Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրախ եւ երախտապարտ՝ հակառակ սրտաբեկ կորուստի

Ուրախ եւ երախտապարտ՝ հակառակ սրտաբեկ կորուստի

Կենսագրութիւն

Ուրախ եւ երախտապարտ՝ հակառակ սրտաբեկ կորուստի

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՆԱՆՍԻ Ի. ՓՈՐԹԸՐ–Ի ԿՈՂՄԷ

Ջերմ երեկոյ մըն է, Միացեալ Նահանգներու հարաւ–արեւելքը գտնուող Պահամաս կղզիներուն մէջ, 5 Յունիս 1947–ին։ Գաղթականութեան գրասենեակի պաշտօնեայ մը, ինծի ու ամուսնոյս՝ Ճորճին՝ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ։ Ան մեզի նամակ մը յանձնելով ըսաւ թէ այլեւս կղզիներուն մէջ մեր ներկայութիւնը բաղձալի չէր, եւ թէ՝ «անմիջապէս գաղութէն պէտք էր» մեկնէինք։

ՃՈՐՃԸ եւ ես առաջին Եհովայի Վկայ միսիոնարներն էինք, որ եկած էինք Նասաու՝ Պահամասի ամենամեծ քաղաքը։ Հոս նշանակուած էինք, հիւսիսային Նիւ Եորքի մէջ միսիոնարական դպրոցէն՝ Գաղաադու ութերորդ դասարանէն՝ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք։ Ի՞նչ ըրած էինք այսպիսի զօրաւոր հակազդեցութեան մը արժանանալու համար, միա՛յն երեք ամսուան կեցութենէ մը ետք։ Իսկ ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ աւելի քան 50 տարի ետք, տակաւին ես հոս կը գտնուիմ։

Ծառայութեան Համար Մարզում

Հայրս՝ Հէրի Քիլնըր, կեանքի ասպարէզիս վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունեցաւ։ Ան ինծի համար հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ, Եհովայի Վկայ մը ըլլալու համար բազմաթիւ զոհողութիւններ ընելով։ Թէեւ վատառողջ էր, սակայն գրեթէ ամէն շաբաթավերջ քարոզչութեան կ’երթար, Թագաւորութեան շահերը նախանձախնդրաբար առաջին տեղը դնելով։ (Մատթէոս 6։33) Նիւթապէս տկար էինք, սակայն, 1930–ական թուականներուն Լէթպրիճի մէջ (Ալպերթա, Քանատա) կօշիկի իր խանութը հոգեւոր գործունէութեան կեդրոն մըն էր։ Ամենէն վաղ յիշատակներուս մաս կը կազմեն Եհովայի Վկաներու լիաժամ ծառաներ, կամ ռահվիրաներ, որոնք մեր տունը կ’այցելէին եւ մեր հետ փորձառութիւններ կը բաժնէին։

1943–ին, ռահվիրայական ծառայութիւնս սկսայ Ֆորթ Մաքլէոտ եւ Քլէրզհոմի մօտ, Ալպերթա։ Այդ ժամանակ, Քանատայի մէջ մեր քարոզչութիւնը արգելքի տակ էր, Բ. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, հակառակորդներուն կողմէ ապատեղեկատուութեան պատճառաւ։ Մեր թաղամասը մէկ ծայրէն միւսը 100 քիլոմեթր տարածութեան վրայ կ’երկարէր, սակայն երիտասարդ եւ կայտառ ըլլալով, դժուար չէր հեծանիւով կամ քալելով շրջանին մէջ գտնուող փոքր համայնքները եւ ագարակները այցելել։ Այդ միջոցին, Գաղաադու կարգ մը շրջանաւարտներու հետ խօսակցելու առիթը ունեցայ, եւ անոնց փորձառութիւնները իմ մէջս միսիոնար ըլլալու փափաքը արթնցուցին։

1945–ին, Ճորճ Փորթըրի հետ ամուսնացայ, որ Սէսկէչէուանէն էր, Քանատա։ Իր ծնողները 1916–էն ի վեր եռանդուն Վկաներ էին, եւ ինք ալ որպէս ասպարէզ լիաժամ ծառայութիւնը ընտրած էր։ Մեր առաջին նշանակումը Նորթ Վանքուվըրի գեղեցիկ Լին Վէլին եղաւ, Քանատա։ Անկէ քիչ ետք, Գաղաադ հրաւիրուեցանք։

