Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ տուէք որ սովորութիւնը ձեր օգտին ծառայէ

Թոյլ տուէք որ սովորութիւնը ձեր օգտին ծառայէ

Թոյլ տուէք որ սովորութիւնը ձեր օգտին ծառայէ

ՄԱՐԴԸ Աթէնքի արուարձաններէն մէկուն մէջ ապրած էր 12 տարի։ Ամէն օր տունէն գործի երթալու համար նոյն ճամբան կ’առնէր։ Ապա քաղաքին ուրիշ մէկ արուարձանը փոխադրուեցաւ։ Օր մը գործէն ետք տուն վերադարձաւ։ Երբ հին դրացիներուն հանդիպեցաւ, ան անդրադարձաւ որ սխալ տեղ գացած էր։ Սովորութենէ տարուած, ան իր նախկին տունը գացած էր։

Զարմանալի չէ որ սովորութիւնը երբեմն կոչուած է երկրորդ բնաւորութիւն, մեր կեանքին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցող բան մը։ Այս առումով, սովորութիւնները կարելի է նմանցնել կրակի։ Կրակ մը կրնայ լաւ կերպով ողջունուիլ մութին մէջ, եւ կրնայ մեր մարմինը ջերմացնել ու մեր կերակուրը տաքցնել։ Սակայն, կրակը կրնայ անգութ թշնամի մըն ալ ըլլալ ու կործանել մեր կեանքն ու ստացուածքը։ Նոյնն է պարագան սովորութիւններուն։ Եթէ անոնք լաւ կերպով մշակուին, կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ։ Բայց կրնան կործանարար ալ ըլլալ։

Նիւթին սկիզբը յիշուած մարդուն պարագային, սովորութիւնը միայն ժամանակի կորուստ եւ խճողումի մէջ մնալու տհաճութիւն պատճառեց։ Բայց աւելի կարեւոր բաներու պարագային, սովորութիւնները կրնան մեզ յաջողութեամբ վարձատրել, կամ՝ փորձանքներու մէջ ձգել։ Աստուածաշունչէն իրական կեանքէ առնուած քանի մը օրինակներ առնենք, որոնք ցոյց կու տան թէ սովորութիւնները կրնան օգնել կամ արգելք ըլլալ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան եւ իր հետ մեր յարաբերութեան։

Լաւ եւ Վատ Սովորութիւններու Սուրբ Գրային Օրինակներ

Նոյ, Յոբ եւ Դանիէլ Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը կը վայելէին։ ‘Իրենց արդարութեան’ պատճառաւ, Աստուածաշունչը կը գովաբանէ զիրենք որպէս օրինակելի տիպարներ։ (Եզեկիէլ 14։14) Յատկանշականօրէն, այս երեք մարդոց կեանքը ցոյց կու տայ որ անոնք լաւ սովորութիւններ զարգացուցած էին։

Նոյի ըսուեցաւ որ տապան մը՝ նաւ մը՝ շինէր, որ ոտնագնդակի դաշտէ մը երկար եւ հինգ յարկանի շէնքէ մը բարձր էր։ Այն ատեն, այսպիսի հսկայական ծրագիր մը ջախջախիչ պիտի ըլլար նաւ շինող ոեւէ անհատի համար։ Նոյ ու իր ընտանիքի եօթը անդամները կառուցանեցին տապանը, առանց արդիական գործիքներու օգնութեան։ Անկէ զատ, Նոյ շարունակեց քարոզել իր ժամանակակիցներուն։ Վստահաբար, ան իր ընտանիքին հոգեւոր ու ֆիզիքական կարիքներուն ալ հոգ կը տանէր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Այս բոլորը իրագործելու համար, Նոյ գործի լաւ սովորութիւններ զարգացուցած ըլլալու էր։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ Նոյ նկարագրուած էր մէկը որ «Աստուծոյ հետ քալեց։ . . . Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս»։ (Ծննդոց 6։9, 22. 7։5) Քանի որ Աստուածաշունչին մէջ ան «արդար» կոչուած է, վստահաբար շարունակած ըլլալու է Աստուծոյ հետ քալել Ջրհեղեղէն ետք, նոյնիսկ երբ Բաբելոնի մէջ Եհովայի դէմ ըմբոստութիւնը գլուխ ցցեց։ Արդարեւ, Նոյ շարունակեց Աստուծոյ հետ քալել մինչեւ իր մահը՝ 950 տարեկանին։—Ծննդոց 9։29

