Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրախացէ՛ք Եհովայի գիտութեամբ

Ուրախացէ՛ք Եհովայի գիտութեամբ

Ուրախացէ՛ք Եհովայի գիտութեամբ

«Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—ՂՈՒԿԱՍ 11։28

1. Եհովա ե՞րբ սկսաւ մարդոց հետ հաղորդակցիլ։

ԵՀՈՎԱ մարդկութիւնը կը սիրէ եւ խորապէս հետաքրքրուած է անոնց բարօրութեամբ։ Ուստի, զարմանալի չէ որ անոնց հետ կը հաղորդակցի։ Այս հաղորդակցութիւնը սկսաւ Եդեմի Պարտէզին մէջ։ Ծննդոց 3։8–ի համաձայն, առիթով մը, «օրուան զով ատենը», Ադամն ու Եւան ‘Տէր Աստուծոյ ձայնը լսեցին’։ Ոմանք ասկէ կ’ենթադրեն թէ Եհովայի սովորութիւնն էր Ադամի հետ հաղորդակցիլ այս ժամերուն, հաւանաբար՝ ամէն օր։ Ինչ որ ալ ըլլար պարագան, Աստուածաշունչը կը բացայայտէ թէ Աստուած ժամանակ կը տրամադրէր ո՛չ միայն ցուցմունքներ տալու առաջին մարդուն, այլեւ՝ անոր սորվեցնելու ի՛նչ որ ան պէտք ունէր գիտնալու, իր պատասխանատուութիւնները կատարելու համար։—Ծննդոց 1։28-30

2. Առաջին զոյգը ի՞նչպէս իրենք զիրենք Եհովայի առաջնորդութենէն զրկեցին, եւ ի՞նչ հետեւանքով։

2 Եհովա՝ Ադամի ու Եւայի տուաւ կեանք, անասուններուն վրայ իշխանութիւն եւ ամբողջ երկրին վրայ հեղինակութիւն։ Բայց միայն մէ՛կ պայմանաւ. անոնք բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն ուտելու արտօնութիւն չունէին։ Սատանայի ազդեցութեան ենթարկուելով, Ադամն ու Եւան Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդեցան։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1-6) Անոնք ընտրեցին անկախօրէն գործել, իրե՛նք իրենց համար որոշելով ի՛նչը շիտակ եւ ի՛նչը սխալ էր։ Այսպէս ընելով, անոնք անմտօրէն իրենք զիրենք զրկեցին սիրալիր Ստեղծիչին առաջնորդութենէն։ Հետեւանքները աղիտալի եղան, թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց արեւ չտեսած սերունդին համար։ Ադամն ու Եւան ծերացան եւ ի վերջոյ մահացան, առանց յարութեան յոյս մը ունենալու։ Անոնց զաւակները մեղքն ու անոր հետեւանքը՝ մահը՝ ժառանգեցին։—Հռովմայեցիս 5։12

3. Եհովա ինչո՞ւ Կայէնի հետ հաղորդակցեցաւ, իսկ Կայէն ի՞նչպէս ընդառաջեց։

3 Հակառակ Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութեան, Եհովա շարունակեց իր մարդկային ստեղծագործութեան հետ հաղորդակցիլ։ Ադամի ու Եւայի անդրանիկ որդին՝ Կայէն, մեղքով նուաճուելու վտանգին դիմաց կը գտնուէր։ Եհովա իր ուշադրութեան յանձնեց որ դէպի վտանգ կ’ուղղուէր եւ խրատեց որ ‘աղէկը ընէր’։ Կայէն այս սիրալիր խրատը մերժեց եւ իր եղբայրը սպաննեց։ (Ծննդոց 4։3-8) Այսպիսով, երկրի վրայ առաջին երեք արարածները մերժեցին իրենց կենսատուին տուած բացայայտ ուղղութիւնը՝ այն Աստուծոյն որ իր ժողովուրդին հրահանգներ կու տայ որպէսզի օգտուին։ (Եսայեայ 48։17) Ասիկա որքա՜ն յուսախաբ ըրած ըլլալու էր Եհովան։

