Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չափանիշներ կը փոխուին, վստահութիւնը կը դաւաճանուի

Չափանիշներ կը փոխուին, վստահութիւնը կը դաւաճանուի

Չափանիշներ կը փոխուին, վստահութիւնը կը դաւաճանուի

Անգլիոյ Հէնրի Ա. Թագաւորին օրերուն (1100-1135), մէկ կանգունը՝ «Թագաւորին քթին ծայրէն մինչեւ բթամատին ծայրը» երկարող հեռաւորութիւնն էր։ Հէնրի Թագաւորին հպատակներուն ձողաչափերը որքանո՞վ ճշգրիտ էին։ Թագաւորին հետ անձամբ տեսակցութիւն մը, երեւութապէս միակ միջոցն էր ասկէ վստահ ըլլալու համար։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ չափերը աւելի ճշգրտօրէն սահմանուած են՝ չափերու միաւորներով։ Հետեւաբար, մեթրը սահմանուած է որպէս մէկ երկվայրկեանի մէջ դատարկութեան մէջ լոյսին ճամբորդած հեռաւորութիւնը, բաժանեալ 299,792,458։ Ճշգրիտ ըլլալու համար, այս լոյսը անփոփոխ ալիքներու երկարութիւն մը ունի եւ մասնայատուկ լէյզըրէ մը կը շողարձակուի։ Եթէ մարդիկ այս չափանիշը վերարտադրելու գործիքը ունենան, անոնք ամէնուրեք կրնան ստուգել թէ իրենց ունեցած երկայնութեան չափը, բոլորին ունեցածին նման է։

Չափերու միաւորներու մէջ փոփոխութիւնը, որքան ալ չնչին ըլլայ, կրնայ անկայունութիւն պատճառել, եւ մեծ ջանքեր կը թափուին չափանիշները պաշտպանելու համար։ Օրինակ, Բրիտանիոյ մէջ, ծանրութիւնը չափելու միաւորը, լուսնոսկիէ (փլէթինըմ) ու իրիդիոնէ (իրիտիըմ) բաղադրուած գլան մըն է, որ մէկ քիլոկրամ կը կշռէ։ Այս գլանը կը պահուի Ազգային Բնագիտական Տարրալուծարանին մէջ։ Ինքնաշարժներու եւ անցնող օդանաւերու պատճառած ապականութիւնը, պատճառ կ’ըլլայ որ քիլոկրամի միաւորին ծանրութիւնը ամէն օր աւելնայ։ Սակայն, այս մետաղէ գլանը, համաշխարհային չափանիշին մէկ կրկնօրինակն է, որ կը պահուի երեք զանգակաձեւ սափորներու տակ, ստորերկրեայ նկուղի մը մէջ, Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի Կշիռներու եւ Չափերու Միջազգային Գրասենեակին մէջ։ Սակայն, նոյնիսկ այս իրին ծանրութիւնը փոփոխութեան կ’ենթարկուի, աննշմարելի ապականութեան առ ի հետեւանք։ Ցարդ, աշխարհի չափագէտները աւելի կայուն չափանիշ մը չեն հնարած։

Թէեւ սովորական անհատի մը համար չնչին փոփոխութիւնները էական չեն, սակայն, չափի ամբողջական փոփոխութիւն մը կրնայ շփոթութիւն պատճառել։ Բրիտանիոյ մէջ, կշիռքի պաշտօնական չափը (փաունտ եւ աունս) մեթրական դրութեամբ (քիլոկրամ եւ կրամ) փոխարինելը, բաւական անվստահութիւն ստեղծեց, եւ իրաւացի պատճառով։ Կարգ մը զեղծարար նպարավաճառներ, չափերու այս նոր դրութիւնը շատերուն անծանօթ ըլլալը օգտագործեցին, իրենց յաճախորդները խաբելու համար։

Ընտանեկան եւ Բարոյական Չափանիշներ

Ի՞նչ կրնանք ըսել ընտանեկան եւ բարոյական չափանիշներու փոփոխութեան մասին։ Այսպիսի փոփոխութեան ազդեցութիւնները շատ աւելի վնասակար կրնան ըլլալ։ Ընտանիքի քայքայումը, սեռային անբարոյ վարքը, եւ երախաներու համատարած չարաշահումը, շատերը կը սարսափեցնեն եւ կը հաստատեն թէ կ’ապրինք չափանիշներու անկում կրող դարաշրջանի մը մէջ։ Մէկ ծնողով ընտանիքներ, նոյն սեռի պատկանող «ծնողներու» կողմէ մեծցած երախաներ, եւ տեղական հեղինակութիւններու հոգատարութեան յանձնուած մանուկներու սոսկալի սեռային չարաշահումը, հետեւանքն են ընդունելի չափանիշներուն կռնակ դարձնող մարդոց արարքներուն։ Հետզհետէ մարդիկ աւելի «անձնասէր, . . . անգութ, . . . բարին չսիրող, . . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» կը դառնան, ինչպէս Աստուածաշունչը մարգարէացած էր շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-4

Բարոյական չափանիշներու անկումը ձեռք ձեռքի կ’ընթանայ վստահութեան անգութ դաւաճանութեան հետ։ Վերջերս, բժշկագիտական մարզի բարոյագիտական չափանիշներէն բացայայտ շեղումներ քօղազերծուեցան հիւսիսային Անգլիոյ մէկ գիւղաքաղաքին՝ Հայտի մէջ, ուր բնակիչները իրենց «յարգուած եւ վստահելի» ընտանեկան բժիշկներուն կը վստահէին իրենց գաղտնիքը։ Սակայն դժբախտաբար, անոնց վստահութիւնը դաւաճանուեցաւ։ Ի՞նչպէս։ Դատական տեղեկագրութիւնները յայտնեցին թէ բժիշկ մը իր հիւանդներէն առնուազն 15 կիներու մահուան պատճառ եղած է։ Արդարեւ, ոստիկանութիւնը ստիպուեցաւ վերաքննութեան ենթարկել այս բժիշկին հետ առնչուող աւելի քան 130 այլ մահեր։ Վստահութեան դաւաճանման տարողութիւնը ա՛լ աւելի շեշտուեցաւ, երբ բժիշկը յանցաւոր գտնուելով բանտարկուեցաւ։ Երկու բանտապահներ, որոնց մայրը հաւանաբար այս բժիշկին կողմէ սպաննուած էր, տարբեր նշանակումներ ստացան, այս վատահամբաւ բանտարկեալին հոգ տանելէն հեռացուելու համար։ Զարմանալի չէ որ Տէյլի Թէլէկրէֆ–ին մէջ այս դատին մասին եղած տեղեկագրութիւն մը, այս յանցաւոր բժիշկը նկարագրեց որպէս «‘Բանսարկու’ բժիշկ»ը։

Կեանքի բազմաթիւ մարզերուն մէջ չափանիշներու փոփոխութեան եւ անկումին ի տես, մեր վստահութիւնը որո՞ւ վրայ կրնանք դնել։ Ո՞ւր կրնաք գտնել անփոփոխ չափանիշներ, որոնց ետին գտնուի հեղինակութիւն մը, որ զօրութիւնը ունենայ զանոնք կանգուն պահելու։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։