Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լսող ու մոռցող ունկնդիրներ մի՛ ըլլաք

Լսող ու մոռցող ունկնդիրներ մի՛ ըլլաք

Լսող ու մոռցող ունկնդիրներ մի՛ ըլլաք

«Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 1։22

1. Վաղեմի Իսրայելացիները ո՞ր հրաշքներուն ականատես ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցան։

«ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ». ահաւասիկ տեղին բառ մը, նկարագրելու համար վաղեմի Եգիպտոսի մէջ Եհովայի կողմէ կատարուած հրաշքները։ Տասը Պատուհասներէն իւրաքանչիւրը անժխտելիօրէն սարսափազդու էր։ Այս հարուածներուն յաջորդեց Իսրայէլ ժողովուրդին հիասքանչ ազատագրութիւնը, Կարմիր Ծովուն բացուած ջուրերուն ընդմէջէն։ (Բ. Օրինաց 34։10-12) Եթէ այս դէպքերուն ականատես մը եղած ըլլայիք, հաւանաբար երբեք պիտի չմոռնայիք անոնց Պատասխանատուն։ Սակայն, սաղմոսերգուն երգեց. «[Իսրայելացիները] մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը, որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ»։—Սաղմոս 106։21, 22

2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հզօր արարքներուն հանդէպ Իսրայէլի գնահատութիւնը կարճատեւ եղաւ։

2 Կարմիր Ծովէն անցնելէ ետք, Իսրայելացիները սկսան ‘Տէրոջմէն վախնալ ու հաւատալ Տէրոջը’։ (Ելից 14։31) Իսրայէլի տղամարդիկը Մովսէսի միանալով Եհովայի ուղղուած յաղթական երգ մը երգեցին, իսկ Մարիամ եւ այլ կիներ՝ թմբուկներով եւ պարերով անոնց միացան։ (Ելից 15։1, 20) Այո, Աստուծոյ ժողովուրդը Եհովայի հզօր արարքներէն տպաւորուած էր։ Սակայն, այս արարքները Կատարողին հանդէպ անոնց գնահատութիւնը կարճատեւ եղաւ։ Ասկէ կարճ ժամանակ ետք, անոնցմէ շատեր ա՛յնպէս վարուեցան, որպէս թէ իրենց յիշողութիւնը կորսնցուցած ըլլային։ Անոնք Եհովայի դէմ տրտնջեցին եւ գանգատեցան։ Ոմանք կռապաշտութեան եւ սեռային անբարոյութեան անձնատուր եղան։—Թուոց 14։27. 25։1-9

Ի՞նչ Բան Կրնայ Մոռցնել Տալ

3. Մեր անկատար բնոյթին պատճառաւ, ի՞նչ բան կրնանք մոռնալ։

3 Իսրայէլի թերագնահատութիւնը արդարեւ անհասկնալի է։ Այսուհանդերձ, նոյնը կրնայ պատահիլ մեզի։ Ճիշդ է որ մենք այսպիսի աստուածային հրաշքներու ականատես եղած չենք։ Սակայն, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ, վստահաբար անմոռանալի առիթներ ունեցած ենք։ Մեզմէ ոմանք թերեւս յիշեն այն ժամանակը երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Նուիրումի համար Եհովայի մատուցած մեր աղօթքը եւ որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ջուրի մէջ մեր մկրտուիլն ալ բերկրալի ժամանակներ էին։ Մեզմէ շատեր կեանքի զանազան հանգրուաններուն Եհովայի օգնող ձեռքը զգացած են։ (Սաղմոս 118։15) Ամենէն կարեւորը, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհագործական մահուան միջոցաւ, փրկութեան յոյսը ստացած ենք։ (Յովհաննու 3։16) Այսուհանդերձ, մեր անկատար բնոյթին պատճառաւ, երբ սխալ ցանկութիւններ եւ կեանքի մտահոգութիւններ դիմագրաւենք, մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բարի բաները շատ դիւրաւ կրնանք մոռնալ։

4, 5. (ա) Յակոբոս ի՞նչպէս կը զգուշացնէ լսող ու մոռցող ունկնդիրներ ըլլալու վտանգին դէմ։ (բ) Մարդուն եւ հայելիին մասին Յակոբոսի օրինակը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։

4 Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրած իր նամակին մէջ, Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, լսող ու մոռցող ունկնդիրներ ըլլալու վտանգին նկատմամբ զգուշացուց։ Ան գրեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր»։ (Յակոբու 1։22-24) Յակոբոս այս խօսքերով ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։

5 Երբ առաւօտուն արթննանք, սովորաբար հայելիին կը նայինք, տեսնելու համար թէ մեր երեւոյթին վրայ ի՛նչ բարեճշդումներ պէտք է ընենք։ Երբ զանազան գործունէութիւններու մասնակցինք եւ մեր միտքը այլ բաներու վրայ կեդրոնանայ, կը դադրինք հայելիին մէջ մեր տեսածին մասին խորհելէ։ Ասիկա հոգեւոր առումով ալ կրնայ պատահիլ։ Երբ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը նայինք, կրնանք մեր ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալը բաղդատել Եհովայի մեզմէ ակնկալածին հետ։ Այսպիսով մեր տկարութիւններուն հետ դէմ յանդիման կու գանք։ Այս գիտութիւնը մեր անձնաւորութեան մէջ բարեճշդումներ ընելու պէտք է մղէ մեզ։ Սակայն, մինչ մեր առօրեայ գործունէութիւններով կը զբաղինք եւ մեր խնդիրներուն հետ կը պայքարինք, կրնանք դիւրաւ դադրիլ հոգեւոր բաներու մասին մտածելէ։ (Մատթէոս 5։3. Ղուկաս 21։34) Որպէս թէ մեզի ի նպաստ Աստուծոյ ըրած սիրալիր արարքները կը մոռնանք։ Եթէ ասիկա պատահի, մեղաւոր հակումներու դիմաց անպաշտպան կը մնանք։

6. Սուրբ գրային ո՞ր հատուածը նկատի առնելը մեզի կրնայ օգնել որ Եհովայի խօսքը չմոռնանք։

6 Կորնթացիներուն գրած իր առաջին ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ’ակնարկէ անապատին մէջ մոռցող Իսրայելացիներուն։ Ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարու Քրիստոնեաները օգտուեցան Պօղոսի խօսքերէն, իր գրածները վերաքաղ ընելը մեզի ալ կրնայ օգնել որ Եհովայի խօսքը չմոռնանք։ Հետեւաբար, նկատի առնենք Ա. Կորնթացիս 10։1-12–ը։

Աշխարհային Ցանկութիւնները Ուրացէք

7. Իսրայելացիները Եհովայի սիրոյն ո՞ր անուրանալի ապացոյցը ունեցան։

7 Իսրայելացիներուն մասին Պօղոսի ըսածը, Քրիստոնեաներուն համար որպէս ազդարարութիւն կը ծառայէ։ Պօղոս ի միջի այլոց գրեց. «Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։1-4) Մովսէսի օրերուն Իսրայելացիները Աստուծոյ զօրութեան հոյակապ յայտնաբերումները տեսած էին, մէջը ըլլալով Աստուծոյ հրաշալի ամպի սիւնը, որ ցորեկը զիրենք կ’առաջնորդէր եւ օգնեց որ Կարմիր Ծովուն մէջէն անցնելով փախչէին։ (Ելից 13։21. 14։21, 22) Այո, այդ Իսրայելացիները իրենց հանդէպ Եհովայի սիրոյն անուրանալի ապացոյցը ունեցան։

