Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հունձքին մէջ յարատեւե՛նք

Հունձքին մէջ յարատեւե՛նք

Հունձքին մէջ յարատեւե՛նք

«Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, ցնծութիւնով պիտի հնձեն»։—ՍԱՂՄՈՍ 126։5

1. Ինչո՞ւ ‘հունձքին Տէրոջը աղաչենք, որ մշակներ հանէ’ ներկայիս։

ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոս Գալիլիոյ մէջ իր կատարած քարոզչական երրորդ շրջապտոյտէն ետք, իր աշակերտներու ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ»։ (Մատթէոս 9։37) Պարագան նոյնն էր Հրէաստանի մէջ։ (Ղուկաս 10։2) Քանի որ պարագան այս էր շուրջ 2,000 տարիներ առաջ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայիս։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 6,000,000 Եհովայի Վկաներ այլաբանական հունձքին մէջ յարատեւեցին, աշխարհի 6,000,000,000 բնակիչներուն մէջ, որոնցմէ շատեր ‘յոգնած ու ցիրուցան եղած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին’։ Ուստի՝ «հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»՝ Յիսուսի կոչը տեղին է ներկայիս, ինչպէս որ էր դարեր առաջ։—Մատթէոս 9։36, 38

2. Ի՞նչ բան աշխարհի ուշադրութիւնը մեր վրայ կը հրաւիրէ։

2 Եհովա Աստուած՝ հունձքին Տէրը՝ յաւելեալ մշակներ հանելու աղերսանքին պատասխանած է։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն է մասնակցիլ Աստուծոյ կողմէ առաջնորդուած այս հունձքին։ Թէեւ ազգերուն հետ բաղդատած մեր թիւը քիչ է, սակայն, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործունէութեան մէջ մեր նախանձախնդիր մասնակցութիւնը աշխարհի ուշադրութիւնը մեր վրայ կը հրաւիրէ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, լրատուական սպասարկութիւններ շատ յաճախ ակնարկումներ կ’ընեն մեր մասին։ Հեռատեսիլի թատերախաղի մը մէջ դրան զանգը հնչելը կրնայ վերագրուիլ թէ դուռը զարնողը Եհովայի Վկաներն են։ Այո, որպէս այլաբանական մշակներ, մեր քրիստոնէական գործունէութիւնը 21–րդ դարուն քաջածանօթ է բոլորին։

3. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք որ առաջին դարուն Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ուշադրութեան արժանացաւ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ հրեշտակները մեր ծառայութեան կ’աջակցին։

3 Աշխարհ՝ առաջին դարու Թագաւորութեան քարոզչութեան վրայ ալ իր ուշադրութիւնը դարձուց եւ բարի լուրը ծանուցանողները հալածեց։ Անոր համար Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց»։ (Ա. Կորնթացիս 4։9) Նոյնպէս, որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ հալածանքի դիմաց մեր յարատեւութիւնը, աշխարհի ուշադրութիւնը մեր վրայ կը դարձնէ եւ հրեշտակները անով հետաքրքրուած են։ Յովհաննէս առաքեալ Յայտնութիւն 14։6–ին մէջ կ’ըսէ. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ Այո, մեր ծառայութեան՝ մեր հունձքին մէջ, հրեշտակներու աջակցութիւնը ունինք։—Եբրայեցիս 1։13, 14

«Ատելի»

4, 5. (ա) Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչ բանէ զգուշացուց։ (բ) Աստուծոյ ներկայ ծառաները ինչո՞ւ «ատելի» են։

4 Երբ Յիսուսի առաքեալները ղրկուեցան որպէս հունձքի մշակներ, անոնք ‘օձերու պէս խորագէտ եւ աղաւնիներու պէս միամիտ’ ըլլալու իր ցուցմունքին հետեւեցան։ Յիսուս աւելցուց. «Մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ . . . Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։—Մատթէոս 10։16-22

5 Ներկայիս մենք «ատելի» ենք, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է», այսինքն՝ Բանսարկու Սատանային, որ Աստուծոյ ու Իր ժողովուրդին գլխաւոր թշնամին է։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Մեր թշնամիները կը տեսնեն մեր հոգեւոր բարգաւաճութիւնը, սակայն կը մերժեն զայն Եհովայի վերագրել։ Մինչ ուրախութեամբ հունձքին կը մասնակցինք, հակառակորդներ մեր ուրախ եւ ժպտուն դէմքերը կը նկատեն։ Անոնք մեր միութեան վրայ կը հիանան։ Իրականութեան մէջ, անոնք դժկամելով կ’ընդունին որ երբ ուրիշ երկիր ճամբորդեն, տեսնեն թէ Եհովայի Վկաները հո՛ն ալ իրենց երկրին մէջ կատարած նո՛յն գործը կ’ընեն։ Անշուշտ, գիտենք թէ յարմար ժամանակին, մեզի թիկունք կանգնողը եւ մեր միութեան աղբիւրը՝ Եհովան՝ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն կողմէ պիտի ճանչցուի։—Եզեկիէլ 38։10-12, 23

6. Մինչ հունձքին մէջ կը յարատեւենք ի՞նչ երաշխիք ունինք, սակայն ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

6 Հունձքին Տէրը, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի տուած է ‘ամէն իշխանութիւն երկնքի ու երկրի մէջ’։ (Մատթէոս 28։18) Այս կերպով Եհովա կը գործածէ Յիսուսը հունձքի գործը առաջնորդելու համար, երկնային հրեշտակներու եւ հոս՝ երկրի վրայ՝ օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47. Յայտնութիւն 14։6, 7) Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք թշնամիին հակառակութեան հետ գլուխ ելլել եւ միեւնոյն ժամանակ մեր ուրախութիւնը պահպանել, մինչ կը յարատեւենք հունձքին մէջ։

7. Երբ հակառակութիւն կամ հալածանք ըլլայ ի՞նչպիսի կեցուածք պէտք է ջանանք պահպանել։

7 Երբ հակառակութիւն կամ նոյնիսկ ուղղակի հալածանք դիմագրաւենք, Աստուծոյ դիմենք օգնութեան համար, որպէսզի կարենանք Պօղոսի նման կեցուածք մը պահպանել։ Ան գրեց. «Երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք»։ (Ա. Կորնթացիս 4։12, 13) Այս կեցուածքը, մեր փափկանկատ հանրային ծառայութեան հետ մէկտեղ, երբեմն մեր թշնամիներուն վերաբերմունքը կը փոխէ։

8. Մատթէոս 10։28–ի մէջ յիշուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ երաշխիք կու տան մեզի։

8 Մահուան սպառնալիքն անգամ որպէս մշակներ մեր նախանձախնդրութիւնը չի կրնար մարել։ Թագաւորութեան պատգամը խիզախօրէն կը ծանուցանենք, կարելի եղածին չափ բացայայտօրէն։ Իսկ Յիսուսի խօսքերը քաջալերական երաշխիք մը կու տան մեզի. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։ (Մատթէոս 10։28) Գիտենք թէ մեր երկնաւոր Հայրն է կեանք Տուողը։ Ան կը վարձատրէ իրեն հանդէպ ուղղամտութիւն պահողները եւ հունձքին մէջ հաւատարմօրէն յարատեւողները։

Կենարար Պատգամ մը

9. Ոմանք Եզեկիէլի խօսքերուն ի՞նչպէս հակազդեցին, եւ ներկայիս ի՞նչ նման բան տեղի կ’ունենայ։

9 Երբ Եզեկիէլ մարգարէն համարձակօրէն Եհովայի պատգամները ծանուցանեց ‘ապստամբ ազգերուն’՝ Իսրայէլի եւ Յուդայի Թագաւորութիւններուն՝ ոմանք անոր ըսածները լսելով ուրախացան։ (Եզեկիէլ 2։3) Եհովա ըսաւ. «Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես»։ (Եզեկիէլ 33։32) Թէեւ անոնք Եզեկիէլի խօսքերը սիրեցին, սակայն անոնց վրայ գործի չանցան։ Ի՞նչ կը պատահի ներկայիս։ Երբ օծեալ մնացորդը եւ անոնց ընկերակիցները խիզախօրէն Եհովայի պատգամները կը ծանուցանեն, ոմանք կը սիրեն Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին լսել, սակայն գնահատութեամբ չեն ընդառաջեր, աշակերտներ չեն ըլլար եւ հունձքին չեն մասնակցիր։

10, 11. Ի. դարու առաջին կիսուն, մեր կենարար պատգամը ծանուցանելու համար ի՞նչ քայլեր առնուեցան, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

10 Միւս կողմէ, շատեր նպաստաւոր կերպով ընդառաջած են հունձքին եւ Աստուծոյ պատգամները ծանուցանելու մասնակցած են։ Օրինակ, 1922-1928–ի միջեւ տեղի ունեցած քրիստոնէական համաժողովներու ընթացքին, Սատանայի ամբարիշտ դրութեան դէմ դատաստանական բացայայտ պատգամներ ծանուցանուեցան։ Ձայնասփիւռի կայաններ ձայնասփռեցին այդ համաժողովներուն ներկայացուած դատապարտութիւնները։ Անկէ ետք, Աստուծոյ ժողովուրդը անոնցմէ միլիոնաւոր տպագրուած օրինակներ բաշխեց։

11 1930–ական թուականներու վերջաւորութեան, վկայութեան ուրիշ կերպի մը՝ տեղեկատուական արշաւներու՝ թափ տրուեցաւ։ Սկիզբը, Եհովայի ժողովուրդը հանրային դասախօսութիւններ ծանուցանող ազդաքարտեր կրեցին իրենց վրայ։ Հետագային, իրենց կրած ազդաքարտերուն վրայ հետեւեալին նման լոզունգներ կային՝ «Կրօնքը որոգայթ մը եւ խաբէութիւն է», եւ՝ «Աստուծոյ ու Քրիստոս Թագաւորին Ծառայեցէ՛ք»։ Երբ փողոցներու մէջ կը քալէին, անոնք անցորդներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէին։ «Ասիկա Եհովայի Վկաները աչքառու դարձնելու ու զօրացնելու մէջ մեծ դեր ունեցաւ», ըսաւ եղբայր մը որ Լոնտոնի (Անգլիա) խճողուած փողոցներուն մէջ կանոնաւորաբար այս գործին կը մասնակցէր։

12. Աստուծոյ դատաստանական պատգամներէն զատ, մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչ ներկայացուցած ենք, եւ ներկայիս որո՞նք միացած են բարի լուրի քարոզչութեան։

12 Մինչ Աստուծոյ դատաստանական պատգամները կը ծանուցանենք, Թագաւորութեան պատգամին դրական երեսակներն ալ կը ներկայացնենք։ Աշխարհի թատերաբեմին վրայ մեր կատարած խիզախ վկայութիւնը, մեզի կ’օգնէ արժանի եղողները գտնելու։ (Մատթէոս 10։11) Օծեալ դասակարգին վերջին անդամներուն մեծամասնութիւնը, 1920–ական ու 1930–ական թուականներու հունձքի բացայայտ կոչին ընդառաջեց։ Ապա, 1935–ին համաժողովի մը ընթացքին, դրախտային երկրի մը վրայ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ համար օրհնեալ ապագայի մը հոյակապ լուրը ծանուցանուեցաւ։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Անոնք Աստուծոյ դատաստանական պատգամներուն հնազանդած եւ օծեալներուն հետ միացած են, կենարար բարի լուրը քարոզելու մէջ։

13, 14. (ա) Ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք քաղել Սաղմոս 126։5, 6–ի խօսքերէն։ (բ) Եթէ շարունակենք ցանել ու ջրել, ի՞նչ պիտի պատահի։

