Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրա՞մդ՝ թէ՛ կեանքդ

Դրա՞մդ՝ թէ՛ կեանքդ

Դրա՞մդ՝ թէ՛ կեանքդ

Հաւանաբար լսած ըլլալու էք աւազակներու մասին, որոնք իրենց զոհերուն դէմքին ատրճանակ կը բռնէին ու կը պահանջէին. «Դրա՛մդ՝ կամ կեանքդ»։ Ներկայիս, այս հանրածանօթ պահանջը դժուար խնդրի մը վերածուած է, որու հետ դէմ յանդիման կու գանք, մանաւանդ հարուստ երկիրներու մէջ ապրողներս։ Սակայն, այս անգամ, մեր վրայ այս պահանջը պարտադրողը աւազակ մը չէ։ Այլ, դրամի ու նիւթական ստացուածքի վրայ ընկերութեան դրած աւելի մեծ շեշտն է։

ԱՅՍՊԻՍԻ շեշտ մը բոլորովին նոր հարցեր ու մտահոգութիւններ յարուցանած է։ Դրամն ու նիւթական ստացուածքները ի՞նչ գնով պէտք է հետապնդուին։ Կրնա՞նք աւելի նուազով գոհանալ։ Ներկայիս, արդեօք մարդիկ իրապէս «ճշմարիտ կեանքը» չե՞ն զոհեր նիւթապաշտութեան սեղանին վրայ։ Դրամը ուրախ կեանքի մը առաջնորդող միջո՞ցն է։

Դրամի Մոլութիւնը

Մարդկային ցանկութիւններուն եւ տենչերուն մէջ՝ ըլլան իրաւացի թէ այլ՝ դրամի սէրը առաջնահերթ դիրքը կը գրաւէ։ Սեռի եւ ուտելիքի ցանկութենէն տարբեր ըլլալով, դրամի մոլութիւնը կրնայ յարատեւ եւ անվերջ ըլլալ։ Այնպէս կը թուի թէ յառաջացած տարիքն անգամ չի յագեցներ զայն։ Շատ մը պարագաներու, յառաջացած տարիքը կրնայ դրամի մասին, կամ անոր գնելու արժէքին նկատմամբ անհատին հետաքրքրութիւնը կամ շահագրգռութիւնը աւելցնել։

Կը թուի թէ դրամի հանդէպ ագահութիւնը վերելք կ’արձանագրէ։ Հանրածանօթ շարժապատկերի մը գլխաւոր հերոսը ըսաւ. «Ագահութիւնը շահաբեր է։ Ագահութիւնը օգտակար է»։ Թէեւ շատեր, 1980–ական թուականներուն կը մատնանշեն որպէս Ագահութեան Դարաշրջան, սակայն, անոր նախորդող կամ յաջորդող տարիները ցոյց կու տան, թէ դրամի հանդէպ մարդոց հակազդեցութիւնը տարիներու ընթացքին շատ փոփոխութիւն չէ կրած։

Թերեւս նորութիւնը այն է թէ շատեր աւելին ունենալու իրենց ցանկութիւնը անմիջապէս յագեցնելու պատեհութիւններ կը տեսնեն։ Այդպէս կը թուի թէ մարդոց մեծամասնութիւնը իր ժամանակին ու կորովին մեծ մասը կը վատնէ, հետզհետէ աւելի բաներ արտադրելով եւ ձեռք ձգելով։ Թերեւս կը համաձայնիք թէ ներկայ կեանքին մէջ նիւթական ստացուածքներ ունենալը եւ դրամ ծախսելը հիւանդագին բաղձանք՝ ու յաճախ շատ ստեղծագործական զբաղմունք մը դարձած է։

Սակայն, ասիկա մարդիկը աւելի ուրախ դարձուցա՞ծ է։ Այդ հարցումին պատասխանելով, իմաստուն եւ շատ հարուստ Սողոմոն Թագաւոր 3,000 տարի առաջ գրեց. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է»։ (Ժողովողի 5։10) Արդի ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններ, նոյնանման հետաքրքրական եզրակացութիւններ կը հայթայթեն։

Դրամը եւ Ուրախութիւնը

Մարդկային վարուելակերպին վերաբերեալ ամենէն զարմանալի յայտնաբերումներէն մէկը այն է, թէ դրամ ու նիւթական ստացուածքներ դիզելը, անպայմանօրէն նոյն չափով գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն չ’ապահովեր։ Շատ մը հետազօտողներ անդրադարձած են, թէ անգամ մը որ անհատը հարստութեան որոշ մակարդակի մը հասնի, գոհունակութեան եւ ուրախութեան իր զգացումը իրեն մատչելի եղած նիւթական բարիքներուն շատութենէն կախեալ չ’ըլլար։

Հետեւաբար, նիւթական ստացուածքներու եւ դրամի անսանձ հետապնդումը, պատճառ կ’ըլլայ որ շատեր հարց տան, ‘Մեր գնած իւրաքանչիւր նոր առարկայ մեզի հաճոյք կը պատճառէ. սակայն ամէն բան նկատի առնելէ ետք, ինչո՞ւ այս հաճոյքները գոհունակութեան աւելի մեծ զգացում մը չեն տար’։

Ուրախ Մարդիկ խորագրով իր գրքին մէջ, հեղինակ Ճոնաթան Ֆրիտմէն կը նշէ. «Անգամ մը որ նուազագոյն եկամուտ ձեռք ձգէք, ձեր ունեցած դրամին քանակը ուրախութիւն բերելու մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն չունենար։ Աղքատութեան մակարդակէն վեր, եկամուտի եւ ուրախութեան միջեւ յարաբերութիւնը յատկանշականօրէն չնչին է»։ Շատեր անդրադարձած են թէ անհատին իսկական ուրախութեան նպաստող բաները, իր հոգեւոր ստացուածքները, կեանքի մէջ իմաստալից զբաղմունքները եւ բարոյական արժանիքներն են։ Նաեւ կարեւոր են, ուրիշներու հետ փոխյարաբերութիւնները եւ պայքարներէ կամ ճնշումներէ զերծ ըլլալը, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մեր ունեցածը վայելելու։

Շատեր ներկայ ընկերային դժբախտութիւններուն բուն պատճառը՝ հոգեկան խնդիրները լուծելու համար, նիւթական բարգաւաճութիւնը գործածելու հակումին մէջ կը տեսնեն։ Կարգ մը ընկերաբաններ կը խօսին յոռետեսութեան եւ դժգոհութեան ընդհանուր տրամադրութեան մը մասին։ Անոնք նաեւ կը նշեն թէ հարուստ շրջանակներու մէջ մարդիկ հետզհետէ աւելի յաճախ հոգեբաններու կը դիմեն, կամ՝ կուրու–ներու, աղանդներու եւ ենթադրեալ դարման մատակարարող խումբերու մօտ կեանքի իմաստ եւ մտքի խաղաղութիւն կը փնտռեն։ Ասիկա կը հաստատէ թէ նիւթական ստացուածքները չեն կրցած կեանքին իսկական իմաստ մը տալ։

Դրամին Զօրութիւնը եւ Անզօրութիւնը

Ճիշդ է որ դրամը զօրութիւն ունի։ Անիկա կրնայ ընտիր տուներ, վայելուչ հագուստներ, եւ շլացուցիչ կահկարասիք գնել։ Անիկա նաեւ կրնայ գնել ուրիշներու հիացմունքը, հաճութիւնը կամ փաղաքշանքը, նոյնիսկ քանի մը ժամանակաւոր ու պատրաստակամ բարեկամներ ունենալու օգնել։ Սակայն, դրամին զօրութիւնը անկէ աւելին չի կրնար ընել։ Դրամը չի կրնար գնել այն բաները՝ որոնց անհրաժեշտ կարիքը ունինք, իսկական բարեկամի մը սէրը, մտքի խաղաղութիւն, մահուան անկողինին վրայ քիչ մը անկեղծ մխիթարութիւն։ Իսկ Ստեղծիչին հետ իրենց ունեցած յարաբերութեան վրայ գուրգուրացողներուն համար, դրամը Աստուծոյ հաճութիւնը չի կրնար գնել։

Սողոմոն Թագաւոր, որ դրամին գնելու կարողութիւն ունեցող բոլոր հաճելի բաները ունէր, գիտակցեցաւ թէ նիւթական ստացուածքներուն ապաւինիլը մնայուն ուրախութեան չ’առաջնորդեր։ (Ժողովողի 5։12-15) Դրամատան սնանկացումով կամ դրամահոսկի պատճառաւ դրամը կրնայ կորսուիլ։ Կալուածները կրնան կործանիլ սաստիկ փոթորիկներու պատճառաւ։ Թէեւ ապահովագրական ընկերութիւններ մասամբ կը հատուցանեն նիւթական վնասները, սակայն անոնք զգացական կորուստներուն պակասը չեն լեցներ։ Արժեթուղթերը եւ պարտատոմսերը կրնան մէկ գիշերուան մէջ անարժէք դառնալ, տնտեսական յանկարծակի փլուզումի պատճառաւ։ Նոյնիսկ լաւ վճարուած գործ մը կրնանք մէկ օրէն միւսը կորսնցնել։

Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ։ Դրամը եւ ստացուածքները մեր կեանքին մէջ ի՞նչ դեր պէտք է խաղան։ Հաճեցէք հարցը աւելի քննել, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնաք իրապէս արժէքաւոր բան մը ձեռք ձգել, որ է՝ «ճշմարիտ կեանքը»։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Նիւթական ստացուածքները մնայուն ուրախութիւն չեն բերեր