Որբերուն ու որբեւարիներուն հոգ տանիլ նեղութեան ատենը
Որբերուն ու որբեւարիներուն հոգ տանիլ նեղութեան ատենը
Դժուար չէ գիտակցիլ թէ անսիրալիր աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ «Վերջին օրեր»ուն գոյութիւն ունեցող մարդոց տեսակին ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, . . . անգութ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Այս խօսքերը ո՛րքան ճշմարիտ են։
ՄԵՐ ժամանակներու բարոյական միջավայրը շատերու սրտին մէջ կարեկցութեան չգոյութեան սատարած է։ Մարդիկ հետզհետէ աւելի քիչ կը հետաքրքրուին ուրիշներու բարօրութեամբ, երբեմն, նոյնիսկ՝ իրենց ընտանիքի անդամներուն բարօրութեամբ։
Ասիկա բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ շատերուն վրայ, որոնք զանազան պատճառներով չքաւոր կը դառնան։ Որբեւարիներուն եւ որբերուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ պատերազմներու, բնական աղէտներու, եւ ապաստան որոնող անհատներու տեղափոխութեան պատճառաւ։ (Ժողովողի 3։19) Միացեալ Ազգերու Մանուկներու Հիմնադրամին մէկ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Պատերազմի պատճառաւ, աւելի քան 1 միլիոն [երախաներ] որբ մնացած, կամ իրենց ծնողներէն բաժնուած են»։ Նաեւ ճանչնալու էք մեծ թիւով ամուրի, լքուած կամ ամուսնալուծուած մայրեր, որոնք ապրուելու եւ իրենց ընտանիքը առանձին մեծցնելու ծանր պատասխանատուութիւնը կը դիմագրաւեն։ Կացութիւնը աւելի կը վատթարանայ այն իրողութեան ի տես, թէ կարգ մը երկիրներ կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ տագնապներ, որոնց պատճառաւ իրենց քաղաքացիներէն շատեր ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ’ապրին։
Ասոր ի տես, նեղութիւններէ տառապողներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ։ Որբեւարիներուն եւ որբերուն տառապանքը կարելի՞ է թեթեւցնել։ Այս խնդիրը վերջ պիտի գտնէ՞ օր մը։
Սիրալիր Հոգատարութիւն՝ Աստուածաշունչի Ժամանակներուն
Որբեւարիներու եւ որբերու ֆիզիքական ու հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանիլը, միշտ աստուածպաշտութեան անբաժան մէկ մասը եղած է Աստուածաշունչի ժամանակներուն։ Իրենց ցորենը կամ պտուղները հնձելու ժամանակ, Իսրայելացիները դաշտին մէջ մնացածները պէտք չէր հաւաքէին՝ ճռաքաղ ընելով։ Ճռաքաղութիւնը «օտարականին, որբին ու որբեւարիին» պէտք էր ձգուէր։ (Բ. Օրինաց 24։19-21) Մովսէսի Օրէնքը մասնայատուկ կերպով կը յիշէր. «Որբեւարին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք»։ (Ելից 22։22, 23) Աստուածաշունչին մէջ յիշուած որբեւարիներն ու որբերը, կը ներկայացնէին աղքատ ժողովուրդը, քանի որ ամուսինի, հօր, կամ ծնողներու մահէն ետք, ընտանիքի մնացող անդամները թերեւս առանձին ձգուէին եւ չքաւոր դառնային։ Յոբ նահապետը ըսաւ. «Ես աղաղակող աղքատը եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի»։—Յոբայ 29։12