13 Սաղմոս 126։5, 6–ի խօսքերը մեծապէս կը մխիթարեն Աստուծոյ մշակները եւ մանաւանդ՝ հալածանք կրողները. «Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, ցնծութիւնով պիտի հնձեն։ Ան որ լալով կ’երթայ, ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով»։ Ցանելու եւ հնձելու նկատմամբ սաղմոսերգուին խօսքերը, վաղեմի Բաբելոնի գերութենէն վերադարձած մնացորդին հանդէպ Եհովայի հոգատարութիւնն ու օրհնութիւնը ցոյց կու տան։ Անոնք իրենց ազատագրութեան ժամանակ շատ ուրախ էին, բայց հաւանաբար կու լային, երբ սերմեր կը ցանէին այն ամայացած երկրին մէջ, որ 70 տարուան իրենց աքսորի ընթացքին խոպան մնացած էր։ Սակայն, անոնք որոնք շարունակեցին ցանել եւ կառուցանել, իրենց աշխատանքին պտուղը եւ գոհունակութիւն վայելեցին։

14 Թերեւս մենք ալ արցունք թափենք երբ փորձութեան ներքեւ ըլլանք, կամ երբ մենք կամ մեր հաւատակիցները արդարութեան սիրոյն չարչարուին։ (Ա. Պետրոս 3։14) Մեր հունձքի գործին մէջ, սկիզբը կրնանք նեղանալ, քանի որ ակներեւաբար ծառայութեան մէջ մեր թափած ջանքերուն արդիւնքը չի տեսնուիր։ Սակայն, եթէ շարունակենք ցանել ու ջրել, Աստուած պիտի աճեցնէ, եւ յաճախ՝ մեր ակնկալածէն ալ աւելի։ (Ա. Կորնթացիս 3։6) Ասիկա լաւ կերպով ցոյց տրուած է Աստուածաշունչի եւ սուրբ գրային գրականութիւններու մեր բաշխումի արդիւնքներով։

15. Հունձքին մէջ քրիստոնէական գրականութիւններուն օգտակարութեան մասին օրինակ մը տուէք։

15 Ճիմ անունով մարդու մը օրինակը նկատի առէք։ Երբ իր մայրը մահացաւ, ան մօրը առարկաներուն մէջ Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ խորագրով գիրքը գտաւ։ * Ան հետաքրքրութեամբ կարդաց զայն։ Երբ Վկայ մը փողոցին մէջ իրեն մօտենալով սկսաւ իրեն հետ խօսիլ, Ճիմ այցելութիւն մը ընդունեց եւ ասիկա Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեց։ Ճիմ հոգեւորապէս արագօրէն յառաջդիմեց, իր անձը Եհովայի նուիրեց եւ մկրտուեցաւ։ Ան իր սորված բաներուն մասին ընտանիքին միւս անդամներուն խօսեցաւ։ Ասոր հետեւանքով, իր քոյրն ու եղբայրն ալ Եհովայի Վկայ եղան, իսկ հետագային Ճիմը Լոնտոնի Պէթէլին մէջ որպէս լիաժամ կամաւոր ծառայելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։

Հալածուած՝ Սակայն Ուրախ

16. (ա) Հունձքի գործին մէջ ինչո՞ւ յաջողութիւն ձեռք ձգուած է։ (բ) Բարի լուրին ազդեցութեան մասին Յիսուս ի՞նչ բանէ զգուշացուց, սակայն մենք ի՞նչ մտավիճակով կը մօտենանք մարդոց։

16 Հունձքի գործին մէջ ինչո՞ւ այսքան յաջողութիւն ձեռք ձգուած է։ Քանի որ օծեալ Քրիստոնեաները եւ իրենց ընկերակիցները Յիսուսի հրահանգներուն հնազանդած են. «Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք»։ (Մատթէոս 10։27) Սակայն, դժուարութիւններ կրնանք ակնկալել, քանի որ Յիսուս զգուշացուց. «Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք»։ Ան աւելցուց ըսելով. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր»։ (Մատթէոս 10։21, 34) Յիսուս չմտադրեց ընտանիքները բաժնել։ Բայց, բարի լուրը երբեմն այդ ազդեցութիւնը ունեցած է։ Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն պարագան ալ նոյնն է։ Երբ ընտանիքներու կ’այցելենք, մեր մտադրութիւնը չէ զանոնք բաժնել։ Մեր փափաքն է որ ամէն անհատ բարի լուրը ընդունի։ Հետեւաբար, կը ջանանք ընտանիքի բոլոր անդամներուն ազնուօրէն ու կարեկցութեամբ մօտենալ, եւ ասիկա մեր պատգամը գրաւիչ կը դարձնէ «յաւիտենական կեանքի համար լաւ տրամադրուած» անհատներուն։—Գործք 13։48, ՆԱ

17. Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովները ի՞նչպէս զատորոշուեցան, եւ ասոր մէկ օրինակը ի՞նչ է։

17 Թագաւորութեան պատգամը Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովները զատորոշած է։ Օրինակ, նկատի առէք թէ մեր հաւատակիցները ի՛նչպէս ուրիշներէն զատորոշուեցան, Գերմանիոյ մէջ, Ազգային Ընկերվարութեան օրերուն, ‘զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տալով եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ’։ (Ղուկաս 20։25) Կրօնական առաջնորդներուն, եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն հետ ընկերակցող անուանական Քրիստոնեաներուն հակառակը, Եհովայի ծառաները հաստատ կեցան եւ մերժեցին Աստուածաշունչի սկզբունքները ոտնակոխել։ (Եսայեայ 2։4. Մատթէոս 4։10. Յովհաննու 17։16) Փրոֆէսէօր Քրիսթին Քինկ, Նացի Պետութիւնը եւ Նոր Կրօնքները գրքին հեղինակը, դիտել տուաւ. «[Նացի] կառավարութիւնը միայն Վկաներուն հետ յաջողութիւն չգտաւ, քանի որ անոնցմէ հազարաւորներ սպաննեցին, բայց անոնց գործունէութիւնը շարունակուեցաւ եւ Մայիս 1945–ին Եհովայի Վկաներու շարժումը տակաւին առկայ էր, մինչ՝ Ազգային Ընկերվարութիւնը վերջ գտած էր»։

18. Հակառակ հալածանքին, Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպիսի կեցուածք մը կը ցուցաբերէ։

18 Արդարեւ յատկանշական է հալածանքի դիմաց Եհովայի ժողովուրդին ցուցաբերած կեցուածքը։ Թէեւ աշխարհիկ հեղինակութիւններ մեր հաւատքը տեսնելով կրնան տպաւորուիլ, սակայն անոնք կը սքանչանան կամակորութենէ կամ ոխակալութենէ զերծ եղող մեր կեցուածքին վրայ։ Օրինակ, Ողջակիզութենէն վերապրողներ երբ իրենց փորձառութիւնները կը մտաբերեն, յաճախ իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը կ’արտայայտեն։ Անոնք գիտեն թէ Եհովա իրենց «գերազանց զօրութիւն» տուաւ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Տրապիզոն) Մեր մէջ գտնուող օծեալները այն երաշխիքը ունին թէ իրենց «անունները երկինքը գրուած են»։ (Ղուկաս 10։20) Անոնց համբերութիւնը իրենց այնպիսի յոյս մը կու տայ, որ յուսախաբ չ’ըներ. իսկ երկրային հեռանկարներ ունեցող հաւատարիմ մշակներն ալ նման համոզում մը ունին։—Հռովմայեցիս 5։4, 5

Հունձքին Մէջ Յարատեւենք

19. Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ի՞նչ ազդու մեթոտներ գործածուած են։

19 Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ Եհովա տակաւին ո՛րքան ժամանակ պիտի թոյլատրէ որ այլաբանական հունձքին մասնակցինք։ Այս միջոցին, ի մտի պէտք է ունենանք թէ մշակները իրենց գործը կատարելու համար մասնայատուկ մեթոտներ ունին։ Նոյնպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ քարոզելու փորձուած կերպերը գործածելու մէջ մեր հաւատարմութիւնը արդիւնաբեր պիտի ըլլայ։ Պօղոս իր հաւատակից Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք»։ (Ա. Կորնթացիս 4։16) Երբ Պօղոս Եփեսոսի երէցներուն հանդիպեցաւ Մելիտոսի մէջ, ան յիշեցուց անոնց թէ ինք ետ չէր կեցած իրենց սորվեցնելէ՝ «հրապարակաւ եւ տունէ տուն»։ (Գործք 20։20, 21, ՆԱ) Պօղոսի ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս, առաքեալին մեթոտները սորված էր եւ իր կարգին կրնար զանոնք Կորնթացիներուն հաղորդել։ (Ա. Կորնթացիս 4։17) Աստուած օրհնեց Պօղոսի ուսուցանած մեթոտները, ճիշդ ինչպէս պիտի օրհնէ բարի լուրը հանրապէս քարոզելու մեր յարատեւութիւնը, ըլլայ՝ տունէ տուն ծառայութիւնը, վերայցելութիւնները, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնները, եւ ամէնուրեք մարդոց քարոզելը։—Գործք 17։17

20. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ հոգեւոր ճոխ հունձք մը տեղի պիտի ունենար, եւ վերջին տարիներուն ասիկա ի՞նչպէս տեղի ունեցած է։

20 Հ.Դ. 30–ին, Սուքարի մօտ Սամարացի կնոջ մը վկայելէ ետք, Յիսուս հոգեւոր հունձքին մասին խօսեցաւ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են։ Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան»։ (Յովհաննու 4։34-36) Թերեւս Յիսուս այդ ժամանակ արդէն իսկ տեսած էր Սամարացի կնոջ հետ իր խօսակցութեան արդիւնքը, քանի որ շատեր իրեն հաւատք կ’ընծայէին կնոջ տուած վկայութեան պատճառաւ։ (Յովհաննու 4։39) Վերջին տարիներուն, զանազան երկիրներ Եհովայի Վկաներուն վրայ դրուած արգելքները վերցուցած են կամ օրինական ճանաչում շնորհած են իրենց, այսպիսով հնձուելիք նոր դաշտեր բանալով։ Որպէս հետեւանք՝ հոգեւոր առատ հունձք մը տեղի կ’ունենայ։ Իրականութեան մէջ, ամբողջ աշխարհի մէջ ճոխ օրհնութիւններ ձեռք կը ձգուին, մինչ ուրախութեամբ կը մասնակցինք հոգեւոր հունձքին։

21. Ինչո՞ւ պատճառ ունինք որպէս ուրախ մշակներ շտապելու։

21 Երբ բերքը հասուննայ եւ հնձուելու պատրաստ ըլլայ, մշակները ստիպողական հոգիով պէտք է աշխատին։ Անոնք անյապաղ գործի պէտք է լծուին։ Ներկայիս, պէտք է ժրաջանօրէն եւ ստիպողականութեան հոգիով մը աշխատինք, քանի որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։ (Դանիէլ 12։4) Այո, փորձութիւններ կը դիմագրաւենք, սակայն ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի երկրպագուներու մեծ հունձք մը տեղի կ’ունենայ։ Հետեւաբար, հիմա ցնծութեան օր է։ (Եսայեայ 9։3) Ուստի, որպէս ուրախ մշակներ, թո՛ղ որ հունձքի գործին մէջ շտապենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Հրատարակուած եւ բաշխուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

Հունձքին Տէրը ի՞նչպէս պատասխանած է յաւելեալ մշակներու համար եղած կոչին։

Թէեւ «ատելի» ենք, սակայն ի՞նչ կեցուածք կը պահպանենք։

Հալածուած ըլլալով հանդերձ ինչո՞ւ ուրախ ենք։

Ինչո՞ւ հունձքի գործը ստիպողականութեան հոգիով պէտք է շարունակենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16, 17]

Հոգեւոր հունձքին մասնակցողները հրեշտակային աջակցութիւն կը վայելեն

[Նկար՝ էջ 18]

Տեղեկատուական արշաւները Թագաւորութեան պատգամը շատերու ուշադրութեան արժանացուցին

[Նկար՝ էջ 18]

Մենք կը ցանենք ու կը ջրենք, սակայն Աստուած կ’աճեցնէ