Ի՞նչի վրայ հիմնուած կը հաւատաք
Ի՞նչի վրայ հիմնուած կը հաւատաք
Հաւատալու սահմանումն է՝ «ընդունիլ՝ որպէս ճշմարիտ, հարազատ, կամ իսկական»։ Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարութիւն–ը կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր անհատի «մտքի, խղճի ու կրօնքի ազատութեան իրաւունքը»։ Այս իրաւունքը կը պարփակէ «իր կրօնքը կամ հաւատքը փոխելու» անհատին ազատութիւնը՝ եթէ ան կը փափաքի։
ՍԱԿԱՅՆ, ինչո՞ւ անհատ մը պիտի ուզէ իր կրօնքը կամ հաւատքը փոխել։ Սովորաբար մարդիկ հետեւեալ տեսակէտը կ’արտայայտեն. «Ես իմ հաւատքս ունիմ եւ անով գոհ եմ»։ Շատեր կը խորհին թէ նոյնիսկ սխալ հաւատալիքները, մէկու մը վնաս չեն հասցներ։ Օրինակ, մէկը որ կը հաւատայ թէ երկիրը տափարակ է, հաւանաբար ո՛չ ինքնիրեն ո՛չ ալ ուրիշին կը վնասէ։ Ոմանք կ’ըսեն թէ՝ «պարզապէս պէտք է ընդունինք մեր տարակարծութիւնները»։ Ասիկա ընելը միշտ խոհեմութի՞ւն է։ Բժիշկ մը պիտի գոհանա՞ր համակարծիք չըլլալով, եթէ իր պաշտօնակիցներէն մէկը շարունակէր հաւատալ թէ ինք դիարանին մէջ դիակները զննելէ ետք կրնայ ուղղակի երթալ հիւանդանոց ու հիւանդները քննել։
Ինչ կը վերաբերի կրօնքին, սխալ համոզումներ պատմականօրէն մեծ վնասներ հասցուցած են։ Պահ մը խորհեցէք այն սարսափազդու բաներուն մասին որ պատահած են, երբ կրօնական առաջնորդներ «ոգեւորած են Քրիստոնեայ նախանձայոյզներ, որ անգութ բռնութեան դիմեն», Միջին Դարերու այդպէս կոչուած Սուրբ Խաչակրութիւններու ընթացքին։ Կամ խորհեցէք վերջերս տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ, արդի «Քրիստոնեայ» զինեալներուն մասին, որոնք «իրենց սուրերու կոթերուն վրայ սուրբերու անուններ կրող միջնադարեան ռազմիկներու նման, իրենց զէնքերուն կոթերուն վրայ ‘Կոյսին’ պատկերները փակցուցած էին»։ Այս բոլոր նախանձայոյզները կը հաւատային թէ իրենք շիտակ էին։ Սակայն, բացայայտօրէն, այս եւ այլ կրօնական պայքարներու ու կռիւներու մէջ բան մը կար որ անժխտելիօրէն սխալ էր։
Ինչո՞ւ այսքան շատ խառնաշփոթութիւն ու պայքարներ կան։ Աստուածաշունչին պատասխանը այն է թէ Բանսարկու Սատանան ‘բոլոր աշխարհը կը մոլորեցնէ’։ (Յայտնութիւն 12։9. Բ. Կորնթացիս 4։4. 11։3) Պօղոս առաքեալ զգուշացուց թէ կրօնասէր մարդոցմէ շատեր, դժբախտաբար, ‘կորստեան պիտի մատնուէին’, քանի որ պիտի խաբուէին Սատանայէն, որ ‘խաբէութեան զօրաւոր գործեր եւ անիրաւութեան պատրանքներ’ պիտի կատարէր։ Պօղոս ըսաւ որ այսպիսիներ պիտի ‘չընդունէին ճշմարտութեան սէրը, որպէսզի փրկուէին’, հետեւաբար ‘սուտին պիտի հաւատային’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9-12, Երուսաղէմ) Ի՞նչպէս կրնաք սուտի մը հաւատալու կարելիութիւնը նուազեցնել։ Կամ, իրականութեան մէջ, ի՞նչի վրայ հիմնուած կը հաւատաք։
Ա՞յսպէս Դաստիարակուած Էք
Թերեւս ձեր ընտանիքին հաւատքով դաստիարակուած էք։ Ասիկա լաւ բան մը կրնայ ըլլալ։ Աստուած կ’ուզէ որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն։ (Բ. Օրինաց 6։4-9. 11։18-21) Երիտասարդ Տիմոթէոսը, զոր օրինակ, իր մօրը ու մեծ մօրը մտիկ ընելով մեծապէս օգտուեցաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15) Սուրբ Գրութիւնները կը քաջալերեն որ մէկը իր ծնողքին ունեցած հաւատքին հանդէպ յարգանք ունենայ։ (Առակաց 1։8. Եփեսացիս 6։1) Սակայն, ձեր Ստեղծիչը կ’ուզէ՞ր որ հաւատաք բանի մը, պարզապէս անոր համար որ ձեր ծնողքը անոր կը հաւատան։ Նախկին սերունդներուն հաւատացած եւ ըրած բաներուն անխորհրդաբար կառչիլը, արդարեւ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ։—Սաղմոս 78։8. Ամովսայ 2։4