Քրիստոնէական ժողովքին սկիզբի օրերուն, ծնողներու կամ ամուսինի մը կորուստին հետեւանքով նեղութեան մէջ եղողներուն եւ իսկական կարօտեալներուն հոգ տանիլը, ճշմարիտ պաշտամունքի յատկանշական մէկ երեսակն էր։ Այսպիսիներու բարօրութեան հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունենալով, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել [«հոգ տանիլ», ՆԱ] նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն’»։—Յակոբու 1։27
Որբեւարիները եւ որբերը յիշելէ զատ, Յակոբոս աղքատ եւ չքաւոր եղողներուն հանդէպ ալ խոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։ (Յակոբու 2։5, 6, 15, 16) Պօղոս առաքեալ ալ նոյն հոգատարութիւնը ցուցաբերեց։ Երբ ինք ու Բառնաբաս իրենց քարոզչական նշանակումը ստացան, իրենց տրուած հրահանգներուն մէջ կար՝ ‘աղքատներուն օգնելը’։ Պօղոս մաքուր խղճմտանքով մը կրցաւ ըսել՝ «Որուն համար ես սրտանց աշխատեցայ»։ (Գաղատացիս 2։9, 10, Անթիլիաս) Քրիստոնէական ժողովքին հաստատուելէն քիչ ետք, անոր գործունէութեան մասին տրուած տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, . . . ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր»։ (Գործք 4։34, 35) Այո, որբեւարիներուն, որբերուն եւ կարօտեալներուն հոգալու համար, վաղեմի Իսրայէլի մէջ հաստատուած կարգադրութիւնը, Քրիստոնէական ժողովքին մէջ շարունակուեցաւ։
Ա. Տիմոթէոս 5։3-16–ի մէջ Պօղոսի տուած ցուցմունքներէն։ Հոն կը տեսնենք որ եթէ կարօտեալներուն ազգականները կրնային օգնել, այդ պատասխանատուութիւնը իրե՛նք պէտք էր կրէին։ Աղքատ որբեւարիները նիւթական օգնութիւն ստանալու համար որոշ պահանջներու գոհացում պէտք էր տային։ Այս բոլորը կ’արտացոլացնեն կարօտեալներուն հոգ տանելու Եհովայի գործածած իմաստուն կարգադրութիւնը։ Սակայն, անիկա ցոյց կու տայ նաեւ, թէ հաւասարակշռութիւն ի գործ պէտք է դրուի, որպէսզի ոեւէ անհատ ցուցաբերուած ազնուութիւնը չօգտագործէ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10-12
Անշուշտ, տրուած օժանդակութիւնը չափաւոր էր, եւ իւրաքանչիւր ժողովքի կարողութեան համաձայն։ Դրամը չէր վատնուեր եւ միայն իսկական կարիքաւորներուն օգնութիւն կը տրուէր։ Ոեւէ Քրիստոնեայ այս կարգադրութիւնը պէտք չէր շահագործէր, եւ ժողովքին վրայ անտեղի բեռ պէտք չէր դրուէր։ Ասիկա բացայայտ էրՈրբերուն ու Որբեւարիներուն Հոգալ՝ Ներկայիս
Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն հետեւած սկզբունքները տակաւին կը կիրարկուին Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, ինչ կը վերաբերի նեղութիւններէ տառապողներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու եւ անոնց օգնութիւն տալու հարցին։ Եղբայրասիրութիւնը զիրենք յատկորոշող երեսակ մըն է, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Եթէ ոմանք չքաւորութենէ կը տառապին, կամ աղէտի, պատերազմի, կամ քաղաքացիական պայքարի մը զոհ դարձած են, միջազգային եղբայրակցութիւնը մեծ ցանկութեամբ կերպեր կը փնտռէ հոգեւորապէս եւ նիւթապէս անոնց աջակցելու համար։ Նկատի առնենք կարգ մը արդի փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ այս առնչութեամբ ի՛նչ կատարուած է։
Փետրոն գրեթէ չի յիշեր իր մայրը, քանի որ ան մեռաւ երբ դեռ ինք մէկուկէս տարեկան էր։ Երբ Փետրոն հինգ տարեկան եղաւ, իր հայրն ալ մահացաւ։ Ուստի, ինք եւ իր եղբայրները առանձին մնացին։ Եհովայի Վկաները արդէն իր հօրը կ’այցելէին, ուստի Փետրոն ու իր մեծ եղբայրները սկսան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։
Փետրոն կը պատմէ. «Յաջորդ շաբաթ իսկ, սկսանք ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Երբ եղբայրներուն հետ կ’ընկերակցէինք, կը զգայինք այն սէրը զոր մեզի հանդէպ ցոյց կու տային։ Ժողովքը ինծի համար ապաստանարան մըն էր, քանի որ եղբայրներն ու քոյրերը ինծի հանդէպ սէր ու խանդաղատանք ցոյց տուին, որպէս թէ ծնողներս ըլլային»։ Փետրոն կը յիշէ թէ Քրիստոնեայ երէցներէն մէկը զինք իր տունը կը հրաւիրէր։ Հոն, Փետրոն անոր ընտանիքին հետ խօսակցութեան եւ զբօսանքի կը մասնակցէր։ «Այս յիշատակները շատ սիրելի են ինծի», կ’ըսէ Փետրոն, որ սկսաւ իր հաւատքին մասին քարոզել 11 տարեկանին, եւ մկրտուեցաւ 15 տարեկանին։ Ժողովքի անդամներուն կողմէ օգնութիւն ստանալով, անոր մեծ եղբայրներն ալ հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։
Նաեւ կայ Տէյվիտի պարագան։ Ինք ու իր երկուորեակ քոյրը անտէր անտիրական մնացին, երբ իրենց ծնողները իրարմէ բաժնուեցան։ Անոնց մեծ ծնողները եւ մօրաքոյրը մեծցուցին զիրենք։ «Երբ մեծցանք ու գիտցանք մեր պարագան, անապահովութեան եւ տխրութեան զգացում մը պատեց մեզ։ Կարիքը ունէինք բանի մը որու կրնայինք ապաւինիլ։ Մօրաքոյրս Եհովայի Վկայ մը եղաւ, եւ ասոր շնորհիւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնով դաստիարակուեցանք։ Եղբայրները իրենց խանդաղատանքն ու բարեկամութիւնը ցուցաբերեցին։ Անոնք մեզ շատ կը սիրէին եւ կը քաջալերէին որ նպատակակէտեր դնենք եւ շարունակենք Եհովայի համար աշխատիլ։ Երբ շուրջ տասը տարեկան էի, օգնական ծառայ մը զիս կ’առնէր եւ դաշտի ծառայութեան կը տանէր։ Ուրիշ եղբայր մը նահանգային համաժողովներու երթալու ծախսերս կը հոգար։ Եղբայր մը նոյնիսկ ինծի կ’օգնէր որ Թագաւորութեան Սրահին համար նուիրատուութիւններ ընեմ»։
Տէյվիտ մկրտուեցաւ երբ 17 տարեկան էր, եւ հետագային սկսաւ ծառայել Եհովայի Վկաներու Մեքսիկայի մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ։ Նոյնիսկ հիմա, ան կը խոստովանի. «Քանի մը երէցներ կան, որոնք կրթութեանս մէջ յատկանշական դեր մը կը խաղան եւ ինծի օգտակար խրատներ կու տան։ Այս կերպով անապահովութեան ու մինակութեան զգացումին հետ գլուխ կ’ելլեմ»։
Մեքսիկայի ժողովքներէն մէկուն մէջ՝ ուր օգնութեան կարիքը ունեցող շատ որբեւարիներ կան, Աբէլ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Համոզուած եմ թէ որբեւարիներուն ամենէն ստիպողական կարիքը՝ զգացական աջակցութիւնն է։ Երբեմն անոնք յուսալքութեան պահեր կ’ունենան. առանձին կը զգան։ Հետեւաբար, շատ կարեւոր է անոնց նեցուկ կանգնիլ, անոնց մտիկ ընելով։ Մենք [ժողովքի երէցներս] յաճախ այցելութիւն կու տանք անոնց։ Անոնց խնդիրներուն ուշադրութիւն ընծայելու համար ժամանակ տրամադրելը կարեւոր է։ Անիկա զիրենք հոգեւորապէս կը մխիթարէ»։ Սակայն, երբեմն նիւթական օգնութեան ալ կարիքը կայ։ Վերջերս, Աբէլ ըսաւ. «Այժմ, որբեւարի քրոջ մը համար տուն մը կը շինենք։ Կարգ մը Շաբաթ օրեր եւ շաբթուան կարգ մը յետմիջօրէներ, անոր տան մէջ կ’աշխատինք»։