8. Իսրայէլի հոգեւոր մոռացկոտութեան հետեւանքները ի՞նչ եղան։

8 Պօղոս կը շարունակէ. «Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան»։ (Ա. Կորնթացիս 10։5) Ի՜նչ ցաւալի էր։ Եգիպտոսէն ելլող Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը Խոստացեալ Երկիրը մտնելու անորակելի եղան։ Իրենց անհաւատութեան պատճառաւ Աստուծոյ տհաճութեան արժանանալով, անոնք անապատին մէջ մեռան։ (Եբրայեցիս 3։16-19) Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին»։—Ա. Կորնթացիս 10։6

9. Եհովա ի՞նչպէս հայթայթումներ ըրաւ իր ժողովուրդին եւ Իսրայէլ ի՞նչպէս ընդառաջեց։

9 Իսրայելացիները անապատին մէջ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնալու շատ բաներ ունէին։ Անոնք Եհովայի հետ ուխտի մը մէջ մտան եւ իրեն նուիրուած ազգ մը դարձան։ Ասկէ զատ, անոնց տրուեցաւ քահանայութիւն մը, տաղաւար մը՝ որպէս պաշտամունքի կեդրոն, եւ Եհովայի զոհեր մատուցանելու կարգադրութիւն մը։ Սակայն, փոխանակ այսպիսի հոգեւոր պարգեւներու համար ուրախանալու, անոնք Աստուծոյ նիւթական հայթայթումներով գոհ չմնացին։—Թուոց 11։4-6

10. Ինչո՞ւ պէտք է Աստուած մի՛շտ մեր խորհուրդներուն մէջ պահենք։

10 Անապատի մէջ եղած Իսրայելացիներուն հակառակը, Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս Աստուծոյ հաճութիւնը կը վայելէ։ Սակայն, անհատապէս կենսական է որ Աստուած մեր խորհուրդներուն մէջ պահենք։ Ասիկա ընելը պիտի օգնէ մեզի որ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտող անձնասէր ցանկութիւնները մերժենք։ Պէտք է վճռենք ‘ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանալ եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրիլ այս աշխարհի մէջ’։ (Տիտոս 2։12) Մեզմէ անոնք որոնք իրենց մանկութենէն քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցած են, երբեք պէտք չէ խորհին որ հաճելի բան մը կը կորսնցնեն։ Եթէ պատահի որ այսպիսի գաղափարներ նոյնիսկ մեր մտքին ծայրէն անցնին, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք Եհովան եւ մեզի համար իր վերապահած հոյակապ օրհնութիւնները։—Եբրայեցիս 12։2, 3

Եհովայի Հանդէպ Բացարձակ Հնազանդութիւն

11, 12. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ կռապաշտութեամբ յանցաւոր ըլլալ՝ առանց կուռքեր պաշտելու։

11 Պօղոս մեզի ուրիշ ազդարարութիւն մը կու տայ, երբ կը գրէ. «Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. ‘Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու’»։ (Ա. Կորնթացիս 10։7) Պօղոս կ’ակնարկէ ժամանակի մը, երբ Իսրայելացիները ստիպեցին որ Ահարոն ոսկիէ հորթ մը շինէր։ (Ելից 32։1-4) Թէեւ անհաւանական է որ ուղղակի կռապաշտութեան դառնանք, սակայն կրնանք կռապաշտներ դառնալ, թոյլ տալով որ մեր անձնասէր ցանկութիւնները մեզ շեղեն բոլորանուէր կերպով Եհովան պաշտելէ։—Կողոսացիս 3։5

12 Ուրիշ առիթով մը, Պօղոս գրեց ոմանց մասին, որոնք հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած ըլլալու փոխարէն, գլխաւորաբար նիւթական բաներով հետաքրքրուած էին։ «Քրիստոսին խաչին թշնամիներուն» մասին խօսելով, ան գրեց. «Որոնց վերջը կորուստ է, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է»։ (Փիլիպպեցիս 3։18, 19) Անոնց կռապաշտութեան առարկան քանդակուած կուռք մը չէր։ Անիկա նիւթական բաներու հանդէպ անոնց ցանկութիւնն էր։ Անշուշտ, բոլոր ցանկութիւններն ալ սխալ չեն։ Եհովա մեզ ստեղծեց մարդկային կարիքներով եւ զանազան հաճոյքներ վայելելու կարողութեամբ։ Սակայն, անոնք որոնք հաճոյքի հետապնդումը Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած յարաբերութենէն բարձր կը դասեն, արդարեւ, կռապաշտներ կը դառնան։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