Յոբի լաւ սովորութիւնները իրեն օգնեցին որ «կատարեալ ու արդար» մարդ մը ըլլար։ (Յոբայ 1։1, 8. 2։3) Ան վարժութիւն կամ սովորութիւն ունէր որպէս ընտանիքին քահանան ծառայելու եւ զոհեր կը մատուցանէր իր զաւակներուն ի նպաստ, անոնց ամէն խնճոյքէն ետք, խորհելով որ մի գուցէ «մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ»։ (Յոբայ 1։5) Յոբի ընտանիքին մէջ, Եհովայի պաշտամունքին շուրջ կեդրոնացած վարժութիւնները անկասկած կարեւոր տեղ մը կը գրաւէին։

Դանիէլ իր երկար կեանքի տեւողութեան «անդադար» Եհովայի ծառայեց։ (Դանիէլ 6։16, 20) Հոգեւոր ի՞նչ լաւ սովորութիւններ ունէր ան։ Նախ, Դանիէլ կանոնաւորաբար Եհովայի կ’աղօթէր։ Այս վարժութեան դէմ արքայական հրովարտակ մը ելլելով հանդերձ, ան «օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս»։ (Դանիէլ 6։10) Ան չմոռցաւ Աստուծոյ աղօթելու իր սովորութիւնը, նոյնիսկ երբ իր կեանքը վտանգի տակ էր։ Անկասկած այս սովորութիւնը զօրացուց Դանիէլը Աստուծոյ հանդէպ իր կենսատեւ բացառիկ հաւատարմութեան մէջ։ Հաւանաբար, Դանիէլ Աստուծոյ խայտալի խոստումները ուսումնասիրելու եւ անոնց մասին խորապէս մտածելու լաւ սովորութիւնն ալ ունէր։ (Երեմեայ 25։11, 12. Դանիէլ 9։2) Այս լաւ սովորութիւնները վստահաբար օգնեցին իրեն որ մինչեւ վերջ տոկար, հաւատարմօրէն ամբողջացնելով իր կեանքի ասպարէզը։

Ճիշդ հակառակը, Դինա չարիքի հանդիպեցաւ, քանի որ գէշ սովորութիւն մը ունէր։ Ան «վարժութիւն ունէր այն երկրին աղջիկները տեսնելու», որոնք Եհովան պաշտողներ չէին։ (Ծննդոց 34։1, ՆԱ) Անմեղ թուող այս սովորութիւնը աղէտի առաջնորդեց։ Նախ՝ ինք բռնաբարուեցաւ Սիւքէմի կողմէ, երիտասարդ մը որ «իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր»։ Ապա, իր երկու վրիժառու եղբայրներուն հակազդեցութիւնը ամբողջ քաղաքին տղամարդիկը սպաննելու առաջնորդեց։ Ի՜նչ ահաւոր հետեւանք մը։—Ծննդոց 34։19, 25-29

Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր սովորութիւնները օգտակար՝ ու ո՛չ թէ վնասակար են մեզի։

Սովորութիւնները Գործի Դնենք

Իմաստասէր մը ըսաւ՝ «Սովորութիւնները նախասահմանուած են»։ Բայց պարագան այս չէ։ Աստուածաշունչը շատ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ կրնանք որոշել մեր գէշ սովորութիւնները փոխել եւ լաւերը մշակել։

Լաւ սովորութիւններով, քրիստոնէական ապրելակերպը աւելի կազմակերպուած եւ աւելի հեշտ կ’ըլլայ։ Յունաստանէն Ալէքս անունով Քրիստոնեայ մը կ’ըսէ. «Այլազան պարտականութիւններ կատարելու համար յայտագրի մը կառչած մնալով բաւականին ժամանակ կը շահիմ»։ Թէոփիլոս՝ Քրիստոնեայ երէց մը, ծրագիր ունենալուն կը նշէ որպէս սովորութիւն մը, որ իրեն կ’օգնէ աւելի յաջողակ ըլլալու։ Ան կ’ըսէ. «Լիովին համոզուած եմ որ իմ քրիստոնէական պարտականութիւններս յաջողապէս պիտի չկարենայի կատարել, առանց լաւ ծրագրումի սովորութեան»։

Որպէս Քրիստոնեաներ, մեզի յորդոր տրուած է որ «նոյն կանոնին [«վարժութեան», ՆԱ] համեմատ քալենք»։ (Փիլիպպեցիս 3։16) Վարժութիւն մը «կրկնութեամբ ձեռք բերուած հմտութիւն» կը պարփակէ։ Այսպիսի լաւ սովորութիւններ օգտակար են մեզի, քանի որ ամէն քայլի մասին երկար բարակ մտածելով ժամանակ չենք վատներ, քանի որ հաստատուած լաւ օրինակի մը հետեւիլը արդէն սովորութիւն դարձուցած ենք։ Արմատ կապած սովորութիւնները ինքնաբերաբար կը կատարուին։ Ճիշդ ինչպէս որ ապահով ինքնաշարժ վարելու սովորութիւնները վտանգի պահուն կրնան վարորդը ուղղել որ վայրկենական կեանք փրկող որոշումներ տայ, լաւ սովորութիւններն ալ կրնան մեզի օգնել որ շատ արագօրէն յարմար որոշումներ տանք մեր քրիստոնէական ընթացքին մէջ։

Անգլիացի գրող՝ Ճէրէմի Թէյլըր, հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Սովորութիւնները՝ արարքներուն դուստրներն են»։ Եթէ մեր սովորութիւնները լաւ են, կրնանք գրեթէ առանց դժուարութեան լաւ բաներ կատարել։ Օրինակ, եթէ որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ, կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցելու սովորութիւնը ունինք, շատ աւելի դիւրին եւ հաճելի կ’ըլլայ դաշտի ծառայութեան երթալը։ Առաքեալներուն մասին կը կարդանք, թէ «ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։42. 17։2) Միւս կողմէ, եթէ պատահաբար ծառայութեան կը մասնակցինք, կրնանք տակնուվրայ ըլլալ, եւ այս կենսական գործին մասնակցելէ առաջ, շատ աւելի ժամանակի պէտք ունենալ՝ անոր վարժուելու համար։

Նոյնն է պարագան մեր քրիստոնէական վարժութիւններու ուրիշ երեսակներուն։ Լաւ սովորութիւնները կրնան օգնել որ կանոնաւորաբար ‘կարդանք Աստուծոյ Խօսքը՝ գիշեր ու ցերեկ’։ (Յեսուայ 1։8. Սաղմոս 1։2) Քրիստոնեայ մը սովորութիւն ըրած է գիշերը անկողին երթալէ առաջ 20-30 վայրկեան Աստուածաշունչ կարդալ։ Նոյնիսկ երբ շատ յոգնած ըլլայ, կը նկատէ որ երբ առանց կարդալու անկողին երթայ՝ չի կրնար լաւ քնանալ։ Պէտք է ետ ելլէ եւ այս հոգեւոր կարիքին հոգ տանի։ Այս լաւ սովորութիւնը օգնած է իրեն որ ամէն տարի Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կարդայ՝ եւ ասիկա բազմիցս ըրած է։

Մեր Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսի սովորութիւնն էր ժողովներու յաճախել, ուր Աստուածաշունչի մասին կը խօսուէր։ «Իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ»։ (Ղուկաս 4։16) Ճօն երէց մըն է՝ որ բազմանդամ ընտանիքի տէր է, եւ երկար ժամեր կ’աշխատի. սովորութիւնը օգնած է իրեն որ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելու կարիքը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Այս սովորութիւնը կ’օգնէ որ շարունակեմ կեանքս. անիկա ինծի հոգեւոր զօրութիւն մը կու տայ, որուն իսկական կարիքը ունիմ, ծանր պարտականութիւններ եւ խնդիրներ յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար»։—Եբրայեցիս 10։24, 25

Այսպիսի սովորութիւններ անհրաժեշտ են քրիստոնէական կեանքի մրցավազքին համար։ Տեղեկագրութիւն մը, որ կու գայ երկրէ մը, ուր Եհովայի Վկաները հալածուած էին, կը նշէ. «Անոնք որ հոգեւոր լաւ սովորութիւններ եւ ճշմարտութեան հանդէպ խոր գնահատութիւն ունին, դժուարութիւն չունին փորձութեան ժամանակ հաստատ կենալու, բայց անոնք որ ‘նպաստաւոր ժամանակներուն’ ժողովներէ կը բացակային, դաշտի ծառայութեան մէջ անկանոն են եւ պզտիկ հարցերու մէջ համակերպումներ կ’ընեն, ընդհանրապէս կ’իյնան, երբ ‘կրակոտ’ փորձութիւն մը գայ»։—Բ. Տիմոթէոս 4։2

Վատ Սովորութիւններէն Խուսափեցէ՛ք, Լաւերը Գործածեցէ՛ք

Ըսուած է որ ‘մարդ մը պէտք է մշակէ միայն այնպիսի սովորութիւններ, որոնք կ’ուզէ որ իր վրայ տիրապետեն’։ Վատ սովորութիւնները արդարեւ հարստահարող տէր մըն են. բայց կրնանք անոր լուծը կտրել։

Սթէլլան ատեն մը հեռատեսիլի մոլի էր։ Ան կ’ընդունի. «Իւրաքանչիւր վատ սովորութեան ետին՝ որուն անձնատուր եղած եմ, սովորաբար ‘անմեղ’ պատճառ մը կայ»։ Չափազանց հեռատեսիլ դիտելու իր սովորութեան պարագան ալ նոյնն էր։ Ան ինքն իրեն կ’ըսէր որ միայն «քիչ մը հանգստանալու» կամ՝ «փոփոխութեան» համար պիտի դիտէր։ Բայց անոր սովորութիւնը հսկողութենէ դուրս ելաւ. ան երկար ժամեր հեռատեսիլին դիմաց կը նստէր։ «Այս վատ սովորութիւնը առնուազն իմ հոգեւոր յառաջդիմութիւնս կասեցուց», կ’ըսէ ան։ Վճռակամ ջանքերով, ան հեռատեսիլ դիտելու տրամադրուած ժամանակը նուազեցուց եւ աւելի ընտրողական եղաւ։ «Միշտ կը փորձեմ յիշել թէ ինչո՛ւ ուզեցի այս սովորութենէն ձերբազատուիլ եւ այս որոշումիս վրայ հաստատ մնալու համար Եհովայի կ’ապաւինիմ», կ’ըսէ Սթէլլա։

Չարալամպօ անունով Քրիստոնեայ մը կը մատնանշէ վատ սովորութիւն մը, որ իր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանար՝ որ էր ձգձգելը։ «Երբ անդրադարձայ որ ձգձգելու սովորութիւնը վնասակար էր, սկսայ կեանքիս մէջ փոփոխութիւն մտցնել։ Երբ նպատակակէտեր կը դնէի, կը ծրագրէի թէ ճիշդ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս պիտի սկսէի անոնց վրայ աշխատիլ։ Իմ որոշումներուս ու ծրագիրներուս գործադրման մէջ կանոնաւոր ըլլալը բալասան մը եղաւ եւ ասիկա մինչեւ հիմա լաւ սովորութիւն մը դարձած է ինծի համար»։ Արդարեւ, լաւագոյն բանն է վատ սովորութիւնները փոխարինել՝ լաւերով։

Մեր ընկերներն ալ կրնան պատճառ ըլլալ որ լաւ կամ վատ սովորութիւններ զարգացնենք։ Լաւ սովորութիւնները վարակիչ են, ինչպէս նաեւ՝ վատերը։ Ճիշդ ինչպէս որ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն», լաւ ընկերներն ալ կրնան մեզի լաւ սովորութիւններ ընդօրինակելու նպաստել։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Ամենէն կարեւորը այն է թէ՝ սովորութիւնները կրնան Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը զօրացնել, կամ տկարացնել։ Սթէլլան կ’ըսէ. «Եթէ մեր սովորութիւնները լաւ ըլլան, անոնք կը դիւրացնեն Եհովայի ծառայելու մեր պայքարը։ Եթէ վնասակար ըլլան՝ անոնք մեր ջանքերուն արգելք կը հանդիսանան»։

Լաւ սովորութիւններ մշակեցէք եւ թոյլ տուէք որ անոնք ձեզ առաջնորդեն։ Անոնք ձեր կեանքին մէջ զօրաւոր եւ օգտակար ուժեր պիտի ըլլան։

[Նկար՝ էջ 19]

Կրակի նման՝ սովորութիւնները կրնան օգտակար կամ կործանարար ըլլալ

[Նկար՝ էջ 21]

Յիսուսի սովորութիւնն էր Շաբաթ օրը ժողովարան երթալ, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցանութիւնը լսելու

[Նկարներ՝ էջ 22]

Հոգեւոր լաւ սովորութիւններ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրացնեն