Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Դանիէլ ո՞ւր կը գտնուէր, երբ երեք Եբրայեցիները փորձի ենթարկուեցան այն հսկայ արձանին առջեւ, որ Նաբուգոդոնոսոր կանգնեցուցած էր Դուրա դաշտին մէջ։
Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր այս մասին, հետեւաբար, ներկայիս ոեւէ անհատ չի կրնար հետեւցնել թէ Դանիէլ ո՛ւր կը գտնուէր այդ փորձի ընթացքին։
Ոմանք ենթադրած են թէ Դանիէլի բարձր պաշտօնին, կամ Նաբուգոդոնոսորի կողմէ իր վայելած առանձնաշնորհումներուն համար Սեդրաքէն, Միսաքէն եւ Աբեդնագովէն բարձր դիրք մը ունենալուն պատճառաւ, Դանիէլ ստիպուած չէր Դուրա դաշտը երթալու։ Դանիէլ 2։49–ն ցոյց կու տայ թէ ատեն մը Դանիէլ իր երեք ընկերակիցներէն աւելի բարձր պաշտօն մը կը վարէր։ Սակայն, չենք կրնար փաստել թէ ասիկա զինք զերծ պահեց արձանին առջեւ միւսներուն հետ հաւաքուելէ։
Դանիէլի բացակայութիւնը մեկնելու փորձ ընելով, ուրիշներ ըսած են որ, թերեւս ան պաշտօնական նշանակումով մը երկրէն դուրս կը գտնուէր, կամ՝ հիւանդ ըլլալով չէր կրցած ներկայ ըլլալ։ Սակայն, Աստուածաշունչը այդպիսի բան մը չ’ըսեր։ Ամենայնդէպս, Դանիէլի ընթացքը քննադատութեան տեղի չտուաւ, քանի որ եթէ տար, Բաբելոնացի նախանձ պաշտօնատարներ անկասկած այս դէպքը պիտի օգտագործէին իրեն դէմ ամբաստանութիւններ ուղղելու համար։ (Դանիէլ 3։8) Այս միջադէպէն առաջ եւ վերջ, Դանիէլ փաստեց թէ ինք ուղղամիտ անհատ մըն էր, Աստուծոյ հաւատարիմ՝ ի՛նչ փորձութեան դիմաց ալ գտնուէր։ (Դանիէլ 1։8. 5։17. 6։4, 10, 11) Հետեւաբար, թէեւ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Դանիէլ ինչո՛ւ ներկայ չէր Դուրա դաշտին մէջ, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ ան Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութեան մէջ զիջում չէր ըներ։—Եզեկիէլ 14։14. Եբրայեցիս 11։33