Տալու ուրախութեան մասնակից եղէ՛ք
Տալու ուրախութեան մասնակից եղէ՛ք
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—ԳՈՐԾՔ 20։35
1. Եհովա տալու ուրախութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գիտնալու ուրախութիւնը եւ անկէ առթող օրհնութիւնները Աստուծոյ կողմէ անգին պարգեւներ են։ Եհովան ճանչցողները, ուրախանալու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Բայց, մինչ պարգեւ մը ստանալը կ’ուրախացնէ, պարգեւ մը տալու մէջ ալ ուրախութիւն կայ։ Եհովան «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է, եւ ան «ուրախ Աստուած» է։ (Յակոբու 1։17. Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ան ողջամիտ ուսուցումներ կը հաղորդէ բոլոր մտիկ ընողներուն, եւ իրմէ սորվողներուն հնազանդութիւնը զինք կ’ուրախացնէ, ճիշդ ինչպէս որ ծնողներ կ’ուրախանան երբ իրենց զաւակները սիրալիր կրթութեան կ’ընդառաջեն։—Առակաց 27։11
2. (ա) Յիսուս տալու մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Երբ ուրիշներու Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնենք, ի՞նչ ուրախութիւն կը ստանանք։
2 Նոյնպէս, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան կ’ուրախանար տեսնելով որ մարդիկ դրականօրէն կ’ընդառաջեն իր ուսուցումին։ Պօղոս առաքեալ Յիսուսի խօսքերը մէջբերեց, որ ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնելով մեր ստացած ուրախութիւնը, պարզապէս գոհունակութեան զգացում մը չէ, որ յառաջ կու գայ երբ անհատ մը կրօնական մեր հաւատալիքներուն հետ համաձայն գտնուի։ Անկէ շատ աւելին՝ անիկա ուրախութիւն մըն է որ յառաջ կու գայ այն գիտակցութենէն, թէ իսկական եւ մնայուն արժէք ներկայացնող բան մը կու տանք։ Հոգեւոր արժէք ունեցող բաներ տալով, կրնանք մարդոց օգնել որ օգտուին թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան։—Ա. Տիմոթէոս 4։8
Տալը Ուրախութիւն կը Պատճառէ
3. (ա) Պօղոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, ուրիշներու հոգեւորապէս օգնելու իրենց ուրախութիւնը ի՞նչպէս արտայայտեցին։ (բ) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մեր զաւակներուն սորվեցնելը ինչո՞ւ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։
3 Այո, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան եւ Յիսուս հոգեւոր պարգեւներ տալով կ’ուրախանան, Քրիստոնեաներն ալ նոյնն են։ Պօղոս առաքեալ ուրախ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, 20) Նոյն կերպով, Յովհաննէս առաքեալ, իր հոգեւոր զաւակներուն ակնարկելով գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գ. Յովհաննու 4) Նաեւ խորհեցէք այն ուրախութեան մասին, երբ կ’օգնենք մեր մարմնաւոր զաւակներուն որ մեր հոգեւոր զաւակները ըլլան։ Զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելը, ծնողքին կողմէ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ (Եփեսացիս 6։4) Ծնողներ այս կերպով ցոյց կու տան թէ իրենց զաւակներուն յաւիտենական բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։ Երբ անոնք ընդառաջեն, ծնողներ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կ’ունենան։
