Եհովան փորձեցինք
Կենսագրութիւն
Եհովան փորձեցինք
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՓՕԼ ՍՔՐԱՅՊՆԸՐ–Ի ԿՈՂՄԷ
«Բարի լոյս Տիկ. Սթէքհաուս։ Այս առաւօտ Զատկուան կարկանդակներու ապսպրանքները կ’առնեմ, եւ վստահ եմ որ հաճոյքով հատ մըն ալ ձեր ընտանիքին համար պիտի ապսպրէք»։ 1938–ի գարնան սկիզբն էր, եւ ես Ադգոյի մէջ էի, Նիւ Ճըրզի (Ա.Մ.Ն.), մեր ամենէն լաւ յաճախորդներէն մէկուն հետ կը խօսակցէի, երբ որպէս Ճէնըրըլ Պէյքինկ Քամփընիի վաճառող, սովորական այցելութիւններս կու տայի։ Շատ անակնկալի եկայ երբ Տիկ. Սթէքհաուսը զիս մերժեց։
«ՉԵՄ խորհիր որ զիս կը հետաքրքրէ», ըսաւ ան։ «Մենք Զատիկ չենք տօներ»։
Այդ պահուն ինչ խորհիլս չգիտցայ։ Զատիկ չե՞ն տօներ. . .։ Անշուշտ, առեւտուրի գլխաւոր քաղաքականութիւնն է՝ յաճախորդը մի՛շտ իրաւունք ունի։ Ուստի ի՞նչ պէտք էր ընէի։ Համարձակութեամբ ըսի. «Բայց, շա՛տ համով կարկանդակ մըն է, եւ գիտեմ թէ մեր արտադրութիւնները կը հաւնիք։ Չէ՞ք խորհիր թէ ձեր ընտանիքը պէտք է համտեսէ զայն, նոյնիսկ երբ, ը՜ը . . . , Զատիկ չէք տօներ»։
«Չեմ խորհիր», կրկնեց ան, «մտադրած էի ձեր հետ խօսիլ նիւթի մը մասին, Պրն. Սքրայպնըր, եւ կը կարծեմ թէ ասիկա լաւ առիթ մըն է»։ Այդ խօսակցութիւնը հիմնովին պիտի փոխէր կեանքս։ Տիկ. Սթէքհաուսը, որ Նիւ Ճըրզիի մէջ, Եհովայի Վկաներու Պերլինի Խումբին (կամ ժողովքին) մէկ անդամն էր, բացատրեց Զատկուան տօնակատարութեան ծագումը եւ ինծի երեք գրքոյկ տուաւ։ Անոնց խորագիրներն էին՝ Ապահովութիւն, Քօղազերծուած եւ Պաշտպանութիւն։ Գրքոյկները առնելով տուն գացի, հետաքրքիր՝ բայց քիչ մը վարանոտ։ Տիկ. Սթէքհաուսին ըսածները ականջիս ծանօթ հնչեցին, մանկութեանս ժամանակ ասոնց նման բաներ լսած էի։
Աստուածաշունչի Աշակերտներուն Հետ Առաջին Կապս
Ծնած եմ 31 Յունուար 1907–ին, իսկ 1915–ին, երբ ութ տարեկան էի, հայրս խլիրդէ մահացաւ։ Այս
պատճառաւ, ես ու մայրս իր ծնողքին հետ բնակելու գացինք, որոնք մեծ տուն մը ունէին Մալտընի մէջ, Մասաչուսէթս։ Մօրեղբայրս՝ Պէնճէմին Րէնսըմ ու իր կինն ալ հոն կը բնակէին՝ երրորդ յարկը։ Մօրեղբայրս՝ Պէն, արդէն դարասկիզբէն առաջ կ’ընկերակցէր Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներուն հետ, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն։ Շատ կը սիրէի մօրեղբայրս, սակայն մօրս ընտանիքին մնացեալ անդամները, որոնք Մեթոտականներ էին, զինք տարօրինակ կը նկատէին։ Տարիներ ետք, կինը իրեն հետ ամուսնալուծուելէն առաջ, յաջողեցաւ զինք կարճ ժամանակուան մը համար յիմարանոց դնել, իր կրօնական հաւատալիքներուն համար։ Քանի որ հիւանդանոցի բժիշկները շուտով անդրադարձան որ մօրեղբօրս խելքը բան մը չունէր, իրմէ ներողութիւն խնդրելով՝ զինք տուն ղրկեցին։Մօրեղբայրս՝ Պէն, Պոսթոնի մէջ Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներու ժողովներուն կը