Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
«ԵԹԷ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք», հարցուց Յոբ նահապետ, շուրջ 3,500 տարիներ առաջ։ (Յոբայ 14։14) Այս հարցումը հազարամեակներէ ի վեր շփոթութեան մատնած է մարդկութիւնը։ Դարերու տեւողութեան, մարդկային ամէն ընկերութեան պատկանող անհատներ այս նիւթին մասին խորհած՝ եւ զանազան տեսութիւններ յղացած են։
Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն շատեր երկնքի ու դժոխքի կը հաւատան։ Իսկ Հինտուները հոգեփոխութեան կը հաւատան։ Մահմետականներուն տեսակէտին մասին խօսելով, Էմիր Մուաուիյէ՝ իսլամական կրօնական կեդրոնի մը օգնականը՝ կ’ըսէ. «Մենք կը հաւատանք որ մահուընէ ետք դատաստանի օր մը կայ, երբ Աստուծոյ՝ Ալլահին՝ առջեւ կ’երթաք, որ ճիշդ ատեանի մը առջեւ երթալու կը նմանի»։ Իսլամական հաւատալիքներուն համաձայն, այն ատեն Ալլահը ամէն մէկուն կեանքի ընթացքը պիտի կշռէ եւ անհատը դրախտի կամ դժոխքի կրակին պիտի արժանացնէ։
Սրի Լանքայի մէջ, երբ ընտանիքին մէջ մահ մը ըլլայ, թէ՛ Պուտտայականները եւ թէ Կաթողիկէները դռներն ու պատուհանները լայն կը բանան։ Իւղէ ճրագ մը կը վարեն ու դագաղը կը դնեն այնպէս մը որ դիակին ոտքերը դուրսի դրան նային։ Անոնք կը խորհին որ այս առնուած քայլերը ննջեցեալին հոգիին դուրս ելլելը կը դիւրացնեն։
Արեւմտեան Աւստրալիոյ Համալսարանէն Ռոնալտ Մ. Պէրնթի համաձայն, Աւստրալիոյ բնիկները կը հաւատան որ «մարդկային արարածները հոգեւորապէս անկործանելի են»։ Ափրիկեան կարգ մը ցեղախումբեր կը հաւատան որ մահուընէ ետք, հասարակ մարդիկը ուրուականներ, իսկ կարկառուն անհատները նահապետներու հոգիները կը դառնան, որոնց պատիւ եւ աղերսանք պիտի մատուցուի, որպէս համայնքին անտեսանելի առաջնորդները։
Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեռելներու վիճակին շուրջ հաւատալիքները, տեղւոյն աւանդութեան եւ անուանական Քրիստոնէութեան մէկ խառնուրդն են։ Օրինակ, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, շատ մը Կաթողիկէներու եւ Բողոքականներու մէջ սովորութիւն է հայելիները ծածկել՝ երբ մէկը մահանայ, որպէսզի ոեւէ մէկը անոր մէջ նայելով մեռած անհատին հոգին չտեսնէ։
Մարդիկ արդարեւ այլազան կերպերով կը պատասխանեն՝ ‘Ի՞նչ կը պատահի մեզի՝ երբ կը մեռնինք’ հարցումին։ Սակայն, հիմնական գաղափարը այն է, թէ մարդուն մէջ անմահ բան մը կայ եւ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Ոմանք կը հաւատան որ այդ «բան»ը հոգին [ոգին կամ ռուախն] է։ Օրինակի համար, Ափրիկէի եւ Ասիոյ կարգ մը մասերուն մէջ, նաեւ Խաղաղական շրջաններուն՝ Փոլինեզիոյ, Մելէնիզիոյ եւ Միքրոնեզիոյ մէջ, շատեր կը հաւատան թէ ոգին՝ եւ ո՛չ թէ հոգին, անմահ է։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը լեզուներ նոյնիսկ «հոգի» բառը չունին։
Ապրող անհատին մէջ ոգի կամ կեանքի ոյժ մը կա՞յ։ Մահուան ատեն այդ ոգին իրապէս մարմինէն դուրս կու գա՞յ։ Եթէ այդպէս է, ի՞նչ կը պատահի անոր։ Ի՞նչ յոյս կայ մեռելներուն համար։ Այս հարցումները պէտք չէ անտեսուին։ Ձեր մշակութային կամ կրօնական ենթահողը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, մահը իրողութիւն մըն է, զոր պէտք է դիմագրաւէք։ Հետեւաբար այս հարցերը անձնապէս ձեզ ալ կը պարփակեն։ Կը քաջալերենք որ այս հարցը քննէք։