Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջ ընթանանք մինչեւ վերջնական յաղթանակ

Առաջ ընթանանք մինչեւ վերջնական յաղթանակ

Առաջ ընթանանք մինչեւ վերջնական յաղթանակ

«Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու [«իր յաղթանակը ամբողջացնելու», ՆԱ] գնաց»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 6։2

1. Յովհաննէս տեսիլքի մէջ ի՞նչ ապագայ դէպքեր տեսաւ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ներշնչմամբ, Յովհաննէս առաքեալ կրցաւ շուրջ 1,800 տարի ետք պատահելիք բաները տեսնել եւ Քրիստոսի գահակալուիլը նկարագրել։ Յովհաննէս տեսիլքով տեսած իր բաներուն հաւատալու համար հաւատքի կարիք ունէր։ Ներկայիս բացայայտ ապացոյց ունինք թէ այս նախագուշակուած գահակալութիւնը 1914–ին տեղի ունեցաւ։ Հաւատքի աչքերով կը տեսնենք որ Յիսուս Քրիստոս ‘յաղթող է ու յաղթանակը ամբողջացնելու կ’երթայ’։

2. Բանսարկուն Թագաւորութեան ծնունդին ի՞նչպէս հակազդեց, եւ ասիկա ի՞նչ բանի ապացոյց է։

2 Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, Սատանան երկնքէն վտարուեցաւ, պատճառ ըլլալով որ ան աւելի բուռն եւ աւելի ցասումով պատերազմի, սակայն առանց իր յաջողելու պատեհութիւնները որեւէ կերպով աւելցնելու։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Անոր բարկութիւնը պատճառ եղաւ որ աշխարհի վիճակները ա՛լ աւելի վատթարանան։ Ակներեւաբար, մարդկային ընկերութիւնը կը քայքայուի։ Եհովայի Վկաներուն համար ասիկա բացայայտ ապացոյց մըն է թէ իրենց Թագաւորը յառաջ կ’ընթանայ ‘իր յաղթանակը ամբողջացնելու’։

Նոր Աշխարհի Ընկերութիւն մը կը Կազմուի

3, 4. (ա) Թագաւորութեան հաստատումէն ի վեր քրիստոնէական ժողովքին մէջ կազմակերպչական ի՞նչ փոփոխութիւններ եղած են, եւ անոնք ինչո՞ւ անհրաժեշտ էին։ (բ) Այս փոփոխութիւնները ի՞նչ օգուտ ունեցած են, ինչպէս Եսային մարգարէացած էր։

3 Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, ժամանակն էր որ վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքը՝ որու Թագաւորութեան պատասխանատուութիւնները այժմ աւելցած էին՝ շատ աւելի համապատասխան ըլլար առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքի դրուածքին հետ։ Ուստի, 1 եւ 15 Յունիս 1938–ի իր թիւերուն մէջ, Դիտարան–ը քննեց թէ քրիստոնէական ժողովքը ի՛նչպէս պէտք է գործէ։ Հետագային, 15 Դեկտեմբեր 1971–ի համարը, յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ արդի Կառավարիչ Մարմինին մասին, «Օրինաւոր Ընկերակցութենէ մը Տարբեր Եղող Կառավարիչ Մարմին մը» յօդուածին մէջ։ 1972–ին, երէցներու մարմիններ նշանակուեցան, տեղական ժողովքներուն օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն հայթայթելու համար։

4 Պատշաճ վերատեսչութեան վերահաստատումը, քրիստոնէական ժողովքը մեծապէս զօրացուց։ Ասոր նպաստեցին նաեւ Կառավարիչ Մարմինին կողմէ եղած կարգադրութիւնները, որոնց նպատակն էր՝ իրենց պարտականութիւններուն մասին երէցներուն ցուցմունքներ տալ, ի միջի այլոց, դատական հարցերու մէջ զանոնք մարզել։ Աստուծոյ երկրային կազմակերպութեան աստիճանական զարգացումները եւ անոնց դրական արդիւնքները նախագուշակուած էին Եսայեայ 60։17–ի մէջ. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։ Այս բարեփոխութիւնները աստուածային օրհնութիւնը կ’արտացոլացնէին եւ կ’ապացուցանէին որ բացայայտօրէն ու եռանդունօրէն Թագաւորութեան թիկունք կանգնողները Աստուծոյ հաճութիւնը կը վայելէին։

5. (ա) Սատանան ի՞նչպէս հակազդեց, տեսնելով Եհովայի օրհնութիւնը Իր ժողովուրդին վրայ։ (բ) Փիլիպպեցիս 1։7–ի համաձայն, Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս հակազդած է Սատանայի բարկութեան։

5 Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, իր ժողովուրդին տուած Աստուծոյ սիրալիր ուշադրութիւնը եւ առաջնորդութիւնը, Սատանայի աչքէն չվրիպեցաւ։ Օրինակ, 1931–ին, Քրիստոնեաներու այս փոքր խումբը հանրապէս ծանուցանեց թէ իրենք միմիայն Աստուածաշունչի Աշակերտներ չէին։ Եսայեայ 43։10–ի համաձայն, իրենք Եհովայի Վկանե՛ր էին։ Զուգադիպութիւն էր թէ ոչ, Բանսարկուն աշխարհի չորս կողմը աննախընթաց հալածանքի ալիք մը արձակեց։ Վկաները կրկին անգամ հարկադրուեցան օրինական պայքարներ մղել, իրենց պաշտամունքի ազատութիւնը պահպանելու համար, նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, որոնք սովորաբար կրօնական ազատութեան համբաւը ունէին, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Գերմանիա։ Մինչեւ 1988, Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանը Եհովայի Վկաներուն վերաբերեալ 71 դատեր քննարկած էր, որոնց երկու երրորդը ի նպաստ իրենց էր։ Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ օրինական պայքարները կը շարունակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ‘աւետարանը ջատագովել ու հաստատել’, ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն։—Փիլիպպեցիս 1։7

6. Արգելքներն ու սահմանափակումները Եհովայի ժողովուրդին յառաջխաղացքը կասեցուցի՞ն։ Բացատրեցէք։

6 1930–ական թուականներուն, Բ. Աշխարհամարտին առաջնորդող օրերուն, բռնատիրական կառավարութիւններ Եհովայի Վկաներու գործին վրայ արգելքներ կամ սահմանափակումներ դրին Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Ճափոնի մէջ, յիշելու համար քանի մը հատը։ Սակայն, 2000–ին, միա՛յն այս երեք երկիրներուն մէջ գրեթէ 500,000 Թագաւորութեան գործունեայ քարոզիչներ կային։ Այս թիւը, 1936–ին համայն աշխարհի Վկաներու թիւին գրեթէ տասնապատիկն էր։ Բացայայտօրէն, արգելքներն ու սահմանափակումները չեն կրնար կասեցնել իրենց յաղթական Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի հովանաւորութեան ներքեւ Եհովայի ժողովուրդին յառաջխաղացքը։

7. 1958–ին, ի՞նչ յատկանշական դէպք մը տեղի ունեցաւ, եւ անկէ ի վեր ի՞նչ շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է։

7 Այս յառաջխաղացքը որքա՜ն բացայայտ էր, երբ 1958–ին Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, Եհովայի Վկաները իրենց մեծագոյն համաժողովը ունեցան՝ Աստուածային Կամք Միջազգային Համաժողով՝ որու ներկաներուն բարձրագոյն թիւը հասաւ 253,922–ի։ 1970–ին, անոնց գործունէութիւնը արդէն վերսկսած էր վերոյիշեալ երեք երկիրներուն մէջ, այն ատեն որպէս Արեւելեան Գերմանիա ճանչցուած երկրէն բացի։ Սակայն, Վկաները տակաւին բանադրանքի տակ էին հսկայ Սովետական Միութեան, եւ Վարշաւիոյ Պայմանագրին մէջ եղող անոր դաշնակից երկիրներուն մէջ։ Ներկայիս, այս նախկին Համայնավար երկիրներուն մէջ, աւելի քան կէս միլիոն գործունեայ Վկաներ կան։