տանէր զիս, մանաւանդ երբ այցելու դասախօսներ կամ մասնայատուկ առիթներ ըլլային։ Անգամ մը, այցելու դասախօսը հանրածանօթ Չարլզ Թէյզ Ռասըլն էր, որ այդ օրերուն քարոզչութեան գործը կը հովանաւորէր։ Ուրիշ անգամ, մասնայատուկ առիթը՝ «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»ին ցուցադրութիւնն էր։ Թէեւ անիկա 1915–ին էր, սակայն մինչեւ այսօր յստակօրէն կը յիշեմ այն պատկերը, ուր Աբրահամ Իսահակին հետ լեռ կը բարձրանար, զինք զոհ մատուցանելու համար։ (Ծննդոց, 22–րդ գլուխ) Տակաւին մտքիս մէջ թարմ է Աբրահամի ու Իսահակի բլուրն ի վեր բարձրանալը, փայտերով բեռցուած, մինչ Աբրահամ ամբողջովին Եհովայի վստահած էր։ Քանի որ որբ էի, այս տեսարանը իմ վրաս խոր տպաւորութիւն ձգեց։
Հետագային, մօրեղբայրս՝ Պէն եւ իր կինը, Մէյն փոխադրուեցան, իսկ մայրս վերամուսնացաւ եւ ընտանեօք ետ Նիւ Ճըրզի փոխադրուեցանք։ Ուստի, երկար ատեն մօրեղբայրս չտեսայ։ Նիւ Ճըրզիի մէջ անցուցած պատանեկութեան տարիներուս, Մարիօն Նէֆի ծանօթացայ, որ Երիցական ընտանիքի մը ութ զաւակներէն մէկն էր, որոնց կը սիրէի այցելութիւններ տալ։ Այս ընտանիքին եւ իրենց եկեղեցական պատանեացին հետ ա՛յնքան յաճախ Կիրակի երեկոներ անցուցի, որ ես ալ Երիցական մը եղայ։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի Աշակերտներու ժողովներուն մէջ սորված կարգ մը բաներ միտքս մնացին։ 1928–ին, Մարիօնը եւ ես ամուսնացանք, իսկ 1935–ին՝ Տորիսը եւ 1938–ին՝ Լուիզը ծնան։ Ընտանիքին մէջ աղջնակ մը ու նորածին մը ունենալով, երկուքս ալ զգացինք թէ մեր ընտանիքը մեծցնելու համար հոգեւոր առաջնորդութեան կարիքը ունէինք։
Այդ Գրքոյկներուն Մէջ Ճշմարտութիւնը Գտանք
Մարիօնը եւ ես եկեղեցի մը կը փնտռէինք յաճախելու համար. ուստի ծրագիր մը յղացանք։ Ամէն Կիրակի մեզմէ մէկը երախաներուն քով կը մնար, մինչ միւսը եկեղեցի մը կ’այցելէր հոն յաճախելու հաւանական հեռանկարով։ Կիրակի մը, Մարիօնին կարգն էր տունը մնալու, սակայն առաջարկեցի ես երախաներուն քով մնալ, որպէսզի կարենայի կարդալ Ապահովութիւն գրքոյկը՝ Տիկ. Սթէքհաուսին տուած երեք գրքոյկներուն առաջինը։ Անգամ մը որ սկսայ, չկրցայ զայն ձեռքէս վար դնել։ Հետզհետէ աւելի համոզուեցայ թէ գտած էի բան մը, զոր ո՛չ մէկ եկեղեցի կրնար տալ։ Յաջորդ շաբաթ, միեւնոյն բանը պատահեցաւ, դարձեալ յօժարեցայ երախաներուն հոգ տանիլ մինչ կը կարդայի երկրորդ գրքոյկը, որուն խորագիրն էր
Քօղազերծուած։ Կարդացածս օտար չհնչեց ականջիս։ Արդեօք մօրեղբայրս Պէն ասո՞ր կը հաւատար։ Մեր ընտանիքը կը խորհէր թէ անիկա յիմարական կրօնք մըն էր։ Մարիօնը ի՞նչ պիտի խորհէր։ Մտահոգուելու պէտք չունէի։ Քօղազերծուած գրքոյկը կարդալէն քանի մը օր ետք, երբ գործէն տուն վերադարձայ, Մարիօնը զիս անակնկալի բերաւ, ըսելով՝ «Բերած գրքոյկներդ կարդացի։ Շատ հետաքրքրական են»։ Ասիկա որքա՜ն հանգստացուց