Յիսուս Քրիստոսի հանդիպած Սամարացի կինը Սամարացիներու կրօնքով դաստիարակուած էր։ (Յովհաննու 4։20) Յիսուս յարգեց իր ուզած բանին հաւատալու կնոջ ազատութիւնը, բայց նաեւ մատնանշեց. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար»։ Արդարեւ, անոր կրօնական հաւատալիքներուն մեծ մասը սխալ էր, ուստի անոր ըսաւ թէ իր հաւատալիքներուն մէջ փոփոխութիւններ պէտք էր մտցնէր, եթէ կ’ուզէր ընդունելի կերպով՝ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»՝ Աստուած պաշտել։ Փոխանակ կառչած մնալու այն հաւատալիքներուն, որոնք հաւանաբար սիրելի էին իրեն, ինք եւ ուրիշներ ժամանակի ընթացքին, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յայտնուած ‘հաւատքին պէտք էր յարէին’։—Յովհաննու 4։21-24, 39-41. Գործք 6։7
Սորվեցուցա՞ծ Են որ Հաւատաք
Մասնագիտական մարզերու մէջ գտնուող բազմաթիւ ուսուցիչներ եւ հեղինակութիւններ մեծ յարգանքի արժանի են։ Սակայն, պատմութիւնը լեցուն է անուանի ուսուցիչներու օրինակներով, որոնք բոլորովին սխալ էին։ Օրինակ, գիտական հարցերու շուրջ Յոյն իմաստասէր Արիստոտէլի կողմէ գրուած երկու գրքերու մասին, պատմաբան Պէրթրանտ Ռասըլ ըսաւ թէ «արդի գիտութեան լոյսին տակ, երկու գրքերուն մէջէն գրեթէ ո՛չ մէկ նախադասութիւն ընդունելի է»։ Նոյնիսկ մերօրեայ հեղինակութիւններ յաճախ շշմեցուցիչ կերպով սխալ եզրակացութիւններու կը յանգին։ 1895–ին, Անգլիացի գիտնական Լորտ Քէլվին ինքնավստահ կերպով պնդեց. «Անկարելի է օդէն ծանր կշռող թռչող մեքենաներ հնարել»։ Հետեւաբար, իմաստուն անհատ մը, կուրօրէն չի հաւատար որ բան մը շիտակ է, պարզ անոր համար որ հեղինակաւոր ուսուցիչ մը այդպէս կ’ըսէ։—Սաղմոս 146։3
Միեւնոյն զգուշութիւնը ի գործ դնելու կարիքը կայ, երբ հարցը կրօնական կրթութեան կը վերաբերի։ Պօղոս առաքեալ իր կրօնական ուսուցիչներէն լաւ կրթութիւն ստացած էր եւ ‘իր հայրենի աւանդութիւններուն խիստ նախանձախնդիր’ էր։ Սակայն, իր նախահայրերուն աւանդական հաւատալիքներուն հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը, ուղղակի խնդիրներ յարուց իրեն։ Անիկա ‘Աստուծոյ եկեղեցին հալածելու ու կործանելու’ առաջնորդեց զինք։ (Գաղատացիս 1։13, 14. Յովհաննու 16։2, 3) Աւելի վատը, երկար ժամանակ Պօղոս շարունակեց «խթանի դէմ կից զարնել», դէմ դնելով այն ազդեցութիւններուն, որոնք զինք Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելու պէտք էր առաջնորդէին։ Պօղոս իր հաւատալիքները վերաճշդելու համար, հարկ եղաւ որ Յիսուս անձամբ հզօր կերպով միջամտէր։—Գործք 9։1-6. 26։14
Լրատուակա՞ն Միջոցներէն Ազդուած Էք
Թերեւս լրատուական սպասարկութիւններ մեծապէս ազդած են ձեր հաւատալիքներուն։ Մարդոց մեծամասնութիւնը ուրախ են որ լրատուական միջոցներուն մէջ խօսքի ազատութիւն կայ, եւ ասիկա օգտակար տեղեկութիւնները մատչելի կը դարձնէ իրենց։ Սակայն, զօրաւոր ուժեր կան որոնք կրնան ազդեցութիւն բանեցնել լրատուական սպասարկութիւններուն վրայ եւ յաճախ կ’ընեն ասիկա։ Յաճախ, ներկայացուածը նախապաշարուած տեղեկութիւններ են, որոնք կրնան խորամանկօրէն ազդել ձեր մտածելակերպին։
Ասկէ զատ, աւելի մեծ թիւով հանդիսականներ գրաւելու կամ հրապուրելու համար, Եսայեայ 5։20. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10
լրատուական սպասարկութիւններ յաճախ զգայացունց եւ արտակարգ բաներ ծանուցանելու հակումը ունին։ Ինչ որ քանի մը տարի առաջ արտօնուած չէր որ հանրութիւնը լսէր կամ կարդար, այժմ սովորական բան մը դարձած է։ Թէեւ դանդաղօրէն, սակայն վարուելակերպի հաստատուած չափանիշներ յարձակման կ’ենթարկուին եւ աստիճանաբար կը կորսուին։ Մարդոց մտածելակերպը հետզհետէ կը խեղաթիւրուի։ Անոնք կը սկսին հաւատալ թէ ‘չարը՝ բարի է եւ բարին՝ չար’։—Հաւատալու Հաստատ Հիմ մը Գտնել
Մարդոց գաղափարներուն եւ փիլիսոփայութիւններուն վրայ շինելը, աւազի վրայ տուն շինելու կը նմանի։ (Մատթէոս 7։26. Ա. Կորնթացիս 1։19, 20) Ուստի, ձեր հաւատալիքները ի՞նչի վրայ կրնաք վստահօրէն հիմնել։ Քանի որ Աստուած ձեզի մտային կարողութիւն տուած է, որ ձեր շուրջի աշխարհը հետազօտէք եւ հոգեւոր հարցերու շուրջ հարցումներ հարցնէք, տրամաբանական չի՞ թուիր որ ան ձեր հարցումներուն ճշգրիտ պատասխաններ գտնելու միջոց մըն ալ հայթայթէ ձեզի։ (Ա. Յովհաննու 5։20) Վստա՛հաբար։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնաք հաստատել թէ պաշտամունքի հարցին մէջ ի՛նչն է ճշմարիտը, հարազատը, կամ իսկականը։ Չենք վարանիր ըսելու թէ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ասիկա ընելու միա՛կ հիմը կը հայթայթէ։—Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
Սակայն, անհատ մը պիտի ըսէ. «Վայրկեա՛ն մը. Աստուածաշունչը ունեցողները չե՞ն որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող կռիւներուն եւ խառնաշփոթութեան գլխաւոր պատճառը եղած են»։ Ճի՛շդ է որ Աստուածաշունչին հետեւիլ դաւանող կրօնական առաջնորդներ բազմաթիւ շփոթեցուցիչ եւ հակասական գաղափարներ յառաջ բերած են։ Ասոր պատճառը այն է որ անոնք իրենց հաւատալիքները Աստուածաշունչին վրայ չեն հիմնած։ Պետրոս առաքեալ զանոնք կը նկարագրէ որպէս «սուտ մարգարէներ» եւ «սուտ վարդապետներ», որոնք «կորստաբեր հերձուածներ» պիտի ստեղծէին։ Անոնց գործունէութիւններուն որպէս հետեւանք, կ’ըսէ Պետրոս, «ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն»։ (Բ. Պետրոս 2։1, 2) Այսուհանդերձ, Պետրոս կը գրէ. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը»։—Բ. Պետրոս 1։19. Սաղմոս 119։105
Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ մեր հաւատալիքները անոր ուսուցումներուն լոյսին տակ քննենք։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Այս պարբերաթերթը ընթերցող միլիոնաւորներ կրնան վկայել թէ ասիկա ընելը իրենց կեանքին նպատակ եւ կայունութիւն աւելցուցած է։ Ուստի ազնիւ Բերիացիներուն նման եղէք։ Ձեր հաւատալիքները որոշելէ առաջ ‘ամէն օր գրքերը քննեցէք’։ (Գործք 17։11) Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի այս ուղղութեամբ։ Անշուշտ, դո՛ւք էք որ պիտի որոշէք թէ ի՛նչի կ’ուզէք հաւատալ։ Սակայն, իմաստութիւն է վստահ ըլլալ թէ ձեր հաւատալիքները ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան եւ ցանկութիւններուն վրայ կաղապարուած են՝ այլ, Աստուծոյ Խօսքին յայտնուած ճշմարտութեան վրայ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. 5։21
[Նկարներ՝ էջ 6]
Վստահութեամբ կրնաք ձեր հաւատալիքները Աստուածաշունչին վրայ հիմնել