Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հունձքի ուրախ մշակներ եղէք

Հունձքի ուրախ մշակներ եղէք

Հունձքի ուրախ մշակներ եղէք

«Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 9։37, 38

1. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ յարատեւենք։

ԵՐԲ որպէս Եհովայի ծառաներէն մէկը մեր մկրտուած օրը մտաբերենք՝ անիկա ըլլայ քանի մը տարի առաջ, թէ աւելի՝ թերեւս ձեզի թուի թէ տակաւին երէկ էր։ Եհովան փառաբանելը մեր նուիրուած կեանքին կորիզը դարձաւ։ Մինչ ուրիշներուն օգնելու համար բարեպատեհ ժամանակը ծախու առինք, որպէսզի անոնք ալ լսեն եւ եթէ կարելի է ընդունին Թագաւորութեան պատգամը, Եհովայի մատուցած մեր ուրախ ծառայութիւնը մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը եղաւ։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Մինչեւ օրս, կը տեսնենք որ ժամանակը կը թռչի՝ երբ ‘Տէրոջը գործին մէջ աւելին ընելով’ զբաղած ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Թէեւ խնդիրներ կը դիմագրաւենք, սակայն Եհովայի կամքը կատարելու ուրախութիւնը մեզ կը մղէ որ յարատեւենք։—Նէեմեայ 8։10

2. Ի՞նչ բան կը նպաստէ այլաբանական հունձքին մէջ մեր ունեցած ուրախութեան։

2 Որպէս Քրիստոնեաներ, այլաբանական հունձքի մը կը մասնակցինք։ Յիսուս Քրիստոս, յաւիտենական կեանքի համար անհատներ հաւաքելը հունձքի մը նմանցուց։ (Յովհաննու 4։35-38) Քանի որ այսպիսի հունձքի մը կը մասնակցինք, քաջալերական պիտի ըլլայ քննել նախկին Քրիստոնեայ հունձքի մշակներուն ուրախութիւնը։ Աչքէ պիտի անցընենք երեք ազդակներ, որոնք կը նպաստեն այն ուրախութեան զոր կը վայելենք մերօրեայ հունձքին մէջ։ Այդ երեք ազդակներն են՝ (1) մեր յոյսի պատգամը, (2) մեր փնտռտուքին յաջողութիւնը, եւ (3) որպէս հունձքի մշակներ մեր խաղաղարար վերաբերմունքը։

Ղրկուած՝ Որպէս Հունձքի Մշակներ

3. Յիսուսի նախկին հետեւորդները ի՞նչ առումով ուրախութիւն գտան։

3 Նախկին հունձքի մշակներուն, մանաւանդ Յիսուսի 11 հաւատարիմ առաքեալներուն կեանքը, որքա՛ն փոխուեցաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ անոնք Գալիլիոյ լեռներէն մէկը բարձրացան, յարուցեալ Քրիստոսին հանդիպելու համար։ (Մատթէոս 28։16) Այդ առթիւ հաւանաբար «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներ» ներկայ էին։ (Ա. Կորնթացիս 15։6) Յիսուսի տուած յանձնարարութիւնը իրենց ականջին մէջ թնդաց։ Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Հակառակ դառն հալածանքի, անոնք հունձքի գործին մէջ շատ ուրախութիւն գտան, մինչ ամէնուրեք տեսան Քրիստոսի հետեւորդներէն բաղկացած ժողովքներուն հաստատուիլը։ Ժամանակի ընթացքին ‘աւետարանը երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ’։—Կողոսացիս 1։23. Գործք 1։8. 16։5

