Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը

Ինչո՞ւ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը

Ինչո՞ւ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը

ՊԻԼ երիտասարդ, մարզասէր, ուսեալ եւ նիւթականով լաւ էր, սակայն, գոհ չէր։ Իր կեանքը նպատակ մը չունէր, եւ ասիկա զինք խորապէս կ’անհանգստացնէր։ Կեանքի մէջ նպատակ մը գտնելու ջանքով, ան զանազան կրօնքներ հետազօտեց, բայց, իր փնտռածը չգտաւ։ 1991–ին, ան Եհովայի Վկայի մը հանդիպեցաւ, որ կեանքի իմաստին մասին Աստուածաշունչին տեսակէտը քննարկող գիրք մը տուաւ իրեն։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, որպէսզի Պիլ կարենար այս նիւթին եւ այլ նիւթերու շուրջ գաղափար ունենալ։

Պիլ կը մտաբերէ. «Մեր առաջին ուսումնասիրութիւնը ըրինք, եւ քանի որ շատ յաճախ Աստուածաշունչին կը դիմէինք, գիտցայ թէ փնտռածս ասիկա էր։ Աստուածաշունչի պատասխանները շատ ոգեւորիչ էին։ Այդ ուսումնասիրութենէն ետք, դէպի լեռ ուղղուեցայ, ինքնաշարժէս դուրս եկայ եւ ուրախութենէս բարձրաձայն լացի։ Ուրախ էի որ ի վերջոյ հարցումներուս պատասխանները կը ստանայի»։

Անշուշտ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնողներուն բոլորն ալ իրենց ուրախութենէն չեն լար։ Այսուհանդերձ, կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գիտնալը, շատերու համար ուրախ փորձառութիւն մըն է։ Անոնք Յիսուսի առակին մէջի մարդուն պէս կը զգան, որ արտի մը մէջ պահուած գանձ մը գտաւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։—Մատթէոս 13։44

Իմաստալից Կեանքի Առաջնորդող Բանալին

Պիլ հիմնական հարցումի մը մասին խորհած էր. Ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Իմաստասէրներ, աստուածաբաններ, եւ գիտնականներ հազարամեակներէ ի վեր ջանացած են այս հարցումին պատասխան մը գտնել։ Անհատներ անհամար հատորներ գրած են փորձելով անոր պատասխանել։ Անոնց ջանքերը ի դերեւ ելած են, եւ շատեր եզրակացուցած են թէ այս հարցումը պատասխան չունի։ Սակայն, կա՛յ պատասխան մը։ Թէեւ պատասխանը խորունկ է, սակայն խրթին չէ։ Անիկա Աստուածաշունչին մէջ բացատրուած է։ Ուրախ եւ իմաստալից կեանքին բանալին այս է. Եհովայի՝ մեր Ստեղծիչին ու երկնաւոր Հօրը հետ պատշաճ յարաբերութիւն մը պէտք է ունենանք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք իրագործել։

Աստուծոյ մօտենալու համար երեւութապէս երկու հակասական ազդակներ կան։ Անոնք որոնք Աստուծոյ կը մօտենան թէ՛ իրմէ կը վախնան եւ թէ զինք կը սիրեն։ Նկատի առնենք երկու համարներ, որոնք թիկունք կը կանգնին այս խօսքին։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր վաղուց մարդկութեան մասին խոր ուսումնասիրութիւն մը ըրաւ եւ իր յայտնաբերումները Աստուածաշունչի Ժողովողի գրքին մէջ արձանագրեց։ Իր դիտարկութիւնները ամփոփելով, ան գրեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժողովողի 12։13) Դարեր ետք, երբ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ Մովսէսի տրուած Օրէնքին մեծագոյն պատուիրանը ի՞նչ էր, ան պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Տարօրինակ կը հնչէ՞ ձեզի թէ պէտք է վախնանք Աստուծմէ եւ միեւնոյն ատեն սիրենք զինք։ Այժմ քննենք վախնալուն եւ սիրելուն կարեւորութիւնը եւ թէ անոնք ի՛նչպէս իրարու միանալով անհատին կ’օգնեն որ Աստուծոյ հետ գոհացուցիչ յարաբերութիւն մը ունենայ։

Ի՛նչ կը Նշանակէ Աստուծմէ Վախնալ

Յարգալից վախ մը հիմնական է Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ (Սաղմոս 111։10) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ»։ (Եբրայեցիս 12։28) Նմանապէս, Յովհաննէս առաքեալի տեսիլքին մէջ տեսնուած հրեշտակ մը, բարի լուրի իր ծանուցումը սկսաւ հետեւեալ բառերով. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր»։—Յայտնութիւն 14։6, 7

