Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք

Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք

Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք

ՈՒՐԱԽ առիթ մըն էր, երբ 10 Մարտ 2001–ին 5,784 հանդիսականներ իրարու քով հաւաքուեցան, Նիւ Եորք Նահանգի մէջ Պէթէլի մեծ ընտանիքին կողմէ գործածուած երեք համալիրներուն մէջ։ Առիթը՝ Գաղաադու միսիոնարական դպրոցին 110–րդ դասարանին շրջանաւարտութիւնն էր։

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Գէրի Պարպըր, բոլորին բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտագիրը սկսաւ, ըսելով. «Կը հրճուինք գիտնալով թէ Գաղաադու 110–րդ դասարանի աշակերտները այժմ մարզուած են որպէս միսիոնարներ եւ նշանակուած՝ երկրագունդի զանազան թաղամասերուն մէջ»։

Ի՛նչպէս Ուրախ Մնալ

Եղբայր Պարպըրի բացման խօսքերէն ետք, Տոն Էտըմզ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ի ներառեալ 48 շրջանաւարտներուն, խօսելով՝ «Եհովայի Օրհնութիւնը Մեզ կը Հարստացնէ» նիւթին մասին։ Իր դասախօսութիւնը Առակաց 10։22–ի վրայ հիմնելով, ան ներկաներուն յիշեցուց թէ Եհովա իր ծառաներուն թիկունք կը կանգնի եւ կ’օրհնէ զանոնք, երբ անոնք Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն։ Ան քաջալերեց աշակերտները որ իրենց նոր նշանակումները ընդունին այն նո՛յն պատրաստակամութեամբ, զոր Պօղոս առաքեալ ցուցաբերեց, երբ հրաւիրուեցաւ որ ‘Մակեդոնիա անցնի եւ օգնէ’։ (Գործք 16։9) Թէեւ յաղթահարուելիք դժուարութիւններ կային, սակայն Պօղոսի պատրաստակամութիւնը քարոզելու հո՛ն ուր առաջնորդուած էր, բազմաթիւ օրհնութիւններ բերաւ։

Շրջանաւարտները աւարտած էին իրենց հնգամսեայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը եւ միսիոնարական գործին պատրաստուելու համար իրենց մարզումը։ Այսուհանդերձ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Տանիէլ Սիտլիք, քաջալերեց զանոնք որ շարունակեն սորվողներ ըլլալ։ «Ճշմարիտ Աշակերտներ Եղէ՛ք» նիւթին մասին խօսելով, ան նշեց. «Աշակերտուիլ կը նշանակէ շարունակ Յիսուսի խօսքերուն հնազանդիլ։ Անիկա կ’ընդգրկէ իր խօսքերը, իր պատգամը, իր ուսուցումը մի՛շտ մտիկ ընելու մեր պատրաստակամութիւնը»։ Ան մատնանշեց թէ Քրիստոսի աշակերտները որոշումներ չեն տար, առանց Ուսուցիչին ձայնին մտիկ ընելու. Աստուծոյ իմաստութիւնը Քրիստոսի կեանքին հետ անխզելի կերպով առնչուած է։ (Կողոսացիս 2։3) Մեզմէ ոչ մէկը կրնայ Յիսուսի խօսքերը մէկ անգամ լսելով եզրակացնել թէ իր մասին ամէն բան գիտէ, ուստի Եղբայր Սիտլիք շրջանաւարտները քաջալերեց որ շարունակեն սորվիլ, կիրարկել եւ սորվեցնել քրիստոնէական ճշմարտութիւնը, որ կ’ազատագրէ։—Յովհաննու 8։31, 32

Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ուրախ մնալու համար, անհատ մը կրթութիւն եւ սրբագրութիւն ընդունելու յօժար պէտք է ըլլայ։ «Ձեր Երիկամունքները Ձեզ Պիտի Սրբագրե՞ն»՝ հարց տուաւ Գաղաադու ուսուցիչ՝ Լորընս Պօուըն։ Ան ցոյց տուաւ թէ Աստուածաշունչին մէջ, այլաբանական երիկամունքները անհատին խորունկ մտածումներուն եւ զգացումներուն հետ առնչուած են։ Անոնք կրնան անհատը սրբագրել, եթէ Աստուծոյ Խօսքէն ներշնչուած խրատներ անոր անձնաւորութեան ներքին մասերուն մէջ թափանցած ըլլան։ (Սաղմոս 16։7, ՆԱ. Երեմեայ 17։10) Անհատի մը հաւատարիմ ընթացքը կրնայ նոյնիսկ Եհովայի վրայ խոր ազդեցութիւն ձգել։ Առակաց 23։15, 16–ը կարդալէ ետք, դասախօսը հարցուց. «Ձեր երիկամունքները ձեզ պիտի սրբագրե՞ն»։ Ան աւելցուց. «Կ’աղօթենք որ անոնք սրբագրեն ձեզ, եւ այսպիսով խոր ուրախութիւն պիտի պատճառէք Եհովայի։ Իր ամենախորունկ զգացումները պիտի շարժէք։ Այո, Աստուծոյ երիկամունքները պիտի ուրախացնէք, մինչ հաւատարմօրէն կը կառչիք ձեր նշանակումներուն»։

Յայտագրի այս մասին վերջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Մարք Նումէր, որ Գաղաադու ուսուցիչ մը ըլլալէն առաջ, Քենիայի մէջ որպէս միսիոնար ծառայած էր։ «Աչքերով Տեսնելը Աւելի Լաւ Է» բնաբանով իր դասախօսութիւնը, գոհունակութիւն մշակելու կարեւորութիւնը աչքառու դարձուց։ Ժողովողի 6։9–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եղբայր Նումէր յանձնարարեց. «Իրականութիւնը դիմագրաւեցէ՛ք։ Ասիկա է ‘աչքով տեսնելը’։ Փոխանակ երազելու բանի մը մասին որ կ’ուզէք ընել բայց չէք ըներ, կեդրոնացէք ձեր ներկայ պարագաներէն լաւագոյնս օգտուելու վրայ։ Երազային աշխարհի մը մէջ ապրիլը, անիրապաշտ ակնկալութիւններ ունենալը, կամ ձեր նշանակումին բացասական ազդակներուն վրայ կեդրոնանալը, ձեզ միա՛յն դժգոհ պիտի դարձնէ»։ Այո, ո՛ւր որ ալ ըլլանք եւ ի՛նչ պարագաներու մէջ ալ գտնուինք, մեր վիճակին մէջ աստուածային գոհունակութիւն մշակելը, մեր Մեծ Ստեղծիչին ծառայութեան մէջ ուրախ հոգի մը ունենալու պիտի նպաստէ։

Ուրախ Փորձառութիւններ՝ Թագաւորութեան Ծառայութեան եւ Գաղաադի Մէջ

Այս դասախօսութիւններով գործնական խրատներ ստանալէ ետք, աշակերտները կարգ մը փորձառութիւններ պատմեցին, զորս իրենց հնգամսեայ դասընթացքներու ընթացքին հանրային ծառայութեան մէջ ունեցած էին։ Գաղաադու Դպրոցի դիւանադպիրին՝ Ուէլըս Լիվըրընսի առաջնորդութեան ներքեւ, շրջանաւարտները պատմեցին թէ ի՛նչպէս իրենք զիրենք յանձնարարած էին որպէս Աստուծոյ ծառաներ։ (Բ. Կորնթացիս 4։2) Անոնք կրցած էին ոմանց աստուածատուր խղճմտանքին կոչ ընել։ Աշակերտներուն փորձառութիւնները ցոյց տուին թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան անկեղծ անհատներու հետ, որոնց հանդիպած էին փողոցը, տունէ տուն ծառայութեան մէջ, կամ այլուր։ Զանազան առիթներով, հետաքրքրուած անհատներ ըսին թէ Եհովայի կազմակերպութեան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները ճշմարտութեան ձայնը ունէին։ Տանտէր մը Աստուածաշունչի որոշ համարի մը դրականօրէն ընդառաջեց։ Այժմ ան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։

Ապա, Ճոէլ Էտըմզ հարցազրոյց ունեցաւ նախկին շրջանաւարտներու հետ։ Իր նիւթին բնաբանն էր՝ «Երբե՛ք Մի Դադրիք Սորվելէ, Երբե՛ք Մի Դադրիք Եհովայի Ծառայելէ»։ Տեսակցութեան մասնակցողները, նոր միսիոնարներուն համար այժմէական խրատներ ունէին։ Գաղաադու 26–րդ դասարանի անդամներէն՝ Հէրրի Ճոնսըն, նախկին օրերը մտաբերելով, ըսաւ. «Սորվեցանք թէ Եհովա մի՛շտ առաջնորդած է իր ժողովուրդը եւ պիտի շարունակէ առաջնորդել։ Այս վստահութիւնը տարիներու ընթացքին զիս քաջալերած է»։ Գաղաադու 53–րդ դասարանի անդամներէն՝ Ուիլիըմ Նոնքս, շրջանաւարտներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Ամէն բանէ աւելի, Աստուածաշունչի սկզբունքները ձեր միտքը պահեցէք, եւ զանոնք կիրարկեցէք այն բոլոր որոշումներուն, որ ձեր կեանքին մէջ պիտի տաք, հիմա՛ եւ յաւէտ։ Որպէս արդիւնք, պիտի կարենաք կառչած մնալ ձեր նշանակումին, եւ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնները միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլան»։

Ռիչըրտ Ռայըն յայտագրին մէջ իր ունեցած դասախօսութեան համար ընտրած էր հետեւեալ բնաբանը. «Զօրացած՝ Եհովայի Կամքը Կատարելու Համար»։ Հարցազրոյցը վարուած անհատներէն մէկն էր Ճոն Քըրց՝ 30–րդ դասարանի շրջանաւարտ մը, որ աւելի քան 41 տարի միսիոնարութիւն ըրած էր Սպանիոյ մէջ։ Երբ Գաղաադու կրթական ծրագրին մասին հարցուեցաւ, Եղբայր Քըրց ըսաւ. «Գլխաւոր դասագիրքը Աստուածաշունչն է։ Ապա Աստուածաշունչը հասկնալու համար ունինք զայն ուսումնասիրելու օժանդակող գրքեր։ Այս գրքերը բոլորին մատչելի են։ Գաղաադու մէջ տրուած տեղեկութիւնները որեւէ կերպով գաղտնի չեն։ Երբեք չեմ դադարիր ասոր վրայ շեշտ դնելէ, քանի որ բոլորին ձեռնտու են այն տեղեկութիւնները, որոնք հայթայթուած են Գաղաադի մէջ»։

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն՝ Եղբայր Կէրրիթ Լօշ, այս հոգեւոր յայտագիրը իր աւարտին հասցուց՝ «Եհովայի Թեւերուն Վրայ եւ Տակը» նիւթին մասին խօսելով։ Ան բացատրեց թէ իր հաւատարիմ ծառաներուն հայթայթած Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու օգնութիւնը, Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է արծիւին թեւերով։ (Բ. Օրինաց 32։11, 12. Սաղմոս 91։4) Չափահաս արծիւը երբեմն ժամերով իր թեւերը կը տարածէ, իր ձագերը պաշտպանելու համար։ Երբեմն, մայր արծիւը նոյնիսկ իր ձագերը թեւերուն մէջ կը փաթթէ, զանոնք ցուրտ քամիէն պաշտպանելու համար։ Նմանապէս եւ իր նպատակին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովա կրնայ իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնութեան հասնիլ, մանաւանդ երբ անոնք հոգեւոր փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։ Եհովա թոյլ չի տար որ իր ծառաները իրենց կարողութենէն աւելի փորձուին, հապա ազատութեան միջոց մըն ալ կը հայթայթէ անոնց, որպէսզի կարող ըլլան համբերել։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Եղբայր Լօշ եզրափակեց, ըսելով. «Հոգեւորապէս պաշտպանուած մնալու համար, պէտք է Եհովայի թեւերուն տակ մնանք։ Ասիկա կը նշանակէ թէ անկախութեան հոգի մը պէտք չէ մշակենք։ Թող որ միշտ Եհովայի եւ իր մայրանման կազմակերպութեան մօտիկ մնանք, մենք մեզ անոնց առաջնորդութենէն եւ սիրալիր խրատներէն չանջատելով»։

Ատենապետը աշխարհի չորս ծագերէն եկած հեռագիրներ եւ նամակներ կարդաց, որոնք բարի մաղթանքներ կը պարունակէին։ Ապա եկաւ վկայականները բաշխելու ժամանակը։ Երբ Գաղաադու Դպրոցը հաստատուեցաւ, անոր նպատակն էր հինգ տարուան տեւողութեամբ՝ սահմանափակ թիւով դասարաններ ունենալ։ Սակայն, Եհովա Աստուած 58 տարիէ այս դպրոցը բաց պահած է։ Ինչպէս Եղբայր Պարպըր ըսաւ իր բացման խօսքին մէջ. «Գաղաադու շրջանաւարտները ի՜նչ հոյակապ արձանագրութիւն մը ձգած են, 1943–ին անոր հաստատուելէն ի վեր։ Անոնց միացեալ ջանքերով, երկրի հեզերէն բառացիօրէն հարիւր հազարաւորներ Եհովայի փառաւոր կազմակերպութեան միացած են»։ Այո, այս միսիոնարական դպրոցը նպաստած է որ միլիոնաւոր անհատներ Թագաւորութեան յոյսով ուրախանան։

[Շրջանակ՝ էջ 24]

ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ

Ներկայացուած երկիրներ՝ 8

Նշանակուած երկիրներ՝ 18

Աշակերտներուն թիւը՝ 48

Միջին տարիք՝ 34

Ճշմարտութեան մէջ միջին տարի՝ 18

Լիաժամ ծառայութեան մէջ միջին տարի՝ 13

[Նկար՝ էջ 25]

Դիտարանի՝ Աստուածաշունչի Գաղաադու դպրոցի 110–րդ դասարանի շրջանաւարտները

Ստորեւ տրուած ցանկին մէջ, շարքերը թուագրուած են առջեւէն դէպի ետեւ, իսկ անունները տրուած են ձախէն՝ աջ, իւրաքանչիւր շարքի համար։

(1) Վաչէք Է., Մէտլին Լ., Իվընզ Կ., Ուաթանապէ Գ.։ (2) Թրաֆորտ Փ., Թըրֆա Ճ., Ուիլսըն Փ., Ուիլիըմզ Ռ., Ուէպըր Ա.։ (3) Ճոնսըն Թ., Հանաու Գ., Մուրլիու Ֆ., Շարբէնթիէ Ֆ., Փեքամ Ռ., Էնտրոսոֆ Փ.։ (4) Սիճըրզ Թ., Սիճըրզ Տ., Պէյլի Փ., Պէյլի Մ., Մէտլին Ք., Լիփոլտ Է., Լիփոլտ Թ.։ (5) Իվընզ Ն., Կոլտ Ռ., Պոլմէն Ի., Վաչէք Ռ., Ունճեան Ժ., Ուիլսըն Ն.։ (6) Թըրֆա Ճ., Զուտեմա Լ., Զուտեմա Ռ., Պէնկթսըն Գ., Պէնկթսըն Կ., Կալանօ Մ., Կալանօ Լ.։ (7) Փեքամ Թ., Մուրլիու Ժ., Շարբէնթիէ Ք., Կոլտ Մ., Պոլմէն Ռ., Ունճեան Ֆ.։ (8) Ուէպըր Ռ., Ճոնսըն Պ., Հանաու Տ., Ուաթանապէ Ե., Ուիլիըմզ Ռ., Թրաֆորտ Կ., Էնտրոսոֆ Թ.։