Իրապէս հանդուրժո՞ղ էք
Իրապէս հանդուրժո՞ղ էք
ՊԱՏԱՀԱ՞Ծ է որ անհատի մը անվայել վարմունքին համար բորբոքած էք։ Երբ ձեր սերտ ընկերները ապականիչ ազդեցութիւններէ վարակուելու վրայ են, շուտով քայլեր կ’առնէ՞ք։
Երբեմն արագ եւ հաստատ քայլեր կը պահանջուին լուրջ մեղքի մը տարածումը կասեցնելու համար։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. 15–րդ դարուն, երբ լիրբ յանցագործութիւն մը սպառնաց Իսրայելացիները պղծել, Ահարոնի թոռնիկը՝ Փենեհէս, վճռակամ քայլ մը առաւ չարը մէջտեղէն վերցնելու համար։ Եհովա Աստուած անոր արարքին հաւանութիւն տուաւ, ըսելով. «Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ [«ինծի դէմ ոչ մէկ մրցակցութեան հանդուրժեց», ՆԱ] անոնց մէջ»։—Թուոց 25։1-11
Փենեհէս վարակումի տարածման արգելք հանդիսանալու համար պէտք եղած քայլը առաւ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել ուրիշներու պարզ թերացումներուն համար անտեղիօրէն զայրանալու մասին։ Եթէ արտորնօք կամ առանց արդարացի պատճառի գործի անցնինք, արդարութեան ախոյեան մը չենք դառնար, այլ՝ անհանդուրժողութեան տիպար մը. անհատ մը որ ուրիշներու անկատարութիւնները չ’անտեսեր։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ այս ծուղակէն խուսափինք։
‘Եհովա կը Քաւէ Ձեր Բոլոր Անօրէնութիւնները’
Եհովա «նախանձոտ (նախանձախնդիր) Աստուած է. մրցակցութիւն չհանդուրժող Աստուած մը»։ (Ելից 20։5, ՆԱ, ստորանիշ) Ստեղծիչը ըլլալով, ան մեզմէ բացարձակ պաշտամունք պահանջելու իրաւունք ունի։ (Յայտնութիւն 4։10) Այսուհանդերձ, Եհովա մարդկային տկարութիւններուն կը հանդուրժէ։ Հետեւաբար, իր մասին խօսելով, սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր [«շարունակ յանցանք չի գտներ», ՆԱ] . . . Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի»։ Այո, եթէ զղջանք, Աստուած «կը քաւէ [մեր] բոլոր անօրէնութիւններ»ը։—Սաղմոս 103։3, 8-10
Քանի որ մարդոց մեղաւոր բնոյթը կը հասկնայ, Եհովա զղջացող յանցագործներուն մէջ «շարունակ յանցանք չի գտներ»։ (Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12) Իրականութեան մէջ, իր նպատակն է մեղքն ու անկատարութիւնը վերացնել։ Մինչեւ որ ասիկա լիովին իրագործուի, փոխանակ մեզի «հատուցում» ընելու, Աստուած քաղցրութեամբ կը ներէ մեզի, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Ո՛չ մէկս վերապրելու արժանի պիտի նկատուէինք, եթէ Եհովա տեղին ողորմութիւն ցոյց չտար։ (Սաղմոս 130։3) Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ մեր երկնաւոր Հայրը, որ արդարացիօրէն բացարձակ պաշտամունք կը պահանջէ, ողորմած Աստուած մըն է։
Հաւասարակշռութեան Կարիքը Կայ
Քանի որ տիեզերքի Գերիշխան Տէրը անկատար մարդոց հետ իր վերաբերմունքին մէջ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերէ, մենք ալ նոյնը պէտք չէ՞ ընենք։ Հանդուրժողութիւնը սահմանուած է որպէս «ուրիշներու կարծիքներուն կամ արարքներուն հանդէպ համբերատար տրամադրութիւն մը ունենալ»։ Անձամբ այսպիսի տրամադրութիւն մը՝ համբերութիւն եւ ինքնազսպում ի գործ դնելու հակում մը ունի՞նք՝ երբ ուրիշներ ըսեն կամ ընեն բաներ, որոնք լուրջ մեղքեր չեն, բայց թերեւս որպէս խօսք կամ արարք անպատշաճ են։
Անշուշտ, պէտք է խուսափինք չափազանց հանդուրժող ըլլալէ։ Օրինակ, ահռելի աւերներ կը գործուին երբ կրօնական հեղինակութիւններ յարատեւաբար տղաք ու աղջիկներ խոշտանգող անգութ քահանաներու կը հանդուրժեն։ Իրլանտայի մէջ թղթակից մը ըսաւ. «Երախաներուն պատահածը մեղքի միջադէպեր նկատելով, եկեղեցական հեղինակութիւններ յանցաւոր քահանան պարզապէս [ուրիշ շրջան] մը փոխադրեցին»։
Այսպիսի մարդ մը պարզապէս ուրիշ շրջան մը փոխադրելը պատշաճ հանդուրժողութեան օրինա՞կ է։ Երբե՛ք։ Ենթադրենք որ բժշկական անձնակազմ մը թոյլ տայ որ անպատասխանատու վիրաբոյժ մը շարունակէ գործողութիւններ կատարել, զայն մէկ հիւանդանոցէն միւսը փոխադրելով, հակառակ անոր որ ան իր հիւանդները կը սպաննէ կամ խեղանդամ կ’ընէ։ Արհեստակիցներու հանդէպ հաւատարմութեան սխալ ըմբռնում մը կրնայ այսպիսի «հանդուրժողութիւն» յառաջ բերել։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն զոհերուն մասին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, կամ վնաս կրեցին, անհոգ կամ նոյնիսկ ոճրային արարքներու պատճառաւ։
Կայ նաեւ շատ քիչ հանդուրժողութիւն ցուցաբերելու վտանգը։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Նախանձայոյզ կոչուած կարգ մը Հրեաներ փորձեցին Փենեհէսի օրինակը գործածել, ջանալով իրենց գործունէութիւնները արդարացնել։ Կարգ մը Նախանձայոյզներու ծայրայեղ քայլերէն մէկն էր՝ «տօներու եւ նման առիթներով, Երուսաղէմի մէջ ամբոխին հետ խառնուիլ եւ իրենց չախորժած անհատները անակնկալի բերելով՝ դաշունահարել»։
Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր մտքէն իսկ պիտի չանցնէր մեզի անախորժ թուող անհատներուն վրայ բառացի յարձակում գործել, ինչպէս կ’ընէին Նախանձայոյզները։ Բայց արդեօք որոշ աստիճանի անհանդուրժողութիւն մը մեզ կը մղէ՞ որ մեր չախորժած անհատներուն վրայ տարբեր կերպերով յարձակում գործենք, թերեւս՝ անոնց մասին գէշ խօսելով։ Եթէ իրապէս հանդուրժող ենք, այսպիսի վիրաւորական խօսակցութեան պիտի չդիմենք։
Առաջին դարու Փարիսեցիները անհանդուրժող ուրիշ խումբ մըն էին։ Անոնք շարունակ ուրիշները կը դատապարտէին եւ մարդկային անկատարութիւններուն աչք չէին խփեր։ Հպարտ Փարիսեցիները հասարակ ժողովուրդին ցած աչքով կը նայէին, զանոնք վատաբանելով որպէս «նզովուած»։ (Յովհաննու 7։49) Տեղին ըլլալով, Յիսուս այսպիսի ինքնարդար մարդոց դէմ խօսեցաւ, ըսելով. «Վա՜յ ձեզի՝ դպիրներուդ եւ կեղծաւոր Փարիսեցիներուդ, որ անանուխին, սամիթին եւ չամանին տասանորդը կու տաք, բայց զանց ըրած էք օրէնքներուն ամենէն ծանրերը՝ արդարադատութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատքը. այս պէտք էր ընել՝ միւսը զանց չընելով»։—Մատթէոս 23։23, Երուսաղէմ
Այս խօսքերը ըսելով, Յիսուս Մովսիսական Օրէնքը պահելուն կարեւորութիւնը չէր նսեմացներ։ Ան պարզապէս ցոյց կու տար թէ Օրէնքին «ամենէն ծանրերը», կամ՝ աւելի կարեւոր երեսակները կը պահանջէին, որ անիկա բանաւորութեամբ եւ ողորմութեամբ գործադրուէր։ Յիսուս եւ իր աշակերտները այդ անհանդուրժող Փարիսեցիներէն եւ Նախանձայոյզներէն որքա՜ն տարբեր էին։
Ո՛չ Եհովա Աստուած, ո՛չ ալ Յիսուս Քրիստոս չարութեան աչք կը խփեն։ Շուտով, ‘վրէժ պիտի առնուի անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ աւետարանին չեն հնազանդիր’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10) Արդարութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալով հանդերձ, Յիսուս երբեք չի թերանար իր երկնաւոր Հօրը համբերութիւնը, ողորմութիւնը եւ սիրալիր հոգատարութիւնը ցուցաբերելու, բոլոր անոնց հանդէպ որոնք կ’ուզեն շիտակը ընել։ (Եսայեայ 42։1-3. Մատթէոս 11։28-30. 12։18-21) Յիսուս ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։
Իրարու Հանդէպ Հանդուրժող Ըլլանք
