Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ մի՛ տաք որ կասկածներ ձեր հաւատքը կործանեն

Թոյլ մի՛ տաք որ կասկածներ ձեր հաւատքը կործանեն

Թոյլ մի՛ տաք որ կասկածներ ձեր հաւատքը կործանեն

Օր մը կը խորհիք թէ առողջ էք։ Միւս օրը՝ հիւանդ կը զգաք։ Յանկարծ, ո՛չ ոյժ ո՛չ ալ կենսունակութիւն ունիք։ Գլխու ու մարմնի ցաւերէ կը տառապիք։ Ի՞նչ է խնդիրը։ Վտանգաւոր ախտեր պատճառող մարմիններ ներս սպրդելով տկարացուցած են ձեր մարմնի դիմադրողական դրութիւնը եւ կենսական անդամներու վրայ յարձակած են։ Եթէ առանց դարմանումի ձգուիք, այս ներխուժող տարրերը կրնան ձեր առողջութիւնը անվերականգնելիօրէն քանդել, նոյնիսկ ձեզ սպաննել։

ԱՆՇՈՒՇՏ, եթէ վատառողջ վիճակի մէջ եղած ժամանակ վարակում մը ստանաք, այն ատեն ա՛լ աւելի անպաշտպան կ’ըլլաք։ Օրինակ, եթէ ձեր մարմինը սննդառութեան պակասէ տկարանայ, ձեր դիմադրողականութիւնը «այնքան կը տկարանայ որ աննշան վարակում մը իսկ կրնայ աղիտալի ըլլալ», կ’ըսէ բժշկաբան Փիթըր Ուինկէյթ։

Պարագան այս ըլլալով, ո՞վ պիտի ուզէր սովի պայմաններու ներքեւ ապրիլ։ Շատ հաւանաբար, լաւ ուտելու եւ առողջ մնալու համար ձեր կարելին կ’ընէք։ Թերեւս ձեր կարելին ալ պիտի ընէք դուք ձեզ ժահրային կամ մանրէական վարակումի չենթարկելու համար։ Սակայն, «հաւատքով առողջ» մնալու համար ալ նոյնքան զգո՞յշ էք։ (Տիտոս 2։2, ՆԱ) Օրինակի համար, թաքուն կասկածներու յարուցած վտանգին դէմ արթո՞ւն էք։ Ասոնք կրնան շատ դիւրաւ ձեր միտքն ու սիրտը պատել, ձեր հաւատքին եւ Եհովայի հետ ձեր յարաբերութեան վնաս հասցնելով։ Ոմանք այս վտանգէն տեղեակ չեն։ Անոնք կասկածներու դիւրին որս մը կը դառնան, իրենք զիրենք հոգեւորապէս անօթի պահելով։ Կարելի՞ է որ դուք ալ նոյնը կ’ընէք։

Կասկածը Մի՞շտ Վնասակար Է

Անշուշտ, ամէն կասկած վնասակար չէ։ Երբեմն, պէտք է վարանիք բան մը ընդունելէ առաջ, մինչեւ որ իրողութիւններէն վստահ ըլլաք։ Կրօնական այն յորդորները որոնք կը թելադրեն թէ պէտք է պարզապէս հաւատաք առանց կասկածելու՝ վտանգաւոր եւ խաբուսիկ են։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Սիրալիր Քրիստոնեայ մը վստահաբար պատրաստ է հաւատալու անոնց, որոնք անցեալին իրենց վստահելի ըլլալը փաստած են։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը զգուշացնէ որ ‘ամէն խօսքի չհաւատանք’։ (Առակաց 14։15) Երբեմն անհատի մը անցեալը վաւերական պատճառ կու տայ կասկածելու։ Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «[Նենգութիւն խօսողին] գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար»։—Առակաց 26։24, 25

Յովհաննէս առաքեալ ալ Քրիստոնեաները կը զգուշացնէ կուրօրէն հաւատալու դէմ։ Ան կը գրէ. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի [«ներշնչուած արտայայտութեան», ՆԱ] մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները [«ներշնչուած արտայայտութիւնները», ՆԱ] փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են»։ (Ա. Յովհաննու 4։1) «Արտայայտութիւն» մը՝ ուսուցում կամ կարծիք մը, կրնայ թուիլ թէ Աստուծմէ ծագում առած է։ Սակայն, անիկա իրապէ՞ս Իրմէ ծագում առած է։ Որոշ չափով կասկածիլը, կամ հաւատալու մէջ վարանիլը, կրնայ իսկական պաշտպանութիւն մը ըլլալ, քանի որ ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ՝ «շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ»։—Բ. Յովհաննու 7

Անհիմն Կասկածներ

Այո, յաճախ հարկ է որ ճշմարտութիւնը հաստատելու համար իրողութիւնները պարկեշտօրէն ու խոնարհութեամբ քննուին։ Սակայն, ասիկա տարբեր է այն պարագայէն երբ թոյլ կու տանք որ անհիմն ու վնասակար կասկածներ մեր մտքին ու սրտին մէջ զարգանան, կասկածներ՝ որոնք կրնան ամրօրէն հաստատուած մեր համոզումներն ու յարաբերութիւնները խախտել։ Այսպիսի կասկած կը սահմանուի որպէս՝ «համոզումի կամ կարծիքի անորոշութիւն, որ յաճախ որոշում տալուն կ’ազդէ»։ Կը յիշէ՞ք Սատանան ի՛նչպէս Եւայի միտքը վարակեց Եհովայի մասին կասկածներով։ «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’», հարցուց ան։ (Ծննդոց 3։1) Այդ անմեղ թուող հարցումին ստեղծած անորոշութիւնը Եւայի որոշում տալուն ազդեց։ Ասիկա Սատանային մեթոտն է։ Այդպէս կոչուած թունաւոր գրիչով նամակ գրողին նման, ան անուղղակի թելադրութիւններ, կէս–ճշմարտութիւններ եւ սուտեր գործածելու մէջ հմուտ է։ Սատանան օգտակար ու վստահելի անհամար յարաբերութիւններ քանդած է, այս կերպով ցանուած խորամանկ կասկածներու միջոցաւ։—Գաղատացիս 5։7-9

Յակոբոս աշակերտ յստակօրէն հասկցաւ այսպիսի կասկածին վնասակար ազդեցութիւնը։ Ան փորձութեան ատեն օգնութեան համար Աստուծոյ համարձակութեամբ մօտենալու հոյակապ առանձնաշնորհումին մասին կը գրէ։ Բայց Յակոբոս կը զգուշացնէ, երբ Աստուծոյ կ’աղօթէք, ‘հաւատքով խնդրեցէք ու մի՛ երկմտիք’։ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ կասկածներ ունենալը մեզ «ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման» կ’ընէ։ ‘Իր բոլոր ճամբաներուն մէջ անհաստատ եղող երկմիտ մարդու’ մը նման կ’ըլլանք։ (Յակոբու 1։6, 8) Համոզումի անորոշութիւն մը կը զարգացնենք, որ մեզ երկմիտ կը դարձնէ։ Այն ատեն, ինչպէս Եւայի պատահեցաւ, ամէն տեսակ դիւային ուսուցումներու եւ փիլիսոփայութիւններու թիրախ կը դառնանք։

Հոգեւոր Լաւ Առողջութիւն Պահպանենք

Ուստի ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել վնասակար կասկածներէ։ Պատասխանը չափազանց պարզ է. հաստատօրէն մերժելով սատանայական պրոպականդը եւ մեզ «հաւատքով հաստատուած» պահելու համար Աստուծոյ պատրաստած հոգեւոր սնունդի բոլոր հայթայթումներէն լիովին օգտուելով։—Ա. Պետրոս 5։8-10

Անձնական հոգեւոր կերակրումը բացարձակապէս անհրաժեշտ է։ Նախապէս յիշուած բժշկաբանը՝ Ուինկէյթ, կը բացատրէ. «Նոյնիսկ երբ մարմինը հանգիստ կ’ընէ, անիկա շարունակ ուժանիւթի կարիք ունի, քիմիական գործողութիւններու եւ իր կենսական անդամներուն աշխատանքին համար. իսկ շատ մը հիւսկէններու նիւթեր յարատեւաբար փոխարինուելու կարիք ունին»։ Նոյնն է պարագան մեր հոգեւոր առողջութեան։ Առանց յարատեւ հոգեւոր կերակրումի, մեր հաւատքը, ուտելիքէ զրկուած մարմնի մը նման աստիճանաբար պիտի վնասուի, եւ ի վերջոյ պիտի մեռնի։ Յիսուս Քրիստոս ասիկա շեշտեց երբ ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։—Մատթէոս 4։4

Ասոր մասին պահ մը խորհեցէք։ Սկիզբը, զօրաւոր հաւատք մը ի՞նչպէս կերտեցինք։ «Հաւա՛տքը լսելէն է», կը գրէ Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմայեցիս 10։17) Ան ըսել կ’ուզէ թէ սկիզբը Եհովայի, իր խոստումներուն եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը կերտեցինք, Աստուծոյ Խօսքով կերակրուելով։ Անշուշտ, պարզապէս մեր բոլոր լսածներուն կուրօրէն չհաւատացինք։ Հապա ըրինք այն ինչ որ Բերիա քաղաքի բնակիչները ըրին։ ‘Ամէն օր գրքերը քննեցինք թէ այս բաները ճի՞շդ են’։ (Գործք 17։11) ‘Քննեցինք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’ եւ վստահ եղանք թէ մեր լսած բաները ճշմարիտ էին։ (Հռովմայեցիս 12։2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Անկէ ի վեր, հաւանաբար մեր հաւատքը ամրապնդեցինք, երբ աւելի բացայայտօրէն սկսանք տեսնել թէ Աստուծոյ Խօսքը եւ խոստումները երբեք չեն ձախողիր։—Յեսուայ 23։14. Եսայեայ 55։10, 11

Հոգեւոր Սովամահութենէ Խուսափեցէք

Այժմ մարտահրաւէրն է մեր հաւատքը պահպանել եւ համոզումի որեւէ անորոշութենէ խուսափիլ, որ կրնայ Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարացնել։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է շարունակենք ամէն օր Սուրբ Գրութիւնները քննել։ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ թէ՝ «վերջին ատենները մէկ քանիները [որոնք հաւանաբար սկիզբը զօրաւոր հաւատք մը ունէին] հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու [«ներշնչուած խօսքերու», ՆԱ] ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Այս մոլորեցուցիչ խօսքերը եւ ուսմունքները ոմանց մտքին մէջ կասկածներ կ’արթնցնեն եւ զանոնք Աստուծմէ կ’օտարացնեն։ Ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանուիլ։ Շարունակելով ‘սնանիլ հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցանք’։—Ա. Տիմոթէոս 4։6

Դժբախտաբար, սակայն, ոմանք այսօր կ’ընտրեն ‘հաւատքի խօսքերով չսնանիլ’, հակառակ անոր որ այսպիսի կերակրում դիւրամատչելի է։ Ինչպէս Առակաց գիրքը գրողներէն մէկը ցոյց կու տայ, կարելի է հոգեւոր լաւ ուտելիքներով շրջապատուած ըլլալ, կամ այդպէս կոչուած հոգեւոր խնճոյքի մը հրաւիրուիլ, բայց եւ այնպէս իրապէս չուտել ու չմարսել այդ ճաշը։—Առակաց 19։24. 26։15

Ասիկա վտանգաւոր է։ Բժշկաբան Ուինկէյթ կ’ըսէ. «Անմիջապէս որ մարմինը սկսի իր անձնական բնասպիտը սպառել, անոր առողջութիւնը կը սկսի վնասուիլ»։ Երբ ուտելիքէ զրկուիք, ձեր մարմինը կը սկսի իր բոլոր մասերուն մէջ պահուած վառելանիւթի պահեստները գործածել։ Երբ անոնք սպառին, մարմինը կը սկսի սպառել բնասպիտը, որ անհրաժեշտ է շարունակական աճման եւ հիւսկէններու նորոգման համար։ Կենսական անդամներ կը դադրին գործելէ։ Ապա ձեր առողջութիւնը արագօրէն կը քայքայուի։

Հոգեւոր առումով այս է որ պատահեցաւ նախկին քրիստոնէական ժողովքի կարգ մը անդամներուն։ Անոնք փորձեցին իրենց հոգեւոր պահեստներով սնուցանուիլ։ Հաւանաբար, անոնք զանց ըրին անձնական ուսումնասիրութիւնը, եւ հոգեւորապէս տկարացան։ (Եբրայեցիս 5։12) Պօղոս առաքեալ ասիկա ընելուն վտանգաւոր ըլլալը բացատրեց, երբ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք»։ Ան գիտեր թէ որքա՜ն դիւրաւ գէշ սովորութիւններու կրնանք վերադառնալ, «եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին»։—Եբրայեցիս 2։1, 3

Հետաքրքրականօրէն, պայման չէ որ սնունդի պակասէ տառապող անհատ մը հիւանդագին կամ վտիտ երեւոյթ մը ունենայ։ Նմանապէս, անմիջապէս բացայայտ կրնայ չըլլալ թէ անհատ մը հոգեւոր սովէ կը տառապի։ Նոյնիսկ երբ պատշաճօրէն չէք սնուցանուիր, կրնաք հոգեւորապէս առողջ երեւոյթ մը ունենալ, սակայն միա՛յն կարճ ժամանակուան մը համար։ Անխուսափելիօրէն հոգեւորապէս պիտի տկարանաք, անհիմն կասկածներու ենթակայ պիտի ըլլաք, եւ հաւատքի համար ծանր պայքարելու անկարող պիտի ըլլաք։ (Յուդա 3, ՆԱ) Դուք անձամբ գիտէք՝ նոյնիսկ եթէ ուրիշներ չեն գիտեր՝ թէ ձեր հոգեւոր կերակրումի տարողութիւնը ո՛րքան է։

Ուստի, ձեր անձնական ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար շարունակեցէք։ Կասկածներու դէմ ուժգնօրէն պայքարեցէք։ Երեւութապէս աննշան թուող վարակում մը անտեսելը, այսինքն՝ անհանգստացնող կասկածներու նկատմամբ բան մը չընելը, կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) ‘Իրապէ՞ս վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Աստուածաշունչի ամէն ըսածներուն կրնա՞ք հաւատալ։ Ասիկա իրապէ՞ս Եհովայի կազմակերպութիւնն է’։ Սատանան հաճոյքով պիտի ուզէ ձեր մտքին մէջ այսպիսի կասկածներ ցանել։ Թոյլ մի՛ տաք որ հոգեւոր կերակրումի հանդէպ անհոգ կեցուածք մը, ձեզ իր խաբէական ուսուցումներուն դիւրին զոհը դարձնէ։ (Կողոսացիս 2։4-7) Տիմոթէոսի տրուած խրատին հետեւեցէք։ «Սուրբ գրքեր»ուն լաւ աշակերտը եղէք, որպէսզի կարենաք ‘շարունակել այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցաք ու որոնց համոզումով հաւատացիք’։—Բ. Տիմոթէոս 3։13-15, ՆԱ

Ասիկա ընելու համար թերեւս օգնութեան կարիքը ունիք։ Նախապէս մէջբերուած հեղինակը կը շարունակէ ըսել. «Սաստիկ անօթութիւնը կենսանիւթերու եւ այլ անհրաժեշտ բաներու պակասի պատճառաւ մարսողական գործիքներուն այնպիսի վնաս կրնայ հասցնել, որ անոնք այլեւս չեն կրնար սովորական ուտելիքներ ընդունիլ, երբ մատչելի ըլլան։ Այս վիճակին մէջ գտնուող անհատներ, որոշ ատեն դիւրամարս ուտելիքներու կարիքը կրնան ունենալ»։ Մարմնին վրայ անօթութեան ձգած ազդեցութիւնները դարմանելու համար, մասնայատուկ հոգատարութեան կարիքը կայ։ Նոյնպէս, անհատ մը որ լրջօրէն անտեսած է Աստուածաշունչի իր անձնական ուսումնասիրութիւնը, իր հոգեւոր ախորժակը վերագտնելու համար, բաւական օգնութեան եւ քաջալերութեան կարիքը կրնայ ունենալ։ Եթէ ձեր պարագան այս է, օգնութիւն խնդրեցէք եւ ուրախութեամբ ընդունեցէք ձեր հոգեւոր առողջութիւնը եւ զօրութիւնը վերականգնելու համար ներկայացուած որեւէ օգնութիւն։—Յակոբու 5։14, 15

‘Անհաւատութիւնով Մի՛ Տարակուսիք’

Աբրահամ նահապետի պարագաները նկատի ունենալով, ոմանք կրնան խորհիլ թէ Աբրահամ կասկածելու վաւերական պատճառներ ունէր։ Որոշ չափով տրամաբանական կրնայ թուիլ եզրակացնել թէ ան ‘յոյս չունէր որ շատ ազգերու հայր պիտի ըլլար’, հակառակ Աստուծոյ խոստումին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ զուտ մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, պարագաները խոստմնալից չէին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. ‘Ան իր մարմինը եւ Սառայի արգանդը մեռածի պէս կը նկատէր’։ Սակայն, ան վճռակամօրէն մերժեց թոյլ տար որ Աստուծոյ ու անոր խոստումներուն հանդէպ կասկածները իր մտքին ու սրտին մէջ արմատ կապէին։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. ‘Ան հաւատքի մէջ չտկարացաւ’, կամ «անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ»։ Աբրահամ «իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ [Աստուած] որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ»։ (Հռովմայեցիս 4։18-21) Տարիներու ընթացքին, ան Եհովայի հետ զօրաւոր, անձնական եւ վստահելի յարաբերութիւն մը կերտած էր։ Ան մերժեց որեւէ կասկած, որ կրնար այդ յարաբերութիւնը տկարացնել։

Դո՛ւք ալ կրնաք նոյնը ընել եթէ շարունակէք ‘ողջամիտ խօսքերուն օրինակը ամուր բռնել’, այսինքն՝ եթէ հոգեւորապէս լաւ կերակրուիք։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Կասկածներու վտանգը լուրջի առէք։ Սատանան հոգեւոր մանրէաբանական պատերազմ կը մղէ։ Եթէ դուք ձեզ հոգեւորապէս լաւ չսնուցանէք՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեամբ եւ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուելով՝ ձեր անձը նման յարձակումներու ենթակայ կը դարձնէք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային» կողմէ հայթայթուած առատ եւ այժմէական հոգեւոր սնունդը լաւ կերպով գործածեցէք։ (Մատթէոս 24։45) Շարունակեցէք ‘ողջամիտ խօսքերուն մտիկ ընել’ եւ «հաւատքի մէջ առողջ» մնալ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։3. Տիտոս 2։2, ՆԱ) Թոյլ մի՛ տաք որ կասկածները ձեր հաւատքը կործանեն։

[Նկարներ՝ էջ 21]

Հոգեւորապէս ո՞րքան լաւ կը կերակրուիք