Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատալու ձեր իրաւասութիւնը

Հաւատալու ձեր իրաւասութիւնը

Հաւատալու ձեր իրաւասութիւնը

Հաւանաբար հաւատալու ձեր իրաւասութիւնը մեծապէս կ’արժեւորէք։ Գրեթէ ամէն ոք նոյն զգացումը ունի։ Այս իրաւասութիւնը ի գործ դնելով, երկրի վեց միլիառ բնակիչները հաւատալիքներու զարմանալի այլազանութիւն մը յառաջ բերած են։ Ստեղծագործութեան մէջ գտնուած գոյնի, ձեւի, կազմուածքի, համի, հոտի, եւ ձայնի այլազանութեան նման, հաւատալիքներու այլազանութիւնը, կեանքը յաճախ աւելի հետաքրքրական, ոգեւորիչ ու հաճելի կը դարձնէ։ Այսպիսի այլազանութիւն կրնայ իրապէս կեանքին համ տալ։—Սաղմոս 104։24

ՍԱԿԱՅՆ պէտք է զգոյշ ըլլալ։ Կարգ մը համոզումներ ո՛չ միայն տարբեր են, այլեւ՝ վտանգաւոր։ Երբեմն որոշ ազգատոհմերու մասին ծրագրուած սուտեր կ’ըսուին, անոնց դէմ ատելութիւն գրգռելու համար։ Բրիտանական Թանգարանէն Մարք Ճոնզ կ’ըսէ. ‘Այսպիսի սուտեր խափանելը դժուար է’։ Անգամ մը որ մարդիկ զանոնք ընդունին, անոնք շատ դառն, թունաւոր եւ վտանգաւոր հաւատալիքներ յառաջ կը բերեն, որոնք յաճախ աղիտալի հետեւանքներ կ’ունենան, ինչպէս 20–րդ դարու պատմութիւնը ցոյց տուած է։—Առակաց 6։16-19

Ճշմարտութեան Ընդդիմացող Համոզում

Անշուշտ, սխալ համոզումներ նոյնիսկ առանց դիտումնաւոր սուտերու կրնան զարգանալ։ Երբեմն, պարզապէս կարգ մը բաներ սխալ կը մեկնենք։ Քանի՜ հոգիներ վաղահաս մահուան հանդիպած են, ընելով բաներ՝ զորս շիտակ կարծած են։ Նաեւ, յաճախ կը հաւատանք բանի մը, պարզապէս քանի որ կ’ուզենք անոր հաւատալ։ Փրոֆէսէօր մը կ’ըսէ թէ նոյնիսկ գիտնականներ «յաճախ իրենց շինած վարկածներուն կը սիրահարին»։ Անոնց համոզումները կը մթագնեն իրենց շիտակ դատողութիւնը։ Ապա իրենց ամբողջ կեանքը կ’անցընեն փորձելով սխալ համոզումներու սատար կանգնիլ։—Երեմեայ 17։9

Նոյնը պատահած է կրօնական հաւատալիքներու, ուր հսկայական հակասութիւններ գոյութիւն ունին։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1. Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4) Անհատ մը Աստուծոյ հանդէպ խոր հաւատք ունի։ Ուրիշ մը կ’ըսէ թէ մարդիկ «պարզապէս լուսնի շողերով հաւատք կը հիւսեն»։ Մէկը կ’ըսէ թէ անմահ հոգի մը ունիք որ մահուընէ ետք կը վերապրի։ Ուրիշ մը կը հաւատայ թէ երբ մեռնիք, բոլորովին ու ամբողջովին գոյութենէ կը դադրիք։ Բացայայտօրէն, այսպիսի հակասական հաւատալիքներուն բոլորը չեն կրնար ճշմարտութիւն ըլլալ։ Ուստի, իմաստութիւն չէ՞ ստուգել թէ ձեր հաւատալիքները իրապէս շիտակ են ու ո՛չ թէ պարզապէս բաներ են, որոնց կ’ուզէք հաւատալ։ (Առակաց 1։5) Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։ Յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննէ։