Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել

Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել

Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել

Դրամասիրութիւնը եւ ստացուածքներ ձեռք ձգելու ցանկութիւնը նորութիւն մը չէ. ոչ ալ Աստուածաշունչը անոնց մասին լուռ մնացած է, որպէս թէ վերջերս նշմարուած երեւոյթներ։ Անոնք շատ հին են։ Մովսիսական օրէնքին մէջ, Աստուած Իսրայելացիներուն պատուիրած էր. «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար . . . քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։—Ելից 20։17

ԴՐԱՄԻ եւ ստացուածքի սէրը Յիսուսի օրերուն ալ սովորական էր։ Նկատի առէք Յիսուսի եւ «շատ հարուստ» երիտասարդի մը միջեւ տեղի ունեցած հետեւեալ խօսակցութիւնը։ «Յիսուս ըսաւ անոր. ‘Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս’։ Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր»։—Ղուկաս 18։18-23

Դրամի Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ մը

Սակայն, սխալ է եզրակացնել, թէ Աստուածաշունչը ինքնին դրամը կամ անոր հիմնական գործածութիւններէն մէկը կը դատապարտէ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ դրամը գործնական պաշտպանութիւն մը կը հայթայթէ աղքատութեան ու անոր հետ առնչուող խնդիրներուն դէմ, մարդիկը կարող դարձնելով որ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգեն։ Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը [«իմաստութիւնը պաշտպանութեան համար է», ՆԱ] արծաթին հովանաւորութեան պէս է»։ Իսկ՝ «կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընեն ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ»։—Ժողովողի 7։12. 10։19

Աստուած համամիտ է դրամի պատշաճ գործածութեան։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք»։ (Ղուկաս 16։9) Ասիկա կը պարփակէ Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքին յառաջդիմութեան նիւթապէս նպաստել, քանի որ իրապէս կ’ուզենք որ Աստուած մեր Բարեկամը ըլլայ։ Սողոմոն իր հօր՝ Դաւիթի օրինակին հետեւելով, մեծ գումարներ եւ արժէքաւոր իրեր նուիրեց Եհովայի տաճարին շինութեան։ Քրիստոնէական ուրիշ պատուիրան մըն է, կարօտեալներուն նիւթական օգնութիւն մատուցանել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք», ապա աւելցուց. «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։13) Ասիկա յաճախ որոշ գումար մը ծախսել կը նշանակէ։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել դրամասիրութեան մասին։

«Արծաթասիրութիւնը»

Պօղոս լայնօրէն խօսեցաւ ‘դրամասիրութեան’ կամ՝ բառացիօրէն ‘արծաթասիրութեան’ մասին, երբ ան իր հաւատակիցին՝ Տիմոթէոսի կը գրէր։ Պօղոսի խրատը կը գտնուի Ա. Տիմոթէոս 6։6-19–ի մէջ։ Ան գլխաւորաբար նիւթական բաներու մասին խօսած ատեն ‘դրամասիրութեան’ մասին ալ խօսեցաւ։ Լաւ կ’ընենք եթէ ուշի ուշով ուսումնասիրենք Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը, ներկայ ընկերութեան դրամի վրայ դրած շեշտին ի տես։ Այսպիսի քննարկում մը անպայման օգտակար պիտի ըլլայ, քանի որ անիկա կը յայտնէ ‘ճշմարիտ կեանքը ի՛նչպէս ձեռք ձգելու’ գաղտնիքը։

Պօղոս կ’ազդարարէ. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Ո՛չ այս համարը ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ համար կ’ըսէ թէ դրամը ինքնին չար բան մըն է։ Ո՛չ ալ առաքեալը ըսել կ’ուզէ թէ ‘ցաւերուն’ հիմնական պատճառը՝ կամ ամէն խնդրի արմատը՝ դրամն է։ Սակայն, դրամասիրութիւնը կրնա՛յ ամէն տեսակ ‘ցաւերու’ պատճառ մը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ միա՛կ պատճառը չըլլայ։

Ագահութենէ Զգուշացէ՛ք

Քանի որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ դրամը ինքնին դատապարտուած չէ, ասիկա պէտք չէ նսեմացնէ Պօղոսի ազդարարութիւնը։ Քրիստոնեաներ որոնք կը սկսին դրամը սիրել, ամէն տեսակ խնդիրներու դիմաց անպաշտպան կը գտնուին, որոնց ամենավատը՝ հաւատքէն հեռանալն է։ Ասոր ճշմարիտ ըլլալը կը հաստատուի Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն ուղղած Պօղոսի խօսքերով. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. . . . չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։ (Կողոսացիս 3։5) Ագահութիւնը կամ «դրամասիրութիւնը» ի՞նչպէս կրնայ կռապաշտութիւն ըլլալ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ սխալ է աւելի մեծ տուն մը, աւելի նոր ինքնաշարժ մը, աւելի շահաբեր գործ մը փափաքիլ։ Ո՛չ, ասոնցմէ ո՛չ մէկը ինքնին չար բան մըն է։ Հարցը հետեւեալն է. Ի՞նչ սրտի վիճակ կը մղէ անհատը ասոնցմէ մէկը փափաքելու, իսկ անոնք իրապէս անհրաժե՞շտ են։

Բնական փափաքին եւ ագահութեան միջեւ եղող տարբերութիւնը, կարելի է նմանցնել ճաշ եփող պզտիկ խարոյկին եւ անտառ մը հրոյ ճարակ դարձնող հրդեհին միջեւ եղող տարբերութեան։ Օգտակար եւ պատշաճ փափաք մը կրնայ շինիչ ըլլալ։ Անիկա կրնայ մեզ մղել որ աշխատինք եւ աւելի արդիւնաբեր ըլլանք։ Առակաց 16։26 կ’ըսէ. «Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի. քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ»։ Սակայն, ագահութիւնը վտանգաւոր եւ կործանարար է։ Անիկա անզուսպ փափաք է։

Բուն խնդիրը այս ցանկութիւնը զսպելն է։ Մեր դիզելիք դրամը կամ մեր ուզած նիւթական բաները մեր կարիքներո՞ւն պիտի ծառայեն, թէ ոչ մեր կարիքնե՛րը պիտի ծառայեն դրամին։ Այս պատճառաւ է որ Պօղոս կ’ըսէ թէ «ագահ» ըլլալը՝ «կռապաշտ» ըլլալ կը նշանակէ։ (Եփեսացիս 5։5) Բանի մը համար ագահութիւն ունենալը, մեր անձը անոր անձնատուր ընել կը նշանակէ, ուրիշ խօսքով, զայն մեր տէրը, մեր աստուածը կը դարձնենք, բան մը որու կը ծառայենք։ Միւս կողմէ, Աստուած կը պահանջէ. «Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս»։—Ելից 20։3

Ագահ ըլլալը նաեւ ցոյց կու տայ թէ վստահութիւն չունինք որ Աստուած մեր կարիքները գոհացնելու իր խոստումը պիտի կատարէ։ (Մատթէոս 6։33) Ուստի, ագահութիւնը Աստուծմէ հեռանալու հաւասար է։ Այս իմաստով ալ անիկա «կռապաշտութիւն» է։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս անոր նկատմամբ բացայայտօրէն կը զգուշացնէ։

Յիսուս ագահութեան դէմ ուրիշ բացայայտ ազդարարութիւն մըն ալ տուաւ։ Ան մեզի պատուիրեց որ զգուշանանք մեր չունեցած մէկ բանին ցանկալէ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Ըստ այս համարին եւ անկէ ետք Յիսուսի տուած առակին, ագահութիւնը հիմնուած է այն յիմար համոզումին վրայ, թէ կեանքի մէջ կարեւոր բանը անհատին ո՛րքան ունենալն է։ Անիկա կրնայ ըլլալ դրամ, դիրք, զօրութիւն կամ անոնց հետ առնչուած բաներ։ Կարելի է ագահ ըլլալ որեւէ բանի հանդէպ որ կարելի է ձեռք ձգել։ Գաղափարը այն է թէ այդ որոշ բանը ունենալը, մեզի գոհացում պիտի տայ։ Սակայն, Աստուածաշունչի եւ մարդկային փորձառութեան համաձայն, միա՛յն Աստուած կրնայ եւ պիտի գոհացնէ մեր իսկական կարիքները, ինչպէս Յիսուս պարզեց իր հետեւորդներուն։—Ղուկաս 12։22-31

Լայն սպառումի թեքում ունեցող արդի ընկերութիւնը, ագահութեան զգացումները գրգռելու մէջ վարպետ է։ Խորամանկ, սակայն, զօրաւոր կերպերէն ազդուելով, շատեր կը սկսին համոզուիլ թէ իրենց ունեցածը բաւարար չէ։ Կը խորհին թէ աւելի շատ, աւելի մեծ եւ աւելի լաւ բաներու կարիքը ունին։ Թէեւ չենք ակնկալեր մեր շուրջի աշխարհը փոխել, սակայն, ի՞նչպէս կրնանք անձնապէս դէմ դնել այս հոսանքին։

