«Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան»
«Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան»
«ՏՂԱՅ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող», ըսաւ սաղմոսերգու Դաւիթ, իր յառաջացած տարիքին մէջ։ (Սաղմոս 37։25) Եհովա Աստուած կը սիրէ արդարը եւ սիրալիր կերպով հոգ կը տանի անոր։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, ան ճշմարիտ երկրպագուները կը յորդորէ որ արդարութիւն փնտռեն։—Սոփոնեայ 2։3
Արդարութիւնը Աստուծոյ հետ ուղիղ ըլլալու վիճակն է, բարիի ու չարի իր չափանիշներուն համակերպելով։ Մեզ քաջալերելով որ Աստուծոյ կամքին համակերպինք, Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 10–րդ գլուխը կը նշէ հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններ, զորս կը վայելեն անոնք որոնք ասիկա կ’ընեն։ Այս օրհնութիւններուն մէջ կան հոգեւորապէս սննդարար առատ կերակուր, վարձահատոյց ու գոհացուցիչ գործ, եւ Աստուծոյ ու մարդոց հետ լաւ յարաբերութիւն մը։ Ուստի, նկատի առնենք Առակաց 10։1-14–րդ համարները։
Հոյակապ Դրդապատճառ մը
10–րդ գլուխին բացման խօսքերը կասկած չեն ձգեր Առակաց գրքին յաջորդ հատուածը գրողին ինքնութեան մասին։ Հոն կը կարդանք՝ ըստ Արարատ Թարգմանութեան՝ «Սողոմոնի առակները»։ Ուղիղ ընթացքին հետեւելու լաւ դրդապատճառ մը բնորոշելով, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը կ’ըսէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է»։—Առակաց 10։1
Ծնողներու համար որքա՜ն մեծ վիշտ է երբ իրենց զաւակներէն մէկը ճշմարիտ ու կենդանի Աստուծոյ պաշտամունքը կը լքէ։ Իմաստուն թագաւորը կը մատնանշէ մօրը տրտմութիւնը, թերեւս թելադրելու համար թէ անոր վիշտը աւելի խոր կ’ըլլայ։ Արդարեւ այս էր Տորիսին պարագան։ * Ան կը պատմէ. «Երբ մեր 21 տարեկան տղան ճշմարտութիւնը ձգեց, ամուսինս՝ Ֆրանքը եւ ես սրտաբեկ եղանք։ Զգացականօրէն իմ ցաւս Ֆրանքին ցաւէն աւելի ուժգին էր։ Անցնող 12 տարիները վէրքս բուժած չեն»։
Զաւակները կրնան իրենց հօր ուրախութեան ազդել եւ կրնան իրենց մօր կսկիծ պատճառել։ Թող որ իմաստութիւն ցուցաբերենք եւ մեր ծնողքին ուրախութիւն պատճառենք։ Իսկ ամէն գնով, թող որ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի սիրտը ուրախացնենք։
‘Արդարին Հոգին կը Յագենայ’
«Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ», կ’ըսէ թագաւորը, «բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ»։ (Առակաց 10։2) Վերջին ժամանակին ուղղակի վերջաւորութեան ապրող ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար, այս խօսքերը արդարեւ արժէքաւոր են։ (Դանիէլ 12։4) Անաստուած աշխարհին կործանումը մօտ է։ Մարդակերտ ոչ մէկ ապահովութեան միջոց՝ նիւթական, դրամական կամ զինուորական՝ պաշտպանութիւն պիտի հայթայթէ գալիք ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 13, 14) Միայն «ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան»։ (Առակաց 2։21) Ուստի, թող որ շարունակենք ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’։—Մատթէոս 6։33
Եհովայի ծառաները պէտք չունին մինչեւ խոստացեալ նոր աշխարհը սպասելու, Աստուծոյ օրհնութիւնները վայելելու համար։ «Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր, բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ»։ (Առակաց 10։3) ‘Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ միջոցաւ Եհովա առատ հոգեւոր սնունդ հայթայթած է։ (Մատթէոս 24։45) Արդարը արդարեւ ‘սրտի ուրախութենէն ցնծալու’ պատճառներ ունի։ (Եսայեայ 65։14) Գիտութիւնը ախորժելի է իր հոգիին։ Հոգեւոր գանձեր փնտռելը իրեն համար հաճոյք է։ Ամբարիշտը այսպիսի հաճոյքներ չունի։
