Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որոգինէս. իր ուսուցումը եկեղեցիին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ

Որոգինէս. իր ուսուցումը եկեղեցիին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ

Որոգինէս. իր ուսուցումը եկեղեցիին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ

«Առաքեալներէն ետք՝ Եկեղեցիին մեծագոյն կրօնական առաջնորդը»։ Յերոնիմոս՝ Լատիներէն Վուլկաթա Աստուածաշունչին թարգմանիչը, այսպէս գովաբանեց երրորդ դարու աստուածաբան Որոգինէսը։ Սակայն, ոչ բոլորը Որոգինէսը այսքան մեծարանքի արժանի մէկը սեպեցին։ Ոմանք զինք նկատեցին չարութեան արմատ մը, որմէ հերետիկոսութիւններ ծագում առին։ ԺԷ. դարու հեղինակի մը խօսքերով, Որոգինէսի քննադատները դաւանեցան. «Անոր վարդապետութիւնը ընդհանրապէս անիմաստ եւ կործանարար է, Օձանման մահացու թոյն մը՝ որ աշխարհի մէջ փսխեց»։ Արդարեւ, իր մահուընէ շուրջ երեք դար ետք, Որոգինէս պաշտօնապէս հերետիկոս յայտարարուեցաւ։

ԻՆՉՈ՞Ւ Որոգինէս թէ՛ հիացմունքի եւ թէ թշնամանքի առարկայ եղաւ։ Ան եկեղեցական վարդապետութեան զարգացման վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

Եկեղեցիին Հանդէպ Նախանձախնդիր

Որոգինէս ծնած էր շուրջ Հ.Դ. 185–ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ։ Ան յունական գրականութեան մէջ մասնագիտացաւ, սակայն իր հայրը՝ Լիոնիտիս, ստիպեց զինք որ նոյնքան ջանք թափէ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու համար։ Երբ Որոգինէս 17 տարեկան էր, Հռովմէացի կայսրը հրամանագիր մը հանեց, կրօնքը փոխելը ոճիր համարելով։ Որոգինէսի հայրը բանտ նետուեցաւ, քանի որ Քրիստոնեայ եղած էր։ Պատանեկան եռանդով լեցուն, Որոգինէս վճռեց բանտին մէջ իր հօրը միանալ եւ անոր հետ նահատակուիլ։ Ասիկա տեսնելով, Որոգինէսի մայրը անոր հագուստները պահեց, որպէսզի չկարենայ տունը ձգել։ Նամակով մը, Որոգինէս իր հօրը աղաչեց, ըսելով. «Զգո՛յշ եղիր, որ մեր սիրոյն՝ միտքդ չփոխես»։ Լիոնիտիս հաստատ մնաց եւ մահուան դատապարտուեցաւ, իր ետին չքաւոր ընտանիք մը թողնելով։ Սակայն, Որոգինէս արդէն իսկ իր ուսման մէջ բաւական յառաջացած էր, եւ կրցաւ իր մօրը եւ իրմէ պզտիկ վեց եղբայրներուն հոգ տանիլ՝ Յունարէն գրականութիւն դասաւանդելով։

Կայսրին նպատակն էր Քրիստոնէութեան տարածումը կասեցնել։ Քանի որ իր հրամանը թիրախ դարձուցած էր ո՛չ միայն աշակերտները, այլեւ՝ ուսուցիչները, բոլոր Քրիստոնեայ ուսուցիչները Աղեքսանդրիայէն փախան։ Երբ սուրբ գրային դաստիարակութիւն որոնող Քրիստոնեայ չեղող անհատներ օգնութեան համար երիտասարդ Որոգինէսի դիմեցին, ան այս աշխատանքը ողջունեց որպէս Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած յանձնարարութիւն մը։ Իր աշակերտներէն շատերը նահատակուեցան, ոմանք իրենց ուսումը ամբողջացնելէ առաջ։ Վտանգը աչք առած, Որոգինէս իր աշակերտները հանրապէս կը քաջալերէր, անոնք ուր որ ալ գտնուէին՝ դատաւորի մը առջեւ, բանտին մէջ, կամ մահավճիռի ենթարկուելու ատեն։ Չորրորդ դարու պատմաբան Եւսեբիոս կը տեղեկագրէ թէ, երբ անոնք մահապատիժի կ’առաջնորդուէին, Որոգինէս «մեծ յանդգնութեամբ զանոնք համբոյրով մը կ’ողջունէր»։

