Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»

«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»

«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»

«Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։31

1. Իսրայելացիներուն հետ որո՞նք Եգիպտոսը ձգեցին, եւ ի՞նչ բան այս քայլը առնելու առաջնորդեց։

ԵՐԲ Իսրայելացիները ազատութեան ուղին բռնեցին 215 տարի Եգիպտոս անցընելէ ետք՝ մեծամասնութիւնը գերութեան մէջ՝ «անոնց հետ խառն բազմութիւն [մըն] ալ ելաւ»։ (Ելից 12։38) Այս ոչ–Իսրայելացիները սարսափազդու տասը պատուհասներու ականատես եղած էին, որոնք Եգիպտոսի վրայ աւերում բերին եւ անոր չաստուածները ծաղրանքի առարկայ դարձուցին։ Միեւնոյն ատեն, անոնք ականատես եղան իր ժողովուրդը պաշտպանելու Եհովայի կարողութեան՝ մանաւանդ չորրորդ պատուհասէն սկսեալ։ (Ելից 8։23, 24) Թէեւ Եհովայի նպատակներուն մասին անոնց գիտութիւնը սահմանափակ էր, սակայն անոնք մէկ բանէ վստահ էին. Եգիպտոսի չաստուածները չէին յաջողած Եգիպտացիները պաշտպանել, մինչդեռ Եհովա Իսրայելացիներուն ի նպաստ գործելով փաստած էր իր հզօր ըլլալը։

2. Ռախաբ ինչո՞ւ օգնեց Իսրայելացի լրտեսներուն, եւ անոնց Աստուծոյն հանդէպ իր վստահութիւնը ինչո՞ւ անտեղի չէր։

2 Քառասուն տարի ետք, Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն քիչ առաջ, Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսու, երկու տղամարդիկ ղրկեց երկիրը լրտեսելու համար։ Հոն անոնք հանդիպեցան Երիքովի բնակիչներէն՝ Ռախաբի։ Եգիպտոսը ձգելէն ետք 40 տարուան ընթացքին Իսրայելացիները պաշտպանելու Եհովայի հզօր արարքներուն մասին իր լսած բաներէն, ան գիտէր որ եթէ կ’ուզէր Աստուծոյ օրհնութիւնը ունենալ, պէտք էր անոր ժողովուրդին թիկունք կանգնէր։ Իր իմաստուն որոշումին պատճառաւ, ինք ու իր ընտանիքը կործանումէն խնայուեցան, երբ հետագային Իսրայելացիները քաղաքը գրաւեցին։ Այն հրաշալի կերպը որով փրկուեցան, ինքնին բացայայտ ապացոյց մըն էր թէ Աստուած իրենց հետ էր։ Հետեւաբար, Իսրայելացիներու Աստուծոյն վրայ Ռախաբի ունեցած վստահութիւնը անտեղի չէր։—Յեսուայ 2։1, 9-13. 6։15-17, 25

3. (ա) Յիսուս վերաշինուած Երիքով քաղաքին մօտերը ի՞նչ հրաշք գործեց, իսկ Հրեայ կղերները ի՞նչպէս հակազդեցին։ (բ) Կարգ մը Հրեաներ, իսկ հետագային բազմաթիւ ոչ–Հրեաներ, ի՞նչ բանի գիտակցեցան։

3 Տասնըհինգ դար ետք, Յիսուս Քրիստոս վերաշինուած Երիքով քաղաքի մօտերը կոյր մուրացկան մը բժշկեց։ (Մարկոս 10։46-52. Ղուկաս 18։35-43) Այս մարդը Յիսուսի աղաչեց որ իրեն ողորմի, ցոյց տալով թէ ինք կ’ընդունէր որ Յիսուս Աստուծոյ աջակցութիւնը կը վայելէր։ Միւս կողմէ, Հրեայ կրօնական առաջնորդները եւ անոնց հետեւորդները, ընդհանուր առմամբ մերժեցին ընդունիլ թէ Յիսուսի կատարած հրաշքները կը փաստէին որ ան Աստուծոյ գործը կը կատարէր։ Ընդհակառակը, անոնք զինք քննադատեցին։ (Մարկոս 2։15, 16. 3։1-6. Ղուկաս 7։31-35) Նոյնիսկ երբ դէմ յանդիման գտնուեցան այն իրողութեան հետ թէ Յիսուս յարութիւն առած էր, իրենց կողմէ սպաննուելէ ետք, անոնք չընդունեցին թէ ասիկա Աստուծոյ գործն էր։ Փոխարէնը, անոնք Յիսուսի աշակերտները հալածելու մէջ առաջնորդութիւնը առին, ջանալով ‘Տէր Յիսուսը քարոզելու’ անոնց գործունէութեան արգելք հանդիսանալ։ Սակայն, Հրեաներէն ոմանք, իսկ հետագային բազմաթիւ ոչ–Հրեաներ, այս դէպքերուն ուշադրութիւն ընծայեցին եւ զանոնք շիտակ կերպով արժեւորեցին։ Անոնց համար բացայայտ էր թէ Աստուած ինքնարդար Հրեայ առաջնորդները մերժած էր եւ Յիսուս Քրիստոսի խոնարհ հետեւորդներուն աջակցութիւն կը մատուցանէր։—Գործք 11։19-21

Ներկայիս Աստուած Որո՞նց Թիկունք կը Կանգնի

4, 5. (ա) Ոմանք կրօնք մը ընտրելու հարցը ի՞նչպէս կը նկատեն։ (բ) Ճշմարիտ կրօնքը բնորոշելու համար հիմնական հարցումը ի՞նչ է։

4 Ճշմարիտ կրօնքի հարցով, վերջերս հեռատեսիլէն սփռուած հարցազրոյցի մը մէջ, կրօնական մը ըսաւ. «Կը հաստատեմ թէ կրօնք մը ճշմարիտ է, երբ անհատը անոր համաձայն ապրելով, աւելի լաւ անձ մը կը դառնայ»։ Ճիշդ է թէ ճշմարիտ կրօնքը մարդիկը կը բարելաւէ։ Սակայն, այն իրողութիւնը թէ կրօնք մը աւելի լաւ անհատներ յառաջ կը բերէ, ինքնին ապացո՞յց է թէ Աստուծոյ աջակցութիւնը կը վայելէ։ Անիկա միակ դատանի՞շն է կրօնքի մը ճշմարիտ ըլլալը որոշելու։

5 Ամէն անհատ կը գնահատէ անձնական ընտրութիւններ ընելու ազատութիւնը, ի ներառեալ՝ կրօնքի մը պատկանելիութիւնը։ Սակայն, ընտրելու ազատութիւն ունենալը չ’երաշխաւորեր թէ անհատը շիտակ ընտրութիւն պիտի ընէ։ Օրինակ, ոմանք կրօնք մը կ’ընտրեն անոր մեծութեան, հարստութեան, շքեղ արարողութիւններուն կամ իրենց ընտանեկան կապերուն հիման վրայ։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը վճռականօրէն կ’որոշէ թէ կրօնք մը ճշմարիտ է կամ ոչ։ Այս խնդրին մէջ հիմնական հարցումը հետեւեալն է. Ո՞ր կրօնքը իր հետեւորդները կը քաջալերէ որ Աստուծոյ կամքը կատարեն, եւ հաստատօրէն կ’ապացուցանէ թէ աստուածային աջակցութիւնը կը վայելէ, այնպէս որ անոր հետեւորդները համոզումով կարենան ըսել թէ «Աստուած մեր կողմն է»։

6. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը ճշմարիտ եւ սուտ կրօնքի հարցին շուրջ լոյս կը սփռեն։

6 Յիսուս ճշմարիտ պաշտամունքը սուտէն զանազանելու կանոնը հաստատեց, երբ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ (Մատթէոս 7։15, 16. Մաղաքեայ 3։18) Վերաքաղ ընենք ճշմարիտ կրօնքի «պտուղ»ներէն՝ կամ զայն բնորոշող նշաններէն ոմանք, որպէսզի ամենայն պարկեշտութեամբ կարենանք որոշել թէ ներկայիս որո՛նք աստուածային աջակցութիւնը կը վայելեն։

Աստուծոյ Աջակցութիւնը Վայելող Անհատները Բնորոշող Նշաններ

7. Ի՞նչ կը նշանակէ սորվեցնել միա՛յն ինչ որ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է։

7 Անոնք իրենց ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ»։ Նաեւ՝ «Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ»։ (Յովհաննու 7։16, 17. 8։47) Տրամաբանականօրէն, Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելելու համար, անհատ մը պէտք է սորվեցնէ միա՛յն այն ինչ որ Աստուած իր Խօսքին մէջ կը յայտնէ, եւ մերժէ մարդկային իմաստութեան կամ աւանդութեան վրայ հիմնուած ուսուցումները։—Եսայեայ 29։13. Մատթէոս 15։3-9. Կողոսացիս 2։8

8. Ինչո՞ւ կարեւոր է պաշտամունքի մէջ Աստուծոյ անունը գործածել։

8 Անոնք Աստուծոյ Եհովա անունը կը գործածեն եւ կը ծանուցանեն։ Եսայի նախագուշակեց. «Այն օրը պիտի ըսէք. ‘Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք, անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։ Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք, վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։ Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է’»։ (Եսայեայ 12։4, 5) Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։9) Հետեւաբար, Հրեայ ըլլային թէ ոչ, Քրիստոնեաները պէտք էր ծառայէին որպէս ‘Աստուծոյ անունը կրող ժողովուրդ մը’։ (Գործք 15։14) Բացայայտօրէն Աստուած կը հաճի իր աջակցութիւնը մատուցանել անոնց, որոնք հպարտ կը զգան որ ‘իր անունը կրող ժողովուրդ մըն են’։

9. (ա) Ուրախութիւնը ինչո՞ւ կը զատորոշէ ճշմարիտ կրօնքին անդամները։ (բ) Եսայի ճշմարիտ կրօնքը ի՞նչպէս կը հակադրէ սուտ կրօնքին հետ։

9 Անոնք Աստուծոյ ուրախ անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Որպէս «բարի լուր»ին հեղինակը, Եհովա «ուրախ Աստուած» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ուստի իր երկրպագուները ի՞նչպէս կրնան տխուր կամ յարատեւաբար յոռետես ըլլալ։ Հակառակ համաշխարհային դժուարութեան եւ անձնական խնդիրներու, ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց ուրախութիւնը կը պահպանեն, քանի որ հոգեւոր ճոխ սնունդով կանոնաւորաբար խնճոյքի մէջ են։ Եսայի զանոնք կը հակադրէ սուտ կրօնքի հետեւորդներուն հետ. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք։ Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք’»։—Եսայեայ 65։13, 14

10. Ճշմարիտ պաշտամունքը ունեցողները ի՞նչպէս կը խուսափին իրենց քսակէն սորվելէ։

10 Անոնք իրենց վարքը եւ որոշումները Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ կը հիմնեն։ Առակաց գիրքը գրողը կը յորդորէ մեզ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Աստուած աջակցութիւն կը մատուցանէ անոնց, որոնք առաջնորդութեան համար իրեն կը դիմեն, փոխանակ վստահելու մարդոց հակասական վարկածներուն, որոնք աստուածային իմաստութիւնը զանց կ’ընեն։ Անհատ մը ո՛րքան իր կեանքը Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ձեւաւորէ, ա՛յնքան պիտի խուսափի իր քսակէն սորվելէ։—Սաղմոս 119։33. Ա. Կորնթացիս 1։19-21

11. (ա) Ճշմարիտ կրօնքի անդամները ինչո՞ւ կղերական եւ աշխարհական դասերու չեն կրնար բաժնուիլ։ (բ) Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւնը առնողները ի՞նչպիսի օրինակ պէտք է հանդիսանան հօտին։

11 Անոնք առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին նման կազմակերպուած են։ Յիսուս սկզբունքը դրաւ. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ»։ (Մատթէոս 23։8-11) Եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացած ժողովք մը կղերական հպարտ դասակարգ մը չունի, որ ինքզինք կը մեծարէ բարձրահնչիւն տիտղոսներով եւ ինքզինք կը բարձրացնէ հասարակ ժողովուրդին վրայ։ (Յոբայ 32։21, 22) Աստուծոյ հօտը հովուողներուն կ’ըսուի որ ասիկա ընեն «ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով»։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Քրիստոնեայ անկեղծ հովիւները կը խուսափին ուրիշներու հաւատքին վրայ տիրապետելէ։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ գործակիցներ ըլլալով, անոնք պարզապէս կը ջանան լաւ օրինակ հանդիսանալ։—Բ. Կորնթացիս 1։23բ

12. Աստուած իր աջակցութիւնը փնտռողներէն ո՞ր հաւասարակշռուած կեցուածքը կը պահանջէ մարդկային կառավարութիւններուն հանդէպ։

12 Անոնք մարդկային կառավարութիւններուն կը հնազանդին, բայց եւ այնպէս չէզոք կը մնան։ Ան որ ‘վերին իշխանութիւններուն չի հնազանդիր’, չի կրնար Աստուծոյ աջակցութիւնը ակնկալել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ»։ (Հռովմայեցիս 13։1, 2) Սակայն, Յիսուս ընդունեց հակընդդէմ շահագրգռութեան հաւանականութիւնը, երբ ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մարկոս 12։17) Անոնք որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ աջակցութիւնը ունենալ, պէտք է շարունակեն ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’, մինչ կը հնազանդին երկրին այն օրէնքներուն, որոնք ներդաշնակ են Աստուծոյ հանդէպ իրենց աւելի բարձր պատասխանատուութիւններուն հետ։ (Մատթէոս 6։33. Գործք 5։29) Յիսուս չէզոքութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ իր աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ Հետագային ան աւելցուց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։—Յովհաննու 17։16. 18։36

13. Աստուծոյ ժողովուրդը բնորոշելու մէջ սէրը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

13 Անոնք ‘ամենուն բարիք ընելու մէջ’ անաչառ են։ (Գաղատացիս 6։10) Քրիստոնէական սէրը աչառութիւն չի գիտեր, անիկա բոլոր մարդիկը կ’ընդունի, առանց նկատի առնելու անոնց մորթի գոյնը, տնտեսական կամ կրթական մակարդակը, ազգութիւնը կամ լեզուն։ Ամենուն՝ մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն բարիք ընելը, կ’օգնէ բնորոշելու Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցողները։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։35. Գործք 10։34, 35

14. Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելող ժողովուրդը պայմա՞ն է որ ընդհանուրին կողմէ ընդունելի ըլլայ։ Բացատրեցէք։

14 Անոնք Աստուծոյ կամքը կատարելու համար՝ յօժար են հալածուելու։ Յիսուս իր հետեւորդները կանխազգուշացուց. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն»։ (Յովհաննու 15։20. Մատթէոս 5։11, 12. Բ. Տիմոթէոս 3։12) Աստուծոյ աջակցութիւնը ունեցողները մի՛շտ անժողովրդական եղած են, Նոյի նման, որ իր հաւատքով աշխարհը դատապարտեց։ (Եբրայեցիս 11։7) Ներկայիս, Աստուծոյ աջակցութիւնը փնտռողները չեն համարձակիր Աստուծոյ խօսքը տկարացնել կամ աստուածային սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընել, հալածանքէ խուսափելու սիրոյն։ Այնքան ատեն որ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կը ծառայեն, անոնք գիտեն թէ մարդիկ ‘պիտի զարմանան եւ հայհոյութիւն պիտի ընեն’ իրենց դէմ։—Ա. Պետրոս 2։12. 3։16. 4։4

Իրողութիւնները Արժեւորելու Ժամանակը

15, 16. (ա) Ո՞ր հարցումները մեզի պիտի օգնեն բնորոշելու Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելող կրօնական խումբը։ (բ) Միլիոնաւորներ ո՞ր եզրակացութեան յանգած են, եւ ինչո՛ւ։

15 Դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Կրօնական ո՞ր խումբը ճանչցուած է որպէս Աստուծոյ Խօսքին ամուր կերպով կառչող, նոյնիսկ երբ անոր ուսուցումները մարդոց մեծամասնութեան հաւատալիքներէն կը տարբերին։ Որո՞նք Աստուծոյ անձնական անուան կարեւորութիւնը կը շեշտեն, նոյնիսկ զայն գործածելով իրենք զիրենք բնորոշելու համար։ Որո՞նք լաւատեսութեամբ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը մատնանշեն, որպէս մարդկային բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումը։ Որո՞նք վարքի նկատմամբ Աստուածաշունչի չափանիշներուն կը կառչին, հնագլուխ նկատուիլը աչք առնելով։ Ո՞ր խումբը ճանչցուած է որպէս վճարուած կղերներ չունեցող, եւ որուն բոլոր անդամները քարոզիչներ են։ Որո՞նք գովաբանուած են որպէս օրինապահ քաղաքացիներ, հակառակ անոր որ քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար։ Որո՞նք սիրալիրօրէն ժամանակ ու դրամ կը յատկացնեն, ուրիշներու օգնելու համար որ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին սորվին։ Իսկ հակառակ այս բոլոր դրական բաներուն, որո՞նք տակաւին ցած աչքով կը դիտուին, կը ծաղրուին եւ կը հալածուին’։

16 Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ իրողութիւնները արժեւորած են եւ համոզուած են թէ միա՛յն Եհովայի Վկաները ճշմարիտ կրօնքը կը գործադրեն։ Անոնք այս եզրակացութեան հասած են, հիմնուելով՝ Եհովայի Վկաներու քարոզած բաներուն եւ անոնց վարմունքին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց կրօնքին բերած օգուտներուն վրայ։ (Եսայեայ 48։17) Ա՛րդարեւ, միլիոնաւորներ կ’ըսեն՝ ինչպէս Զաքարեայ 8։23–ի մէջ մարգարէացուած է՝ «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։

17. Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներուն կողմէ յաւակնոտութիւն չէ նշել թէ իրենք ճշմարիտ կրօնքը ունին։

17 Արդեօք Եհովայի Վկաներու կողմէ յաւակնոտութի՞ւն է ըսել թէ միայն իրե՛նք Աստուծոյ աջակցութիւնը ունին։ Իրականութեան մէջ անոնց ըսածը աւելի բան մը չէ քան ինչ որ Եգիպտոսի մէջ Իսրայելացիները կը դաւանէին թէ Աստուծոյ աջակցութիւնը կը վայելէին՝ հակառակ Եգիպտացիներու կարծիքին, կամ՝ երբ առաջին դարու Քրիստոնեաները կը դաւանէին թէ իրե՛նք կը վայելէին Աստուծոյ աջակցութիւնը ու ո՛չ թէ Հրեայ կրօնականները։ Իրողութիւնները իրենք կը վկայեն այս մասին։ 235 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները կը կատարեն այն գործը, որ Յիսուս նախագուշակեց թէ իր ճշմարիտ հետեւորդները պիտի ընէին վերջին ժամանակին մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

18, 19. (ա) Ինչո՞ւ պատճառ չկայ որ Եհովայի Վկաները դադրեցնեն իրենց քարոզչութիւնը, նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց։ (բ) Սաղմոս 41։11–ը ի՞նչպէս նեցուկ կը կանգնի այն իրողութեան թէ Վկաները Աստուծոյ աջակցութիւնը ունին։

18 Եհովայի Վկաները պիտի շարունակեն այս յանձնարարութիւնը կատարել, երբեք թոյլ չտալով որ հալածանքը կամ հակառակութիւնը իրենց գործունէութիւնը կասեցնէ։ Եհովայի գործը պէ՛տք է՝ ու պիտի՛ կատարուի։ Անցեալ դարու ընթացքին, Վկաներուն կատարած Աստուծոյ գործը կասեցնելու բոլոր ջանքերը ի վերջոյ ձախողութեան մատնուեցան, քանի որ Եհովան խոստացած է. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է»։—Եսայեայ 54։17

19 Համաշխարհային հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի Վկաներուն աւելի զօրաւոր եւ գործունեայ ըլլալը ապացոյց մըն է թէ Եհովա իրենց ըրածը կը հաւնի։ Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս, անոր համար թշնամիս յաղթական չըլլար»։ (Սաղմոս 41։11. 56։9, 11) Աստուծոյ թշնամիները երբեք պիտի չկարենան Եհովայի ժողովուրդին վրայ յաղթանակի աղաղակ բարձրացնել, քանի որ իրենց Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս, դէպի վերջնական յաղթանակը կը յառաջանայ։

Կրնա՞ք պատասխանել

• Անցեալին որո՞նք Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելած են։

• Ճշմարիտ կրօնքը բնորոշող նշաններէն ոմանք ի՞նչ են։

• Ինչո՞ւ անհատապէս համոզուած էք որ Եհովայի Վկաները Աստուծոյ աջակցութիւնը կը վայելեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Անոնք որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելել, պէտք է իրենց ուսուցումները միա՛յն իր Խօսքին վրայ հիմնեն

[Նկար՝ էջ 15]

Քրիստոնեայ երէցները հօտին որպէս օրինակ կը ծառայեն