Թէեւ շիտակի հանդէպ կրնանք մեծապէս նախանձախնդիր ըլլալ, սակայն թող որ Պօղոս առաքեալի խրատը կիրարկենք. «Շարունակեցէք իրարու համբերել եւ իրարու անհաշիւ ներել, եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ։ Ինչպէս Եհովա ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ (Կողոսացիս 3։13, ՆԱ. Մատթէոս 6։14, 15) Հանդուրժողութիւնը կը պահանջէ որ այս անկատար աշխարհին մէջ իրարու թերութիւններուն եւ սխալներուն համբերենք։ Ուրիշներէն մեր ակնկալած բաներուն նկատմամբ բանաւոր պէտք է ըլլանք։—Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ
Հանդուրժող ըլլալ չի նշանակեր որեւէ կերպով յանցագործութեան հաւանութիւն տալ կամ սխալներու հանդէպ անտարբեր ըլլալ։ Հաւատակիցի մը մտածելակերպին կամ վարմունքին որոշ մէկ երեսակը ձեւով մը կրնայ Եհովայի չափանիշներուն հետ ներդաշնակ չըլլալ։ Թէեւ այս շեղումը կրնայ Աստուծոյ կողմէ մերժուելու աստիճան լուրջ չըլլալ, սակայն անիկա ազդանշան մը կրնայ ըլլալ թէ որոշ բարեճշդում կը պահանջուի։ (Ծննդոց 4։6, 7) Որքա՜ն սիրալիր պիտի ըլլայ եթէ հոգեւոր որակումներ ունեցող անհատներ ջանան յանցագործը հեզութեան հոգիով սրբագրել։ (Գաղատացիս 6։1) Սակայն, այս մարզին մէջ յաջողելու համար, անհրաժեշտ է որ այս քայլը առնուի անհատին հանդէպ մտահոգութենէ մղուած, քան թէ՝ քննադատական հոգիէ։
«Հեզութեամբ ու Երկիւղածութեամբ»
Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր կրօնական տեսակէտներէն տարբեր տեսակէտներ ունեցող անհատներու հանդէպ համբերատար գտնուելու մասին։ Իրլանտայի մէջ, 1831–ին հաստատուած բոլոր Ազգային Դպրոցներուն մէջ ցուցադրուած «Ընդհանուր Դաս»ը կը նշէր. «Յիսուս Քրիստոս չէր մտադրած իր կրօնքը մարդոց պարտադրել բռնի միջոցներով։ . . . Մեր դրացիներուն հետ կռուիլը եւ զանոնք նախատելը, կերպ չէ զիրենք համոզելու թէ մենք շիտակ՝ իսկ իրենք սխալ են։ Աւելի հաւանական է որ այս կերպը զանոնք համոզէ, թէ մենք քրիստոնէական հոգիի տէր չենք»։
Յիսուս այնպէ՛ս սորվեցուց ու վարուեցաւ որ մարդիկը Աստուծոյ Խօսքին մօտեցուց. մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ (Մարկոս 6։34. Ղուկաս 4։22, 32. Ա. Պետրոս 2։21) Աստուածատուր յատուկ ներատեսութիւն ունեցող կատարեալ մարդ մը ըլլալով, ան կրնար սրտերը կարդալ։ Հետեւաբար, երբ անհրաժեշտ ըլլար, Յիսուս ի վիճակի էր Եհովայի թշնամիներուն վրայ խիստ դատապարտութիւններ տեղացնելու։ (Մատթէոս 23։13-33) Ասիկա ընելով ան անհանդուրժողութիւն ցոյց չէր տար։
Յիսուսի հակառակը, մենք սրտեր կարդալու կարողութիւնը չունինք։ Հետեւաբար, պէտք է Պետրոս առաքեալի խրատին անսանք. «Տէր Աստուածը [«Քրիստոսը», Անթիլիաս] սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։ (Ա. Պետրոս 3։15) Որպէս Եհովայի Վկաներ, մենք պէ՛տք է պաշտպանենք մեր հաւատալիքները, քանի որ անոնք Աստուծոյ Խօսքին վրայ հաստատօրէն հիմնուած են։ Սակայն ասիկա պէտք է ընենք այնպիսի կերպով մը, որ ուրիշներու եւ անոնց անկեղծօրէն հաւատացած բաներուն հանդէպ յարգանք ցոյց տայ։ Պօղոս գրեց. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։6
Իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12) Ուստի, թող որ համբերութեամբ իրարու հանդուրժենք, եւ յարգանք ցուցաբերենք անոնց հանդէպ՝ որոնց կը քարոզենք բարի լուրը։ Արդարութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հանդուրժողութեան հետ հաւասարակշռելով, Եհովան պիտի հաճեցնենք եւ իրա՛պէս հանդուրժող անհատ մը պիտի ըլլանք։
[Նկար՝ էջ 23]
Փարիսեցիներու անհանդուրժող կեցուածքէն խուսափեցէք
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս իր Հօրը հանդուրժող հոգին ցոլացուց։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք