Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոր հոգեւոր կարիքները գոհացուեցան

Անոր հոգեւոր կարիքները գոհացուեցան

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Անոր հոգեւոր կարիքները գոհացուեցան

ԿԻՊՐՈՍԸ Միջերկրական Ծովուն հիւսիս–արեւելեան անկիւնը գտնուող կղզի մըն է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Կիպրոսը հանրածանօթ էր իր պղինձով ու ընտիր փայտով։ Պօղոս ու Բառնաբաս Թագաւորութեան բարի լուրը հոն ծանուցանեցին, իրենց առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին։ (Գործք 13։4-12) Ներկայիս, բարի լուրը տակաւին դրական ազդեցութիւն մը կ’ունենայ շատ մը Կիպրացիներու կեանքին վրայ։ Վստահաբար այս է Լուքասի պարագան, 40–ական տարիքի մէջ եղող մարդ մը։ Ան կը պատմէ.

«Ծնած եմ եօթը զաւակ ունեցող ընտանիքի մը մէջ, որ արջառներու ագարակ մը ունէր։ Մանուկ հասակէս կարդալու ախորժակ ունէի։ Նախընտրած գիրքս՝ գրպանի չափով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէկ հրատարակութիւնն էր։ Երբ տասը տարեկան էի, քանի մը ընկերներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խումբ մը կազմեցինք։ Սակայն անիկա շատ երկար չտեւեց, քանի որ գիւղին մէջ քանի մը ծերեր մեզ հերետիկոսներ անուանեցին։

«Հետագային, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ համալսարան կը յաճախէի, կրօնական բազմաթիւ ենթահողերէ եղող անհատներու ծանօթացայ։ Ասիկա հոգեւոր բաներու հանդէպ իմ փափաքս վերարծարծեց։ Շատ օրեր անցուցի համալսարանի գրադարանին մէջ, զանազան կրօնքներ ուսումնասիրելով։ Նաեւ կարգ մը եկեղեցիներ այցելեցի, սակայն հակառակ տարած ջանքերուս, տակաւին հոգեւորապէս գոհացած չէի։

«Ուսումս աւարտելէ ետք, Կիպրոս վերադարձայ եւ բժշկական տարրալուծարանի մը տնօրէնը եղայ։ Անտոնիս անունով տարեց Եհովայի Վկայ մը, յաճախ ինծի կ’այցելէր գործատեղս։ Սակայն, իր այցելութիւնները Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին աչքէն չվրիպեցան։

«Շուտով, աստուածաբան մը ինծի այցելութեան եկաւ եւ զիս քաջալերեց որ Եհովայի Վկաներուն հետ չխօսիմ։ Քանի որ մանկութենէս ի վեր ուսուցուած էի թէ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին ճշմարտութիւնը ունի, անոր մտիկ ըրի եւ դադրեցայ Անտոնիսին հետ տեսակցելէ, եւ սկսայ Աստուածաշունչը քննարկել աստուածաբանին հետ։ Նաեւ բազմաթիւ վանքեր այցելեցի Կիպրոսի մէջ։ Նոյնիսկ Յունաստանի հիւսիսը ճամբորդեցի եւ Աթոս Լեռը այցելեցի, որ Ուղղափառ Քրիստոնեայ աշխարհի ամենէն սուրբ լեռը նկատուած է։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի հարցումներս անպատասխան մնացին։

«Ապա Աստուծոյ աղօթեցի որ ինծի օգնէ ճշմարտութիւնը գտնելու։ Անկէ քիչ ետք, Անտոնիսը դարձեալ ինծի այցելեց գործատեղս, եւ զգացի թէ ասիկա աղօթքիս պատասխանն էր։ Ուստի աստուածաբանին հետ տեսակցութիւններս դադրեցուցի եւ սկսայ Անտոնիսին հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Շարունակեցի յառաջդիմել եւ 1997–ի Հոկտեմբերին, Եհովայի ըրած նուիրումս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ։

«Կինս եւ մեր երկու մեծ աղջիկները, որոնք այն ատեն 14 եւ 10 տարեկան էին, սկիզբը հակառակեցան։ Սակայն, լաւ վարքիս շնորհիւ, կինս որոշեց Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Ան խորապէս տպաւորուեցաւ Վկաներուն ազնուութեամբ եւ անոնց ցուցաբերած անհատական հետաքրքրութեամբ։ Ան գլխաւորաբար տպաւորուեցաւ անոնց Աստուածաշունչի գործածութեամբ։ Որպէս արդիւնք, կինս ու երկու մեծ աղջիկներս ընդունեցին Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երեւակայեցէք ուրախութիւնս երբ երեքն ալ մկրտուեցան «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով 1999–ի Նահանգային Համաժողովին։

«Այո, ճշմարտութեան փնտռտուքիս գոհացում տրուեցաւ։ Այժմ մեր ամբողջ ընտանիքը, ի ներառեալ կինս ու չորս զաւակներս, Եհովայի մաքուր պաշտամունքին մէջ միացած է»։