Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր բուժման առաջնորդող խոստովանութիւն

Հոգեւոր բուժման առաջնորդող խոստովանութիւն

Հոգեւոր բուժման առաջնորդող խոստովանութիւն

«Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան ամէն օր աղաղակելովս, վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ»։ (Սաղմոս 32։3, 4) Այս սրտաճմլիկ խօսքերով վաղեմի Դաւիթ Թագաւորը կը յայտնաբերէր զգացական խոր ցաւ մը, ցաւ մը, որ ինքն իր վրայ բերաւ լուրջ մեղք մը ծածկելով՝ փոխանակ զայն խոստովանելու։

Դաւիթ ուշագրաւ կարողութիւններու տէր մարդ մըն էր։ Ան անվեհեր ռազմիկ, հմուտ քաղաքագէտ, բանաստեղծ եւ երաժիշտ մըն էր։ Սակայն, ան ոչ թէ իր կարողութիւններուն կ’ապաւինէր, այլ՝ իր Աստուծոյն։ (Ա. Թագաւորաց 17։45, 46) Ան նկարագրուած էր որպէս մարդ մը որու սիրտը ‘Եհովայի հետ կատարեալ’ էր։ (Գ. Թագաւորաց 11։4) Սակայն, անոր գործած մէկ մեղքը յատկապէս մեղադրելի էր, եւ թերեւս 32–րդ Սաղմոսին մէջ անուղղակիօրէն անոր կ’ակնարկէր։ Կրնանք շատ բան սորվիլ իր այս մեղքին առաջնորդող պարագաները քննելով։ Պիտի նկատենք թակարդներ, որոնցմէ պէտք է խուսափինք, ինչպէս նաեւ պիտի տեսնենք մեր մեղքերը խոստովանելու կարիքը, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վերահաստատելու համար։

Հաւատարիմ Թագաւոր մը Մեղքի Մէջ Ինկաւ

Իսրայէլ ազգը Ամմոնացիներու դէմ պատերազմի մէջ էր, սակայն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ կը նստէր։ Իրիկուն մը, երբ իր պալատին տանիքը կը պտըտէր, մօտակայ տան մը մէջ գեղեցիկ կին մը տեսաւ, որ կը լոգնար։ Ան ինքնազսպում ի գործ չդրաւ, այլ սկսաւ բուռն կերպով կնոջ ցանկալ։ Տեղեկանալով թէ ան իր բանակի զինուորներէն Ուրիայի կինը՝ Բերսաբէն էր, Դաւիթ զայն բերել տուաւ եւ անոր հետ շնութիւն գործեց։ Ժամանակ մը ետք, Բերսաբէ Դաւիթի լուր ղրկեց որ յղի էր։—Բ. Թագաւորաց 11։1-5

Դաւիթ ծուղակին մէջ ինկած էր։ Եթէ իրենց մեղքը քօղազերծուէր, երկուքին ալ պատիժը մահ պիտի ըլլար։ (Ղեւտացւոց 20։10) Ուստի ան ծրագիր մը յղացաւ։ Ան Բերսաբէի ամուսինը՝ Ուրիան պատերազմէն կանչել տուաւ։ Պատերազմին մասին երկար բարակ հարցուփորձ ընելէ ետք, Դաւիթ Ուրիային հրամայեց որ տուն վերադառնար։ Դաւիթ յուսաց որ ասիկա ենթադրել պիտի տար որ Բերսաբէի կրած երախային հայրը՝ Ուրիան էր։—Բ. Թագաւորաց 11։6-9

Առ ի յուսախաբութիւն Դաւիթի, Ուրիան իր կնոջ քով չգնաց։ Ուրիա ըսաւ թէ աներեւակայելի բան մըն էր որ ինք տուն վերադառնար, մինչ բանակը պատերազմի դառնութիւններուն կը տոկար։ Երբ Իսրայէլեան բանակ մը զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկէր, տղամարդիկ սեռային յարաբերութիւններէ ետ կը կենային, նոյնիսկ իրենց կիներուն հետ։ Անոնք ծիսականօրէն մաքուր պէտք էր մնային։ (Ա. Թագաւորաց 21։5) Ապա Դաւիթ Ուրիան ճաշի հրաւիրեց եւ զինք գինովցուց, այսուհանդերձ, ան տակաւին մերժեց իր կնոջ քով երթալ։ Ուրիայի հաւատարիմ ընթացքը Դաւիթի լուրջ մեղքը դատապարտեց։—Բ. Թագաւորաց 11։10-13

Դաւիթի մեղքին հետեւանքները զինք ա՛լ աւելի կը մխրճէին ծուղակին մէջ։ Յուսահատ, ան միայն մէկ ելք գտաւ։ Ան Ուրիան ետ պատերազմի ճակատ ղրկեց, իր հետ բանակի հրամանատարին՝ Յովաբի՝ երկտող մը ղրկելով։ Այդ երկտողին միտումը բացայայտ էր. «Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ դրէ՛ք ու դուք ե՛տ քաշուեցէք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի»։ Այդ երկտողով, այս հզօր թագաւորը այնպէս ենթադրեց թէ իր մեղքին հետքերը սրբած եւ Ուրիան ալ մեռնելու ղրկած էր։—Բ. Թագաւորաց 11։14-17

Հազիւ թէ Բերսաբէ իր ամուսնոյն մահուան սուգը լրացուց, Դաւիթ զինք կնութեան առաւ։ Ժամանակը անցաւ, եւ իրենց զաւակը ծնաւ։ Այս բոլոր ժամանակամիջոցին, Դաւիթ իր մեղքերուն մասին լուռ մնաց։ Թերեւս ան կը փորձէր իր արարքները արդարացնել։ Ուրիան պատերազմի դաշտին մէջ ուրիշներու պէս պատուով չմեռա՞ւ։ Ասկէ զատ, ան իր թագաւորին հանդէպ անհնազանդ չէ՞ր գտնուած, մերժելով իր կնոջ քով երթալ։ ‘Խաբեբայ սիրտը’ ամէն տեսակ պատճառաբանութիւն պիտի հնարէ մեղքը արդարացնելու համար։—Երեմեայ 17։9. Բ. Թագաւորաց 11։25

Սայթաքումներ, Որոնք Մեղքի կ’Առաջնորդեն

Արդարութիւն սիրող Դաւիթ ի՞նչպէս կրնար շնութիւն ու մարդասպանութիւն գործելու աստիճան նուաստանալ։ Իր մեղքին սերմերը բացայայտօրէն որոշ ժամանակէ մը ի վեր սկսած էին ցանուիլ։ Թերեւս հարց տանք թէ Դաւիթ ինչո՛ւ իր մարդոց հետ չէր, Եհովայի թշնամիներուն դէմ անոնց պատերազմական արշաւներուն մէջ անոնց թիկունք կանգնելու համար։ Ընդհակառակը, Դաւիթ իր պալատին մէջ հանգիստ կ’ընէր, պատերազմի մտահոգութիւններէն այնքան հեռու, որ հաւատարիմ զինուորի մը կնոջ հանդէպ իր սխալ ցանկութիւնը իր մէջէն չկրցաւ վանել։ Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար պաշտպանութիւն մըն է, իրենց ժողովքներուն հետ հոգեւոր հետապնդումներու մէջ գործօն ըլլալը եւ աւետարանելու գործին կանոնաւորաբար մասնակցիլը։—Ա. Տիմոթէոս 6։12

Իսրայելացի թագաւորին պատուէր տրուած էր որ Օրէնքին կրկնօրինակը գրէր եւ զայն ամէն օր կարդար։ Աստուածաշունչը ասոր պատճառը կու տայ. «Որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ. որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի»։ (Բ. Օրինաց 17։18-20) Հաւանական է որ Դաւիթ այս լուրջ մեղքերը գործած միջոցին այս պատուէրին չէր հետեւեր։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը եւ անոր մասին խոկալը, այս դժուար ժամանակներուն վստահաբար մեզ պիտի պաշտպանէ յանցագործութենէ։—Առակաց 2։10-12

