (Մատթէոս 24։45) Յառաջդիմական աստուածպետական կազմակերպութիւն մը, Եհովայի Վկաներու 110 մասնաճիւղերու միջոցաւ սիրալիր կերպով կը վերահսկէ Թագաւորութեան գործունէութեան ու կը վարէ զայն։ Երախտապարտ ենք որ Եհովա իր ժողովուրդին սիրտը մղած է որ ‘զինք պատուեն իրենց ստացուածքներով’։ (Առակաց 3։9, 10) Հետեւաբար, մեր համաշխարհային գործունէութիւնը կը շարունակուի եւ կարիքին համաձայն տպարաններ, Պէթէլի ու միսիոնարական տուներ, Թագաւորութեան Սրահներ ու Համաժողովի Սրահներ կը կառուցուին։

20. Եհովայի մեծամեծ եւ գովելի գործերուն մասին խորհրդածելը, մեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ձգէ։

20 Անկարելի է որ մեր երկնաւոր Հօր մեծամեծ եւ գովելի բոլոր գործերը թուենք։ Բայց ուղիղ սրտով մէկը կրնա՞յ Եհովան փառաբանողներու խումբին միանալէ ետ կենալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Հետեւաբար, թող որ բոլոր Աստուած սիրողները աղաղակեն. «Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն. օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ, . . . երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։ (Սաղմոս 148։1, 2, 12, 13) Այո, թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան, փառաբանե՛նք Եհովան իր մեծամեծ գործերուն համար։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Եհովայի գովելի գործերէն ոմանք ի՞նչ են։

• Ինչո՞ւ կը մղուիք Եհովան փառաբանելու։

• Մեր յոյսը ի՞նչպէս առնչուած է Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն հետ։

• Եհովա ի՞նչպէս Թագաւորութեան քարոզչութեան առնչութեամբ գովելի գործեր կը կատարէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններուն սրտանց կը մասնակցի՞ք

[Նկարներ՝ էջ 13]

Կ’ուրախանանք որ տակաւին առիթ կայ որ հեզերը Եհովան փառաբանելու մէջ մեզի միանան