Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զուտ ոսկիէն աւելի դիմացկուն

Զուտ ոսկիէն աւելի դիմացկուն

Զուտ ոսկիէն աւելի դիմացկուն

ՈՍԿԻՆ մեծապէս փնտռուած է իր գեղեցկութեան եւ դիմացկունութեան համար։ Անիկա շատ ցանկալի է, քանի որ երեւութապէս յաւէտ փայլուն եւ անարատ կը մնայ։ Ասոր պատճառը այն է, թէ ոսկին չ’ազդուիր ջուրէն, թթուածինէն, ծծումբէն, եւ գրեթէ որեւէ բանէ։ Ընկղմած նաւերու եւ այլուր գտնուած բազմաթիւ ոսկեղէն զարդեր տակաւին իրենց փայլքը պահած են հարիւրաւոր տարիներ ետք։

Սակայն, հետաքրքրականօրէն Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ՝ ‘կրակով փորձուած կորստական ոսկիէն աւելի պատուական’ բան մը կայ, որ աւելի դիմացկուն է։ (Ա. Պետրոս 1։7) Կրակով եւ այլ բաներով ‘փորձուած’ կամ զտուած ոսկին, կրնայ 99.9 տոկոս անարատ վիճակ մը ունենալ։ Այսուհանդերձ, նոյնիսկ զտուած ոսկին կը կորսուի կամ՝ կը լուծուի, երբ ենթարկուի ագուա րէճիա–ի (արքայաջուր), որ ջրաքլորային թթուուտի երեք մասերէ եւ բորակական թթուուտի մէկ մասէ բաղկացած բաղադրութիւն մըն է։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը գիտականօրէն շիտակ է, երբ կ’ըսէ թէ ոսկին «կորստական» է։

Ասոր հակառակը, քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքը ‘հոգին կը փրկէ’։ (Եբրայեցիս 10։39) Մարդիկ կրնան զօրաւոր հաւատքի տէր մէկը սպաննել, ինչպէս ըրին Յիսուս Քրիստոսի։ Սակայն, ճշմարիտ հաւատք ունեցողներուն հետեւեալ խոստումը կը տրուի. «Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։ (Յայտնութիւն 2։10) Հաւատքի մէջ մեռնողները Աստուծոյ յիշողութեան մէջ կը մնան, եւ ինք անոնց յարութիւն պիտի տայ։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ոսկիի ո՛չ մէկ քանակ կրնայ ասիկա իրագործել։ Այս ուղղութեամբ, հաւատքը ի՛րապէս աւելի արժէքաւոր է քան՝ ոսկին։ Սակայն, հաւատքը այսքան գերազանց արժէք մը ունենալու համար, անիկա պէտք է փաստուի կամ փորձուի։ Իրականութեան մէջ, «հաւատքին փորձուած որակ»ն է որ, ըստ Պետրոսի, ոսկիէն աւելի արժէքաւոր է (ՆԱ)։ Եհովայի Վկաները ուրախ պիտի ըլլան ձեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, որպէսզի ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի, եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ զօրաւոր հաւատք մշակէք եւ պահպանէք։ Ասիկա՝ ըստ Յիսուսի, «յաւիտենական կեանք կը նշանակէ»։—Յովհաննու 17։3, ՆԱ