Ծառեր՝ որոնք կը տոկան ժամանակի փորձութիւններուն
Ծառեր՝ որոնք կը տոկան ժամանակի փորձութիւններուն
Ձեր տունը շինելու համար թերեւս քարաժայռ մը իտէալ վայր մը չէ, մանաւանդ եթէ անիկա լեռներու բարձունքին տեղաւորուած է։ Սակայն, հակառակ երեւութական անպատեհութիւններուն, կարգ մը ալպեան ծառեր ամրօրէն կը կառչին այսպիսի քարաժայռերու, խիզախաբար դիմաւորելով ձմրան սառնամանիքը եւ տոկալով ամրան երաշտներուն։
ՍՈՎՈՐԱԲԱՐ, այս տոկուն ծառերը դաշտավայրերու մէջ մեծցող իրենց տեսակներուն նման վեհաշուք չեն։ Անոնց բուները կրնան հանգուցուած ու ոլորուած ըլլալ, իսկ զգալիօրէն թերաճ են։ Անոնցմէ ոմանք ճիշդ բնական պոնզայ–ի կը նմանին՝ խիստ կլիմային եւ իրենց աճած ծանծաղ հողին կողմէ ձեւաւորուած եւ յօտուած։
Քանի որ անոնք երկրի ամենէն անհիւրընկալ միջավայրերէն մէկուն մէջ այսպէս կը տոկան, թերեւս եզրակացնէք թէ այսպիսի ծառեր կարճատեւ կեանք մը ունենալու են։ Սակայն, ընդհակառակը։ Ոմանք կ’ըսեն թէ Մաթուսաղան՝ սոճազգիներու ընտանիքին պատկանող ծառ մը, որ Քալիֆորնիայի Ճերմակ Լեռներուն մէջ 3,000 մեթր բարձրութեան վրայ կ’աճի, 4,700 տարեկան է։ Կինէսի 1997–ի Մրցանիշներու Գիրքը այս նմոյշը կը յիշէ որպէս երկրագունդին վրայ ապրող ամենահին ծառը։ Էտմունտ Շուլմըն, որ այս հին ծառերուն մասին ուսումնասիրութիւն մը ըրած է, բացատրեց. «Այնպէս կը թուի թէ . . . կոշտաւոր կոնաբեր սոճին կը վերապրի աննպաստ պայմաններու պատճառաւ։ Ճերմակ Լեռներուն վրայ եղող միւս բոլոր հիները [սոճիները] կը գտնուին շուրջ 3,000 մեթր բարձրութեան վրայ, չոր եւ ժայռոտ անապատի մը մէջ»։ Շուլմըն նաեւ յայտնաբերեց թէ այլ սոճիներու ամենահին ծառերն ալ կ’աճին խիստ պայմաններու ներքեւ։
Թէեւ անոնք պէտք է աննպաստ պայմաններ յաղթահարեն, սակայն տոկալու մէջ օրինակ եղող այս ծառերը իրենց ունեցած երկու առաւելութիւններէն լաւագոյնս կ’օգտուին։ Անոնց մենաստանը՝ ուր բուսականութիւնը ցանցառ է՝ զիրենք կը պաշտպանէ անտառի հրդեհներէն, որ լիովին աճած ծառերուն մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկն է։ Իսկ անոնց արմատները զիրենք այնքան ամուր կերպով կը խարսխեն ժայռին վրայ, որ միայն երկրաշարժները կրնան զանոնք խախտել։
Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ծառերու նմանցուած են։ (Սաղմոս 1։1-3. Երեմեայ 17։7, 8) Անոնք ալ կրնան աննպաստ պայմաններ դիմագրաւել, զանազան պարագաներու պատճառաւ։ Հալածանքը, վատառողջութիւնը, կամ կրծող աղքատութիւնը կրնան խստօրէն փորձի ենթարկել անոնց հաւատքը, մանաւանդ՝ երբ փորձութիւնները տարուէ տարի կը շարունակուին։ Այսուհանդերձ, անոնց Ստեղծիչը, որ այսքան լաւ կերպով աննպաստ պայմաններու դիմացող ծառերը ստեղծած է, իր երկրպագուները կը վստահեցնէ թէ անոնց զօրավիգ պիտի կանգնի։ Հաստատ մնացողներուն Աստուածաշունչը հետեւեալ խոստումը կու տայ. ‘Ան ձեզ պիտի հաստատէ, զօրացնէ ու հիմնէ’։—Ա. Պետրոս 5։9, 10
Աստուածաշունչին մէջ յաճախ «տոկալ» թարգմանուած Յունարէն բային ետին՝ ‘հաստատ մնալու կամ յարատեւելու’ գաղափարը կայ։ Ալպեան ծառերուն նման, արմատներուն լաւ խարսխուած ըլլալն է տոկալու բանալին։ Քրիստոնեաներու պարագային, անոնք պէտք է ամուր կերպով արմատ կապեն Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որպէսզի հաստատ մնան։ Պօղոս գրեց. «Ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով»։—Կողոսացիս 2։6, 7
Պօղոս զօրաւոր հոգեւոր արմատներ ունենալու կարիքին գիտակցեցաւ։ Ան անձամբ պայքարեցաւ ‘մարմնի խայթոցի մը’ դէմ եւ իր ծառայութեան ընթացքին բիրտ հալածանքի տոկաց։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27. 12։7) Սակայն, ան անդրադարձաւ թէ Աստուծոյ զօրութեամբ, կրնար յարատեւել։ Ան ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։13
Ինչպէս Պօղոսի օրինակը ցոյց կու տայ, որպէս Քրիստոնեայ յաջողութեամբ համբերելը, նպաստաւոր պարագաներէ կախեալ չէ։ Ալպեան ծառերուն նման, որոնք դարեր շարունակ փոթորիկներու կը դիմանան, մե՛նք ալ կրնանք հաւատքի մէջ հաստատ մնալ, եթէ Քրիստոսի մէջ արմատ կապած ենք եւ Աստուծոյ հայթայթած զօրութեան կ’ապաւինինք։ Ասկէ զատ, եթէ մինչեւ վերջը համբերենք, աստուածային ուրիշ խոստումի մը կատարումը անձամբ պիտի տեսնենք. «Իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։—Եսայեայ 65։22. Մատթէոս 24։13