Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան ‘մինչեւ վերջը համբերեց’

Ան ‘մինչեւ վերջը համբերեց’

Ան ‘մինչեւ վերջը համբերեց’

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ կեդրոնատեղիի անձնակազմի նոր անդամներուն 1993–ին ցուցադրուած պատկերիզի մը մէջ, Լայմըն Ալեքսանդր Սուինկըլ, Եհովայի ծառայելու մասին իր զգացումները արտայայտելով, ըսաւ. «Ձեր կօշիկները ոտքերնիդ մահացէք»։ *

Իննիսուն տարեկան Եղբայր Սուինկըլ ըրաւ այն ի՛նչ որ ինք ուրիշները կը քաջալերէր որ ընէին։ Ան ‘մինչեւ վերջը համբերեց’։ (Մատթէոս 24։13) Թէեւ ֆիզիքապէս կը տառապէր, սակայն, Չորեքշաբթի 7 Մարտին, ան ներկայ գտնուեցաւ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի ժողովին, որուն մէկ անդամն էր։ Յաջորդ Երեքշաբթի անոր վիճակը վատթարացաւ, եւ 14 Մարտ կ.ա. 4։26–ին, իր բժիշկը ծանուցանեց անոր մահը։

Լայմըն Սուինկըլ, Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին՝ Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ իր ծառայութիւնը սկսած էր 5 Ապրիլ 1930–ին։ Հոն շուրջ 71 տարիներ ծառայեց։ Սկիզբը, Եղբայր Լայմըն գրքակազմութեան մէջ աշխատեցաւ, ապա՝ տպագրատան մէջ. ան մելանի պատրաստութեան ալ օգնեց։ Արդարեւ, Եղբայր Սուինկըլ շուրջ 25 տարի մելան արտադրելու բաժինին մէջ անցուց։ Ան մօտ 20 տարի ալ ծառայեց որպէս կեդրոնատեղիի գրական անձնակազմին մէկ անդամը։ Իր կեանքի վերջին 17 տարիներու ընթացքին, ան Գանձապահի Գրասենեակին մէջ աշխատեցաւ։

Եղբայր Լայմընը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խիզախօրէն ծանուցանող մըն էր։ Պրուքլինի մէջ անցուցած իր սկիզբի օրերուն, ինքն ու իր սենեկակիցը՝ Արթըր Ուորսլի, Վկաներուն պատկանող նաւերէն մէկով կը նաւարկէին Հատսըն Գետին մէջ։ Բարձրախօսներ գործածելով, անոնք բազմաթիւ շաբաթավերջեր կը յատկացնէին Թագաւորութեան պատգամը ծովեզերեայ շրջաններու բնակիչներուն ձայնասփռելու համար։

Եղբայր Սուինկըլ ծնած է 6 Նոյեմբեր 1910–ին, Լինքըլնի մէջ, Նեպրասքա, սակայն, անկէ քիչ ետք ընտանիքը փոխադրուած է Սոլթ Լէյք Սիթի, Եութահ։ Հոն, 1913–ին, իր ծնողքը Աստուածաշունչի Աշակերտներ եղած են, ինչպէս որ Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ատեն։ Տարիներու ընթացքին, Սուինկըլ ընտանիքը Վկաներու Պրուքլինի կեդրոնատեղիէն բազմաթիւ այցելու դասախօսներ հիւրասիրեց, եւ այս անհատները Լայմընի վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցան։ 1923–ին՝ 12 տարեկան հասակին, Աստուծոյ հանդէպ իր նուիրումը խորհրդանշելով, ան մկրտուեցաւ։

Պրուքլինի մէջ աւելի քան 26 տարիներ որպէս ամուրի ծառայելէ ետք, Լայմընին կեանքը մեծապէս ճոխացաւ երբ ամուսնացաւ Քրիսթըլ Զըրգըրին հետ, 8 Յունիս 1956–ին։ Անոնք անբաժան ընկերակիցներ էին, եւ միասնաբար ծառայեցին մինչեւ Քրիսթըլին մահը՝ 1998–ին։ Շուրջ երեք տարի առաջ, Քրիսթըլ կաթուածահար եղաւ, եւ ասիկա մեծապէս անկարող դարձուց զինք։ Ամէն օր զինք խնամելու մէջ իր մասնակցութիւնը բերելով, Լայմըն նուիրումի ոգեւորիչ օրինակ մը հանդիսացաւ զինք ճանչցողներուն համար, մանաւանդ անոնց՝ որոնք կը տեսնէին թէ Լայմըն ինչպէս սիրալիր կերպով հաշմակառքը կը հրէր մօտակայ մայթին երկայնքին, մինչ Քրիսթըլ անցորդներուն Դիտարան եւ Զարթի՛ր կը ներկայացնէր։

Եղբայր Սուինկըլ անկեղծ ու ջերմ մարդ մըն էր, որ զինք ճանչցողներուն կողմէ սիրուեցաւ։ Իր հօրն ու մօրը նման, ան երկնային Թագաւորութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսի հետ ապրելու Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յոյսը ունէր, յոյս մը՝ որ վստահ ենք որ հիմա իրականացած է։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-17. Յայտնութիւն 14։13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Ասիկա կը նշանակէ՝ պաշտօնի վրայ մեռնիլ։

[Նկար՝ էջ 31]

Եղբայր Սուինկըլ շուրջ 25 տարիներ մելանի պատրաստութեան բաժնին մէջ ծառայեց

[Նկար՝ էջ 31]

Լայմըն եւ Քրիսթըլ իրարմէ չէին բաժնուեր