Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ա. Պետրոս 4։3–ի մէջ, կը կարդանք թէ Քրիստոնեաներէն ոմանք ատեն մը «անօրէն կռապաշտութիւններ»ու միջամուխ եղած էին։ Աստուած ամէն տեսակ կռապաշտութիւն անօրէն, դատապարտելի եւ արգիլուած չի՞ նկատեր։

Այո, Աստուծոյ աչքին ամէն տեսակ կռապաշտութիւն անօրէն է։ Անոնք որոնք իր հաճութիւնը կը փնտռեն, չեն կրնար կռապաշտութեան միջամուխ ըլլալ։—Ա. Կորնթացիս 5։11. Յայտնութիւն 21։8

Սակայն, այնպէս կ’երեւայ թէ Պետրոս առաքեալ տարբեր տեսադաշտէ կռապաշտութեան ակնարկութիւն կ’ընէր։ Նախ՝ վաղեմի ազգերէն շատերուն համար կռապաշտութիւնը թէ՛ սովորական էր եւ թէ իշխանութիւններու կողմէ օրինապէս արգիլուած չէր։ Այսինքն, երկրին օրէնքը այսպիսի կռապաշտութիւն չէր արգիլեր։ Կռապաշտութեան կարգ մը ձեւեր նոյնիսկ ազգային կամ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան մաս կը կազմէին։ Այս առումով, ոմանք Քրիստոնեայ չեղած ‘առանց օրինական արգելքի՝ կռապաշտութիւններու’ միջամուխ եղած էին։ (Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, 1950–ի հրատարակութիւն) Թերեւս կը յիշէք թէ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը, զոր օրինակ, ոսկիէ արձան մը կանգնեց, սակայն Եհովայի ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով մերժեցին զայն պաշտել։—Դանիէլ 3։1-12

Ուրիշ տեսանկիւնէ դիտելով, կռապաշտական ծիսակատարութիւններէն շատեր կը պարփակէին արարքներ՝ որոնք մեծապէս հակառակ էին բնութեան օրէնքներուն կամ բարոյական զգացումի, որոնք ժառանգուած խղճմտանքէն ծագում կ’առնեն։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Պօղոս առաքեալ գրեց նուաստացած սովորութիւններու մասին, որոնք «բնութեան դէմ» եւ «խայտառակութիւն» էին, եւ ասոնք յաճախ կրօնական ծէսերու մէջ տեղ կը գրաւէին։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27) Անօրէն կռապաշտութեան մասնակցող տղամարդիկն ու կիները մարդկային բնութեան օրինական արգելքը չէին յարգեր։ Վստահաբար պատշաճ էր որ Քրիստոնէութիւնը ընդունողները լքէին այդ պիղծ սովորութիւնները։

Վերոյիշեալէն զատ, հեթանոսներուն մէջ սովորական եղող այսպիսի կռապաշտութիւններ Եհովա Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած էին։ Հետեւաբար, անոնք անօրէն էին։ *Կողոսացիս 3։5-7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Ա. Պետրոս 4։3–ի մէջ Յունարէն բնագիրը բառացիօրէն կը նշանակէ «ապօրինի կռապաշտութիւն»։ Այս արտայայտութիւնը Անգլերէն Աստուածաշունչերու մէջ զանազան կերպերով թարգմանուած է, ասոնք քանի մը հատն են. «ապօրինի կռապաշտութիւն», «կռապաշտական անօրէն սովորութիւններ» եւ «օրինազանց կռապաշտութիւններ»։