Տարիներու ընթացքին աստուածաբանական զանազան դպրեվանքերու շրջանաւարտներու հետ խօսած եմ եւ տեսած եմ թէ ի՛նչպէս անոնց աստուածաբանական մարզումը, Աստուծոյ ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ անոնց հաւատքը մաշեցուցած է։ Ասոր հակառակը, Գաղաադի մէջ մեր սորված բաները, մտածելու մեր կարողութիւնը սրած, եւ մանաւանդ, Եհովա Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացուցած են։ Մեր դասընկերները նշանակուեցան Չինաստան, Սինկաբուր, Հնդկաստան, Ափրիկեան ու Հարաւային Ամերիկեան երկիրներ եւ այլուր։ Տակաւին մտքիս մէջ վառ է այն խոր յուզումը, երբ գիտցանք թէ մեր նշանակումը Պահամասի արեւադարձային կղզիներն էին։

Ի՛նչպէս Կրցանք Մնալ

Մեր դասընկերներուն ճամբորդութիւններուն հետ համեմատած, դէպի Պահամաս մեր ճամբորդութիւնը կարճ էր։ Շատ չանցած սկսանք վայելել ջերմ օդը, կապոյտ երկինքը, փիրուզ ջուրը, բաց գոյնով տուները, եւ անհամար հեծանիւները։ Սակայն, առաջին խոր տպաւորութիւններուս մաս կը կազմէ՝ Վկաներու հինգ հոգինոց խմբակը, որ մեզի կը սպասէր երբ մեր նաւը ժամանեց։ Շուտով սորվեցանք թէ այս տեղի մշակոյթը շա՜տ տարբեր էր մեր գիտցածէն։ Օրինակ, ամուսինէս խնդրուեցաւ որ մարդոց առջեւ ինծի սիրելիս չկանչէ, քանի որ այդ արտայայտութիւնը սովորաբար արտամուսնական յարաբերութիւններու համար կը գործածուէր։

Շատ չանցած, կղերները ժողովուրդին մէջ ազատօրէն մեր շրջագայիլը ակներեւաբար վտանգ մը նկատելով, սուտ կերպով ամբաստանեցին թէ մենք Համայնավարներ ենք։ Որպէս հետեւանք, երկիրը ձգելու հրամանը ստացանք։ Սակայն, կղզեբնակ Վկաները՝ որոնց թիւը այդ օրերուն 20–էն նուազ էր՝ անմիջապէս հազարաւոր ստորագրութիւններ հաւաքեցին, մեզի հոն մնալու արտօնութիւն շնորհելու խնդրագրի մը վրայ։ Այսպիսով, վտարման հրամանագիրը չեղեալ համարուեցաւ։

Դէպի Նոր Թաղամաս

Աստուած սիրող սրտերու մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը արագօրէն ծիլ տուաւ, ուստի Գաղաադէն յաւելեալ միսիոնարներ ղրկուեցան Պահամաս։ Ապա, 1950–ին, մասնաճիւղի գրասենեակ մը հաստատուեցաւ։ Տասը տարի ետք, Միլթըն Հէնչըլ՝ Պրուքլին, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի անձնակազմին մէկ անդամը, Պահամաս այցելեց եւ միսիոնարներուն հարցուց թէ ոեւէ մէկը կ’ուզէ՞ր Պահամասի մէկ այլ կղզին երթալ եւ քարոզչութեան ձեռնարկել։ Ճորճը եւ ես յօժարեցանք, եւ այսպիսով սկսաւ 11 տարուան մեր կեցութիւնը Լոնկ Այլընտի մէջ։