13. Ոսկիէ հորթին դէպքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, Իսրայելացիները պաշտամունքի համար ոսկիէ հորթ մը շինեցին։ Կռապաշտութեան դէմ տրուած ազդարարութենէն զատ, այս դէպքին մէջ ուրիշ կարեւոր դաս մը կայ։ Իսրայելացիները Եհովայէ եկած բացայայտ ուղղութեան անհնազանդ գտնուեցան։ (Ելից 20։4-6) Սակայն, անոնք Եհովան որպէս իրենց Աստուածը մերժելու միտումը չունէին։ Անոնք ձուլածոյ հորթի մը զոհեր մատուցանեցին եւ առիթը կոչեցին՝ ‘Եհովայի տօնը’։ Կերպով մը, անոնք իրենք զիրենք խաբեցին, խորհելով թէ Աստուած պիտի անտեսէր իրենց անհնազանդութիւնը։ Ասիկա Եհովայի դէմ անարգանք մըն էր, եւ զինք մեծապէս բարկացուց։—Ելից 32։5, ՆԱ, 7-10. Սաղմոս 106։19, 20

14, 15. (ա) Իսրայելացիները ինչո՞ւ լսող ու մոռցող ունկնդիրներ ըլլալու չքմեղանք մը չունէին։ (բ) Եթէ վճռած ենք լսող ու մոռցող ունկնդիրներ չըլլալ, Եհովայի պատուէրներուն նկատմամբ ի՞նչ պիտի ընենք։

14 Շատ անսովոր բան մը պիտի ըլլար որ Եհովայի Վկայ մը սուտ կրօնքի մը միանար։ Սակայն, ոմանք ժողովքին մէջ մնալով հանդերձ, տարբեր կերպերով Եհովայի տուած ուղղութիւնը կրնան մերժել։ Իսրայէլ ժողովուրդը լսող ու մոռցող ունկնդիրներ ըլլալու պատրուակ մը չունէին։ Անոնք Տասը Պատուիրանները լսեցին եւ ներկայ էին երբ Մովսէս Աստուծոյ պատուէրը տուաւ իրենց. «Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի»։ (Ելից 20։18, 19, 22, 23) Այսուհանդերձ, Իսրայելացիները ոսկիէ հորթը պաշտեցին։

15 Մենք ալ վաւերական չքմեղանք մը չենք ունենար եթէ լսող ու մոռցող ունկնդիրներ դառնանք։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, կեանքի զանազան մարզերու շուրջ Աստուծմէ եկած ուղղութիւն ունինք։ Օրինակ, Եհովայի Խօսքը մասնայատուկ կերպով կը դատապարտէ փոխ առնել ու չվերադարձնելու սովորութիւնը։ (Սաղմոս 37։21) Զաւակներուն պատուէր կը տրուի որ իրենց ծնողներուն հնազանդ ըլլան, իսկ հայրերէն կ’ակնկալուի որ իրենց զաւակները մեծցնեն «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։1-4) Ամուրի Քրիստոնեաներուն յորդոր կը տրուի որ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանան, իսկ Աստուծոյ ամուսնացած ծառաներուն կ’ըսուի. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Ա. Կորնթացիս 7։39. Եբրայեցիս 13։4) Եթէ վճռած ենք լսող ու մոռցող ունկնդիրներ չըլլալ, Աստուծմէ եկած այս եւ այլ ուղղութիւնները շատ լուրջի պիտի առնենք եւ անոնց պիտի ենթարկուինք։

16. Ոսկիէ հորթը պաշտելուն հետեւանքները ի՞նչ եղան։

16 Եհովա չընդունեց իրենց պայմաններով զինք պաշտելու Իսրայելացիներու ձեռնարկը։ Փոխարէն, անոնցմէ 3,000 հոգի սպաննուեցաւ, հաւանաբար ոսկիէ հորթը պաշտելու ըմբոստ արարքին մէջ անոնց խաղցած կարեւոր դերին համար։ Ուրիշ յանցագործներ Եհովայի կողմէ եկած պատուհասով մահացան։ (Ելից 32։28, 35) Ի՜նչ կարեւոր դաս մը անոնց համար, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը կարդան բայց իրե՛նք կ’ընտրեն ինչ բանի կ’ուզեն հնազանդիլ։

‘Պոռնկութենէ Փախէ՛ք’

17. Ա. Կորնթացիս 10։8–ն ո՞ր դէպքին կ’ակնարկէ։

17 Պօղոս կը յիշէ մարզ մը, որուն մէջ մարմնային ցանկութիւններ կրնան հոգեւոր մոռացկոտութիւն պատճառել, երբ ան կ’ըսէ. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան»։ (Ա. Կորնթացիս 10։8) Հոս Պօղոս կ’ակնարկէ դէպքի մը որ տեղի ունեցաւ Մովաբի դաշտերուն մէջ, Իսրայէլի 40 տարուան անապատային շրջագայութեան վերջաւորութեան։ Վերջերս Իսրայելացիները Յորդանանի արեւելքը գտնուող հողամասերը նուաճելու համար Եհովայէ օգնութիւն ստացած էին, սակայն, շատեր մոռացկոտ եւ ապերախտ դարձած էին։ Խոստացեալ Երկրին սահմանին վրայ, անոնք սեռային անբարոյութեամբ եւ Բելփեգովրի պիղծ պաշտամունքով հրապուրուեցան։ Շուրջ 24,000 հոգիներ սպաննուեցաւ, որոնց 1,000–ը խմբապետներ էին։—Թուոց 25։9

18. Ի՞նչ տեսակի վարմունք սեռային անբարոյութեան կրնայ առաջնորդել։

18 Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը լաւ ճանչցուած է իր բարոյական բարձր չափանիշներուն համար։ Սակայն, երբ սեռային անբարոյութեամբ փորձուած են, կարգ մը Քրիստոնեաներ դադրած են Եհովայի եւ իր սկզբունքներուն մասին խորհելէ։ Անոնք մոռացկոտ ունկնդիրներ եղած են։ Սկիզբը, թերեւս փորձութիւնը ուղղակի անբարոյ արարք մը չպարփակէ։ Անիկա թերեւս պոռնկագրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն, անպատշաճ շարժուձեւի կամ սիրախաղի միջամուխ ըլլալ, կամ բարոյապէս տկար անհատներու հետ սերտ ընկերակցութիւն ունենալու հակում մը ըլլայ։ Այս բոլորը Քրիստոնեաները մեղաւոր ընթացքի առաջնորդած են։—Ա. Կորնթացիս 15։33. Յակոբու 4։4

19. Սուրբ գրային ո՞ր խրատը մեզի կ’օգնէ որ ‘պոռնկութենէ փախչինք’։

19 Երբ սեռային անբարոյութեան միջամուխ ըլլալու փորձութեան մէջ իյնանք, պէտք չէ դադրինք Եհովային մասին մտածելէ։ Ընդհակառակը, իր Խօսքին մէջ եղած վերյիշեցումներուն պէտք է հետեւինք։ (Սաղմոս 119։1, 2) Որպէս Քրիստոնեաներ, շատերս բարոյապէս մաքուր մնալու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, սակայն Աստուծոյ աչքին շիտակը ընելը յարատեւ ջանքի կը կարօտի։ (Ա. Կորնթացիս 9։27) Հռովմի Քրիստոնեաներուն Պօղոս գրեց. «Ձեր հնազանդութիւնը ամենուն ծանօթ է. ուստի ձեզի համար ուրախ եմ. բայց կ’ուզեմ որ դուք իմաստուն ըլլաք բարիին ու միամիտ՝ չարին»։ (Հռովմայեցիս 16։19) Ճիշդ ինչպէս որ 24,000 Իսրայելացիներ իրենց մեղքերուն համար սպաննուեցան, նոյնպէս պոռնիկներ եւ այլ յանցագործներ շուտով Եհովայի դատապարտութեան պիտի արժանանան։ (Եփեսացիս 5։3-6) Փոխանակ մոռացկոտ ունկնդիրներ ըլլալու, պէտք է շարունակենք ‘պոռնկութենէ փախչիլ’։—Ա. Կորնթացիս 6։18

Եհովայի Հայթայթումները Մի՛շտ Գնահատեցէք

20. Իսրայելացիները ի՞նչպէս Եհովան փորձեցին, եւ ասոր հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

20 Քրիստոնեաներու հսկայ մեծամասնութիւնը երբեք անձնատուր չ’ըլլար սեռային անբարոյութեան։ Բայց եւ այնպէս, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ չհետեւինք ընթացքի մը որ տրտնջելու սովորութեան կ’առաջնորդէ, որ կրնայ մեզ Աստուծոյ տհաճութեան արժանացնել։ Պօղոս կը յորդորէ մեզ. «Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս [Իսրայելացիներէն] ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան»։ (Ա. Կորնթացիս 10։9, 10) Իսրայելացիները Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ նոյնիսկ Աստուծոյ՝ դէմ տրտնջեցին, հրաշալի կերպով հայթայթուած մանանային համար գանգատելով։ (Թուոց 16։41. 21։5) Արդեօք Եհովա աւելի քի՞չ նեղացաւ իրենց տրտունջէն քան՝ պոռնկութենէն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ բազմաթիւ տրտնջացողներ սպաննուեցան օձերու կողմէ։ (Թուոց 21։6) Նախապէս ուրիշ առիթով մը, աւելի քան 14,700 ըմբոստ տրտնջացողներ սպաննուած էին։ (Թուոց 16։49) Ուստի թող որ Եհովայի համբերութիւնը չփորձենք՝ իր հայթայթումներուն հանդէպ անյարգալից գտնուելով։

21. (ա) Պօղոս ո՞ր յորդորը գրելու ներշնչուեցաւ։ (բ) Յակոբու 1։25–ի համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք իրապէս ուրախ ըլլալ։

21 Հաւատակից Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս ազդարարութիւններու ցանկը կ’եզրափակէ հետեւեալ յորդորով. «Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։11, 12) Իսրայելացիներուն նման, մենք ալ բազմաթիւ օրհնութիւններ ստացած ենք Եհովայէ։ Սակայն, անոնց նման չըլլալով, բնաւ չմոռնանք եւ չթերագնահատենք մեզի համար Աստուծոյ ըրած բարի բաները։ Երբ կեանքի մտահոգութիւնները մեզ ծանրաբեռնեն, թող որ իր Խօսքին մէջ գտնուած հոյակապ խոստումներուն վրայ խոկանք։ Թող որ մտաբերենք Եհովայի հետ մեր ունեցած թանկագին յարաբերութիւնը եւ շարունակենք մեզի աւանդուած Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կատարել։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Այսպիսի ընթացք մը անպայման իսկական ուրախութիւն պիտի բերէ մեզի, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։—Յակոբու 1։25

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչ բան մեզ լսող ու մոռցող ունկնդիրներ կրնայ դարձնել։

• Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական հնազանդութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։

• Ի՞նչպէս կրնանք ‘պոռնկութենէ փախչիլ’։

• Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ ի՞նչպիսի կեցուածք պէտք է ունենանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Իսրայելացիները իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրած հզօր արարքները մոռցան

[Նկար՝ էջ 16]

Եհովայի ժողովուրդը վճռած է բարոյական բարձր չափանիշներ պահպանել