Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ձեզի համա՞ր է
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ձեզի համա՞ր է
«ԱՌԱՆՑ վարդապետին ներկայութեան պէտք չէ կարդացուի»։ Այս ազդարարութիւնը կ’երեւնայ Կաթողիկէներու ունեցած կարգ մը Աստուածաշունչերու սկիզբը։ Լոս Անճէլոսի Կաթողիկէ Աստուածաշունչի Հաստատութենէն Քէյ Մըրտի կ’ըսէ. «Որպէս Կաթողիկէներ Աստուածաշունչը մեզի համար գոց գիրք մըն էր, սակայն, հիմա պարագան սկսած է փոխուիլ»։ Ան կը նշէ, անմիջապէս որ Կաթողիկէները սկսին գիտակցիլ թէ Սուրբ Գրութիւնները իրենց կեանքին ի՛նչպէս կրնան ազդել, «անոնք Աստուածաշունչին հանդէպ իւրայատուկ անօթութիւն ու ծարաւ մը կը զարգացնեն»։
Այս փոփոխութեան նկատմամբ, Մ.Ն. Կաթողիկէ պարբերաթերթը, կրօնական կրթութեան տնօրէնի մը խօսքերը կը մէջբերէ, որ ըսած է թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասարաններ յաճախողները զգացած են թէ «որպէս Կաթողիկէներ զրկուած էին, եւ թէ Աստուածաշունչը բաւական ‘հոգեւոր’ հարստութիւն կը բովանդակէ։ Անոնք կ’ուզեն այդ հարստութենէն բան մը ձեռք ձգել, որմէ զրկուած էին»։
Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Աստուածաշունչի աշակերտ մը ի՞նչ «հարստութիւն» ձեռք կրնայ ձգել։ Նկատի առէք. Կ’ուզէ՞ք գիտնալ թէ ի՛նչպէս կրնաք գլուխ ելլել կեանքի առօրեայ մտահոգութիւններուն հետ։ Ի՛նչպէս կրնաք ընտանեկան շրջանակին մէջ խաղաղութիւն պահպանել։ Ինչո՛ւ բիրտ եւ հակա–ընկերային վարուելակերպը այսքան շատ ընդհանրացած է։ Ի՛նչ է պատճառը ներկայիս պատանիներուն մէջ ընդհանրացած բռնութեան։ Ասոր եւ այլ կնճռոտ հարցումներու մասին վստահելի պատասխաններ կրնան գտնուիլ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, եւ անոնք արդարեւ կրնան «‘հոգեւոր’ հարստութիւն» մը ըլլալ, ո՛չ միայն Կաթողիկէներուն կամ Բողոքականներուն, այլեւ՝ Պուտտայականներուն, Հինտուներուն, Մահմետականներուն, Շինթոյականներուն եւ նոյնիսկ անաստուածներուն ու երեւութապաշտներուն։ Ինչպէս սաղմոսերգուն արտայայտուեցաւ, ‘Աստուծոյ խօսքը իր ոտքերուն ճրագ ու իր շաւիղներուն լոյս էր’։ Անիկա ձեր պարագային ալ նոյնը կրնայ ըլլալ։—Սաղմոս 119։105