զիս։Գրքոյկներուն ետեւը տեղեկութիւններ կային, վերջերս լոյս տեսած Թշնամիներ խորագրով գրքին մասին, գիրք մը՝ որ բուռն կերպով սուտ կրօնքը կը քօղազերծէր։ Որոշեցինք զայն ձեռք ձգել։ Սակայն, նամակատան միջոցաւ մեր խնդրագիրը ուղարկելէն առաջ, Վկայ մը մեր դուռը զարկաւ եւ ճի՛շդ այդ գիրքը ներկայացուց մեզի։ Այդ գիրքը իր գործը տեսաւ։ Դադրեցանք եկեղեցիներ այցելելէ եւ սկսանք Քէմտընի, Նիւ Ճըրզի, Եհովայի Վկաներու Խումբի ժողովներուն երթալ։ Միայն քանի մը ամիս ետք, Կիրակի մը, 31 Յուլիս 1938–ին, շուրջ 50 հոգի Քոյր Սթէքհաուսի պարտէզին մէջ հաւաքուեցանք՝ նոյն այդ տան մէջ, ուր փորձած էի Զատկուան կարկանդակներ ծախել՝ եւ մկրտութեան մասին Դատաւոր Ռատըրֆորտի ձայնագրուած
դասախօսութիւններէն մէկը մտիկ ըրինք։ Ապա տան մէջ մեր հագուստները փոխեցինք եւ 19 հոգի մօտակայ գետակի մը մէջ մկրտուեցանք։Վճռած Էի Ռահվիրայ մը Ըլլալ
Մկրտութենէս անմիջապէս ետք, խումբի քոյրերէն մէկը ինծի խօսեցաւ ռահվիրայ կոչուող անհատներու մասին, որոնք հանրային ծառայութիւնը իրենց գլխաւոր գործունէութիւնը դարձուցած էին։ Անմիջապէս հետաքրքրութիւնս արթնցաւ եւ շատ չանցած ռահվիրայ ընտանիքի մը ծանօթացայ։ Տարեց մարդ մը՝ եղբայր Քօնիկ, իր կինը եւ իր չափահաս աղջիկը, բոլորն ալ մօտակայ ժողովքի մը մէջ ռահվիրաներ էին։ Նոր կազմուած ընտանիքի մը հայրը ըլլալով, ծառայութեան մէջ Քօնիկ ընտանիքին վայելած խոր ուրախութիւնը զիս տպաւորեց։ Յաճախ անոնց կը հանդիպէի, փռապանի յատուկ կառքս կը շարէի, եւ անոնց հետ տունէ տուն ծառայութեան մէջ ժամանակ կ’անցնէի։ Շատ չանցած ուզեցի ե՛ս ալ ռահվիրայ ըլլալ։ Սակայն, ի՞նչպէս։ Մարիօնը եւ ես երկու փոքր երախաներ ունէինք, իսկ գործս ծանր էր։ Իրականութեան մէջ, երբ Եւրոպայի մէջ Բ. Աշխարհամարտը սկսաւ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետզհետէ աւելի երիտասարդներ բանակին միացան, քաղաքացիական պաշտօններու վրայ եղողներուն գործերը երթալով աւելցան։ Գործին մէջ վրաս ճնշում կը բանեցնէին որ յաւելեալ շրջաններու մէջ ալ մեր արտադրութիւնները վաճառէի, սակայն գիտէի թէ այսպիսի յայտագրով մը՝ երբեք պիտի չկարենայի ռահվիրայութիւն ընել։
Երբ ռահվիրայ ըլլալու փափաքս եղբայր Քօնիկին յայտնեցի, ան ըսաւ. «Շարունակէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ծանր աշխատիլ, եւ շարունակէ աղօթքով նպատակակէտդ իրեն յայտնել։ Ան քեզի պիտի օգնէ որ անոր հասնիս»։ Աւելի քան տարի մը, շարունակ ասիկա ըրի։ Յաճախ կը մտածէի Մատթէոս 6։8–ի նման համարներու մասին, որոնք մեզ կը վստահեցնեն թէ Եհովա գիտէ մեր կարիքները, դեռ մենք իրմէ չխնդրած։ Նաեւ շարունակեցի Մատթէոս 6։33–ի խրատին հետեւիլ. շարունակել առա՛ջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը խնդրել։ Եղբայր Մէլվին Ուինչէսթըրն ալ, որ գօտիի տեսուչ մըն էր (այժմ շրջանային տեսուչ կը կոչուի), զիս քաջալերեց։
Իմ նպատակակէտերուս մասին խօսեցայ Մարիօնին։ Միասնաբար նկատի առինք Մաղաքեայ 3։10–ի խօսքերը, ուր կը քաջալերէ Եհովան փորձել եւ տեսնել թէ անիկա մեր վրայ օրհնութիւններ պիտի թափէ թէ ոչ։ Իր պատասխանը զիս քաջալերեց. «Եթէ կ’ուզես ռահվիրայութիւն ընել, ինծի համար ետ մի կենար։ Ես կրնամ աղջիկներուն հոգ տանիլ, մինչ դուն ռահվիրայութիւն կ’ընես։ Ամենայնդէպս, շատ նիւթականի պէտք չունինք»։ 12 տարուան ամուսնութենէ մը ետք, արդէն գիտէի թէ Մարիօնը խնայող եւ զգոյշ տանտիկին մըն էր։ Տարիներու ընթացքին, ան հոյակապ ռահվիրայ ընկերակից մը եղած է, եւ շուրջ 60 տարուան լիաժամ ծառայութեան մէջ մեր յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը՝ քիչով գոհանալու եւ զայն բաւարար նկատելու իր կարողութիւնը եղած է։
1941–ի ամրան, քանի մը ամիս աղօթքով ծրագրելէ ետք, Մարիօնը եւ ես քիչ մը դրամ խնայեցինք, եւ 5,5 մեթրնոց յետսակառք մը գնեցինք, որուն մէջ մեր ընտանիքը կրնար ապրիլ։ Գործս ձգեցի եւ Յուլիս 1941–ին կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ եւ անկէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ եմ։ Առաջին նշանակումս էր Թիւ 50 Ճամբուն վրայ գտնուող տասը կայաններ, Նիւ Ճըրզիի եւ Սէնթ Լուիս, Միսուրիի միջեւ, ուր Օգոստոսի սկիզբը տեղի պիտի ունենար մեր համաժողովը։ Ճամբուս վրայ գտնուող եղբայրներուն անուններն ու հասցէները ղրկուեցան ինծի, եւ ես կանխաւ գրեցի անոնց, տեղեկացնելով իմ ժամանումիս մասին։ Համաժողովի հասնելէ ետք, պէտք էր ռահվիրայական գրասենեակը գտնէի, ուրիշ նշանակում մը ստանալու համար։
«Եհովան Պիտի Փորձեմ»
Մեր փոքրիկ յետսակառքը գրականութիւններով բեռցուցինք եւ Քէմտընի մէջ մեր վերջին ժողովին գացինք, եղբայրներուն հրաժեշտ տալու համար։ Մեզի հետ երկու աղջնակներ ունենալով եւ համաժողովէն ետք երթալիք որոշեալ վայր մը չունենալով, մեր ծրագիրները անիրապաշտ թուեցան կարգ մը եղբայրներու, եւ անոնցմէ ոմանք ըսին. «Շատ չանցած պիտի վերադառնաք»։ Կը յիշեմ որ ըսի. «Չեմ ըսեր թէ պիտի չվերադառնանք։ Եհովա ըսած է որ ինծի հոգ պիտի տանի, եւ ես զինք պիտի փորձե՛մ»։
Մասաչուսէթսի եւ Միսիսիփիի միջեւ գտնուող 20 գիւղաքաղաքներու մէջ վեց տասնամեակներ ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, կրնանք ըսել թէ Եհովա իր խոստումը պահելէն աւելին ըրած է։ Մարիօնին, իմ եւ մեր աղջիկներուն վրայ իր թափած օրհնութիւնները, 1941–ին իմ յուսացածէս շատ աւելին եղան։ Օրհնութիւններուն մէջ կան մեր աղջիկները մօտակայ ժողովքներուն մէջ որպէս հաւատարիմ ռահվիրաներ