Որոգինէս Քրիստոնեայ չեղող շատ մը անհատներու բարկութիւնը գրգռեց, որոնք զինք պատասխանատու նկատեցին իրենց բարեկամներուն հաւատափոխութեան եւ մահուան։ Ան յաճախ խուժանային յարձակումներէ եւ վայրագ մահուընէ հազիւ կը պրծէր։ Թէեւ հարկադրուած էր տեղէ տեղ փոխադրուիլ, զինք հետապնդողներէն խոյս տալու համար, սակայն Որոգինէս կը շարունակէր դասաւանդել։ Այս խիզախութիւնը եւ նուիրումը տպաւորեցին Աղեքսանդրիոյ եպիսկոպոսը՝ Դեմետրիոսը։ Հետեւաբար, երբ Որոգինէս հազիւ 18 տարեկան էր, Դեմետրիոս զինք Աղեքսանդրիոյ դպրեվանքին տնօրէն նշանակեց։

Ի վերջոյ, Որոգինէս անուանի ուսումնական եւ բազմավաստակ գրող մը եղաւ։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ան 6,000 գիրք գրած է, բայց հաւանաբար ասիկա չափազանցուած է։ Ան հանրածանօթ է իր բազմահատոր Հեքսափլա–ով՝ (Վեցէջեան) որ 50 հատորներէ բաղկացած Եբրայերէն Գրութիւններու հաստափոր հրատարակութիւն մըն է։ Որոգինէս Հէքսափլա–ն դասաւորեց վեց զուգահեռ սիւնակներու մէջ. անիկա կը բովանդակէր՝ (1) Եբրայերէն եւ Արամերէն բնագիրը, (2) այդ բնագրին Յունարէն տառադարձութիւնը, (3) Ակիւղայի Յունարէն թարգմանութիւնը, (4) Սիմմակոսի Յունարէն թարգմանութիւնը, (5) Յունարէն Եօթանասնից–ը, զոր Որոգինէս վերստուգեց, Եբրայերէն բնագրին աւելի ճշգրիտ կերպով համապատասխանելու համար, եւ (6) Թէոտոսիոնի Յունարէն թարգմանութիւնը։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ճոն Հորթ գրեց. «Այս բնագիրները միատեղ բերելով, Որոգինէս կը յուսար լոյս սփռել շատ մը հատուածներու իմաստին վրայ, որոնք կրնային Յոյն ընթերցողը շփոթեցնել կամ մոլորեցնել, եթէ իր առջեւ միայն Եօթանասնից–ը ունենար»։

Գրուածէն Անդին Երթալ’

Այսուհանդերձ, երրորդ դարու կրօնական խառնաշփոթ մթնոլորտը խոր կերպով ազդեց Սուրբ Գրութիւնները ուսուցանելու Որոգինէսի մօտեցումին։ Թէեւ Քրիստոնեայ Աշխարհը իր սկզբնական շրջանին մէջ էր, բայց անիկա արդէ՛ն սուրբ գրային չեղող ուսուցումներով ապականուած էր, իսկ անոր ցրուած եկեղեցիները այլազան վարդապետութիւններ կ’ուսուցանէին։

Որոգինէս սուրբ գրային չեղող այդ վարդապետութիւններէն ոմանք ընդունեց, զանոնք առաքեալներուն ուսուցումը կոչելով։ Սակայն, ան ազատ զգաց ուրիշ հարցումներու շուրջ ենթադրութիւններ ընելու։ Այդ ատեն իր աշակերտներէն շատեր կը պայքարէին ժամանակակից փիլիսոփայական հարցերու դէմ։ Անոնց օգնելու մտքով, Որոգինէս ուշադրութեամբ ուսումնասիրեց փիլիսոփայական զանազան դպրոցներ, որոնք իր երիտասարդ աշակերտներուն մտքերը կը ձեւաւորէին։ Ան ջանաց իր աշակերտներուն փիլիսոփայական հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ հայթայթել։