4. Քրիստոսի աշակերտները ի՞նչ պայմաններու ներքեւ ղրկուեցան։

4 Գալիլիոյ մէջ իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս իր 12 առաքեալները հաւաքած եւ զանոնք ղրկած էր, որպէսզի յատկապէս ծանուցանէին՝ «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ (Մատթէոս 10։1-7) Յիսուս անձամբ «կը պտըտէր [Գալիլիոյ] բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ»։ Յիսուս ժողովուրդին վրայ խղճաց, «վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։35, 36) Խորապէս ազդուած, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը [Եհովա Աստուծոյ] աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Մատթէոս 9։37, 38) Հունձքի մշակներու կարիքին նկատմամբ Յիսուսի գնահատումը Յուդայի մէջ ալ նոյն էր, երբ իր երկրային ծառայութեան միայն վեց ամիս մնացած էր։ (Ղուկաս 10։2) Երկու առիթներով ալ, ան իր հետեւորդները ղրկեց որպէս հունձքի մշակներ։—Մատթէոս 10։5. Ղուկաս 10։3

Մեր Յոյսի Պատգամը

5. Ի՞նչպիսի պատգամ մը կը ծանուցանենք։

5 Որպէս Եհովայի արդի ծառաներ, յաւելեալ հունձքի մշակներու համար եղած կոչին ուրախութեամբ կ’ընդառաջենք։ Մեր ուրախութեան մեծապէս նպաստող ազդակներէն մէկը այն է՝ որ մենք յոյսի պատգամ մը կը տանինք ընկճուած եւ յուսալքուած անհատներուն։ Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներուն նման, մեզի համար մե՛ծ առանձնաշնորհում է բարի լուրը՝ յոյսի իսկական պատգամը՝ ծանուցանել ‘հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս յոգնած ու ցիրուցան եղած’ անհատներուն։

6. Առաջին դարուն, առաքեալները ո՞ր գործունէութեան մասնակցեցան։

6 Առաջին դարու գրեթէ կիսուն, Պօղոս առաքեալ բարի լուրը քարոզելով զբաղած էր։ Իսկ իր հունձքի գործը վստահաբար ազդեցիկ էր, քանի որ շուրջ Հ.Դ. 55–ին, Կորնթոսի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն գրելով, ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք»։ (Ա. Կորնթացիս 15։1) Առաքեալները եւ ուրիշ նախկին Քրիստոնեաներ արդիւնաբեր մշակներ էին։ Թէեւ Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր թէ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանման առաջնորդող նշանակալից դէպքերէն քանի՛ առաքեալ վերապրեցաւ, սակայն, գիտենք թէ Յովհաննէս առաքեալ շուրջ 25 տարիներ ետք տակաւին կը քարոզէր։—Յայտնութիւն 1։9

7, 8. Եհովայի ծառաները յոյսի ի՞նչ պատգամ կը ծանուցանեն որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողականութեան հոգիով մը։

7 Ապա եկան Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն՝ հաւատուրաց «անօրէնութեան մարդ»ուն՝ տիրապետութեան ներքեւ եղող դարերը։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Սակայն, 19–րդ դարու վերջաւորութեան, անոնք որոնք ջանացին նախկին Քրիստոնէութեան ուսուցումներուն համաձայն ապրիլ, յոյսի պատգամը ընդունեցին՝ Թագաւորութիւնը ծանուցանելով։ Իրականութեան մէջ, իր առաջին թիւէն սկսեալ (Յուլիս 1879), այս պարբերաթերթին խորագիրը հետեւեալ բառերը պարփակած է՝ «Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը», «Քրիստոսի Թագաւորութեան Մունետիկը» կամ «Կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը»։

8 Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին, եւ այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի յոյսի պատգամը ստիպողականութեան հոգիով կը ծանուցանենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Թագաւորութեան իշխանութեան օրհնութիւններէն մէկն է՝ ներկայ ամբարիշտ դրութեան մօտալուտ վախճանը։ (Դանիէլ 2։44) Ասկէ լաւ պատգամ մը կրնա՞յ ըլլալ։ Իսկ՝ «մեծ նեղութիւնը» հարուածելէ առաջ, Թագաւորութեան մասին ծանուցանելէն մեծ ուրախութիւն գոյութիւն կրնա՞յ ունենալ։—Մատթէոս 24։21. Մարկոս 13։10

Յաջող Փնտռտուք մը

9. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ պատուէր տուաւ, եւ մարդիկ ի՞նչպէս հակազդեցին Թագաւորութեան պատգամին։