Եհովա Ինքզինք կը Յայտնէ Վաղեմի Նահապետներուն

4. Ադամի զաւակներուն նկատմամբ Եհովա ի՞նչ բանէ վստահ էր, եւ ասիկա ի մտի ունենալով ան յոյսի ի՞նչ պատգամ տուաւ։

4 Թէեւ Եհովա մարդոց հետ հաղորդակցութեան կապը խզելու ամէն իրաւասութիւն ունէր, սակայն ան ասիկա չըրաւ։ Ան վստահ էր թէ Ադամի զաւակներէն ոմանք, իմաստութեամբ Իր առաջնորդութեան պիտի անսային։ Օրինակի համար, երբ Ադամի ու Եւայի պատիժ կը սահմանէր, Եհովա նախագուշակեց որ «սերունդ» մը պիտի գար, որ Օձին՝ Բանսարկու Սատանային դէմ պիտի դնէր։ Յարմար ժամանակին, Սատանայի գլուխը վերջնականապէս պիտի ջախջախուէր։ (Ծննդոց 3։15) Այս մարգարէութիւնը ‘Աստուծոյ խօսքը լսողներուն ու պահողներուն’ համար ուրախութիւն ներշնչող յոյսի պատգամ մըն էր։—Ղուկաս 11։28

5, 6. Հ.Դ. առաջին դարէն առաջ Եհովա իր ժողովուրդին հետ ի՞նչ կերպերով հաղորդակցեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս օգտակար եղաւ անոնց։

5 Եհովա իր կամքը հաղորդեց վաղեմի հաւատարիմ նահապետներուն, ինչպէս՝ Նոյի, Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յոբի։ (Ծննդոց 6։13. Ելից 33։1. Յոբայ 38։1-3) Հետագային, Մովսէսի միջոցաւ ան Իսրայէլ ազգին համար լման օրինագիրք մը տուաւ։ Մովսիսական Օրէնքը շատ մը կերպերով օգնեց անոնց։ Զայն պահելով, Իսրայէլ միւս բոլոր ազգերէն զատուեցաւ որպէս Աստուծոյ սեպհական ժողովուրդը։ Աստուած Իսրայելացիները վստահեցուց որ եթէ Օրէնքին հնազանդէին, ան զիրենք պիտի օրհնէր ո՛չ միայն նիւթապէս, այլեւ հոգեւորապէս, զիրենք քահանաներու թագաւորութիւն մը, սուրբ ազգ մը ընելով։ Օրէնքը նոյնիսկ սննդական եւ առողջապահական կանոններ հայթայթեց, որոնք լաւ առողջութեան նպաստեցին։ Սակայն, Եհովա անհնազանդութեան աղիտալի հետեւանքներուն դէմ ալ ազդարարեց։—Ելից 19։5, 6. Բ. Օրինաց 28։1-68

6 Ժամանակի ընթացքին, Աստուածաշունչի կանոնին վրայ ուրիշ ներշնչեալ գրքեր աւելցան։ Պատմական արձանագրութիւններ խօսեցան ազգերու եւ ժողովուրդներու հետ Եհովայի ունեցած գործառնութիւններուն մասին։ Բանաստեղծական գրքեր գեղեցիկ կերպով նկարագրեցին իր յատկութիւնները։ Մարգարէական գրքեր նախագուշակեցին թէ Եհովայի կամքը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր ապագային։ Վաղեմի հաւատարիմ անհատներ ուշադրութեամբ ուսումնասիրեցին եւ կիրարկեցին այս ներշնչեալ գրութիւնները։ Անոնցմէ մէկը գրեց. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ (Սաղմոս 119։105) Եհովա կրթութիւն եւ լուսաւորում հայթայթեց, անոնց՝ որոնք յօժար էին մտիկ ընելու։

Լոյսը Հետզհետէ կը Պայծառանայ

7. Թէեւ Յիսուս հրաշքներ գործեց, սակայն ան գլխաւորաբար որպէս ի՞նչ ճանչցուած էր, եւ ինչո՛ւ։

7 Առաջին դարուն, Հրեայ կրօնական հատուածներ Օրէնքին վրայ մարդկային աւանդութիւններ աւելցուցած էին։ Օրէնքը սխալ կերպով կը կիրարկուէր, եւ փոխանակ լուսաւորման աղբիւր մը ըլլալու, այդ աւանդութիւններուն պատճառաւ անիկա բեռ մը դարձաւ։ (Մատթէոս 23։2-4) Սակայն, Հ.Դ. 29–ին, Յիսուս յայտնուեցաւ որպէս Մեսիան։ Իր առաքելութիւնը ո՛չ միայն իր կեանքը մարդկութեան համար տալ էր, այլ նաեւ՝ ‘ճշմարտութեան համար վկայել’։ Թէեւ ան հրաշքներ կատարեց, սակայն գլխաւորաբար ճանչցուած էր որպէս «Ուսուցիչը»։ Իր ուսուցումը կը նմանէր լոյսի մը, որ կը ճառագայթէր մարդոց մտքերը պատող հոգեւոր խաւարին ընդմէջէն։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը»։—Յովհաննու 8։12. 11։28, ՆԱ. 18։37

8. Հ.Դ. առաջին դարուն, ո՞ր ներշնչեալ գիրքերը գրուեցան, եւ ասոնք ի՞նչպէս օգտակար եղան նախկին Քրիստոնեաներուն։

8 Հետագային աւելցուեցան Աւետարանները՝ Յիսուսի կեանքին մասին գրուած չորս գրքեր, եւ Գործք Առաքելոցը՝ Յիսուսի մահէն ետք Քրիստոնէութեան տարածման պատմութիւնը։ Կային նաեւ Յիսուսի աշակերտներուն կողմէ գրուած ներշնչեալ նամակները, ինչպէս նաեւ, մարգարէական գիրք մը՝ Յայտնութիւնը։ Այս գրութիւնները, Եբրայերէն Գրութիւններուն հետ, Աստուածաշունչի կանոնական գրքերը ամբողջացուցին։ Այս ներշնչեալ գրադարանին օգնութեամբ, Քրիստոնեաները կարող էին «հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է [ճշմարտութեան] լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը»։ (Եփեսացիս 3։14-18) Անոնք կրնային «Քրիստոսին միտքը» ունենալ։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Այսուհանդերձ, այդ նախկին Քրիստոնեաները լիովին չհասկցան Եհովայի նպատակներուն իւրաքանչիւր երեսակը։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն գրեց. «Հիմա մենք որպէս թէ [«մետաղեայ», ՆԱ] հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով»։ (Ա. Կորնթացիս 13։12) Այսպիսի հայելի մը կը ցոլացնէր ուրուագիծ մը, բայց ո՛չ բոլոր մանրամասնութիւնները։ Աստուծոյ Խօսքին աւելի լման հասկացողութիւնը տակաւին ապագային պիտի ըլլար։

9. «Վերջին օրեր»ուն ի՞նչ լուսաւորում տեղի ունեցած է։

9 Ներկայիս, կ’ապրինք դարաշրջանի մը մէջ որ կը կոչուի «վերջին օրեր», դարաշրջան մը՝ որ «չար ժամանակներ»ով յատկանշուած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց թէ այս ժամանակին մէջ ‘գիտութիւնը պիտի շատնար’։ (Դանիէլ 12։4) Ուստի, Եհովա՝ Մեծ Հաղորդասէրը, պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնած է որ իր Խօսքին իմաստը ըմբռնեն։ Ներկայիս բազմութիւններ կը հասկնան թէ Յիսուս Քրիստոս 1914–ին անտեսանելի երկնքին մէջ գահակալուած է։ Անոնք նաեւ գիտեն թէ ան շուտով ամբողջ ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ, եւ երկիրը համապարփակ դրախտի մը պիտի վերածէ։ Թագաւորութեան բարի լուրին այս կարեւոր երեսակը ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ կը քարոզուի։—Մատթէոս 24։14