Այս կղզին, որ Պահամասը կազմող բազմաթիւ կղզիներէն մէկն է, 140 քիլոմեթր երկայնք եւ 6 քիլոմեթր լայնք ունի, եւ այդ օրերուն իսկական գիւղաքաղաքներ չունէր։ Մայրաքաղաքին՝ Քլէրընս Թաունի մէջ, շուրջ 50 տուներ կային։ Կեանքը շատ նախնական էր, տուներու մէջ ելեկտրականութիւն, ջուր, խոհանոց կամ ջրմուղային սարքեր չկային։ Հետեւաբար, ստիպուած էինք յարմարիլ այդպէս կոչուած կղզիի կեանքին։ Հոս մարդոց առողջութիւնը խօսակցութեան նախասիրուած նիւթն էր։ Սորվեցանք մեր բարեւներուն մէջ հետեւեալը չհարցնել, «Ի՞նչպէս էք այսօր», քանի որ յաճախ անհատին բժշկական ամբողջ պատմութիւնը պարփակող երկար պատասխան մը կ’ըլլար։

Մեր վկայութեան մեծ մասը խոհանոցէ խոհանոց կ’ըլլար, քանի որ մարդիկ սովորաբար կը գտնուէին յարդէ երդիք եւ փայտով օճախ մը ունեցող իրենց արտաքին խոհանոցին մէջ։ Համայնքները գլխաւորաբար կը բաղկանային աղքատ, սակայն շատ ազնիւ հողագործներէ կամ ձկնորսներէ։ Անոնց մեծ մասը ո՛չ միայն կրօնասէր էին, այլ նաեւ շատ նախապաշարուած։ Անսովոր պատահարները սովորաբար կը մեկնաբանուէին որպէս նախանշաններ։

Կղերները պարզապէս մարդոց տուներէն ներս կը մտնէին անկոչ կերպով, եւ մեր ձգած սուրբ գրային գրականութիւնները կը պատռէին։ Այս կերպով երկչոտները կը վախցնէին, սակայն, ամէնքը անոնցմէ չէին վախնար։ Օրինակ, 70 տարեկան անվախ կին մը մերժեց սպառնալիքներուն տեղի տալ։ Ան ուզեց անձամբ Աստուածաշունչը հասկնալ, եւ ի վերջոյ ուրիշ քանի մը հոգիներու հետ ան Վկայ մը դարձաւ։ Մինչ սկսանք մարդոց մէջ աւելի հետաքրքրութիւն գտնել, Ճորճը ստիպուած կ’ըլլար կարգ մը Կիրակիներ 300 քիլոմեթր քշել, այսպիսիներուն օգնելու համար որ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուին։

Առաջին քանի մը ամիսներուն, երբ ուրիշ Վկաներ չկային, Ճորճը եւ ես մեր հոգեւորականութիւնը պահպանեցինք, քրիստոնէական բոլոր ժողովները կանոնաւորաբար ունենալով։ Ասկէ զատ, ժրաջան յայտագրի մը հետեւեցանք՝ ամէն Երկուշաբթի գիշեր Դիտարան–ին նիւթը ուսումնասիրելով եւ Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութիւնը ընելով։ Նաեւ՝ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի բոլոր թիւերը կը կարդայինք, անմիջապէս որ ստանայինք։

Հայրս մահացաւ, մինչ մենք Լոնկ Այլընտ էինք։ Յաջորդ ամրան, 1963–ին, կարգադրութիւն ըրինք որ մայրս գար եւ մեր մօտերը բնակէր։ Թէեւ ան յառաջացած տարիք մը ունէր, սակայն բաւական լաւ յարմարեցաւ այս փոփոխութեան եւ Լոնկ Այլընտի մէջ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 1971։ Ներկայիս, Լոնկ Այլընտի մէջ ժողովք մը կայ, որ Թագաւորութեան նոր Սրահ մը ունի։

Սրտաճմլիկ Մարտահրաւէր մը

1980–ին, Ճորճ զգաց թէ իր առողջութիւնը սկսած էր վատթարանալ։ Այսպիսով սկսաւ կեանքիս ամենէն ցաւալի փորձառութիւններէն մէկը՝ դիտել իմ սիրելի ամուսնոյս, գործակիցիս, եւ ընկերակիցիս Ալզայմըրի հիւանդութեան բռնուիլը։ Անոր ամբողջ անձնաւորութիւնը փոխուեցաւ։ Վերջին եւ ամենէն ջախջախիչ մասը տեւեց շուրջ չորս տարի, մինչեւ իր մահը՝ 1987–ին։ Ան որքան որ կրնար ծառայութեան եւ ժողովներուն ինծի կ’ընկերակցէր, թէեւ շատ անգամ անոր թափած ջանքը զիս կը լացնէր։ Իր մահուընէ ետք մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ցուցաբերած սէրը ի՛րապէս մխիթարած է, սակայն տակաւին շատ կը կարօտնամ զինք։

Մեր ամուսնութեան ամենէն արժէքաւոր երեսակներէն մէկը, մեր յաճախակի եւ հաճելի հաղորդակցութիւնն էր։ Հիմա որ Ճորճը ալ չկայ, շատ երախտապարտ եմ որ Եհովա իր ծառաները կը հրաւիրէ որ «անդադար աղօթք» ընեն, եւ «ստէպ աղօթքի» կենան, եւ «ամէն ատեն աղօթք» ընեն։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Հռովմայեցիս 12։12. Եփեսացիս 6։18) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած է։ Իրապէս կը զգամ սաղմոսերգուին նման որ երգեց. «Օրհնեալ ըլլայ Եհովան, որ ամէն օր մեր տեղը կը կրէ մեր բեռը»։ (Սաղմոս 68։19, ՆԱ) Օրը օրին ապրիլը, սահմանափակումներս ընդունիլը, եւ ամէն օրուան բերած օրհնութիւններուն համար շնորհապարտ ըլլալը՝ ինչպէս Յիսուս խրատեց՝ արդարեւ լաւագոյն ապրելակերպն է։—Մատթէոս 6։34

Ծառայութեան Ուրախ Վարձատրութիւնները

Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը ինծի օգնած է որ միայն անցեալով չապրիմ։ Այս կերպով կարող կ’ըլլամ յաղթահարել այն յոյզերը, որոնք կրնան յուսալքումի առաջնորդել։ Ուրիշներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցնելը ուրախութեան մասնաւոր աղբիւր մը եղած է։ Անիկա կանոնաւոր հոգեւոր վարժութիւն մը կը հայթայթէ, որ կեանքիս հաստատ կառոյց եւ կայունութիւն տուած է։—Փիլիպպեցիս 3։16

Անգամ մը կին մը հեռաձայնեց ինծի, որու Թագաւորութեան պատգամը տուած էի շուրջ 47 տարիներ առաջ։ Ան, 1947–ին Պահամաս հասնելէն ետք մեր առաջին Աստուածաշունչի աշակերտներէն մէկուն աղջիկն էր։ Անոր մայրը, հայրը եւ բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի Վկաներ եղան, ինչպէս նաեւ՝ անոնց զաւակներն ու թոռները։ Իրականութեան մէջ, այս կնկան ընտանիքէն աւելի քան 60 անդամներ Վկաներ են։ Սակայն, ինք անհատապէս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը երբեք չընդունեց։ Բայց այժմ, ան վերջապէս պատրաստ էր Եհովա Աստուծոյ ծառայ մը ըլլալու։ Որքա՜ն ուրախութիւն է տեսնել Ճորճին եւ իմ հոն եղած ժամանակ Պահամասի մէջի ափ մը Վկաներուն, աւելի քան 1,400–ի հասնիլը։

Երբեմն ոմանք կը հարցնեն ինծի թէ կը զղջա՞մ զաւակներ չունենալուս համար։ Անշուշտ, զաւակներ ունենալը օրհնութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն, հոգեւոր զաւակներուս, թոռներուս եւ թոռնորդիներուս կողմէ ինծի հանդէպ յարատեւ ցուցաբերուած սէրը, բան մըն է որ հաւանաբար բոլոր մարմնաւոր ծնողներ զայն չեն վայելած։ Իրապէս, անոնք որոնք ‘բարիք կը գործեն’ եւ ‘բարի գործերով հարուստ են’, ամենէն ուրախ մարդիկն են։ (Ա. Տիմոթէոս 6։18) Այդ պատճառով ինքզինքս ծառայութեան մէջ զբաղած կը պահեմ, առողջութեանս ներած չափով։

Օր մը երբ ատամնաբոյժի մը գրասենեակն էի, կին մը ինծի մօտենալով ըսաւ. «Դուն զիս չես ճանչնար, բայց ես քեզ կը ճանչնամ եւ կ’ուզեմ որ գիտնաս թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ապա սկսաւ պատմել թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ճանչցած էր եւ որքա՛ն երախտապարտ էր որ մենք՝ միսիոնարներս, Պահամաս եկած էինք։

Ուրիշ առիթով մը, արձակուրդէն վերադարձիս, Եհովայի Վկաներու Նասաուի մասնաճիւղին մէջ, այժմ ապրած սենեակիս դրան վրայ վարդ մը գտայ։ Անոր վրայ նոթ մը կար, «Ուրախ ենք որ տուն եկար»։ Սիրտս երախտագիտութեամբ կը յորդի եւ կը մղուիմ Եհովան աւելի սիրել, երբ տեսնեմ որ իր Խօսքը, կազմակերպութիւնը եւ հոգին ի՛նչպիսի անհատներ մէջտեղ բերած են։ Ի՛րապէս, Եհովա մեզի թիկունք կը կանգնի յաճախ մեր շուրջը գտնուողներուն միջոցաւ։

Երախտագիտութեամբ կը Յորդիմ

Կեանքս միշտ ալ դիւրին եղած չէ, ոչ ալ անոր կարգ մը այժմու երեսակները դիւրին են։ Սակայն, շնորհապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունիմ. ծառայութեան ուրախութիւնը, բազմաթիւ Քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու սէրն ու խանդաղատանքը, Եհովայի կազմակերպութեան սիրալիր հոգատարութիւնը, Աստուածաշունչի գեղեցիկ ճշմարտութիւնները, յարութեան ժամանակ սիրելիներուս հետ ըլլալու յոյսը, եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառայի մը հետ 42 տարուան ամուսնական կեանքի մը յիշատակները։ Մեր ամուսնութենէն առաջ, աղօթած էի որ կարենայի միշտ ամուսնոյս օգնական ձեռք մը ըլլալ, որպէսզի ան լիաժամ ծառայութեան մէջ մնար, զոր շատ կը սիրէր։ Եհովա քաղցրութեամբ պատասխանեց այդ աղօթքիս։ Ուստի կ’ուզեմ Եհովայի հանդէպ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել, միշտ իրեն հաւատարիմ մնալով։

Պահամասը անուանի վայր մը դարձած է զբօսաշրջիկներու համար, որոնք հազարաւոր տոլարներ կը ծախսեն հոս գալու եւ արեւադարձային հաճոյքները վայելելու համար։ Իր կազմակերպութեան նշանակած տեղը Եհովայի ծառայելու ընտրութիւնս ըրած ըլլալով, այս կղզիներուն մէկ ծայրէն միւսը ճամբորդելու ուրախութիւնը ունեցած եմ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Սակայն, աւելի կարեւորը, սիրալիր Պահամացիներուն սքանչելի սէրը ճանչցած ու գնահատած եմ։

Շա՛տ երախտապարտ եմ անոնց՝ որոնք ճշմարտութիւնը բերին ծնողքիս, որոնք իրենց կարգին իմ մատղաշ մտքիս ու սրտիս մէջ զետեղեցին առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռելու զօրաւոր փափաքը։ Ներկայիս Եհովայի դեռահասակ ծառաները նոյնպէս կրնան բազմաթիւ օրհնութիւններ ստանալ, եթէ անոնք մտնեն այն ‘մեծ դռնէն’, որ ընդլայնուած ծառայութեան մը հոյակապ պատեհութիւններու կ’առաջնորդէ։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Դուք ալ երախտագիտութեամբ պիտի յորդիք, եթէ ձեր կեանքը գործածէք «աստուածներուն Աստուածը»՝ Եհովան պատուելու համար։—Բ. Օրինաց 10։17. Դանիէլ 2։47

[Նկար՝ էջ 24]

1944–ին՝ Վիքթորիա Պի.Սի.–ի մէջ, փողոցի քարոզչութեան ընթացքին

[Նկար՝ էջ 24]

Ճորճը եւ ես Գաղաադու Դպրոցը յաճախեցինք 1946–ին

[Նկար՝ էջ 25]

1955–ին, Ճորճին հետ Նասաուի, Պահամաս, միսիոնարական տան դիմաց

[Նկար՝ էջ 26]

Տէտմէնզ Գէյի միսիոնարական տունը, ուր ծառայեցինք 1961-1972