ծառայելը, եւ (ըստ վերջին հաշիւներուս) շուրջ հարիւր հոգեւոր տղաքներ ու աղջիկներ ունենալը, Միացեալ Նահանգներու Իյսթ Քոսթի ամբողջ տարածքին վրայ։ Ես 52 անհատներու հետ ուսումնասիրած եմ, իսկ Մարիօնը՝ 48, որոնք իրենց կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրած են։Օգոստոս 1941–ին, Սէնթ Լուիս եկանք եւ հոն Եղբայր Թ. Ժ. Սըլիվընի ծանօթացայ, որ Պէթէլէն էր։ Ան իմ ձեռնադրութեանս նամակը ունէր, որուն կարիքը ունէի մօտալուտ պատերազմին եւ զինուորագրութեան համար։ Եղբայր Սըլիվընի ըսի թէ կինս ծառայութեան մէջ նոյնքան ժամանակ կը յատկացնէր որքան ես, եւ թէ ինքն ալ կը փափաքէր ինծի հետ ռահվիրայութիւն ընել։ Թէեւ համաժողովին ռահվիրայական գրասենեակը տակաւին չէր հաստատուած, Եղբայր Սըլիվըն տեղւոյն վրայ Մարիօնը որպէս ռահվիրայ նշանակեց եւ մեզի հարցուց. «Համաժողովէն ետք ո՞ւր ռահվիրայութիւն պիտի ընէք»։ Չէինք գիտեր։ «Հոգ մի՛ ընէք», ըսաւ ան, «համաժողովին պիտի ծանօթանաք մէկու մը, որուն շրջանին մէջ ռահվիրաներու կարիքը կայ, եւ ձեր խնդիրը պիտի լուծուի։ Միայն թէ մեզի գրեցէք եւ ըսէք թէ ո՛ւր էք, եւ մենք ձեզի նշանակումի նամակը կը ղրկենք»։ Այդպէս ալ եղաւ։ Այնպէս պատահեցաւ որ Եղբայր Ճէք ՏըՈւիթ, նախկին գօտիի ծառայ մը, Նիւ Մարքէթէն (Վըրճինիա) կարգ մը անհատներ գիտէր, որոնք ռահվիրայական տուն մը ունէին որ քանի մը յաւելեալ ռահվիրաներու կարիքը ունէր։ Ուստի համաժողովէն ետք, Նիւ Մարքէթ ուղղուեցանք։
Նիւ Մարքէթի մէջ մասնայատուկ անակնկալ մը ունեցանք։ Ո՞վ Ֆիլատելֆիայէն գալով ռահվիրայական գործին մէջ մեզի միացաւ. Պէնճէմին Րէնսըմը։ Այո, մօրեղբայրս՝ Պէնը։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր իրեն հետ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցիլ, Պոսթոնի մէջ ճշմարտութեան սերմերը սրտիս մէջ ցանելէն աւելի քան 25 տարիներ ետք։ Տարիներ շարունակ անտարբերութիւն, ծաղրանք եւ նոյնիսկ ընտանեկան հալածանք դիմագրաւելով հանդերձ, մօրեղբայրս՝ Պէն, Եհովայի ու ծառայութեան հանդէպ իր սէրը երբե՛ք չէր կորսնցուցած։
Նիւ Մարքէթի ռահվիրայական տան մէջ ութ ամիս մնացինք։ Այդ միջոցին, ուրիշ բաներու կողքին, սորվեցանք մեր գրականութիւնները փոխանակել հաւերով ու հաւկիթներով։ Անկէ ետք, մօրեղբայրս՝ Պէնը, Մարիօնը եւ ես, ուրիշ երեք ռահվիրաներու հետ մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցանք, ծառայելու համար Հէնովըրի մէջ, Փէնսիլվանիա. ասիկա առաջինն էր այն վեց նշանակումներէն, որոնք պիտի ունենայինք Փէնսիլվանիոյ մէջ՝ 1942-1945–ի միջեւ։
Մասնաւոր Ռահվիրաներ՝ Բ. Աշխարհամարտի Ընթացքին
Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին կային ժամանակներ երբ մեր չէզոք դիրքին համար հակառակութիւն կը դիմագրաւէինք, սակայն Եհովա երբեք մեզ երեսէ չձգեց։ Անգամ մը, Փրովինսթաունի մէջ, Մասաչուսէթս, մեր հին Պույք ինքնաշարժը աւրուեցաւ, եւ ստիպուեցայ թշնամական կեցուածք ունեցող Կաթողիկէ թաղի մը մէջէն մի քանի քիլոմեթր քալել, վերայցելութիւն մը ընելու համար։ Երիտասարդ խուլիգաններու քովէն անցայ, որոնք զիս ճանչնալով սկսան պոռալ ու կանչել։ Քայլերս արագացուցի, մինչ ականջիս քովէն քարեր կը սուրային, յուսալով որ այդ պատանիները ետեւէս չգային։ Հետաքրքրուած անհատին տունը հասայ՝ անվնաս։ Սակայն, տանտէրը, որ Ամերիկեան Լեգէոնի յարգուած մէկ անդամն էր, ներողութիւն խնդրեց, ըսելով. «Չեմ կրնար ժամանակս ձեզի տրամադրել, քանի որ մոռցայ թէ այս գիշեր քաղաք պիտի իջնէինք շարժապատկեր մը դիտելու համար»։ Սիրտս դող ելաւ երբ յիշեցի անկիւնը կանգնած քարկոծող պատանիներու խումբը, որոնք վերադարձս կը սպասէին։ Սակայն, տրամադրութիւնս փոխուեցաւ երբ մարդը շարունակեց, ըսելով. «Ինչո՞ւ մեր հետ չես քալեր։ Կրնանք ճամբուն վրայ խօսակցիլ»։ Ուստի, կրցայ իրեն վկայութիւն տալ եւ միեւնոյն ատեն այդ վտանգաւոր վայրէն ալ ապահով կերպով անցնիլ։
Ընտանիքին եւ Ծառայութեան Մէջ Հաւասարակշռութիւն Պահել
Պատերազմէն ետք, Վըրճինիայի մէջ տարբեր նշանակումներ ունեցանք, մէջը ըլլալով, Շարլոթցվիլի մէջ ութ տարուան կեցութիւն մը, որպէս մասնաւոր եւ կանոնաւոր ռահվիրաներ։ 1956–ին, աղջիկները արդէն մեծցած ու ամուսնացած էին, իսկ Մարիօնն ու ես դարձեալ փոխադրուած էինք, եւ կը ծառայէինք Հէրիսընպըրկի մէջ, Վըրճինիա, որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, իսկ Լինքոլնթընի մէջ, Նորթհ Քարոլայնա, որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։
1966–ին, նշանակումս եղաւ շրջանային գործը, մէկ ժողովքէն միւսը փոխադրուիլ ու եղբայրները քաջալերել, ճիշդ ինչպէս Եղբայր Ուինչէսթըր զիս քաջալերած էր Նիւ Ճըրզիի մէջ, 30–ական թուականներուն։ Մօտ երկու տարի, Թէնըսիի ժողովքներուն ծառայեցի որպէս շրջանային տեսուչ։ Ապա Մարիօնէն ու ինծմէ խնդրուեցաւ մեր նախասիրութեան վերադառնալ, որ էր՝ մասնաւոր ռահվիրայութիւնը։ 1968–էն մինչեւ 1977, որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայեցինք Ճորճիայի եւ Միսիսիփիի միջեւ երկարող Տիփ Սաութի մէջ։
Առակաց 3։5, 6–ի նման համարներ մտաբերեցի. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահելու համար մեծ ճիգ թափելով, կրցանք ժողովքը միացնել, եւ ասիկա բոլորին համար նպաստաւոր հետեւանքներ ունեցաւ։
Իսթմէնի մէջ, Ճորճիա, ժողովքի տեսուչ նշանակուեցայ (այժմ կը կոչուի վերակացու տեսուչ), փոխարինելու համար Փաուլ Քըրքլէնտը, սիրելի ու տարեց եղբայր մը, որ երկար տարիներ ծառայած էր որպէս շրջանային տեսուչ, սակայն այժմ առողջութիւնը լաւ չէր։ Ան գնահատելու եւ աջակցելու հոյակապ հոգի մը ունէր։ Իր աջակցութիւնը կենսական էր, քանի որ ժողովքին մէջ որոշ անհամաձայնութիւններ կային եւ ասոր մէջ քանի մը կարկառուն անհատներ պարփակուած էին։ Հարցը տաքցաւ, եւ երկար ժամանակ Եհովայի աղօթեցի անոր համար։1977–ին սկսանք մեր յառաջացած տարիքին ազդեցութիւնները զգալ, եւ դարձեալ Շարլոթցվիլի շրջանը նշանակուեցանք, ուր մեր երկու աղջիկները կը բնակէին իրենց