Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդուն մէջ անմահ բան մը կա՞յ

Մարդուն մէջ անմահ բան մը կա՞յ

Մարդուն մէջ անմահ բան մը կա՞յ

«ԲՈԼՈՐ գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Այո, Աստուածաշունչը ճշմարտութեան գիրք մըն է, որ ճշմարիտ Աստուծմէ՝ Եհովայէ կու գայ։—Սաղմոս 83։18

Քանի որ Եհովան է բոլոր բաներուն Ստեղծիչը, ի ներառեալ մարդոց, ան շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ (Եբրայեցիս 3։4. Յայտնութիւն 4։10բ) Իսկ իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, ան ճշմարիտ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ տուած է անդէնականին շուրջ հարցուած հարցումներուն մասին։

Բնագրի Բառերը Ի՞նչ կը Նշանակեն

Աստուածաշունչին մէջ, Եբրայերէն ռուախ եւ Յունարէն փնէօմա բառերը յաճախ «հոգի» թարգմանուած են Հայերէն Աստուածաշունչին մէջ, բայց ասիկա ճիշդ իմաստը չի տար։ Այս բնագրային բառերուն հիմնական իմաստն է՝ «շունչ»։ Սակայն, ասիկա շնչելու արարքէն շատ աւելին կը նշանակէ։ Օրինակ, Աստուածաշունչի գրողներէն Յակոբոս, կ’ըսէ. «Մարմինը առանց հոգիի [փնէօմայի] մեռած է»։ (Յակոբու 2։26) Ուստի մարմինը կենդանացնողը՝ փնէօման, կամ ռուախն է։

Այս կենդանացնող ոյժը պարզապէս թոքերուն մէջ շրջող շունչը, կամ օդը չի կրնար ըլլալ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Քանի որ շնչառութիւնը դադրելէն ետք, կեանքը մարմնի բջիջներուն մէջ կարճ ժամանակուան մը համար կը մնայ՝ «քանի մը վայրկեան»՝ ըստ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ի։ Այս պատճառաւ, արուեստական շնչառութեամբ վերակենդանացնելու ջանքերը կրնան յաջողիլ։ Սակայն, անգամ մը որ կեանքի կայծը մարմնի բջիջներուն մէջ մարի, կեանքը վերահաստատելու ամէն ջանք ապարդիւն կը մնայ։ Աշխարհի ամբողջ շունչը կամ օդը չի կրնար նոյնիսկ բջիջ մը վերակենդանացնել։ Ուստի, ռուախը կամ փնէօման անտեսանելի կեանքի ոյժն է՝ կեանքի կայծը՝ որ բջիջը եւ անհատը կենդանի կը պահէ։ Այս կեանքի ոյժը շնչառութեամբ կը պահպանուի։—Յոբայ 34։14, 15

Այս կեանքի ոյժը միայն մարդո՞ց մէջ կը գործէ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ այս հարցին շուրջ շիտակ եզրակացութեան մը յանգելու։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր գիտակցեցաւ թէ մարդոց ու անասուններուն «շունչը [ռուախը] նոյնն է», եւ հարց տուաւ. «Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները [ռուախ] վեր կ’ելլեն, բայց անասուններուն ոգիները [ռուախ] գետինը կ’իջնեն»։ (Ժողովողի 3։19-21) Ուստի անասուններու ե՛ւ մարդոց մասին կը խօսուի որպէս ռուախ ունեցողներ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ։

Ռուախը, կամ կեանքի ոյժը, կրնայ նմանցուիլ ելեկտրական հոսանքին, որ գործիքի կամ սարքի մը մէջէն կ’անցնի։ Անտեսանելի ելեկտրականութիւնը կրնայ զանազան գործեր կատարել՝ իր աշխատցուցած գործիքին տեսակին համաձայն։ Օրինակի համար, ելեկտրական փուռ մը կրնայ տաքութիւն արտադրել, համակարգիչ մը՝ տեղեկութիւններ տալ, իսկ հեռատեսիլ մը՝ պատկերներ ու ձայն արտադրել։ Այսուհանդերձ, ելեկտրական հոսանքը երբեք իր աշխատցուցած գործիքին կերպարը չ’առներ։ Անիկա պարզապէս կը մնայ ոյժ։ Նոյնպէս, կեանքի ոյժը իր կենդանացուցած արարածներուն ո՛չ մէկ յատկանիշը կ’առնէ։ Անիկա ո՛չ անձնաւորութիւն ո՛չ ալ մտային կարողութիւն ունի։ Մարդոց ու անասուններուն «շունչը [ռուախը] նոյնն է»։ (Ժողովողի 3։19) Հետեւաբար, երբ անհատ մը մեռնի, իր ռուախը չի շարունակեր գոյութիւն ունենալ ուրիշ ծիրի մը մէջ որպէս հոգեղէն արարած մը։

