Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուած իրապէս մարդիկը դժոխքին մէջ այրուելու կը դատապարտէ՞»

«Աստուած իրապէս մարդիկը դժոխքին մէջ այրուելու կը դատապարտէ՞»

«Աստուած իրապէս մարդիկը դժոխքին մէջ այրուելու կը դատապարտէ՞»

«Աստուածաբանութեան դասընթացքի՞ մը կը հետեւիք»

Այս հարցումը անակնկալի բերաւ Ճոէլը եւ Գարլը։ Այս երկու երիտասարդները՝ որոնք Եհովայի Վկաներու Պրուքլին, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայեն որպէս կամաւորներ՝ մօտակայ գրատան մը մէջ գրքերը աչքէ կ’անցընէին։ Մինչ Ճոէլ Աստուածաշունչի համաբարբառներ կը քննէր, Գարլը անոր կը պատմէր ծառայութեան մէջ իր ունեցած խօսակցութիւնը։ Այս խօսակցութեան կարգ մը մասերը ականջին հասած ըլլալով, մօտը կայնող մարդ մը մղուեցաւ անոնց մօտենալու։

Այս մարդուն համար, երկու երիտասարդներուն աստուածաբանութեան դասընթացքներու հետեւիլը երկրորդական հարց մըն էր։ Ան բացատրեց. «Ես Հրեայ եմ, եւ իմ Քրիստոնեայ բարեկամներէս ոմանք ինծի ըսին թէ դժոխքին մէջ պիտի այրիմ, քանի որ Հրեաները Յիսուսը մերժեցին։ Ասիկա զիս շատ կը խռովեցնէ։ Սիրալիր Աստուծմէ եկած այսպիսի պատիժ մը անարդար կը թուի։ Աստուած իրապէս մարդիկը դժոխքին մէջ այրուելու կը դատապարտէ՞»։

Ճոէլ եւ Գարլ այս անկեղծ մարդուն ըսին թէ իրենք Աստուածաշունչը լրջօրէն սերտողներ էին։ Անոնք Սուրբ Գրութիւններէն ցոյց տուին անոր թէ մեռելները անգիտակից են եւ պարզապէս մահուան մէջ կը քնանան՝ յարութեան սպասելով։ Հետեւաբար, անոնք ո՛չ կը չարչարուին ոչ ալ կրակին մէջ կ’այրին։ (Սաղմոս 146։3, 4. Ժողովողի 9։5, 10. Դանիէլ 12։13. Յովհաննու 11։11-14, 23-26) 45 վայրկեան տեւող այս խօսակցութեան վերջաւորութեան, մարդը իր հասցէն տուաւ ճոէլին եւ Գարլին, եւ այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրեց։

Եթէ դժոխքը կրակոտ չարչարանքի վայր մը ըլլար, երբեք մէկը պիտի խնդրէ՞ր որ զինք հոն ղրկէին։ Այսուհանդերձ, Յոբ նահապետ, իր դժուար կացութենէն ազատելու համար, հետեւեալ խնդրանքը ըրաւ. «Երանի՜ թէ ինձ դժոխքումը ծածկէիր, թաքցնէիր մինչեւ քո բարկութեան անցնելը»։ (Յոբայ 14։13, Արարատ) Բացայայտօրէն, Յոբ չէր հաւատար թէ դժոխքը չարչարանքի վայր մըն է։ Ընդհակառակը, ան հոն պաշտպանութիւն փնտռեց։ Մահը չգոյութեան վիճակ մըն է, իսկ Աստուածաշունչին դժոխքը մարդկութեան հասարակ գերեզմանն է։

Եթէ կը փափաքիք յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ, թէ ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք եւ թէ անկէ ետք ի՞նչ յոյս կայ, ջերմօրէն հրաւիրուած էք հետեւեալ հրաւէրին ընդառաջելու։