8. Իր ժողովուրդին վրայ Եհովայի բերած օրհնութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է, իսկ 1950–ին, Դիտարան–ը ասոր մասին ի՞նչ ըսելիք ունէր։

8 Եհովայի Վկաները յաւելումով օրհնուած են, քանի որ շարունակած են ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’։ (Մատթէոս 6։33) Եսայիի մարգարէութիւնը արդէն իսկ բառացիօրէն կատարուած է. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) Սակայն, յաւելումը տակաւին կը շարունակուի։ Միա՛յն վերջին տասնամեակին, Թագաւորութեան իշխանութեան գործունեայ ջատագովներուն թիւին վրայ աւելի քան 1,750,000 հոգի աւելցած է։ Ասոնք կամաւորաբար մաս կազմած են այն խումբին, որու մասին 1950–ի Դիտարան մը հետեւեալ դիտողութիւնը ըրաւ. «Աստուած ներկայիս նոր աշխարհի ընկերութիւն մը կը պատրաստէ։ . . . Այս կորիզը Արմագեդոնէն պիտի վերապրի, . . . ‘նոր երկրին’ մէջ գործող առաջին խումբը պիտի ըլլայ . . ., աստուածպետականօրէն կազմակերպուած, եւ կազմակերպչական գործընթացէն տեղեակ»։ Յօդուածը կ’եզրափակէր. «Հետեւաբար, առաջ ընթանանք, հաստատօրէն, բոլորս միասնաբար, որպէս նոր աշխարհի ընկերութիւն մը»։

9. Տարիներու ընթացքին Եհովայի Վկաներուն սորված բաները ի՞նչպէս օգտակար եղած են։

9 Տարիներու ընթացքին, այս հետզհետէ աճող նոր աշխարհի ընկերութիւնը ձեռնհասութիւն վաստկած է, որ մեծ արժէք ներկայացուցած է ներկայիս եւ թերեւս պիտի ներկայացնէ ապագային ալ՝ Արմագեդոնէն ետք տեղի ունենալիք վերահաստատման գործի ընթացքին։ Օրինակ, Վկաները սորված են մեծ համաժողովներ կազմակերպել, շուտով անմիջական օգնութիւն հայթայթել եւ արագօրէն շէնքեր կառուցանել։ Այս գործունէութիւնը պատճառ եղած է որ շատեր Եհովայի Վկաներուն հիացմունքով եւ յարգանքով նային։

Սխալ Տպաւորութիւնները Սրբագրել

10, 11. Բացատրեցէք թէ Եհովայի Վկաներուն մասին եղած սխալ տպաւորութիւնները ի՛նչպէս սրբագրուած են։

10 Տակաւին, կան մարդիկ որոնք Եհովայի Վկաները կ’ամբաստանեն թէ անոնք մարդկային ընկերութեան հետ համաքայլ չեն ընթանար։ Ասոր գլխաւոր պատճառն է արեան ներարկումներու, չէզոքութեան, ծխելու եւ բարոյականութեան հարցերու շուրջ Վկաներուն Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դիրքը։ Սակայն, հանրութիւնը հետզհետէ կ’ընդունի թէ Վկաներուն տեսակէտները նկատողութեան արժանի են։ Օրինակ, Լեհաստանի մէջ բժշկուհի մը Եհովայի Վկաներու վարչութեան գրասենեակը հեռաձայնեց եւ ըսաւ թէ ինք ու հիւանդանոցի իր աշխատակիցները, արեան ներարկումներու նիւթին շուրջ ժամերով վիճաբանած էին։ Այդ օր Լեհաստանի Ճէնիք Զախոտնի օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը վիճաբանութեան դուռ բացած էր։ Բժշկուհին ըսաւ. «Անձնապէս կը ցաւիմ որ բժշկական դաշտին մէջ արիւնը չափէ դուրս կը գործածուի։ Ասիկա պէտք է փոխուի, եւ ուրախ եմ որ մէ՛կը արծարծած է այս նիւթը։ Կը փափաքիմ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ»։