Աստուածաշունչը փիլիսոփայութեան հետ հաշտեցնելու փորձ մը կատարելով, Որոգինէս կեդրոնացաւ Աստուածաշունչը փոխաբերական կերպով մեկնաբանելու մեթոտին վրայ։ Ան ենթադրեց որ Աստուածաշունչը մի՛շտ հոգեւոր իմաստ մը ունէր, բայց ո՛չ միշտ բառացի իմաստ մը։ Ինչպէս ուսումնական մը նշեց, ասիկա Որոգինէսի համար միջոց մը եղաւ որ «Աստուածաշունչը մեկնաբանէ իր անձնական աստուածաբանական դրութեան հետ ներդաշնակ եղող ոչ–սուրբ գրային որեւէ գաղափարով, մինչ դաւանելով (եւ անկասկած անկեղծօրէն երեւակայելով) որ ինք Աստուածաշունչի մտքին յատկանշականօրէն խանդավառ եւ հաւատարիմ մեկնաբանն է»։

Իր աշակերտներէն մէկուն գրած Որոգինէսի մէկ նամակը լոյս կը սփռէ իր մտածելակերպին վրայ։ Որոգինէս նշեց թէ Իսրայելացիները եգիպտական ոսկիով Եհովայի տաճարին համար սպասներ շինեցին։ Ասիկա փոխաբերական յենարան նկատեց, յունական փիլիսոփայութիւնը գործածելով Քրիստոնէութիւն սորվեցնելու իր կերպին։ Ան գրեց. «Իսրայէլի որդիներուն որքա՜ն պիտանի եղան Եգիպտոսէն բերուած իրերը, որոնք Եգիպտացիները պատշաճօրէն չէին գործածեր, բայց՝ Եբրայեցիները, Աստուծոյ իմաստութեամբ առաջնորդուած, զանոնք Աստուծոյ ծառայութեան համար գործածեցին»։ Հետեւաբար, Որոգինէս իր աշակերտը քաջալերեց որ «Յոյներու փիլիսոփայութենէն քաղէ ամէն բան որ կրնայ ծառայել որպէս ուսումնասիրութեան նիւթ, կամ պատրաստութիւն՝ Քրիստոնէութեան համար»։

Աստուածաշունչը մեկնելու այս սանձարձակ մօտեցումը, քրիստոնէական վարդապետութիւնը յունական փիլիսոփայութենէն զանազանելը դժուարացուց։ Օրինակ, «Սկզբունքներու Մասին» խորագրով իր գրքին մէջ, Որոգինէս Յիսուսը բնութագրեց որպէս ‘միածին Որդին, որ ծնած էր, սակայն առանց սկիզբ ունենալու’։ Ապա աւելցուց. ‘Իր ծնունդը յաւերժական եւ յաւիտենական է։ Ան կեանքի շունչը ստանալով չէ որ Որդի մը եղած է, ո՛չ ալ՝ արտաքին արարքով մը, այլ Աստուծոյ բուն էութեամբ’։

Որոգինէս այս գաղափարը Աստուածաշունչին մէջ չգտաւ, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները կը սորվեցնեն թէ Եհովայի միածին Որդին «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» եւ «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբ»ն է։ (Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14) Կրօնական պատմաբան Աւգոստոս Նէանտըրի համաձայն, Որոգինէս «յաւերժական ծնունդ»ի գաղափարին յանգեցաւ «Պղատոնական դպրոցին մէջ [իր] ստացած փիլիսոփայական կրթութեան» միջոցաւ։ Այս կերպով, Որոգինէս սուրբ գրային հետեւեալ հիմնական սկզբունքը ոտնակոխեց. ‘Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիք’։—Ա. Կորնթացիս 4։6

Որպէս Հերետիկոս կը Դատապարտուի

Իր ուսուցչական ասպարէզի սկիզբի տարիներուն, Աղեքսանդրիոյ Խորհրդաժողով մը զինք սքեմազրկեց։ Հաւանաբար ասիկա պատահեցաւ քանի որ Դեմետրիոս Եպիսկոպոսը Որոգինէսի հետզհետէ տարածուող համբաւին նախանձեցաւ։ Որոգինէս Պաղեստին գնաց, ուր որպէս քրիստոնէական վարդապետութեան համբաւ շահած ջատագով մը, իրեն հանդէպ եղած հիացմունքը անկաշկանդ մնացած էր, եւ հոն ան շարունակեց որպէս վարդապետ ծառայել։ Խորքին մէջ, երբ Արեւելքի մէջ «հերետիկոսութիւններ» ծագեցան, իրմէ խնդրեցին որ մոլորած եպիսկոպոսները համոզէ ուղղափառութեան վերադառնալու։ Հ.Դ. 254–ին իր մահուընէ ետք, Որոգինէսի անունը լրջօրէն վատաբանուեցաւ։ Ինչո՞ւ։