ընտանիքներով։ Վերջին 23 տարիներուն ուրախութեամբ ծառայած ենք այս շրջանին մէջ, աջակցելով Վըրճինիայի Ռուքրզվիլ ժողովքի հաստատման, եւ տեսնելով մեր նախկին Աստուածաշունչի Աշակերտներուն զաւակներուն ու թոռներուն մեծնալը եւ ժողովքին մէջ երէցներ, ռահվիրաներ եւ Պէթէլականներ ըլլալը։ Մարիօնը եւ ես տակաւին կարող ենք դաշտի ծառայութեան լաւ յայտագիր մը պահպանել, եւ ես առանձնաշնորհումը ունիմ որպէս երէց գործօն մասնակցութիւն բերելու Շարլոթցվիլի Արեւելեան Ժողովքին մէջ, գրքի ուսումնասիրութեան խումբ մը
վարելով եւ հանրային դասախօսութիւններ տալով։Տարիներու ընթացքին, ինչպէս ամէն անհատ, մենք ալ խնդիրներ ունեցած ենք։ Օրինակ, հակառակ մեր ջանքերուն, Տորիս իր պատանեկութեան վերջին տարիներուն ատեն մը հոգեւորապէս տկարացաւ եւ Վկայ չեղող անհատի մը հետ ամուսնացաւ։ Սակայն, ան երբեք Եհովայի հանդէպ իր սէրը բոլորովին չկորսնցուց, իսկ իր տղան՝ Պիլը 15 տարիէ ի վեր կը ծառայէ Պէթէլի մէջ, Ուոլգիլ, Նիւ Եորք։ Այժմ Տորիսը եւ Լուիզը որբեւարի են, սակայն անոնք մօտակայ ժողովքի մը մէջ ուրախութեամբ կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ։
Դասեր՝ Զորս Տարիներու Ընթացքին Սորվեցանք
Եհովայի յաջողութեամբ ծառայելու համար, տարիներու ընթացքին, քանի մը պարզ օրէնքներ սորված եմ կիրարկել. Պարզ կեանք մը վարել։ Ձեր բոլոր գործառնութիւններուն մէջ՝ ի ներառեալ ձեր անձնական կեանքին մէջ՝ օրինակելի եղէք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային» առաջնորդութիւնը կիրարկեցէք ամէ՛ն բանի մէջ։—Մատթէոս 24։45
Մարիօնը թելադրութիւններու կարճ, սակայն ազդու ցանկ մը պատրաստած է, զաւակներ մեծցնելով հանդերձ ռահվիրայութեան մէջ յաջողութիւն գտնելու համար. Գործնական ծրագիր մը ըրէ՛ք եւ անոր կառչեցէ՛ք։ Ձեր ռահվիրայական ծառայութիւնը իսկապէս ձեր ասպարէզը դարձուցէք։ Առողջապահական սննդականոնի մը հետեւեցէք։ Պէտք եղած հանգիստը ըրէք։ Ժամանցի մէջ մի՛ չափազանցէք։ Ճշմարտութիւնը, ի ներառեալ ծառայութեան բոլոր երեսակները, հաճելի փորձառութիւն մը դարձուցէք ձեր զաւակներուն կեանքին մէջ։ Ամէն ժամանակ, ծառայութիւնը իրենց համար հետաքրքրական փորձառութիւն մը դարձուցէք։
Այժմ 90–ական տարիքին մէջ ենք։ Վաթսուն երկու տարի անցած է այն օրէն երբ Սթէքհաուսի տան պարտէզին մէջ մեր մկրտութեան դասախօսութիւնը լսեցինք, իսկ լիաժամ ծառայութեան մէջ 60 տարի անցուցած ենք։ Մարիօնը եւ ես կրնանք պարկեշտօրէն ըսել թէ, մեր կեանքը լիովին եւ խորապէս գոհացուցիչ եղած է։ Խորապէս երախտապարտ եմ այն քաջալերութեան համար զոր ստացայ երբ երիտասարդ հայր մըն էի, որ հոգեւոր նպատակակէտերը առաջին տեղը դնեմ եւ շարունակեմ անոնց հասնելու համար աշխատիլ, նաեւ երախտապարտ եմ սիրելի կնոջս՝ Մարիօնին, եւ դուստրներուս, տարիներու ընթացքին իրենց բերած աջակցութեան համար։ Թէեւ նիւթական հարստութիւն չունինք, սակայն յաճախ Ժողովողի 2։25–ը ես իմ անձիս կը կիրարկեմ. «Ինծմէ զատ ո՞վ կրնայ [«աւելի լաւ», ՆԱ] ուտել եւ ո՞վ կրնայ [«աւելի լաւ», ՆԱ] զուարճանալ»։
Իրապէս, Եհովա Մաղաքեայ 3։10–ի իր խոստումը մեր պարագային գերազանց առատութեամբ կատարած է։ Ան արդարեւ, ‘մեզի օրհնութիւն թափած է, այնքան շատ որ բաւական տեղ չէ եղած’։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 29]
ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐԷՆ
Պատերազմէն շուրջ 60 տարի ետք, ընտանեօք վառ յիշատակներ ունինք այդ տարիներէն։
«Փէնսիլվանիան ցուրտ կ’ըլլար», կը մտաբերէ Տորիսը։ Լուիզը կ’աւելցնէ. «Գիշեր մը ջերմաստիճանը զէռոյէն վար 35 էր։ Մեր ոտքերը տաք պահելու համար, Տորիսը եւ ես իրարու ոտքերուն վրայ կը նստէինք, մեր հին Պույքին ետեւի նստարանին վրայ»։
«Սակայն, երբեք աղքատ կամ զրկուած չզգացինք», կ’աւելցնէ Տորիս։ «Գիտէինք թէ ուրիշներէ շատ աւելի յաճախ կը փոխադրուէինք, եւ միշտ առատ ուտելիք ունէինք, նաեւ գեղեցիկ հագուստներ կը հագնէինք, որոնք գրեթէ նոր վիճակի մէջ մեզի կը հասնէին Օհայոյի մէջ բնակող մեր բարեկամներէն, որոնք մեզմէ քիչ մը մեծ աղջիկներ ունէին»։
«Մայրս ու հայրս միշտ մեզի զգալ կու տային թէ սիրուած եւ գնահատուած ենք», կը նշէ Լուիզը, «եւ անոնց հետ ծառայութեան մէջ բաւական ժամական կ’անցընէինք։ Ասիկա այն զգացումը կու տար, որ իրենց համար մենք մասնայատուկ եւ շատ մտերիմ էինք»։
Փօլ կը մտաբերէ. «1936–ի տիպ Պույք Սբէսիալ մը ունէի, եւ այս ինքնաշարժները հանրածանօթ էին իրենց դիւրաբեկ սռնակներով։ Կը խորհիմ թէ շարժակը ինքնաշարժին մնացեալ մասերուն հետ բաղդատած շատ զօրաւոր էր։ Կը թուէր թէ ասիկա մի՛շտ ամսուան ամենէն ցուրտ գիշերը կը պատահէր, ուստի լքուած ինքնաշարժներու վաճառատունը կ’երթայի՝ ուրիշ սռնակ մը գնելու համար։ Զանոնք փոխելու մէջ մասնագէտ դարձայ»։
«Չմոռնանք ռոճիկ ստանալու քարտերը», կ’ըսէ Մարիօնը։ «Ամէն բան չափով կը բաժնուէր՝ միսը, վառելանիւթը, ինքնաշարժի անիւները, ամէ՛ն բան։ Ամէն անգամ որ մեզի նշանակուած նոր վայր մը հասնէինք, տեղւոյն պետական գրասենեակը պէտք էր երթայինք եւ ռոճիկ ստանալու քարտ մը ձեռք ձգելու համար դիմում ներկայացնէինք։ Քարտ մը ձեռք ձգելու համար ամիսներ կը սպասէինք, եւ ամէն անգամ որ ի վերջոյ զայն ստանայինք, մեր նշանակումը կը փոխուէր, եւ կը ստիպուէինք ամէն բան սկիզբէն սկսիլ։ Սակայն, Եհովա միշտ մեզի հոգ կը տանէր»։
[Նկար]
Մարիօնը եւ ես, Տորիսին (ձախին) եւ Լուիզին հետ, 2000–ին
[Նկար՝ էջ 25]
Մօրս հետ՝ 1918–ին, երբ 11 տարեկան էի
[Նկար՝ էջ 26]
Լուիզին, Մարիօնին եւ Տորիսին հետ 1948–ին, երբ աղջիկները մկրտուեցան
[Նկար՝ էջ 26]
Մեր ամուսնական պատկերը, Հոկտեմբեր 1928–ին
[Նկար՝ էջ 26]
Աղջիկներս (հեռաւոր ձախին եւ հեռաւոր աջին) եւ ես, Եանգի Սթէտիումին մէջ, 1955–ին