Բաւարարութիւն՝ Ագահութեան Փոխարէն

Պօղոս ագահութեան համար փոխընտրութիւն մը կու տայ, որ է՝ գոհունակութիւն։ Ան կ’ըսէ. «Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։8) Մեր իսկական կարիքներուն մասին եղած այս նկարագրութիւնը՝ այսինքն «կերակուր ու հանդերձ»ը՝ կրնայ չափազանց պարզամտութիւն կամ միամտութիւն սեպուիլ։ Շատեր, իրենց ժամանակը կ’անցընեն հեռատեսիլի յայտագիրներով, որոնց միջոցաւ անոնք կ’այցելեն փարթամ տուներու մէջ բնակող աշխարհահռչակ անհատներու։ Ասիկա բաւարարութիւն ունենալու չի նպաստեր։

Անշուշտ, Աստուծոյ ծառաներէն պահանջուած չէ ինքնապարտադրուած աղքատութեան մէջ ապրիլ։ (Առակաց 30։8, 9) Սակայն, Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ թէ բուն աղքատութիւնը ի՛նչ է. ուտելիքի, հագուելիքի, ինչպէս նաեւ պատշաճ պատսպարանի պակասը։ Միւս կողմէ, եթէ այս բաները ունինք, ուրեմն բաւարարուելու հիմ մը ունինք։

Կրնա՞յ ըլլալ որ Պօղոս անկեղծ է երբ բաւարարութեան մասին այսպիսի նկարագրութիւն մը կու տայ։ Իրապէս կարելի՞ է հիմնական բաներով բաւարարուիլ, այսինքն՝ միայն ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան ունենալով։ Պօղոս պէտք էր գիտնար պատասխանը։ Ան անձնապէս վայելած էր հրէական համայնքին եւ հռովմէական հպատակութեան հետ առնչուած բարձր դասակարգի յատուկ հարստութիւնն ու առանձնաշնորհումները։ (Գործք 22։28. 23։6. Փիլիպպեցիս 3։5) Պօղոս իր միսիոնարական ճամբորդութիւններուն մէջ սաստիկ նեղութիւններ ալ քաշած էր։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-28) Այս բոլորին մէջէն, ան սորվեցաւ գաղտնիք մը, որ իրեն օգնեց բաւարարուելու։ Ի՞նչ էր այդ։

«Գաղտնիքը Աղէկ Սորվեր Եմ»

Պօղոս իր նամակներէն մէկուն մէջ բացատրեց. «Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ [«գաղտնիքը», ՆԱ] սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը»։ (Փիլիպպեցիս 4։12) Պօղոս շատ ինքնավստահ եւ շատ լաւատես կը թուի։ Դիւրին պիտի ըլլար ենթադրել որ ան իտէալ կեանք մը կը վարէր, երբ այս խօսքերը կը գրէր. բայց այդ չէր պարագան։ Ան Հռովմի մէջ բանտարկեալ մըն էր։—Փիլիպպեցիս 1։12-14

Այս զգաստացուցիչ իրողութեան ի տես, այս հատուածը զօրաւոր պատգամ մը կը հաղորդէ. բաւարարուիլ ո՛չ միայն նիւթական ստացուածքներով, հապա պարագաներով ալ։ Չափազանց հարստութիւնը կամ նեղութիւնը կրնայ մեր նախասիրութիւնները փորձի ենթարկել։ Պօղոս խօսեցաւ հոգեւոր միջոցի աղբիւրներու մասին, որոնք օգնեցին որ բաւարարուի նիւթական որեւէ պարագայով. «Ամէն բանի կարող եմ [Աստուծմով]՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Փոխանակ իր ստացուածքներէն կախեալ ըլլալու, անոնք շատ ըլլան թէ քիչ, կամ՝ իր պարագաներէն, անոնք լաւ ըլլան թէ՝ վատ, Պօղոս Աստուծոյ յուսաց իր կարիքներուն գոհացման համար։ Արդիւնքը եղաւ՝ բաւարարութիւն։

Պօղոսին օրինակը գլխաւորաբար կարեւոր էր Տիմոթէոսի համար։ Առաքեալը յորդոր տուաւ այս երիտասարդին որ հետապնդէ կեանքի ձեւ մը, որ աստուածպաշտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւնը հարստութենէն առաջ կը դասէ։ Պօղոս ըսաւ. «Բայց դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11) Այս խօսքերը թերեւս Տիմոթէոսի ուղղուած էին, սակայն անոնք կը կիրարկուին ոեւէ անհատի որ կ’ուզէ Աստուած պատուել եւ ի՛րապէս ուրախ կեանք մը ունենալ։

Ուրիշ ոեւէ Քրիստոնեայի մը նման, Տիմոթէոս ագահութենէ պէտք էր զգուշանար։ Երբ Պօղոս այս խօսքերը գրեց Տիմոթէոսի, ան Եփեսոսի ժողովքին մէջ էր, ուր ըստ երեւոյթին, հարուստ հաւատացեալներ կային։ (Ա. Տիմոթէոս 1։3) Պօղոս առեւտրական այս բարգաւաճ կեդրոնը մտած էր Քրիստոսի բարի լուրով, հոն բազմաթիւ նորահաւատներ ընելով։ Անկասկած, անոնցմէ ոմանք հարուստ էին, ինչպէս է ոմանց պարագան ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

Ուստի, յատկապէս Ա. Տիմոթէոս 6։6-10–ի լոյսին տակ, հարցը հետեւեալն է. Ունեւոր անհատներ ի՞նչ պէտք է ընեն եթէ կ’ուզեն Աստուած պատուել։ Պօղոս կ’ըսէ թէ անոնք նախ այս նիւթին շուրջ իրենց կեցուածքը պէտք է քննեն։ Դրամը ինքնաբաւութեան զգացումներ ստեղծելու հակումը ունի։ Պօղոս կ’ըսէ. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Ունեւոր մարդիկ պէտք է սորվին իրենց դրամէն անդին տեսնել. անոնք պէտք է նային Աստուծոյ՝ ամէն հարստութեան իսկական աղբիւրին։

Սակայն, այս մասին անհատին ունեցած կեցուածքը միայն ճամբուն կէսն է։ Ուշ կամ կանուխ, հարուստ Քրիստոնեաներ պէտք է սորվին իրենց հարստութիւնը իմաստուն կերպով գործածել։ Պօղոս կը խրատէ. ‘Բարիք գործեցէք, բարի գործերով հարստացէք, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից եղէք’։—Ա. Տիմոթէոս 6։18

«Ճշմարիտ Կեանքը»

Պօղոսի խրատին բուն նպատակը այն է թէ մենք մեզի պէտք է յիշեցնենք նիւթական բաներուն ունեցած յարաբերական արժէքը։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է ու անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է»։ (Առակաց 18։11) Այո, հարստութեան հայթայթած ապահովութիւնը ի վերջոյ երեւակայական եւ արդարեւ՝ խաբուսիկ է։ Սխալ է մեր կեանքը անոր վրայ կեդրոնացնել, փոխանակ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու վրայ կեդրոնացնելու։

Նիւթական հարստութեան անվստահ ըլլալը զայն այնքան փխրուն կը դարձնէ, որ չենք կրնար մեր յոյսը անոր վրայ դնել։ Իսկական յոյսը ամուր, իմաստալից եւ մնայուն բանի մը վրայ պէտք է խարսխուի։ Քրիստոնէական յոյսը մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ եւ յաւիտենական կեանքի իր խոստումին վրայ հաստատուած է։ Թէեւ ճիշդ է որ դրամը ուրախութիւն չի կրնար գնել, սակայն, աւելի ճիշդը՝ դրամը փրկութի՛ւն չի կրնար գնել։ Միա՛յն Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքն է որ կրնայ այսպիսի յոյս մը տալ։

Հետեւաբար, ըլլա՛նք հարուստ թէ աղքատ, թող որ այնպիսի ապրելակերպ մը հետապնդենք, որ մեզ ‘Աստուծմով հարստացնէ’։ (Ղուկաս 12։21, ՆԱ) Ստեղծիչին քով ընդունելի կեցուածք մը ունենալէն աւելի արժէքաւոր բան չկայ։ Զայն պահպանելու ամէն ջանք կը նպաստէ ‘հանդերձեալին համար մեր անձին համար բարի հիմ դնելու, որպէս զի ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգենք’։—Ա. Տիմոթէոս 6։19

[Նկար՝ էջ 7]

Պօղոս բաւարարուելուն գաղտնիքը սորվեցաւ

[Նկարներ՝ էջ 8]

Կրնանք ուրախ ըլլալ ու մեր ունեցածով բաւարարուիլ