‘Ժրաջանութիւնը կը Հարստացնէ’
Արդարը ուրիշ կերպով մըն ալ օրհնուած է. «Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ, բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։ Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է, հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ»։—Առակաց 10։4, 5
Գլխաւորաբար իմաստալից են թագաւորին այն խօսքերը, որոնք ուղղուած են հունձքի ընթացքին բանող մշակներուն։ Հունձքի եղանակը քնանալու ժամանակ չէ։ Անիկա ժրաջանութեան եւ երկար ժամեր աշխատելու ժամանակ է։ Արդարեւ, անիկա ստիպողականութեան ժամանակ է։
Յիսուս, ո՛չ թէ ցորենի, հապա մարդոց հունձքը ի մտի ունենալով, իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը [Եհովա Աստուծոյ] աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Մատթէոս 9։35-38) 2000–ին, աւելի քան 14 միլիոն անհատներ՝ Եհովայի Վկաներու թիւին կրկնապատիկէն աւելին՝ ներկայ գտնուեցան Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին։ Ուստի, ո՞վ կրնայ հերքել թէ ‘արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’։ (Յովհաննու 4։35) Ճշմարիտ երկրպագուները Տէրոջմէ յաւելեալ մշակներ կը խնդրեն, մինչ աշակերտելու գործին մէջ ճիգ կը թափեն, իրենց աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործելով։ (Մատթէոս 28։19, 20) Իսկ Եհովան որքա՜ն առատօրէն օրհնած է անոնց ջանքերը։ 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 280,000 նորեկներ մկրտուեցան։ Ասոնք ալ կը ջանան Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողներ ըլլալ։ Թող որ այս հունձքի եղանակին ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն ունենանք, աշակերտելու գործին մէջ լիարժէք մասնակցութիւն բերելով։
‘Անոր Գլխուն Վրայ Օրհնութիւններ Կան’
«Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան», կը շարունակէ Սողոմոն, «բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ»։—Առակաց 10։6
Սրտով մաքուր եւ արդար եղողը, շատ մը կերպերով իր արդարութիւնը կ’ապացուցանէ։ Անոր խօսակցութիւնը ազնիւ եւ շինիչ է, արարքները՝ դրական եւ առատաձեռն։ Ուրիշներ կը սիրեն իր ընկերակցութիւնը։ Այսպիսի անհատ մը անոնց գնահատութիւնը կամ օրհնութիւնը կը շահի, այն իմաստով որ անոնք իր մասին լաւ կը խօսին։
Միւս կողմէ, ամբարիշտ անհատ մը ատելավառ կամ չարամիտ է, եւ հիմնականօրէն իր միտումն է ուրիշներուն վնասել։ Անոր խօսակցութիւնը կրնայ քաղցր ըլլալ եւ իր սրտին մէջ պահուած ‘բռնութիւնը գոցել’, սակայն, ի վերջոյ ան կը դիմէ ֆիզիքական կամ բերանացի յարձակումներու։ (Մատթէոս 12։34, 35) Ուրիշ բացատրութիւն մը՝ «բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ»։ (Առակաց 10։6) Ասիկա ցոյց կու տայ թէ ամբարիշտը սովորաբար ուրիշներէն կը ստանայ այն ի՛նչ որ ինք կը ցուցաբերէ, ուրիշ խօսքով՝ թշնամութիւն։ Ասիկա կարծես թէ իր բերանը կը գոցէ, եւ զինք կը լռեցնէ։ Այսպիսի անհատ մը ուրիշներէն ի՞նչ օրհնութիւն կրնայ ակնկալել։
«Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ», կը գրէ Իսրայէլի թագաւորը, «բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի»։ (Առակաց 10։7) Արդարը ուրիշներուն՝ մանաւանդ Եհովա Աստուծոյ կողմէ բարեհաճութեամբ կը յիշուի։ Մինչեւ մահ իր հաւատարմութեամբ, Յիսուս հրեշտակներէն աւելի ‘բարձր անուն մը ժառանգեց’։ (Եբրայեցիս 1։3, 4) Նախաքրիստոնէական ժամանակի հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները, ներկայիս կը յիշուին ճշմարիտ Քրիստոնեաներու կողմէ որպէս ընդօրինակուելու արժանի տիպարներ։ (Եբրայեցիս 12։1, 2) Ասիկա որքա՜ն տարբեր է ամբարիշտներու անունէն, որ զզուելի եւ գարշելի բան մը կը դառնայ։ Այո, «բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է»։ (Առակաց 22։1) Թող որ Եհովայի ու մեր ընկեր արարածներուն քով լաւ անուն մը վաստկինք։
‘Կատարելութեամբ Քալողը Ապահովութեամբ Պիտի Քալէ’
Իմաստունը հակադրելով անմիտին հետ, Սողոմոն կ’ըսէ. «Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ, բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի»։ (Առակաց 10։8) Իմաստուն անհատ մը շատ լաւ գիտէ թէ «քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Ան կը գիտակցի թէ Եհովայի առաջնորդութիւնը պէտք է խնդրէ եւ իսկոյն կ’ընդունի Աստուծոյ պատուիրանները։ Միւս կողմէ, յիմար շրթունք ունեցողը, այս հիմնական իրողութիւնը չի հասկնար։ Իր շաղակրատութիւնը զինք կործանումի կ’առաջնորդէ։
Արդար անհատը նաեւ կը վայելէ ապահովութիւն մը, զոր ամբարիշտները չունին։ «Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ, բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։ Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի»։—Առակաց 10։9, 10
Ուղղամիտ անհատ մը իր բոլոր գործառնութիւններուն մէջ պարկեշտ է։ Ան ուրիշներուն յարգանքն ու վստահութիւնը կը վաստկի։ Պարկեշտ անհատ մը արժէքաւոր պաշտօնեայ մըն է եւ յաճախ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը վստահուի իրեն։ Որպէս պարկեշտ անհատ իր ունեցած համբաւը, կրնայ մի՛շտ իրեն գործ ապահովել, նոյնիսկ երբ գործերը քիչ ըլլան։ Ասկէ զատ, իր պարկեշտութիւնը տան մէջ հաճելի եւ խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծելու կը նպաստէ։ (Սաղմոս 34։13, 14) Ան իր ընտանիքի անդամներուն հետ իր յարաբերութեան մէջ ապահով կը զգայ։ Արդարեւ, ապահովութիւնը՝ ուղղամտութեան մէկ պտուղն է։
Բայց անձնասէր շահու համար անպարկեշտութեան անձնատուր եղողին պարագան տարբեր է։ Խաբեբայ մը թերեւս փորձէ իր ստախօսութիւնը ծածկել ծուռ խօսքերով կամ շարժուձեւով։ (Առակաց 6։12-14) Չարամիտ կամ խաբեբայ միտումով աչքերը թարթելը, կրնայ իր խաբեբայութեան զոհ դարձած անհատներուն ջղագրգռութիւն պատճառել։ Սակայն, ուշ կամ կանուխ, այսպիսի անհատի մը անպարկեշտութիւնը երեւան պիտի ելլէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։ Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։24, 25) Ո՛վ որ ալ ըլլայ անհատը՝ ծնող մը, բարեկամ մը, կողակից մը կամ ծանօթ մը՝ անոր անպարկեշտութիւնը ի վերջոյ երեւան պիտի ելլէ։ Ո՞վ կրնայ վստահիլ անհատի մը որ անպարկեշտ ըլլալու համբաւը ունի։
‘Անոր Բերանը Կեանքի Աղբիւր Է’
«Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է», կ’ըսէ Սողոմոն, «բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ»։ (Առակաց 10։11) Բերնէն ելած խօսքերը կրնան բուժել կամ վիրաւորել։ Անոնք կրնան անհատը թարմացնել ու ոգեւորել, եւ կամ կրնան զինք քանդել։
Խօսուած խօսքերու ետին եղող դրդապատճառը բնորոշելով, Իսրայէլի թագաւորը կ’ըսէ. «Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ»։ (Առակաց 10։12) Ատելութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ կռիւներ կը հանէ, պատերազմներ գրգռելով։ Եհովան սիրողները պէտք է իրենց սրտերէն ատելութիւնը ջնջեն։ Ի՞նչպէս։ Զայն սէրով փոխարինելով։ «Սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։ (Ա. Պետրոս 4։8) Սէրը «ամէն բանի կը զիջանի», այսինքն՝ ‘ամէն բանի կը դիմանայ’։ (Ա. Կորնթացիս 13։7, Արարատ) Աստուածային սէրը անկատար մարդոցմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Փոխանակ ուրիշներու սխալներուն մասին խօսելու, այսպիսի սէր մը մեզի կ’օգնէ անոնց յանցանքները անտեսելու, բացի՝ եթէ լուրջ յանցագործութիւն մը պարփակուած ըլլայ։ Սէրը, նոյնիսկ դաշտի ծառայութեան, մեր աշխատավայրին կամ դպրոցին մէջ եղած գէշ վերաբերմունքին կը համբերէ։
Իմաստուն թագաւորը կը շարունակէ. «Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի, բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է»։ (Առակաց 10։13) Հասկցող անհատի մը իմաստութիւնը իր քայլերը կ’առաջնորդէ։ Իր շրթներուն վրայ եղած շինիչ խօսքերը ուրիշներուն կ’օգնեն որ արդարութեան ճամբուն մէջ քալեն։ Ոչ ինք, ո՛չ ալ իրեն մտիկ ընողները, պէտք ունին բռնի ուժով՝ յանդիմանութեան գաւազանով՝ շիտակ ուղղութեան հետեւելու։
‘Գիտութիւն Հաւաքեցէք’
Ի՞նչ բան կ’օգնէ որ մեր խօսքերը ‘իմաստութեան առատաբուղխ գետ’ մը ըլլան, փոխանակ՝ շաղակրատութիւններ հոսեցնող գետակ մը ըլլալու։ (Առակաց 18։4) Սողոմոն կը պատասխանէ. «Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն, բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է»։—Առակաց 10։14
Առաջին պահանջը այն է որ մեր միտքը պէտք է լեցուի Աստուծոյ շինիչ գիտութեամբ։ Այդ գիտութիւնը միա՛յն մէկ աղբիւր ունի։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Պէտք է գիտութիւն ամբարենք եւ Աստուծոյ Խօսքը պեղենք պահուած գանձեր փնտռելու պէս։ Ասիկա ի՜նչ ոգեւորիչ եւ վարձահատոյց փնտռտուք մըն է։
Որպէսզի մեր շրթներուն վրայ իմաստութիւն ըլլայ, Սուրբ Գրութիւններուն գիտութիւնը մեր սրտին ալ պէտք է հասնի։ Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) Հետեւաբար, պէտք է սովորաբար խոկանք մեր սորված բաներուն վրայ։ Ճիշդ է որ ուսումնասիրութիւնը եւ խոկալը ջանք կը պահանջեն, սակայն այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը հոգեւորապէս որքա՜ն պարարտացուցիչ է։ Որեւէ պատճառ չկայ որպէսզի անհատ մը անմիտ խօսքեր խօսող շաղակրատի մը կործանիչ ընթացքին հետեւի։
Այո, իմաստուն անհատ մը Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը կ’ընէ եւ ուրիշներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ։ Ան առատ հոգեւոր սնունդ կը վայելէ եւ Տէրոջը վարձահատոյց գործին մէջ իր մասնակցութիւնը կ’աւելցնէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Ուղղամիտ անհատ մը ըլլալով, ան ապահովութեամբ կը քալէ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը ունի։ Իսկապէս, արդարին օրհնութիւնները շատ են։ Թող որ արդարութիւն փնտռենք, մեր կեանքը բարիի ու չարի Աստուծոյ չափանիշներուն համակերպեցնելով։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Անունը փոխուած է։
[Նկար՝ էջ 25]
Պարկեշտութիւնը ընտանեկան երջանիկ կեանքի մը կը նպաստէ
[Նկար՝ էջ 26]
«Իմաստունները գիտութիւն կ’ամբարեն»