Ուրիշ ժողովքի երէց մը, որբերուն ու որբեւարիներուն օգնութիւն մատուցանելու իր անձնական փորձառութեան մասին խօսելով, կ’ըսէ. «Կը խորհիմ թէ, որբերը ա՛լ աւելի քրիստոնէական սիրոյ կարիքը ունին, քան՝ որբեւարիները։ Նկատած եմ թէ անոնք աւելի մերժուած ըլլալու զգացումը ունին, քան՝ այն երախաները եւ անչափահասները որոնք հայրով ու մայրով կը մեծնան։ Անոնք աւելիով կարիքը ունին եղբայրասիրական արտայայտութիւններու։ Լաւ կ’ըլլայ ժողովներէն ետք զիրենք փնտռել եւ իրենց որպիսութիւնը հարցնել։ Ամուսնացած եղբայր մը կայ, որ կանուխ հասակէն որբ մնացած էր։ Ժողովներուն միշտ ջերմօրէն կը բարեւեմ զինք, եւ երբ զիս տեսնէ, կ’ողջագուրէ զիս։ Ասիկա իսկական եղբայրասիրութեան կապերը կ’ամրապնդէ»։
Եհովա «Աղքատը Պիտի Փրկէ»
Որբեւարիներու եւ որբերու պարագային, կացութեան հետ գլուխ ելլելու համար, Եհովայի վստահիլը հիմնական է։ Իր մասին ըսուած է. «Տէրը կը պահէ պանդուխտները, կը հաստատէ որբն ու որբեւարին»։ (Սաղմոս 146։9) Այսպիսի խնդիրներու ամբողջական լուծումը միա՛յն Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ պիտի գայ։ Մեսիայի այդ իշխանութիւնը մարգարէականօրէն նկարագրելով, սաղմոսերգուն գրեց. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ»։—Սաղմոս 72։12, 13
Մինչ իրերու այս դրութեան վախճանը կը մօտենայ, Քրիստոնեաներու դիմագրաւած ճնշումները ընդհանուր առմամբ անպայման պիտի աւելնան։ (Մատթէոս 24։9-13) Կարիքը կայ որ Քրիստոնեաներ ամէն օր իրարու հանդէպ աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց տան եւ ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենան’։ (Ա. Պետրոս 4։7-10) Քրիստոնեայ տղամարդիկը, մանաւանդ երէցները, որբերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ կարեկցութիւն պէտք է ցուցաբերեն։ Իսկ ժողովքի հասուն կիները կրնան որբեւարիներուն թիկունք կանգնիլ եւ անոնց մխիթարութեան աղբիւր մը ըլլալ։ (Տիտոս 2։3-5) Իրականութեան մէջ, ամէն մէկս կրնանք մեր բաժինը բերել, նեղութեան մէջ եղողներուն հանդէպ գործնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով։
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները երբ ‘իրենց եղբայրը բանի մը կարօտ տեսնեն, իրենց գութը անկէ չեն գոցեր’։ Անոնք անկեղծօրէն կ’անսան Յովհաննէս առաքեալի խրատին. «Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ա. Յովհաննու 3։17, 18) Ուստի, ‘որբերուն ու որբեւարիներուն հոգ տանինք իրենց նեղութեան ատենը’։—Յակոբու 1։27, ՆԱ
[Մէջբերում՝ էջ 11]
«Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով»։ Ա. Յովհաննու 3։18
[Նկարներ՝ էջ 10]
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները որբերուն ու որբեւարիներուն հոգ կը տանին նիւթական, հոգեւոր, եւ զգացական գետնի վրայ