10. Դարերու ընթացքին, մարդիկ ի՞նչպէս հակազդած են Եհովայի խրատներուն։

10 Այո, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովա իր կամքն ու նպատակը հաղորդած է երկրի վրայ գտնուող մարդոց։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նկարագրէ շատեր, որոնք մտիկ ըրին ու կիրարկեցին աստուածային իմաստութիւնը, եւ անոր համար օրհնուեցան։ Անիկա կը խօսի ուրիշներու մասին, որոնք Աստուծոյ սիրալիր խրատը մերժեցին, հետեւելով Ադամի ու Եւայի կործանարար ընթացքին։ Յիսուս այս պարագան օրինակով մը բացատրեց, երբ խօսեցաւ երկու այլաբանական ճամբաներու մասին։ Մէկը կործանումի տանող ճամբան է. լայն ու ընդարձակ՝ որուն կը հետեւին Աստուծոյ Խօսքը մերժողներէն շատեր։ Միւս ճամբան յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Թէեւ նեղ է, սակայն անիկա ճամբան է քիչ թիւով անհատներու, որոնք Աստուածաշունչը կ’ընդունին ինչպէս որ է՝ որպէս Աստուծոյ Խօսքը, եւ անոր հետ ներդաշնակ կ’ապրին։—Մատթէոս 7։13, 14

Մեր Ունեցածը Գնահատենք

11. Աստուածաշունչի մեր գիտութիւնը եւ անոր հանդէպ մեր հաւատքը ի՞նչ բանի ապացոյց են։

11 Դուք կեանքի ճամբան ընտրողներէն մէ՞կն էք։ Եթէ այո, անկասկած պիտի փափաքիք անոր մէջ մնալ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։ Կանոնաւորաբար եւ երախտագիտութեամբ խոկացէք, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները գիտնալով ձեր ստացած օրհնութիւններուն մասին։ Բարի լուրին ձեր ընդառաջումը ինքնին Աստուծոյ օրհնութեան մէկ ապացոյցն է։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ, երբ իր Հօրը աղօթեց հետեւեալ բառերով. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Մատթէոս 11։25) Ձկնորսներ եւ մաքսաւորներ Յիսուսի ուսուցումին իմաստը ըմբռնեցին, մինչ ուսման բարձր մակարդակ ունեցող կրօնական առաջնորդներ՝ չըմբռնեցին։ Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Եթէ Աստուածաշունչին ծանօթ էք եւ անոր կը հաւատաք ու անոր ուսուցումներուն կը հետեւիք, ասիկա ապացոյց է թէ Եհովա ձեզ քաշած է։ Ասիկա ուրախանալու պատճառ մըն է։

12. Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպերով լուսաւորում կու տայ մեզի։

12 Աստուծոյ Խօսքը կը պարունակէ ազատագրող ճշմարտութիւններ եւ լուսաւորում կը հայթայթէ։ Աստուածաշունչի գիտութեան համաձայն ապրողները կ’ազատագրուին միլիոնաւորներու կեանքին վրայ տիրող նախապաշարումներէ, սուտ ուսուցումներէ, եւ տգիտութենէ։ Օրինակ, հոգիի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ կ’ազատագրէ որեւէ վախէ թէ մեռելները կրնան վնասել մեզ, կամ այն գաղափարէն թէ՝ ննջող սիրելիները կը տառապին։ (Եզեկիէլ 18։4) Ամբարիշտ հրեշտակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ ոգեհարցութեան վտանգներէն խուսափինք։ Յարութեան ուսուցումը մխիթարական է անոնց համար, որ մահուան մէջ սիրելի մը կորսնցուցած են։ (Յովհաննու 11։25) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մեզի ցոյց կու տան թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք, եւ ապագայի մասին Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն կու տան։ Անոնք յաւիտեան ապրելու մեր յոյսն ալ կ’ամրապնդեն։

13. Աստուծոյ Խօսքին հնազանդելով ֆիզիքական ի՞նչ օգուտներ կը ստանանք։

13 Աստուածաշունչին մէջ գտնուող աստուածային սկզբունքները մեզի կը սորվեցնեն ապրելակերպ մը, որ ֆիզիքական օգուտներ կը բերէ։ Օրինակ, կը սորվինք խուսափիլ սովորութիւններէ որոնք մեր մարմինը կ’ապականեն, ինչպէս ծխախոտի եւ այլ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը։ Հեռու կը կենանք խմիչքի չափազանց գործածութենէ։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Աստուծոյ բարոյական օրէնքներուն հնազանդիլը, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններէ կը պաշտպանէ։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Դրամասիրութենէ խուսափելու Աստուծոյ խրատը պահելով, մեր մտքի խաղաղութիւնը չենք կորսնցներ, ինչպէս շատեր կորսնցուցած են, հարստութեան ետեւէ ըլլալով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Աստուծոյ Խօսքը ձեր կեանքին մէջ գործադրելով ֆիզիքական ի՞նչ օգուտներ քաղած էք։

14. Սուրբ հոգին մեր կեանքին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։

14 Եթէ Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ ապրինք, Եհովայի սուրբ հոգին կը ստանանք։ Քրիստոսանման անձնաւորութիւն կը մշակենք, որ յատկորոշուած է ողորմութեան եւ կարեկցութեան նման հաճելի յատկութիւններով։ (Եփեսացիս 4։24, 32) Աստուծոյ սուրբ հոգին նաեւ մեր մէջ կ’արտադրէ իր պտուղները՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս յատկութիւնները ուրիշներուն, ի ներառեալ ընտանիքի անդամներուն հետ, ուրախ եւ իմաստալից յարաբերութիւններու կը սատարեն։ Ներքին զօրութիւն ձեռք կը ձգենք որ մեզի կ’օգնէ դժուարութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւելու։ Կը զգա՞ք թէ սուրբ հոգին ձեր կեանքը ի՞նչպէս բարեփոխած է։

15. Մինչ մեր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ կը ներդաշնակենք, ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

15 Մինչ մեր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ կը ներդաշնակենք, Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրացնենք։ Աւելի՛ կը համոզուինք թէ ան մեզ կը հասկնայ եւ կը սիրէ։ Փորձառաբար կը սորվինք թէ ան թիկունք կը կանգնի մեզի դժուար ժամանակներու ընթացքին։ (Սաղմոս 18։18) Կը հասկնանք թէ ան իրապէս մեր աղօթքներուն մտիկ կ’ընէ։ (Սաղմոս 65։2) Կը սկսինք իր առաջնորդութեան ապաւինիլ, վստահ ըլլալով թէ անիկա մեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ Իսկ այն հոյակապ յոյսը ունինք, թէ յարմար ժամանակին Աստուած իր հաւատարիմները կատարելութեան պիտի հասցնէ եւ անոնց յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի տայ։ (Հռովմայեցիս 6։23) Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Զգացա՞ծ էք թէ Եհովայի աւելի մօտենալով, իր հետ ձեր յարաբերութիւնը զօրացած է։

Անբաղդատելի Գանձ մը

16. Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրին։

16 Պօղոս առաջին դարու հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ, ատեն մը իրենցմէ ոմանք պոռնիկներ, շնացողներ, միասեռականներ, գողեր, ագահներ, գինովներ, հայհոյողներ, եւ յափշտակողներ եղած էին։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պատճառ եղաւ որ անոնք մեծ փոփոխութիւններ ընեն. անոնք ‘լուացուեցան’։ Փորձեցէք երեւակայել թէ ձեր կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլար առանց Աստուածաշունչէն ձեր սորված ազատագրող ճշմարտութիւններուն։ Վստահաբար, ճշմարտութիւնը անբաղդատելի գանձ մըն է։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովա մեր հետ կը հաղորդակցի։

17. Եհովայի Վկաները հոգեւոր գետնի վրայ ի՞նչպէս կերակրուած են իրենց քրիստոնէական ժողովներուն մէջ։

17 Ասկէ զատ, խորհեցէք մեր բազմացեղ եղբայրակցութեան մէջ մեր վայելած օրհնութիւններուն մասին։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ատենին հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ, ի ներառեալ՝ Աստուածաշունչեր, պարբերաթերթեր, եւ բազմաթիւ լեզուներով այլ գրականութիւններ։ (Մատթէոս 24։45-47) 2000 տարուան ընթացքին շատ մը երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաները իրենց ժողովներուն մէջ Եբրայերէն Գրութիւններուն ութը գրքերէն առնուած աչքառու կէտեր նկատի առին։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ հատորներէն, սուրբ գրային 40 անձնաւորութիւններու կեանքերը նկատի առին եւ անոնց մասին խոկացին։ Անոնք՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գրքին շուրջ մէկ չորրորդը, եւ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրեթէ ամբողջ գիրքը նկատի առին։ Դիտարան պարբերաթերթէն 52 ուսումնասիրութեան յօդուածներու կողքին, 36 երկրորդական յօդուածներ նկատի առնուեցան։ Ասոնցմէ զատ, Եհովայի ժողովուրդը սնուցանուեցաւ՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 12 թիւերով եւ Աստուածաշունչի զանազան նիւթերու վրայ հիմնուած շաբաթական հանրային դասախօսութիւններով։ Հոգեւոր գիտութեան ի՜նչ ճոխ սեղան մը մատչելի եղած է։

18. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչ կերպերով օգնութիւն կը տրուի մեզի։

18 Համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 91,000 ժողովքներ, աջակցութիւն եւ քաջալերութիւն կը հայթայթեն ժողովներու եւ ընկերակցութեան միջոցաւ։ Քրիստոնեայ հասուն հաւատակիցներու աջակցութիւնն ալ կը վայելենք, որոնք յօժար են մեզի հոգեւորապէս օգնելու։ (Եփեսացիս 4։11-13) Այո, ճշմարտութեան գիտութիւնը ստանալով մեծապէս օգտուած ենք։ Եհովան ճանչնալը եւ իրեն ծառայելը ուրախութիւն է։ Ո՛րքան շիտակ են սաղմոսերգուին խօսքերը որ գրեց. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։—Սաղմոս 144։15

Կը յիշէ՞ք

• Նախաքրիստոնէական ժամանակներուն Եհովա որո՞նց հետ հաղորդակցեցաւ։

• Հոգեւոր լոյսը ի՞նչպէս աւելի պայծառացաւ առաջին դարուն եւ արդի ժամանակներուն։

• Եհովայի գիտութեան համաձայն ապրելով ի՞նչ օրհնութիւններ ձեռք կը ձգենք։

• Աստուծոյ գիտութեամբ ինչո՞ւ կ’ուրախանանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 8, 9]

Եհովա իր կամքը հաղորդեց Նոյի, Աբրահամի եւ Մովսէսի

[Նկար՝ էջ 9]

Մեր օրերուն, Եհովա իր Խօսքին վրայ լոյս սփռած է

[Նկարներ՝ էջ 10]

Խորհեցէք բազմացեղ եղբայրակցութենէն մեր վայելած օրհնութեան մասին