11 Անցեալ տարի համագումարի մը ընթացքին Եւրոպայէն, Իսրայէլէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն բժշկական հեղինակութիւններ նիւթեր քննարկեցին, որոնք պատրաստուած էին բժիշկներուն օգնելու համար որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան գործածութեան։ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած այս համագումարին, ուշադրութեան յանձնուեցաւ, թէ հակառակ հասարակաց կարծիքին, արեան ներարկում ստացող հիւանդներուն մահուան միջինը իրապէս աւելի բարձր է, քան՝ արեան ներարկում չստացող հիւանդներուն։ Վկայ հիւանդներ ընդհանրապէս կարող եղած են հիւանդանոցը աւելի շուտ ձգել, քան՝ անոնք որ արեան ներարկում ստացած են, ինչ որ նուազեցուցած է դարմանումի ծախսերը։

12. Օրինակ մը տուէք թէ ի՛նչպէս կարկառուն անհատներ, քաղաքական չէզոքութեան առնչութեամբ Եհովայի Վկաներու բռնած կեցուածքը գովաբանած են։

12 Բազմաթիւ դրական մեկնաբանութիւններ ալ եղած են Եհովայի Վկաներուն բռնած չէզոք դիրքին շուրջ, Բ. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, երբ անոնք Նացիներու կատաղի յարձակման ներքեւ ուղղամիտ մնացին։ Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց պատկերիզը բազմաթիւ նպաստաւոր մեկնաբանութիւններու արժանացած է, զոր Եհովայի Վկաները պատրաստեցին եւ տեղին ըլլալով առաջին անգամ ներկայացուցին 6 Նոյեմբեր 1996–ին, Գերմանիոյ Ռավընսպրիւք կեդրոնացման ճամբարին մէջ։ 18 Ապրիլ 1998–ին, Պըրկըն Պէլզըն վատահամբաւ կեդրոնացման ճամբարին մէջ, նման ներկայացումի մը բացման ընթացքին, Լօուըր Սաքսոնի–ի Քաղաքական Կրթութեան Կեդրոնի տնօրէնը՝ Տոքթ. Վոլֆկանկ Շիլ, ըսաւ. «Պատմութեան ամենէն ամօթալի ճշմարտութիւններէն մէկը այն է՝ որ Եհովայի Վկաները Ազգային Ընկերվարութիւնը մերժեցին շա՛տ աւելի զօրաւոր վճռակամութեամբ, քան՝ Քրիստոնեայ եկեղեցիները։ . . . Եհովայի Վկաներու ուսուցումներուն եւ կրօնական նախանձախնդրութեան հանդէպ ի՛նչ կարծիք ալ ունենանք, Նացի վարչաձեւին ընթացքին անոնց հաստատամտութիւնը, յարգանքի արժանի է»։

13, 14. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներուն ի նպաստ դատական ի՞նչ դիտողութիւն եկաւ չակնկալուած աղբիւրէ մը։ (բ) Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ եղած կարգ մը նպաստաւոր մեկնաբանութիւններու օրինակներ տուէք։

13 Երբ կարկառուն անհատներ, կամ դատական վճիռներ հակաճառելի հարցերու շուրջ Եհովայի Վկաներուն ի նպաստ արտայայտուին, ասիկա կրնայ կանխադատողութիւնները նուազեցնել, եւ պատճառ ըլլալ որ Վկաները աւելի դրական աչքով դիտուին։ Ասիկա յաճախ պատեհութիւն կու տայ որ անոնք խօսին այնպիսի մարդոց հետ, որոնք նախապէս երբեք չեն ուզած մտիկ ընել։ Հետեւաբար, այսպիսի կեցուածքներ հաճելի են եւ Եհովայի Վկաները իրապէս կը գնահատեն զանոնք։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ պատահեցաւ առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ։ Երբ Սենետրիոնը՝ հրէական բարձրագոյն ատեանը, ուզեց Քրիստոնեաները սպաննել իրենց նախանձախնդիր քարոզչութեան համար, Գամաղիէլ՝ «օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը», ազդարարեց ու ըսաւ. «Ո՜վ Իսրայելացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն։ . . . Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։—Գործք 5։33-39

14 Գամաղիէլի նման կարկառուն անհատներ, վերջերս Եհովայի Վկաներուն կրօնական ազատութիւն շնորհելու ի նպաստ համարձակօրէն արտայայտուած են։ Օրինակ, եւ Կրօնքի եւ Հաւատալիքի Ազատութեան Միջազգային Ակադեմիայի նախկին ատենապետը առարկեց. «Կրօնքի մը կրօնական իրաւունքները պէտք չէ մերժուին, պարզ անոր համար որ անոր համոզումները ընկերութեան կողմէ անընդունելի կամ անսովոր նկատուած են»։ Իսկ Լայփցիկի համալսարանի կրօնագիտութեան ուսուցիչ մը, տեղին հարցում մը ուղղեց այդպէս կոչուած կրօնական աղանդներ հետախուզելու Գերման կառավարութեան կողմէ կազմուած յանձնաժողովի մը մասին, ըսելով. «Ինչո՞ւ միա՛յն կրօնական փոքրամասնութիւններ քննութեան պիտի ենթարկուին, եւ ո՛չ երկու մեծ եկեղեցիները [Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Լուտերական Եկեղեցին]»։ Ասոր պատասխանը դիւրաւ կրնանք գտնել Գերմանացի նախկին պաշտօնատարի մը խօսքերուն մէջ, որ գրեց. «Կասկած չկայ թէ բեմին ետեւ եկեղեցական մոլեռանդներ իրենք պատուիրեցին կառավարական յանձնաժողովին առած քաղաքական ընթացքը»։

Հանգստութեան Համար Որո՞ւ կը Նայինք

15, 16. (ա) Ինչո՞ւ Գամաղիէլի արարքը սահմանափակ ազդեցութիւն մը ունէր։ (բ)  Երեք ուրիշ հեղինակաւոր անհատներ Յիսուսի ի նպաստ բան մը կարենալ ընելու մէջ ի՞նչպէս սահմանափակ էին։

15 Ինչ որ Գամաղիէլ ըսաւ, պարզապէս աչքառու կը դարձնէ այն իրողութիւնը, թէ աստուածային աջակցութիւն վայելող գործ մը կարելի չէ որ ձախողի։ Նախկին Քրիստոնեաները անկասկած օգտուեցան Սենետրիոնին ուղղուած անոր խօսքերէն, սակայն անոնք չմոռցան որ իր հետեւորդներուն հալածուելուն մասին Յիսուսի խօսքերն ալ ճշմարիտ էին։ Գամաղիէլի արարքը զիրենք սպաննելու կրօնական առաջնորդներու ծրագիրներուն արգելք հանդիսացաւ, սակայն անիկա բոլորովին վերջ չդրաւ հալածանքին, քանի որ կը կարդանք. «Անոնք հաւանութիւն տուին անոր ու առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք»։—Գործք 5։40

16 Երբ Յիսուս կը դատուէր, Պոնտացի Պիղատոս անոր վրայ յանցանք մը չգտնելով, փորձեց Յիսուսը ազատ արձակել։ Բայց չյաջողեցաւ։ (Յովհաննու 18։38, 39. 19։4, 6, 12-16) Նոյնիսկ Սենետրիոնի երկու անդամներ՝ Նիկոդէմոս ու Արիմաթացի Յովսէփ, որոնք բարեացակամութիւն ունէին Յիսուսի հանդէպ, չկրցան արգելք ըլլալ որ ատեանը Յիսուսի դէմ վճիռ արձակէ։ (Ղուկաս 23։50-52. Յովհաննու 7։45-52. 19։38-40) Եհովայի ժողովուրդին թիկունք կանգնելու նպատակաւ մարդոց ջանքերը, ի՛նչ պատճառով ալ ըլլան, սահմանափակ արդիւնք կու տան։ Աշխարհ պիտի շարունակէ Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները ատել, ինչպէս զինք ատեց։ Ամբողջական հանգստութիւնը միա՛յն Եհովայէն կրնայ գալ։—Գործք 2։24

17. Եհովայի Վկաները ի՞նչ իրապաշտ տեսակէտ մը ունին, սակայն, բարի լուրի քարոզչութեան մէջ շարունակելու անոնց վճռակամութիւնը ինչո՞ւ չի տկարանար։

17 Իրապաշտ ըլլալով, Եհովայի Վկաները կ’ակնկալեն որ հալածանքը շարունակուի։ Հակառակութիւնը պիտի դադրի միա՛յն երբ Սատանայի դրութիւնը վերջնականապէս գոյութենէ դադրի։ Այսուհանդերձ, այս հալածանքը անհաճելի ըլլալով հանդերձ, պատճառ չ’ըլլար որ Վկաները Թագաւորութիւնը քարոզելու իրենց յանձնարարութենէն ետ կենան։ Իսկ ինչո՞ւ ետ կենան, երբ աստուածային աջակցութիւնը ունին։ Անոնք իրենց խիզախ Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսին կը նային, որպէս իրենց տիպարը։—Գործք 5։17-21, 27-32

18. Եհովայի ժողովուրդին դիմաց տակաւին ի՞նչ դժուարութիւն կայ, սակայն անոնք ո՞ր արդիւնքէն վստահ են։

18 Սկիզբէն իսկ, ճշմարիտ կրօնքը զօրաւոր հակառակութիւն դիմագրաւած է։ Շուտով, անիկա ամբողջական յարձակման մը թիրախը պիտի դառնայ Գոգի՝ երկնքէն դուրս վռնտուելէն ի վեր նուաստացած վիճակի մէջ եղող Սատանային՝ կողմէ։ Սակայն, ճշմարիտ կրօնքը պիտի վերապրի։ (Եզեկիէլ 38։14-16) Սատանայի առաջնորդութեան ներքեւ, «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը «Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը»։ (Յայտնութիւն 16։14. 17։14) Այո՛, մեր Թագաւորը առաջ կ’ընթանայ դէպի վերջնական յաղթանակ եւ շուտով իր ‘յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ’։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է իր հետ ընթանալ, գիտնալով որ շատ չանցած այլեւս ոեւէ մէկը Եհովայի երկրպագուներուն դէմ պիտի չխօսի, երբ անոնք ըսեն. «Աստուած մեր կողմն է»։—Հռովմայեցիս 8։31. Փիլիպպեցիս 1։27, 28

Կրնա՞ք բացատրել

• Եհովա ի՞նչ ըրած է քրիստոնէական ժողովքը զօրացնելու համար, Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ի վեր։

• Սատանան ի՞նչ ըրած է որպէսզի Քրիստոսին արգելք հանդիսանայ իր յաղթանակը ամբողջացնելու, եւ ի՞նչ հետեւանքով։

• Վկայ չեղողներուն կողմէ եղած նպաստաւոր արարքներու մասին ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պէտք է ունենանք։

• Շուտով Սատանան ի՞նչ պիտի ընէ, եւ ասիկա ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Նահանգային համաժողովները կ’ապացուցանեն Եհովայի ժողովուրդին յառաջխաղացքը

[Նկարներ՝ էջ 20]

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Վկաներուն չէզոքութիւնը, մինչեւ հիմա Եհովայի փառաբանութիւն կը բերէ