էր, գիտնալով թէ ուրիշներու օգնած էր Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվելու։ Ան Թեսաղոնիկէի ժողովքին գրեց. «Ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը»։ (4. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ հոգեւորապէս տալու ուրախութիւնը։
4 Տէլը լիաժամ ռահվիրայ քարոզիչ մը եւ հինգ զաւակներու մայր մըն է։ Ան կ’ըսէ. «Շատ լաւ կրնամ հասկնալ Յովհաննէս առաքեալի խօսքերուն ետին եղող զգացումը, քանի որ շատ շնորհապարտ եմ որ չորս զաւակներս ալ ‘ճշմարտութեան մէջ կը քալեն’։ Գիտեմ թէ երբ ընտանիքներ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած ըլլան, ասիկա Եհովայի փառք ու պատիւ կը բերէ, ուստի խոր գոհունակութիւն կը զգամ երբ տեսնեմ թէ ան կ’օրհնէ զաւակներուս մէջ ճշմարտութիւնը զետեղելու ջանքերս։ Դրախտին մէջ ընտանիքիս հետ անվերջ կեանք վայելելու գեղեցիկ հեռանկարը զիս յոյսով կը լեցնէ եւ կը մղէ որ տոկամ, հակառակ դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու»։ Դժբախտաբար, Տէլի աղջիկներէն մէկը ժողովքէն վտարուեցաւ, քրիստոնէավայել չեղող ընթացք մը հետապնդելուն համար։ Այսուհանդերձ, Տէլ կը ջանայ դրական տեսակէտ մը պահել։ Ան կ’ըսէ. «Կը յուսամ որ օր մը աղջիկս խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ Եհովայի պիտի վերադառնայ։ Սակայն, շնորհակալ եմ Աստուծոյ որ զաւակներուս մեծ մասը կը շարունակեն հաւատարմաբար իրեն ծառայել։ Զգացած ուրախութիւնս ինծի Նէեմեայ 8։10
համար զօրութեան իսկական աղբիւր մը եղած է»։—Յաւիտենական Բարեկամներ Շինել
5. Մինչ մեր անձերէն կու տանք աշակերտելու գործին մէջ, ո՞ր տեղեկութիւնը մեզի գոհունակութիւն կու տայ։
5 Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ Քրիստոնեայ աշակերտներ պատրաստեն եւ անոնց Եհովայի ու իր պահանջներուն մասին սորվեցնեն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Թէ՛ Եհովա եւ թէ Յիսուս անձնուրացօրէն մարդոց օգնեցին որ ճշմարտութեան ճամբան սորվին։ Ուստի, երբ աշակերտելու գործին համար մեր անձերէն կու տանք, գոհունակութիւն կ’ունենանք, գիտնալով թէ նախկին Քրիստոնեաներուն նման, Եհովան ու Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Երբ Ամենակալ Աստուծոյ եւ իր սիրելի Որդւոյն հետ այս կերպով համագործակցինք, մեր կեանքը իսկական իմաստ մը կ’ունենայ։ Ի՜նչ օրհնութիւն է Աստուծոյ «գործակից»ներուն մաս կազմել։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Իսկ խայտալի չէ՞ գիտնալ թէ նոյնիսկ հրեշտակներ բարի լուրի քարոզչութեան այս գործունէութեան մէջ բաժին ունին։—Յայտնութիւն 14։6, 7
6. Երբ ուրիշներու հոգեւորապէս տալու գործին կը մասնակցինք, որո՞նք մեր բարեկամները կ’ըլլան։
6 Իրականութեան մէջ, ուրիշներուն հոգեւորապէս տալու այս գործին մասնակցելով, կրնանք Աստուծոյ հետ գործակից ըլլալէն աւելին ըլլալ. կրնանք իր հետ յաւիտենական բարեկամութիւն հաստատել։ Իր հաւատքին պատճառաւ, Աբրահամ Եհովայի բարեկամը կոչուեցաւ։ (Յակոբու 2։23) Մինչ կը ջանանք Աստուծոյ կամքը կատարել, մենք ալ կրնանք Աստուծոյ բարեկամները դառնալ։ Եթէ ասիկա ընենք, Յիսուսի ալ բարեկամները կ’ըլլանք։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ (Յովհաննու 15։15) Շատեր կ’ուրախանան երբ հեղինակաւոր մարդոց կամ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բարեկամները նկատուին, սակայն մենք կրնանք համայն տիեզերքի երկու գերագոյն անձնաւորութիւններու բարեկամները նկատուիլ։
7. (ա) Կին մը ի՞նչպէս իսկական բարեկամուհի մը ունեցաւ։ (բ) Նման փորձառութիւն մը ունեցա՞ծ էք։
7 Ասկէ զատ, երբ մարդոց օգնենք որ Աստուած ճանչնան, անոնք ալ մեր բարեկամները կ’ըլլան, մեզի մասնայատուկ ուրախութիւն պատճառելով։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող Ճոանը, Աստուածաշունչը սկսաւ սերտել Թելմա անունով կնոջ մը հետ։ Թէեւ Թելման իր ուսումնասիրութեան պատճառաւ ընտանիքին կողմէ հակառակութեան հանդիպեցաւ, սակայն ան յարատեւեց եւ մէկ տարի ետք մկրտուեցաւ։ Ճոան գրեց. «Մեր ընկերակցութիւնը հոն վերջ չգտաւ. այլ, անիկա բարեկամութեան մը վերածուեցաւ որ շուրջ 35 տարիէ կը շարունակուի։ Յաճախ միասին ծառայութեան եւ համաժողովներու գացած ենք։ Ի Վերջոյ, 800 քիլոմեթր հեռու գտնուող նոր տուն մը փոխադրուեցայ։ Սակայն, Թելման կը շարունակէ ինծի ղրկել շատ սիրալիր եւ սրտապնդիչ նամակներ, որոնց մէջ կ’ըսէ թէ խանդաղատանքով իմ մասիս կը խորհի եւ շնորհակալ կ’ըլլայ որ իր բարեկամուհին եւ օրինակը եղած եմ, եւ իրեն Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը սորվեցուցած եմ։ Այսպիսի սերտ ու սիրելի բարեկամ մը ունենալը հոյակապ վարձատրութիւն մըն է այն ջանքերուն՝ զորս թափեցի անոր օգնելու համար որ Եհովայի մասին սորվի»։
8. Դրական ո՞ր տեսակէտը պիտի օգնէ մեզի ծառայութեան մէջ։
8 Ճշմարտութիւնը սորվիլ փափաքող անհատի մը ծանօթանալու հեռանկարը կրնայ մեզի օգնել, որ համբերութեամբ տոկանք, նոյնիսկ երբ մեզի հանդիպող անհատներէն շատեր, Եհովայի Խօսքով շատ հետաքրքրուած չեն, կամ բոլորովին հետաքրքրուած չեն։ Այսպիսի անտարբերութիւն կրնայ մեր հաւատքին ու համբերութեան մարտահրաւէր մը ներկայացնել։ Սակայն, դրական տեսակէտ մը ունենալը մեզի կրնայ օգնել։ Կուաթեմալայէն եկած՝ Ֆոսթօ անունով անհատ մը ըսաւ. «Երբ կը վկայեմ ուրիշներու, կը խորհիմ թէ որքա՜ն հոյակապ պիտի ըլլար եթէ խօսակիցս, հոգեւոր եղբայրս կամ քոյրս դառնար։ Կ’ենթադրեմ թէ ինծի հանդիպող անհատներէն առնուազն մէկը, ի վերջոյ կրնայ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը որդեգրել։ Այս միտքը կը մղէ որ շարունակեմ վկայել եւ անիկա ինծի իսկական ուրախութիւն կու տայ»։
Երկնքի Մէջ Գանձեր Դիզենք
9. Երկնքի մէջ գանձեր դիզելու մասին Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
9 Մեր զաւակները կամ ուրիշներ աշակերտելը, միշտ ալ դիւրին չէ։ Անիկա ժամանակ, համբերութիւն եւ յարատեւութիւն կրնայ պահանջել։ Մտածեցէք, թէ շատեր կը յօժարին ծանր աշխատիլ կարելի եղածին չափ նիւթական շատ բան դիզելու համար, բաներ՝ որոնք սովորաբար ուրախութիւն չեն բերեր եւ յաւիտեան չեն տեւեր։ Յիսուս իր Մատթէոս 6։19, 20) Հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդելով՝ որու մէջ կ’իյնայ աշակերտելու կարեւոր գործին մասնակցիլը՝ կրնանք գոհունակութիւն ունենալ, գիտնալով թէ Աստուծոյ կամքը կ’ընենք եւ ան մեզ պիտի վարձատրէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—Եբրայեցիս 6։10
ունկնդիրներուն ըսաւ թէ նախընտրելի էր հոգեւոր բաներու համար գործել։ Ան ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան»։ (10. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ հոգեւոր գանձեր ունէր։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս իր անձէն տուաւ, եւ ասիկա ի՞նչ մեծ օգուտ բերաւ ուրիշներուն։
10 Եթէ աշակերտելու գործին մէջ ժրաջանօրէն աշխատինք, Յիսուսի ըսածին համաձայն ‘երկինքը գանձեր կը դիզենք’։ Ասիկա ստանալէն առթած ուրախութիւնը կու տայ մեզի։ Եթէ անձնուրացօրէն տանք, իրականութեան մէջ մենք ենք որ կը հարստանանք։ Յիսուս միլիառաւոր տարիներ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայած էր։ Երեւակայեցէք թէ ի՜նչ գանձեր դիզած էր երկնքի մէջ։ Այսուհանդերձ, Յիսուս իր անձնական շահերը չփնտռեց։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէս զի մեզ փրկէ հիմակուան չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը կամքին համեմատ»։ (Գաղատացիս 1։4) Յիսուս իր ծառայութեան մէջ ոչ միայն անձնուրացօրէն իր անձէն տուաւ, այլեւ իր իսկ կեանքը տուաւ որպէս փրկանք, որպէսզի ուրիշներ կարենան երկնքի մէջ գանձեր դիզելու պատեհութիւն ունենալ։
11. Հոգեւոր նուէրները ինչո՞ւ նիւթական նուէրներէն լաւ են։
11 Մարդոց Աստուծոյ մասին սորվեցնելով, անոնց կ’օգնենք որ տեսնեն թէ ի՛նչպէս իրենք ալ կրնան մնայուն հոգեւոր գանձեր դիզել։ Ասկէ աւելի մեծ նուէր մը կրնա՞ք տալ։ Եթէ բարեկամի մը սուղ ժամացոյց մը, ինքնաշարժ մը, կամ նոյնիսկ տուն մը տաք, այդ բարեկամը շատ հաւանաբար երախտապարտ եւ ուրախ պիտի ըլլայ, իսկ դուք, տալու ուրախութիւնը պիտի վայելէք։ Սակայն, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ նուէրին վիճակը 20 տարի, 200 տարի, կամ 2,000 տարի ետք։ Միւս կողմէ, եթէ ձեր անձէն տալով անհատի մը օգնէք որ Եհովայի ծառայէ, ան այդ նուէրէն յաւիտեան կրնայ օգտուիլ։
Ճշմարտութիւնը Ուզողները Փնտռենք
12. Շատեր ի՞նչպէս իրենց անձերէն տուած են ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու համար։
12 Հոգեւորապէս տալու ուրախութեան մէջ բաժին բերելու համար, Եհովայի ժողովուրդը մինչեւ երկրի ծայրերը գացած է։ Հազարաւորներ տուն ու ընտանիք ձգած են, միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկելու համար, այնպիսի երկիրներու մէջ՝ ուր ստիպուած եղած են նոր լեզուներու եւ մշակոյթներու վարժուիլ։ Ուրիշներ իրենց ապրած երկրին տարբեր շրջանները փոխադրուած են, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու մեծ կարիք կայ։ Տակաւին ուրիշներ օտար լեզու մը սորված են, իրենց շրջանին մէջ գաղթական մարդոց քարոզելու նոր պատեհութիւններ բանալով։ Օրինակ, Նիւ Ճըրզիէն (Ա.Մ.Ն.) ամոլ մը երկու զաւակներ մեծցնելէ ետք՝ որոնք այժմ կը ծառայեն Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ՝ ռահվիրայութեան սկսան եւ Չինարէն սորվեցան։ Աւելի քան երեք տարուան ընթացքին, անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին Չինարէն խօսող 74 անհատներու հետ, որոնք մօտակայ քոլէճ մը կը յաճախէին։ Դուք ալ կրնա՞ք ձեր ծառայութիւնը կերպով մը ընդլայնել, որպէսզի աշակերտելու գործին մէջ աւելի ուրախութիւն գտնէք։
13. Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ կը փափաքիք ձեր ծառայութիւնը աւելի պտղաբեր դարձնել։
Ժողովողի 11։6) Նաեւ մտածեցէք Նոյի եւ Երեմիայի նման հաւատարիմ մարդոց մասին։ Հակառակ անոր որ իրապէս քիչեր դրականօրէն ընդառաջեցին անոնց քարոզչութեան, բայց անոնց ծառայութիւնը յաջողութիւն մըն էր։ Ամէն բանէ աւելի, անիկա Եհովան հաճեցուց։
13 Թերեւս կը տենչաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, սակայն առիթը չէք ունեցած։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, հետաքրքրուած անհատներ գտնելը դժուար է։ Թերեւս ձեր հանդիպած անհատները Աստուածաշունչի հանդէպ հետաքրքրութիւն չունին։ Եթէ այս է պարագան, կրնաք ձեր փափաքը աւելի յաճախ յայտնել աղօթքի մէջ, գիտնալով թէ Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը խորապէս հետաքրքրուած են այս գործով եւ կրնան ձեզ առաջնորդել ոչխարանման անհատի մը։ Թելադրութիւններ խնդրեցէք ժողովքին մէջի աւելի փորձառու անհատներէն, կամ անոնցմէ՝ որոնց ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր է։ Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ տրուած մարզումէն ու թելադրութիւններէն օգտուեցէք։ Ճամբորդող տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն տուած խրատները գործադրեցէք։ Իսկ մանաւանդ, երբեք մի՛ թուլնաք։ Իմաստուն մարդ մը գրեց. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան»։ (Ձեր Լաւագոյնը Ըրէք
14. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ իր ծառայութեան մէջ ծերացած անհատները։
14 Կրնայ ըլլալ որ ձեր պարագաները թոյլ չեն տար որ ձեր փափաքած չափով ծառայէք։ Օրինակի համար, յառաջացած տարիքը կրնայ սահմանել Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր կարողութիւնը։ Այսուհանդերձ, յիշեցէք թէ իմաստուն մարդը ի՛նչ գրեց. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առակաց 16։31) Եհովայի համար, իր ծառայութեան մէջ տրամադրուած կեանք մը իրեն համար հաճելի է։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես [Եհովա] նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ»։ (Եսայեայ 46։4) Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կը խոստանայ իր հաւատարիմներուն նեցուկ կանգնիլ։
15. Կը հաւատա՞ք թէ Եհովա ձեր պարագաները կը հասկնայ։ Ինչո՞ւ։
15 Թերեւս հիւանդութիւն, անհաւատ կողակիցի մը կողմէ հակառակութիւն, ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ, կամ կարգ մը այլ դժուար խնդիրներ կը դիմագրաւէք։ Եհովա մեր սահմանափակումները եւ պարագաները գիտէ, եւ իրեն ծառայելու մեր անկեղծ ջանքերուն համար մեզ կը սիրէ, նոյնիսկ երբ մեր ըրածը ուրիշներուն ըրածէն նուազ է։ (Գաղատացիս 6։4) Եհովա գիտէ թէ մենք անկատար ենք, եւ մեզմէ ակնկալած բաներուն մէջ իրապաշտ է։ (Սաղմոս 147։11) Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր ենք, եւ թէ ան երբեք պիտի չմոռնայ մեր հաւատքի գործերը։—Ղուկաս 21։1-4
16. Ի՞նչ կերպով ամբողջ ժողովք մը աշակերտ մը պատրաստելու գործին մասնակից կ’ըլլայ։
Ա. Կորնթացիս 14։24, 25) Երախաներ եւ պատանիներ ոգեւորիչ պատասխաններ կու տան, նորեկին ցոյց տալով թէ մեր դեռատիները աշխարհի դեռատիներէն տարբեր են։ Ժողովքին հիւանդները, անկարողները եւ տարեցները կը սորվեցնեն նորեկներուն թէ համբերութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ։ Մեր տարիքը կամ սահմանափակումները ի՛նչ որ ալ ըլլան, բոլորս ալ կարեւոր դեր մը կը խաղանք նորեկներուն օգնելու մէջ, մինչ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ անոնց սէրը կը խորանայ եւ դէպի մկրտութիւն կը յառաջդիմեն։ Ծառայութեան մէջ իւրաքանչիւր ժամ որ կ’անցընենք, իւրաքանչիւր վերայցելութիւն, Թագաւորութեան Սրահին մէջ հետաքրքրուած անհատի մը հետ իւրաքանչիւր խօսակցութիւն, ինքնին թերեւս կրնայ աննշան թուիլ, սակայն անիկա Եհովայի իրագործած վիթխարի գործին մէկ մասն է։
16 Յիշեցէք նաեւ թէ աշակերտելու գործը խմբային աշխատանք մըն է։ Ինչպէս որ կաթիլ մը անձրեւը բոյս մը չի սնուցաներ, նոյնպէս ալ մէկ անհատ չի կրնար աշակերտ մը մէջտեղ բերել։ Ճիշդ է որ մէ՛կ Վկայ կրնայ հետաքրքրուած անհատ մը գտնել եւ անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Բայց, անգամ մը որ այդ նորեկը Թագաւորութեան Սրահ գայ, ամբողջ ժողովքը անոր կ’օգնէ ճշմարտութիւնը ճանչնալու։ Եղբայրակցութեան ջերմութիւնը Աստուծոյ հոգիին ազդեցութիւնը ցոյց կու տայ։ (17, 18. (ա) Աշակերտելու գործին մասնակցելէ զատ, տալու ուրախութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք բաժին բերել։ (բ) Տալու ուրախութեան մասնակցելով, զո՞վ կ’ընդօրինակենք։
17 Անշուշտ, աշակերտելու կարեւոր գործին մասնակցելէ զատ, մենք՝ Քրիստոնեաներս, ուրիշ կերպերով ալ տալու ուրախութեան կը մասնակցինք։ Կրնանք գումար մը յատկացնել, որպէսզի զայն ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու եւ կարօտեալներուն օգնելու համար գործածենք։ (Ղուկաս 16։9. Ա. Կորնթացիս 16։1, 2) Կրնանք պատեհութիւններ փնտռել ուրիշներու հանդէպ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու համար։ (Հռովմայեցիս 12։13) Կրնանք ջանալ «բարիք ընել ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Նաեւ պարզ, սակայն կարեւոր կերպերով ալ կրնանք ուրիշներուն տալ. օրինակ՝ նամակագրութեամբ, հեռաձայնով, նուէր մը կամ օգնական ձեռք տալով, քաջալերական խօսք մը ըսելով։
18 Տալով, ցոյց կու տանք թէ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակենք։ Նաեւ ցոյց կու տանք մեր եղբայրասիրութիւնը՝ ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշող նշանը։ (Յովհաննու 13։35) Այս բաները յիշելը կրնայ մեզի օգնել որ տալու ուրախութեան մասնակցինք։
Կրնա՞ք բացատրել
• Եհովա եւ Յիսուս հոգեւորապէս տալու մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացած են։
• Ի՞նչպէս կրնանք յաւիտենական բարեկամներ շինել։
• Մեր ծառայութիւնը աւելի յաջող դարձնելու համար, ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել։
• Ժողովքի բոլոր անդամները ի՞նչպէս կրնան տալու ուրախութեան մասնակցիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 13]
Երբ զաւակներ իրենց տրուած մարզումին ընդառաջեն, ծնողներ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելեն
[Նկար՝ էջ 15]
Աշակերտելով՝ իսկական բարեկամներ կը շինենք
[Նկար՝ էջ 16]
Եհովա մեզ կը կրէ ծերութեան ատեն
[Նկարներ՝ էջ 17]
Պարզ՝ սակայն կարեւոր կերպերով տալու մէջ ուրախութիւն կը գտնենք