Անուանական Քրիստոնէութիւնը կարկառուն կրօնք մը դառնալէ ետք, եկեղեցիին ընդունած ուղղափառ ուսուցումը չափազանց սահմանուեցաւ։ Ուստի, աստուածաբաններու հետագայ սերունդներ մերժեցին Որոգինէսի շատ մը ենթադրական եւ երբեմն ալ փիլիսոփայական անճշգրիտ տեսակէտները։ Ուստի իր ուսուցումները եկեղեցիին մէջ դառն հակաճառութիւններ հրահրեցին։ Այս վէճերը դադրեցնելու եւ միութիւնը պահպանելու ջանքով, եկեղեցին Որոգինէսը պաշտօնապէս դատապարտեց որպէս հերետիկոս։

Որոգինէս սխալողներուն մէջ միակը չէր։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը նախագուշակած էր թէ Քրիստոսի հարազատ ուսուցումներէն ընդհանուր շեղում մը տեղի պիտի ունենար։ Այս հաւատուրացութիւնը սկսաւ ուռճանալ առաջին դարու վերջաւորութեան, Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6, 7) Ի վերջոյ, կարգ մը դաւանեալ Քրիստոնեաներ իրենք զիրենք հաստատեցին որպէս «ուղղափառ», միւս բոլորը «հերետիկոսական» հռչակելով։ Սակայն իրականութեան մէջ, Քրիստոնեայ Աշխարհը ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն շատ շեղեցաւ։

‘Սուտանուն Գիտութիւն’

Հակառակ Որոգինէսի շատ մը ենթադրութիւններուն, իր երկերը օգտակար տարրեր կը բովանդակեն։ Օրինակի համար, Հեքսափլա–ն Աստուծոյ անունը պահեց իր սկզբնական ձեւին մէջ՝ Քառագիր կոչուած Եբրայերէն չորս տառերով։ Ասիկա կարեւոր ապացոյց մը կը հայթայթէ թէ նախկին Քրիստոնեաները գիտէին եւ կը գործածէին Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ Այսուհանդերձ, Թէոփիլոս անունով հինգերորդ դարու եկեղեցիի պատրիարք մը, առիթով մը զգուշացուց. «Որոգինէսի երկերը ամէն տեսակի ծաղիկ պարունակող մարգագետին մըն են։ Եթէ հոն որեւէ գեղեցիկ ծաղիկ գտնեմ, զայն կը փրցնեմ. բայց եթէ ծաղիկ մը ինծի փշոտ թուի, կը խուսափիմ անկէ, ինչպէս պիտի ընէի խայթոցէ մը»։

Աստուածաշունչի ուսուցումները յունական փիլիսոփայութեան հետ միաձուլելով, Որոգինէսի աստուածաբանութիւնը սխալներով խճողուեցաւ, եւ Քրիստոնեայ Աշխարհին համար հետեւանքները աղիտալի եղան։ Օրինակի համար, թէեւ Որոգինէսի անհիմն ենթադրութիւններէն շատերը հետագային մերժուեցան, սակայն, Քրիստոսի «յաւերժական ծնունդին» մասին իր տեսակէտները, Երրորդութեան ոչ–սուրբ գրային վարդապետութեան հիմը դնելու նպաստեց։ Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին խորագրով գիրքը (Անգլերէն) դիտել կու տայ. «[Որոգինէսի ներկայացուցած] փիլիսոփայական ճաշակը շուտով պիտի չհանգէր»։ Ի՞նչ հետեւանք ունենալով։ «Քրիստոնէական հաւատքին պարզութիւնը խեղաթիւրուեցաւ եւ Եկեղեցիէն ներս անհամար սխալներ սպրդեցան»։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Որոգինէսի, ան կրնար Պօղոս առաքեալի խրատին հետեւիլ եւ խուսափիլ այս հաւատուրացութեան նպաստելէն՝ «փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ»։ Ընդհակառակը, իր ուսուցումներէն շատերը այս «գիտութեան» վրայ հիմնելով, Որոգինէս ‘հաւատքէն մոլորեցաւ’։—Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21. Կողոսացիս 2։8

[Նկար՝ էջ 31]

Որոգինէսի «Հեքսափլա»ն ապացոյց կը հայթայթէ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը կը գործածուէր

[Նկարին աղբիւրը]

Published by permission of the Syndics of Cambridge University Library, T-S 12.182

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 29]

Culver Pictures