Իմաստալից կեանքի համար այսքան կենսական եղող Աստուծոյ այս վախը, հիւանդագին սարսափ մը չէ։ Կրնանք սարսափիլ երբ անգութ եւ վտանգաւոր ոճրագործ մը մեզ սպառնայ։ Սակայն, Աստուծոյ վախը՝ կամ աստուածավախութիւնը՝ Ստեղծիչին հանդէպ ակնածանք եւ խոր յարգանք է։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ Աստուած տհաճեցնելու առողջ վախ մը, քանի որ անիկա գերագոյն Դատաւորը եւ Ամենակալն է, որ թէ՛ զօրութիւնը եւ թէ հեղինակութիւնը ունի իրեն անհնազանդ եղողները պատժելու։

Վախը եւ Սէրը Միասնաբար կը Գործեն

Այսուհանդերձ, Եհովա չ’ուզեր որ մարդիկ միայն սաստիկ վախէ մղուած իրեն ծառայեն։ Եհովա ուշագրաւօրէն սիրոյ Աստուած մըն է։ Յովհաննէս առաքեալ մղուեցաւ գրելու. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Եհովա մարդկութեան հետ շատ սիրալիր կերպով վարուած է, եւ կ’ուզէ որ մարդիկ ասոր ընդառաջեն՝ զինք սիրելով։ Սակայն, այսպիսի սէր մը ի՞նչպէս կրնայ ներդաշնակ ըլլալ աստուածավախութեան հետ։ Իրականութեան մէջ, երկուքը սերտ առնչութիւն ունին իրարու հետ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է»։—Սաղմոս 25։14

Պահ մը խորհեցէք զօրաւոր եւ իմաստուն հօր մը հանդէպ զաւկի մը ունեցած յարգանքին ու երկիւղին մասին։ Միեւնոյն ատեն, այսպիսի զաւակ մը հօրը սիրոյն պիտի ընդառաջէ։ Զաւակը պիտի վստահի իր հօրը եւ առաջնորդութեան համար անոր պիտի նայի, վստահ ըլլալով թէ այս առաջնորդութենէն օգուտներ պիտի քաղէ։ Նմանապէս, եթէ Եհովան սիրենք եւ իրմէ վախնանք, իր առաջնորդութեան պիտի հնազանդինք, եւ ասիկա մեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ Նկատի առէք թէ Եհովա Իսրայելացիներուն նկատմամբ ի՛նչ ըսաւ. «Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան»։—Բ. Օրինաց 5։29

Այո, աստուածավախութիւնը ոչ թէ գերութեան՝ այլ ազատութեան կ’առաջնորդէ, ոչ թէ տխրութեան, այլ՝ ուրախութեան։ Եսային Յիսուսի մասին մարգարէացաւ. «Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի [«Եհովայի վախին մէջ հաճոյք պիտի գտնէ», ՆԱ]»։ (Եսայեայ 11։3) Իսկ սաղմոսերգուն գրեց. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի»։—Սաղմոս 112։1

Բացայայտօրէն, եթէ Աստուած չճանչնանք, ո՛չ կրնանք Աստուծմէ վախնալ, ոչ ալ զինք սիրել։ Այս պատճառաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը շատ կարեւոր է։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը հասկնալու, եւ իր առաջնորդութեան հետեւելու իմաստութիւնը գնահատելու։ Մինչ Աստուծոյ կը մօտենանք, կ’ուզենք իր կամքը կատարել եւ կը մղուինք իր պատուիրանները պահել, գիտնալով որ անոնք մեզի օգտակար պիտի ըլլան։—Ա. Յովհաննու 5։3

Ուրախութիւն է գիտնալ թէ անհատը ուղիղ կեանք մը կը վարէ։ Սկիզբը յիշուած Պիլին պարագան ա՛յս է։ Ան վերջերս ըսաւ. «Աստուածաշունչի առաջին ուսումնասիրութենէս ի վեր ինը տարի անցած է, եւ Եհովայի հետ յարաբերութիւնս զօրացած է։ Սկիզբի ուրախութեան պոռթկումս, իրապէս ուրախ ապրելակերպի մը վերածուած է։ Կեանքի հանդէպ հաստատ ու լաւատես հայեցակէտ մը ունիմ։ Օրերս իմաստալից գործունէութեամբ լեցուն են՝ ոչ թէ հաճոյքի աննպատակ փնտռտուքով մը։ Եհովան ինծի համար իրական անձ մը եղած է, եւ գիտեմ թէ ան իմ լաւագոյն շահերս ի մտի ունի»։

Յաջորդ յօդուածին մէջ, աւելի լայնօրէն նկատի պիտի առնենք թէ Եհովայի գիտութիւնը ի՛նչպէս ուրախութիւն եւ օգուտներ կը բերէ, իրենց կեանքին մէջ զայն գործադրողներուն համար։

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Աստուծոյ մօտենալ կը նշանակէ թէ՛ զինք սիրել եւ թէ իրմէ վախնալ

[Նկար՝ էջ 6]

Յիսուս Եհովայի վախով ուրախ էր