Ուստի, ի՞նչ է մեռելներուն վիճակը։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի ռուախին, երբ անհատը մեռնի։

«Հողի Պիտի Դառնաս»

Երբ առաջին մարդը՝ Ադամ, Աստուծոյ պատուիրանին կամայականօրէն անհնազանդ գտնուեցաւ, Աստուած անոր ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Ադամ ո՞ւր էր Եհովա զինք հողէն ստեղծելէն առաջ։ Ան ո՛չ մէկ տեղ էր։ Ան պարզապէս գոյութիւն չունէր։ Ուստի, երբ Եհովա Աստուած Ադամին ըսաւ թէ ‘հողի պիտի դառնար’, ան ըսել կ’ուզէր որ Ադամ պիտի մեռնէր եւ երկրի տարրերուն պիտի վերադառնար։ Ան հոգեղէն ծիր պիտի չփոխադրուէր։ Մահուան ատեն, Ադամ անգամ մը եւս գոյութենէ պիտի դադրէր։ Իր պատիժը մահ էր՝ կեանքի չգոյութիւն՝ եւ ո՛չ թէ ուրիշ ծիրի մը փոխադրուիլ։—Հռովմայեցիս 6։23

Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին որոնք մահացած են։ Մեռելներուն վիճակը բացայայտուած է Ժողովողի 9։5, 10–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . գերեզմանին մէջ ձգտում, ծրագիր, գիտութիւն կամ խելացութիւն չկայ»։ (Մոֆաթ) Հետեւաբար, մահը չգոյութեան վիճակ մըն է։ Սաղմոսերգուն գրեց որ երբ անհատ մը մահանայ, «անոր հոգին [ռուախը] կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։—Սաղմոս 146։4

Բացայայտօրէն, մեռելները գոյութենէ դադրած են։ Անոնք բան մը չեն կրնար գիտնալ։ Անոնք չեն կրնար ձեզ տեսնել, լսել, ո՛չ ալ ձեր հետ խօսիլ։ Անոնք ո՛չ կրնան ձեզի օգնել ո՛չ ալ վնասել։ Վստահաբար, պէտք չունիք մեռելներէն վախնալու։ Սակայն, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մահուան ատեն ռուախը անհատէն «կ’ելլէ»։

Անիկա Ի՞նչպէս ‘Աստուծոյ կը Դառնայ’

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ անհատ մը մահանայ, «հոգին [ռուախը] Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ»։ (Ժողովողի 12։7) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հոգեղէն էութիւն մը բառացիօրէն անջրպետին մէջ ճամբորդելով Աստուծոյ առջեւ կը ներկայանայ։ Բնա՛ւ երբեք։ Երբ Աստուածաշունչը ‘դառնալ’ կ’ըսէ, անիկա բառացիօրէն պայման չէ որ մէկ տեղէն ուրիշ տեղ մը փոխադրուիլ ըլլայ։ Օրինակի համար, անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ըսուած էր. «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Մաղաքեայ 3։7) Իսրայէլի համար Եհովայի ‘դառնալը’, սխալ ընթացքէ մը ետ դառնալ եւ վերստին Աստուծոյ արդար ճամբուն համակերպիլ կը նշանակէր։ Իսկ Եհովայի համար Իսրայէլի ‘դառնալը’, իր նպաստաւոր ուշադրութիւնը վերստին իր ժողովուրդին դարձնել կը նշանակէր։ Երկու պարագաներուն ալ, ‘դառնալ’ բառը կեցուածք մը կը պարփակէ, ո՛չ թէ մէկ վայրէն միւսը աշխարհագրական փոխադրութիւն մը։

Նմանապէս, մահուան ժամանակ երբ ռուախը Աստուծոյ կը «դառնայ», երկրէն դէպի երկնային ծիր բառացի փոխադրութիւն մը տեղի չ’ունենար։ Անգամ մը որ կեանքի ոյժը անհատէն դուրս գայ, միա՛յն Աստուած զայն վերադարձնելու կարողութիւնը ունի։ Ուստի ռուախը ‘Աստուծոյ կը դառնայ’ այն առումով որ այլեւս այդ անհատին ապագայ կեանքի յոյսը ամբողջովին Աստուծմէ կախեալ է։

Նկատի առէք, օրինակ, թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն Յիսուս Քրիստոսի մահուան մասին։ Աւետարանիչ Ղուկաս կը պատմէ. «Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս [փնէօմաս]’»։ (Ղուկաս 23։46) Երբ Յիսուսի փնէօման իրմէ ելաւ, ան բառացիօրէն երկինքի ճամբան չբռնեց։ Յիսուս երրորդ օրն էր որ յարութիւն առաւ, եւ 40 օր ետքն էր որ երկինք համբարձաւ։ (Գործք 1։3, 9) Սակայն, իր մահուան ատեն, Յիսուս իր փնէօման վստահութեամբ իր Հօր ձեռքը յանձնեց, լիովին ապաւինելով զինք ետ կեանքի բերելու Եհովայի կարողութեան։

Այո, Աստուած կրնայ անհատ մը ետ կեանքի բերել։ (Սաղմոս 104։30) Ասիկա ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը կը բանայ։

Վստահելի Յոյս մը

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն [«յիշատակի դամբաններուն», ՆԱ] մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Այո, Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ որ բոլոր անոնք որոնք Եհովայի յիշողութեան մէջ են պիտի յարուցանուին, կամ՝ ետ կեանքի պիտի բերուին։ Արդարեւ անոնց մէջ պիտի ըլլան անոնք որոնք արդար ընթացք մը հետապնդած են որպէս Եհովայի ծառաներ։ Սակայն, ուրիշ միլիոնաւորներ մեռած են առանց ապացուցանելու թէ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն պիտի համակերպին թէ ոչ։ Անոնք կա՛մ Եհովայի պահանջները չեն գիտցած եւ կամ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու համար բաւարար ժամանակ չեն ունեցած։ Այս տեսակ անհատներ ալ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են եւ պիտի յարուցանուին, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։15

Ներկայիս, երկիրը լեցուած է ատելութեամբ ու կռիւներով, բռնութեամբ ու արիւնահեղութեամբ, ապականութեամբ ու հիւանդութեամբ։ Եթէ մեռելները յարուցանուին այսպիսի երկրի մը վրայ, վստահաբար ասոր պատճառած ուրախութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլայ։ Սակայն Ստեղծիչը խոստացած է որ շուտով վերջ պիտի դնէ ներկայ մարդկային ընկերութեան, որ Բանսարկու Սատանայի իշխանութեան ներքեւ է։ (Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44. Ա. Յովհաննու 5։19) Այն ատեն մարդկային արդար ընկերութիւն մը՝ «նոր երկիր մը»՝ հոյակապ իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։—Բ. Պետրոս 3։13

Այն ատեն, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Նոյնիսկ մահուան վիշտը պիտի անհետանայ, քանի որ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Ասիկա ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մըն է «յիշատակի դամբաններուն մէջ եղողներ»ուն համար։

Երբ Եհովա երկրի վրայէն ամբարշտութիւնը բնաջնջէ, արդարը ամբարշտին հետ պիտի չկործանէ։ (Սաղմոս 37։10, 11. 145։20) Արդարեւ, «մեծ բազմութիւն մը», «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», պիտի վերապրի ներկայ ամբարիշտ աշխարհը կործանող «մեծ նեղութենէն»։ (Յայտնութիւն 7։9-14) Ուստի, մեծ բազմութիւն մը ներկայ պիտի ըլլայ մեռելները դիմաւորելու։

Կը տենչա՞ք ձեր սիրելիները դարձեալ տեսնել։ Կը փափաքի՞ք երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ։ Ուրեմն, Աստուծոյ կամքին ու նպատակներուն մասին գիտութիւն պէտք է ստանաք։ (Յովհաննու 17։3) Եհովայի կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

[Նկար՝ էջ 4]

«Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»

[Նկար՝ էջ 5]

Ռուախը կամ փնէօման կրնայ նմանցուիլ ելեկտրական հոսանքին

[Նկար՝ էջ 7]

Յարութիւնը մնայուն ուրախութիւն պիտի բերէ