9 Որպէս հունձքի մշակներ, մեր ուրախութեան նպաստող ուրիշ ազդակ մըն է՝ աշակերտներ ըլլալով հունձքի գործին մէջ մեզի միացողներուն փնտռտուքին մէջ մեր ունեցած յաջողութիւնը։ Հ.Դ. 31-32–ին, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։ (Մատթէոս 10։11) Ամէն անհատ արժանաւոր չէր, ինչպէս ցոյց կը տրուէր Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ անոնց հակազդեցութիւնով։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի աշակերտները նախանձախնդրաբար բարի լուրը քարոզեցին, հո՛ն ուր մարդիկ կային։

10. Պօղոս արժանի եղողները գտնելու իր փնտռտուքը ի՞նչպէս կատարեց։

10 Յիսուսի մահէն ու յարութենէն ետք, արժանի եղողներուն փնտռտուքը աշխուժօրէն շարունակուեցաւ։ Պօղոս ժողովարաններուն մէջ գտնուող Հրեաներուն եւ Աթէնքի շուկային մէջ գտնուող մարդոց հետ պատճառաբանեց։ Երբ ան այդ յունական քաղաքին Արիսպագոսին մէջ վկայութիւն մը տուաւ, «քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ»։ Պօղոս ո՛ւր որ ալ երթար, «հրապարակաւ եւ տունէ տուն» քարոզելու մէջ օրինակելի էր։—Գործք 17։17, 34. 20։20, ՆԱ

11. Տարիներ առաջ ծառայութեան ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուէին։

11 19–րդ դարու վերջին տասնամեակներու ընթացքին, օծեալ Քրիստոնեաները խիզախօրէն մասնակցեցան արժանաւորներու փնտռտուքին։ «Օծուած՝ Քարոզելու Համար» խորագրով յօդուածի մը մէջ, Սիօնի Դիտարան–ին Յուլիս/Օգոստոս 1881–ի թիւը հետեւեալը ըսաւ. «Բարի լուրը . . . կը շարունակուի քարոզուիլ ‘հեզերուն’, ‘անոնց որոնք կ’ուզեն եւ կարող են լսել, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնցմէ կազմել Քրիստոսի մարմինը՝ ժառանգակիցները»։ Աստուծոյ հունձքի մշակները յաճախ կը հանդիպէին եկեղեցիէն դուրս եկող անհատներու եւ անոնց թերթիկներ կու տային, որոնք արժանի եղողներուն մէջ նպաստաւոր ընդառաջում արթնցնելու համար պատրաստուած սուրբ գրային պատգամներ կը պարունակէին։ Վկայելու այս մեթոտին ազդու ըլլալը ուշադրութեամբ քննելէ ետք, Դիտարան 15 Մայիս 1903–ի թիւը (Անգլերէն), մշակները յորդորեց որ թերթիկները «տունէ տուն» բաշխեն, «Կիրակի առաւօտները»։

12. Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչպէս աւելի ազդեցիկ եղաւ։ Բացատրեցէք։

12 Վերջին տարիներուն մեր ծառայութիւնը ընդլայնած ենք, մարդոց հետ շփման մէջ գալով իրենց տուներէն դուրս։ Ասիկա շատ ազդու եղած է այն երկիրներուն մէջ, ուր տնտեսական պայմանները եւ ժամանցի հետապնդումը մարդիկը իրենց տուներէն դուրս կը պահեն այն ժամերուն՝ երբ մենք սովորաբար զանոնք կ’այցելենք։ Անգլիոյ մէջ, երբ Վկայ մը եւ իր ընկերակիցը նկատեցին թէ մարդիկ յաճախ օթոպիւսով ծովեզերքէն կը մեկնին հոն ամբողջ օր մը անցընելէ ետք, անոնք քաջութիւն հաւաքելով օթոպիւսները բարձրացան եւ ճամբորդներուն Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթեր ներկայացուցին։ Մէկ ամսուան մէջ, անոնք 229 պարբերաթերթ բաշխեցին։ Անոնք տեղեկագրելով ըսին. «Մենք չենք քաշուիր ծովեզերքը ու առեւտրական թաղամասերու մէջ վկայելէ, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ դժուարութենէ զոր կրնանք դիմագրաւել, քանի որ Եհովա միշտ մեզի հետ է»։ Անոնք անհատներու կանոնաւորաբար պարբերաթերթ տանելու կարգադրութիւն ըրին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսան, եւ երկուքն ալ օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցեցան։

13. Կարգ մը շրջաններու մէջ մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչ բարեճշդումներ ընելու հարկը տեսնուած է։

13 Մինչ արժանի եղողները գտնելու փնտռտուքը կը շարունակուի, կարգ մը շրջաններու մէջ մեր ծառայութիւնը ուշադրութեամբ վերստուգելու հարկը կրնայ ըլլալ։ Թէեւ բազմաթիւ Վկաներ Կիրակի առաւօտները սովորութիւն ըրած են տունէ տուն քարոզչութեան մասնակցիլ, սակայն կարգ մը շրջաններու մէջ, անոնք կը նկատեն թէ մարդոց տուները կանուխէն երթալը շատ ազդու չէ, քանի որ տանտէրները կրնան քնացած ըլլալ։ Իրենց յայտագիրը բարեճշդելով, Վկաներէն շատեր այժմ երեկոյեան ժամերուն կ’ընեն իրենց փնտռտուքը, թերեւս քրիստոնէական ժողովներէն ետք։ Իսկ այս փնտռտուքը արդարեւ արդիւնաբեր եղած է։ Անցեալ տարի համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը 2.3 առ հարիւր յաւելում արձանագրեց։ Ասիկա հունձքին Տէրը կը պատուէ եւ մեր սիրտը կ’ուրախացնէ։

Հունձքի Գործին Մէջ Խաղաղութիւն Պահեցէք

14. Մեր պատգամը ի՞նչ կեցուածքով կը ներկայացնենք, եւ ինչո՞ւ։

14 Մեր ուրախութեան նպաստող ուրիշ պատճառ մը, առնչութիւն ունի հունձքին մէջ մեր ցուցաբերած խաղաղարար կեցուածքին հետ։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. ‘Ողջոյն ձեզի’։ Եթէ տնեցիները արժանաւոր են՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ թող հանգչի»։ (Մատթէոս 10։12, 13, Անթիլիաս) Եբրայերէն բարեւը եւ անոր համապատասխանող սուրբ գրային Յունարէն արտայայտութիւնը, հետեւեալ միտքը կը հաղորդեն՝ ‘Ամէն բանի մէջ յաջողութիւն կը մաղթենք’։ Երբ բարի լուրը կը քարոզենք, մարդոց այս մտավիճակով կը մօտենանք։ Կը յուսանք որ անոնք Թագաւորութեան պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջեն։ Անոնք որ կ’ընդառաջեն, Աստուծոյ հետ հաշտուելու հեռանկարը ունին, մինչ իրենց մեղքերուն համար կը զղջան, դարձի կու գան եւ իր կամքը կը կատարեն։ Իր կարգին, Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Յովհաննու 17։3. Գործք 3։19. 13։38, 48. Բ. Կորնթացիս 5։18-20

15. Ի՞նչպէս կրնանք խաղաղ մտավիճակ մը պահել, երբ մեր քարոզչութեան մէջ նպաստաւոր ընդառաջում չգտնենք։

15 Ի՞նչպէս կրնանք մեր խաղաղութիւնը պահել, երբ մարդիկ չեն ընդառաջեր։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ արժանաւոր չեն՝ այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի»։ (Մատթէոս 10։13, Անթիլիաս) 70 աշակերտներ ղրկելու մասին Ղուկասի արձանագրութիւնը կը պարփակէ Յիսուսի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ այդ տան մէջ խաղաղասէր մարդ ըլլայ՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոր վրայ պիտի հանգչի, ապա թէ ոչ՝ ձեր ողջոյնը պիտի վերադառնայ ձեզի»։ (Ղուկաս 10։6, Անթիլիաս) Երբ բարի լուրով մարդոց կը մօտենանք, ասիկա հաճելի մտավիճակով եւ խաղաղ կերպով կ’ընենք։ Տանտէրին կողմէ անտարբեր ընդառաջում մը, գանգատ մը կամ անազնիւ խօսք մը, մեր խաղաղ պատգամը ‘մեզի վերադառնալու’ կը ծառայէ։ Սակայն, ասոնցմէ ո՛չ մէկը մեզմէ կը խլէ մեր խաղաղութիւնը, որ Եհովայի սուրբ հոգիին մէկ պտուղն է։—Գաղատացիս 5։22, 23

Հունձքի Մշակներուն Համար Լաւ Նպատակակէտ մը

16, 17. (ա) Ի՞նչ է մեր նպատակակէտը երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք։ (բ) Սուրբ գրային հարցումներ ունեցողներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել։

16 Որպէս հունձքի մշակներ, յաւիտենական կեանքի համար մարդիկ հաւաքելու մէջ մեր բերած մասնակցութեան համար կ’ուրախանանք։ Իսկ ի՜նչ մեծ կ’ըլլայ մեր ուրախութիւնը երբ անհատը որու կը քարոզենք, նպաստաւոր կերպով ընդառաջէ, ուզէ աւելին սորվիլ, եւ ապացուցանէ թէ «խաղաղասէր» մէկն է։ Թերեւս ան բազմաթիւ սուրբ գրային հարցումներ ունենայ եւ դժուար ըլլայ մէկ այցելութեամբ անոր բոլոր հարցումներուն պատասխանել։ Քանի որ առաջին այցելութեան երկար նստիլը անյարմար կրնայ ըլլալ, ի՞նչ կրնանք ընել։ Կրնանք 60 տարի առաջ յանձնարարուած նպատակակէտը ունենալ։

17 «Եհովայի բոլոր վկաները Աստուածաշունչի օրինակելի ուսումնասիրութիւններ վարելու պատրաստ պէտք է ըլլան»։ Այս արտայայտութիւնը երեւցաւ 1937-1941–ի միջեւ հրատարակուած՝ Տիպար Ուսումնասիրութիւն խորագրով մատենաշարին երրորդ գրքոյկին մէջ։ Անիկա շարունակեց ըսելով, «[Թագաւորութեան] բոլոր հրատարակիչները կարելի բոլոր կերպերով ժրաջանօրէն պէտք է օգնեն Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող բարեացակամ մարդոց։ Այս անհատներուն պէտք է վերայցելել, անոնց զանազան հարցումներուն պատասխանել . . ., ապա օրինակելի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, . . . կարելի եղածին չափ շուտով»։ Այո, վերայցելութիւններու ընթացքին մեր նպատակակէտն է տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ հաստատել եւ զանոնք կանոնաւորաբար վարել։ * Հետաքրքրուած անհատին հանդէպ բարեկամական վերաբերմունք եւ սիրալիր հետաքրքրութիւն մը ունենալը, մեզ կը մղէ որ ուսումնասիրութիւնը լաւ պատրաստենք եւ զայն ազդու կերպով վարենք։

18. Ի՞նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։

18 Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին, եւ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկին նման գրականութիւններով, կրնանք տան սուրբ գրային ազդու ուսումնասիրութիւններ վարել եւ այսպիսով նոր հետաքրքրուած անհատներուն օգնել որ աշակերտներ դառնան։ Մինչ կը ջանանք Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակել, հաւանաբար Աստուածաշունչի այս աշակերտները պիտի սորվին նաեւ մեր խաղաղ եւ ուրախ վարմունքէն, մեր անկեղծութենէն եւ Եհովայի չափանիշներուն եւ ուղեցոյցներուն հանդէպ մեր յարգանքէն։ Երբ նորեկներուն հարցումներուն կը պատասխանենք, թող որ մեր կարելին ընենք անոնց սորվեցնելու, թէ իրե՛նք ինչպէս կրնան իրենց հարցնողներուն պատասխանել։ (Բ. Տիմոթէոս 2։1, 2. Ա. Պետրոս 2։21) Որպէս այլաբանական հունձքի մշակներ, վստահաբար մեզ կ’ուրախացնէ որ ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ միջին հաշուով 4,766,631 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։ Մասնայատուկ ուրախութիւն կ’ունենանք, եթէ անձնապէս հունձքի մշակներէն մէկն ենք, որ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան գործունէութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք։

Շարունակեցէք Հունձքով Ուրախանալ

19. Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին եւ անկէ քիչ ետք, հունձքով ուրախանալու ի՞նչ լաւ պատճառներ կային։

19 Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին եւ անկէ քիչ ետք, հունձքով ուրախ ըլլալու լաւ պատճառներ կային։ Այն ատեն շատեր նպաստաւոր կերպով ընդառաջեցին բարի լուրին։ Ուրախութիւնը գլխաւորաբար մեծ եղաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ մօտաւորապէս 3,000 հոգիներ Պետրոսի տուած ուղղութիւնը ընդունեցին, Եհովայի սուրբ հոգին ստացան եւ Աստուծոյ ազգին՝ հոգեւոր Իսրայէլին՝ մաս կազմեցին։ Արդարեւ, անոնց թիւը եւ ուրախութիւնը շարունակեց աւելնալ, մինչ «Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին»։—Գործք 2։37-41, 46, 47. Գաղատացիս 6։16. Ա. Պետրոս 2։9

20. Մեր հունձքին մէջ ի՞նչ բան մեծապէս կ’ուրախացնէ մեզ։

20 Այն ատեն, Եսայիի մարգարէութեան ճշմարիտ ըլլալը փաստուեցաւ. «[Եհովա] ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն»։ (Եսայեայ 9։3) Թէեւ ներկայիս օծեալներու ‘շատցած ազգը’ գրեթէ ամբողջացած է, սակայն մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ, երբ կը տեսնենք որ ուրիշ մշակներու թիւը տարուէ տարի վերելք կ’արձանագրէ։—Սաղմոս 4։7. Զաքարեայ 8։23. Յովհաննու 10։16

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Վստահաբար, հունձքին մէջ շարունակ ուրախ ըլլալու վաւերական պատճառներ ունինք։ Մեր յոյսի պատգամը, արժանի եղողները փնտռելը, եւ մեր խաղաղարար վերաբերմունքը ազդակները են, որ մեզի ուրախութիւն կը պատճառեն որպէս մշակներ։ Սակայն, շատեր բացասական կերպով կը հակազդեն ասոնց։ Յովհաննէս առաքեալ իր մորթին վրայ զգաց ասիկա։ Ան Պատմոս կղզիին մէջ բանտարկուած էր «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք մեր ուրախութիւնը պահել, երբ հալածանք եւ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ մեր քարոզած անհատներէն շատերուն կոշտ վերաբերմունքին համբերենք։ Մեր յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պատասխանելով, սուրբ գրային օգնութիւն կը մատուցանէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Սկիզբը, ուսումնասիրութիւններ կազմակերպուած էին այն վայրերուն մէջ, ուր հետաքրքրուած անհատներէ բաղկացած խումբեր կարելի էր հաւաքել։ Սակայն, շատ չանցած, անհատներու եւ ընտանիքներուն հետ ալ ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։—Տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ, էջ 574, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներու կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Այլաբանական հունձքը ի՞նչ է։

• Ի՞նչպիսի պատգամ մը կը ծանուցանենք։

• Ինչո՞ւ աշակերտներ գտնելու համար մեր ըրած փնտռտուքը յաջող կրնանք կոչել։

• Հունձքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք խաղաղութիւն պահել։

• Ինչո՞ւ կը շարունակենք հունձքին մէջ ուրախ ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 12, 13]

Քարոզչութիւնը՝ Ա. եւ Ի. դարերուն

[Նկարներ՝ էջ 13]

Պօղոսի նման, ներկայ հունձքի մշակները կը ջանան ամէնուրեք մարդոց հասնիլ

[Նկար՝ էջ 13]

Բարի լուրը հաճելի մտավիճակով ծանուցանեցէք