Ասկէ զատ, Տասը Պատուիրաններուն վերջինը յատկապէս կ’ըսէր. ‘Քու դրացիիդ կնոջը մի՛ ցանկար’։ (Ելից 20։17) Այդ ժամանակ, Դաւիթ արդէն բազմաթիւ կիներ ու հարճեր ունէր։ (Բ. Թագաւորաց 3։2-5) Սակայն ասիկա զինք չպաշտպանեց ուրիշ գրաւիչ կնկայ մը ցանկալէ։ Այս դէպքը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերուն լրջութիւնը. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։28) Փոխանակ այսպիսի անպատշաճ ցանկութիւններ սնուցանելու, թող որ բոլորս ալ զանոնք շուտով վանենք մեր մտքէն ու սրտէն։

Զղջում եւ Ողորմութիւն

Դաւիթի մեղքին մասին Աստուածաշունչի անկեղծ արձանագրութիւնը, վստահաբար անհատի մը ցանկասիրութիւնը գոհացնելու համար չէ գրուած։ Այս արձանագրութիւնը մեզի պատեհութիւն կ’ընծայէ Եհովայի յատկանշական յատկութիւններէն մէկուն՝ իր ողորմութեան՝ զօրաւոր ու ազդու մէկ յայտնաբերումին ականատես ըլլալու։—Ելից 34։6, 7

Բերսաբէ մանչ զաւկի մը ծնունդ տալէ ետք, Եհովա Նաթան մարգարէն ղրկեց Դաւիթի հետ դէմ յանդիման գալու համար։ Ասիկա ողորմած արարք մըն էր։ Եթէ մէկը Դաւիթին չմօտենար եւ ան լուռ մնար, կարելի է որ ան իր մեղաւոր ընթացքին մէջ խստանար։ (Եբրայեցիս 3։13) Բարեբախտաբար, Դաւիթ ընդառաջեց Աստուծոյ ողորմութեան։ Նաթանի ճարտար, սակայն յստակ խօսքերը Դաւիթի խղճմտանքը խթանեցին, եւ ան խոնարհաբար ընդունեց թէ Աստուծոյ դէմ մեղք գործած էր։ Իրականութեան մէջ, 51–րդ Սաղմոսը, որ Բերսաբէի հետ Դաւիթի գործած մեղքին մասին կը խօսի, յօրինուած էր իր զղջումէն ու իր լուրջ մեղքը խոստովանելէն ետք։ Թող որ բնա՛ւ թոյլ չտանք որ մեր սիրտը խստանայ, եթէ երբեք լուրջ մեղքի մը մէջ իյնանք։—Բ. Թագաւորաց 12։1-13

Դաւիթին ներում շնորհուեցաւ, սակայն ան պատիժէ կամ իր մեղքին հետեւանքներէն չխնայուեցաւ։ (Առակաց 6։27) Արդէն ի՞նչպէս կրնար այլ կերպով ըլլալ։ Եթէ Աստուած ամէն բան անտեսէր, իր չափանիշները պիտի վարկաբեկուէին։ Ան Հեղի քահանայապետին նման անհեղինակաւոր մէկը պիտի ըլլար, որ իր ամբարիշտ որդիներուն թեթեւ յանդիմանութիւն մը տուաւ, եւ թոյլատրեց որ անոնք իրենց չար գործերը շարունակէին։ (Ա. Թագաւորաց 2։22-25) Այսուհանդերձ, Եհովա սիրտը կոտրած անհատէն Իր քաղցրութիւնը չի զլանար։ Իր ողորմութիւնը, թարմացուցիչ պաղ ջուրի նման, յանցագործին պիտի օգնէ որ մեղքին հետեւանքներուն դիմանայ։ Աստուածային ներումին ջերմութիւնը եւ հաւատակիցներուն հետ շինիչ ընկերակցութիւնը, յանցագործին հոգեւորականութիւնը կրնան վերահաստատել։ Այո, Քրիստոսի փրկանքին հիման վրայ զղջացող անհատ մը, ‘Աստուծոյ շնորհքին ճոխութիւնը’ կրնայ համտեսել։—Եփեսացիս 1։7

«Մաքուր Սիրտ» եւ «Ուղիղ Հոգի» մը

Դաւիթ իր խոստովանութենէն ետք, անարժէք ըլլալու բացասական զգացումի մը տեղի չտուաւ։ Խոստովանութիւններու մասին գրած սաղմոսներուն մէջ իր արտայայտութիւնները ցոյց կու տան իր զգացած հանգստութիւնը եւ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելու իր վճռակամութիւնը։ Օրինակ, նկատի առէք 32–րդ Սաղմոսը։ Առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան»։ Մեղք մը որքան ալ լուրջ ըլլայ, կարելի է ուրախ հետեւանքներ ակնկալել, եթէ անհատը անկեղծօրէն զղջայ։ Այս անկեղծութիւնը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է, Դաւիթի նման մեր արարքներուն լման պատասխանատուութիւնը ընդունիլ։ (Բ. Թագաւորաց 12։13) Ան չփորձեց Եհովայի առջեւ ինքզինք արդարացնել կամ չջանաց ուրիշը այպանել։ 5–րդ համարը կ’ըսէ. «Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ ‘Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս’։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը»։ Անկեղծ խոստովանութիւնը հանգստութիւն կը բերէ, այնպէս որ անհատ մը այլեւս անցեալի մեղքերուն համար իր խղճին կողմէ տանջուելու հարկը չի զգար։

Եհովայէ թողութիւն պաղատելէ ետք, Դաւիթ խնդրեց. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ (Սաղմոս 51։10) «Մաքուր սիրտ» եւ «ուղիղ հոգի» մը խնդրելը, ցոյց կու տայ թէ Դաւիթ կը գիտակցէր որ մեղքի հակում մը ունէր եւ թէ Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ունէր, իր սիրտը մաքրելու եւ իր կեանքին նոր սկիզբը մը տալու համար։ Փոխանակ իր անձին վրայ խղճալու, ան վճռած էր Աստուծոյ ծառայութեան մէջ յարատեւել։ Ան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ»։—Սաղմոս 51։15

Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց Դաւիթի անկեղծ զղջումին եւ Իրեն ծառայելու անոր վճռակամ ջանքերուն։ Ան Դաւիթի հետեւեալ սրտապնդիչ երաշխիքը տուաւ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 32։8) Հոս կը գտնենք զղջացող անհատին զգացումներուն ու կարիքներուն հանդէպ Եհովայի անհատական հետաքրքրութեան մէկ երաշխիքը։ Եհովա քայլեր առաւ, Դաւիթին աւելի ներատեսութիւն՝ հարցերուն մակերեսային երեւոյթէն անդին տեսնելու կարողութիւնը՝ տալու համար։ Եթէ ապագային փորձութիւն մը դիմագրաւէր, ան պիտի կարենար իր արարքներուն հետեւանքը եւ ուրիշներուն վրայ անոնց ունենալիք ազդեցութիւնը հասկնալ, եւ պիտի կարենար խոհեմութեամբ վարուիլ։

Դաւիթի կեանքին մէջ այս դէպքը որպէս քաջալերութիւն կը ծառայէ, լուրջ մեղքի մէջ ինկած բոլոր անհատներուն։ Մեր մեղքերը խոստովանելով եւ անկեղծ զղջում ցուցաբերելով, կրնանք մեր ամենաթանկագին ստացուածքը՝ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը՝ վերագտնել։ Ժամանակաւոր վիշտն ու ամօթը, որոնց պէտք է տոկանք, շատ աւելի նախընտրելի են, քան՝ լուռ կենալուն պատճառած նեղութիւնը, կամ ըմբոստ ընթացքի մը մէջ խստանալու աղիտալի հետեւանքը։ (Սաղմոս 32։9) Փոխարէն, կրնանք սիրալիր ու ողորմած Աստուծոյ մը՝ ‘գթութեան Հօր եւ ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’՝ ջերմ ներումը վայելել։—Բ. Կորնթացիս 1։3

[Նկար՝ էջ 31]

Դաւիթ կը յուսար իր մեղքին հետեւանքներէն խուսափիլ, Ուրիան մեռնելու ղրկելով