Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բարեկամին տուած վէրքերը»

«Բարեկամին տուած վէրքերը»

«Բարեկամին տուած վէրքերը»

ՊՕՂՈՍ առաքեալ հարկը տեսաւ առաջին դարու Գաղատիոյ Քրիստոնեաներուն որոշ սրբագրիչ խրատ մատակարարելու։ Հաւանաբար, որեւէ ընդվզում չյառաջացնելու համար, ան հարցուց. «Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար»։—Գաղատացիս 4։16

‘Ճշմարիտը խօսելով’, Պօղոս իրենց թշնամին չէր եղած։ Իրականութեան մէջ, ան Աստուածաշունչի հետեւեալ սկզբունքին համաձայն գործած էր. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են»։ (Առակաց 27։6) Ան գիտէր թէ յանցագործներուն արժանապատուութիւնը կրնար վիրաւորուիլ։ Այսուհանդերձ, ան գիտէր նաեւ թէ մեղաւորի մը հարկ եղած յանդիմանութիւնը չտալը, կրնար նշանակել՝ անհատը զրկել Եհովա Աստուծոյ սիրոյն մէկ արտայայտութենէն։ (Եբրայեցիս 12։5-7) Հետեւաբար, որպէս ժողովքին երկարատեւ շահերը ի մտի ունեցող հաւատարիմ բարեկամ մը, Պօղոս սրբագրիչ խրատներ մատակարարելէ ետ չկեցաւ։

Ներկայիս, Եհովայի Վկաները կը կատարեն իրենց տրուած յանձնարարութիւնը, որ է՝ ‘բոլոր ազգերը աշակերտել . . . սորվեցնել անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց’։ Երբ ասիկա կ’ընեն, այս անկեղծ Քրիստոնեաները զիջումներ չեն ըներ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մէջ, որոնք վարդապետական սխալներ եւ քրիստոնէավայել չեղող վարմունքը կը քօղազերծեն ու կը դատապարտեն։ (Մատթէոս 15։9. 23։9. 28։19, 20. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Անոնք փոխանակ ձեր թշնամիները ու վանողական ըլլալու, ձեզի հանդէպ անկեղծ բարեկամներու յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։

Աստուծմէ ներշնչուած ներատեսութեամբ, սաղմոսերգուն գրեց. «Արդարը թող զիս զարնէ, այն ողորմութիւն է. եւ զիս յանդիմանէ, այն գլխու իւղ է. իմ գլուխս չմերժէ զանիկա»։—Սաղմոս 141։5, Արեւմտահայերէն