Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր յառաջդիմութեան խոչընդոտները յաղթահարեցէք

Ձեր յառաջդիմութեան խոչընդոտները յաղթահարեցէք

Ձեր յառաջդիմութեան խոչընդոտները յաղթահարեցէք

ՁԵՐ ինքնաշարժին կեռանիւը միացուած է, շարժակը կ’աշխատի, սակայն ինքնաշարժը առջեւ չ’երթար։ Մեքենայակա՞ն խնդիր մըն է։ Ո՛չ, անիւներէն մէկուն առջեւ մեծ քար մը կայ։ Զայն հանելը բաւարար պիտի ըլլայ որ ինքնաշարժը առաջ շարժի։

Նոյնպէս, Եհովայի Վկաներուն հետ ուսումնասիրողներէն ոմանք, խոչընդոտներ ունին, որոնք իրենց հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանան։ Օրինակ, Յիսուս զգուշացուց թէ ‘աշխարհիս զբաղմունքին եւ հարստութեան խաբէութեան’ նման բաներ, ճշմարտութեան ‘խօսքը կրնան խեղդել’ եւ անոր աճման արգելք ըլլալ։—Մատթէոս 13։22

Ուրիշներու համար, ժառանգական սովորութիւններ կամ տկարութիւններ իրենց յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանան։ Եութաքա անունով Ճափոնցի մարդ մը Աստուածաշունչին պատգամը սիրեց, սակայն, ան բախտախաղի բռնուած էր։ Ան յաճախ փորձած էր այս մոլութենէն ձերբազատուիլ, սակայն չէր յաջողած։ Իր մոլութեան պատճառաւ կորսնցուցած էր՝ մեծ գումար մը, երեք տուն, իր ընտանիքին յարգանքն ու իր արժանապատուութիւնը։ Ան կրնա՞ր այս խոչընդոտը վերցնել եւ Քրիստոնեայ մը ըլլալ։

Կամ նկատի առէք Քէյգօ անունով կնոջ մը պարագան։ Աստուածաշունչին օգնութեամբ, ան ձերբազատուած էր կռապաշտութեան, անբարոյութեան եւ բախտագուշակութեան նման գէշ սովորութիւններէ։ Սակայն, Քէյգոն կը խոստովանի. «Ինծի համար ամենամեծ խոչընդոտը ծխելն էր։ Շատ անգամ փորձեցի հրաժարիլ, բայց չկրցայ»։

Թերեւս դուք ալ ունիք երեւութապէս անշարժ խոչընդոտ մը, որ ձեր յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ անիկա, վստահ եղէք թէ Աստուծոյ օգնութեամբ, կարելի է զայն յաղթահարել։

Մտաբերեցէք, լուսնոտ մարդէ մը դեւ մը հանելու կարող չըլլալէ ետք, իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի խրատը։ Երբ Յիսուս յաջողեցաւ այն բանին մէջ, ուր անոնք ձախողած էին, ան ըսաւ իր աշակերտներուն. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի»։ (Մատթէոս 17։14-20. Մարկոս 9։16-28) Այո, խնդիր մը որ մեզի համար լեռնանման կրնայ երեւնալ, մեր ամենակալ Ստեղծիչին աչքին փոքր եւ աննշան է։—Ծննդոց 18։14. Մարկոս 10։27

Յառաջդիմութեան Արգելք Հանդիսացող Բաները Բնորոշել

Ձեր խոչընդոտները յաղթահարելէ առաջ, պէտք է բնորոշէք թէ ի՛նչ են անոնք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։ Երբեմն ժողովքի անդամ մը, օրինակ՝ երէց մը կամ ձեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող անհատը, բան մը ձեր ուշադրութեան պիտի յանձնէ։ Փոխանակ այսպիսի սիրալիր խրատի մը համար ընդվզելու, պէտք է խոնարհաբար ‘խրատի մտիկ ընէք ու իմաստուն ըլլաք’։ (Առակաց 8։33) Ուրիշ ատեններ, ձեր տկարութիւններուն կը գիտակցիք, Աստուածաշունչի ձեր անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ։ Այո, Աստուծոյ խօսքը «կենդանի է ու զօրեղ»։ (Եբրայեցիս 4։12) Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կարդալը կրնայ ձեր խորին մտածումները, զգացումներն ու շարժառիթները երեւան հանել։ Անիկա կ’օգնէ որ ձեր անձերը Եհովայի վեհ չափանիշներուն հետ համեմատէք։ Անիկա կը յայտնէ եւ կը բնորոշէ բաներ, որոնք կրնան ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը խափանել։—Յակոբու 1։23-25

Օրինակ, ենթադրենք թէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը անբարոյ մտահաճոյքներու անձնատուր ըլլալու սովորութիւնը ունի։ Թերեւս ան վնաս մը չի տեսներ ասոր մէջ, խորհելով թէ ինք սխալ արարք մը չ’ըներ։ Իր ուսումնասիրութեան ընթացքին, ան Յակոբու 1։14, 15–ի խօսքերուն կը հանդիպի. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։ Այժմ ան կը տեսնէ թէ իր յառաջդիմութիւնը որքա՛ն պիտի վնասուի, եթէ շարունակէ այս ընթացքին մէջ։ Ան ի՞նչպէս կրնայ մէջտեղէն վերցնել այս խոչընդոտը։—Մարկոս 7։21-23

Խոչընդոտները Յաղթահարել

Թերեւս հասուն Քրիստոնեայի մը օգնութեամբ, աշակերտը կրնայ քիչ մը յաւելեալ հետազօտութիւն ընել Աստուծոյ Խօսքին մէջ, գործածելով՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը։ * Օրինակի համար, «Խորհուրդներ» նիւթը, ընթերցողը կ’ուղղէ կարգ մը հրատարակուած յօդուածներու, որոնք վնասակար պատրանքները յաղթահարելու նիւթը ձեռք կ’առնեն։ Այս յօդուածները Աստուածաշունչի օգտակար համարներ ուշադրութեան կը յանձնեն, ինչպէս Փիլիպպեցիս 4։8–ն, որ կ’ըսէ՝ «Եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ Այո, անբարոյ խորհուրդներուն տեղը պէտք է առնեն մաքուր ու շինիչ խորհուրդներ։

Իր հետազօտութեան ընթացքին, անկասկած աշակերտը Աստուածաշունչի ուրիշ սկզբունքներու ալ պիտի հանդիպի, որոնք պիտի օգնեն իրեն, որ իր խնդիրը բարդացնելէ խուսափի։ Օրինակ, Առակաց 6։27–ն եւ Մատթէոս 5։28–ն, անհատին միտքը սեռային գետնի վրայ գրգռիչ նիւթերով սնուցանելու դէմ կը զգուշացնեն։ Սաղմոսերգուն աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն»։ (Սաղմոս 119։37) Անշուշտ, Աստուածաշունչի այս համարները պարզապէս կարդալը բաւարար չէ։ «Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ», կ’ըսէ իմաստունը։ (Առակաց 15։28) Աշակերտը իմաստութիւն եւ Եհովայի ճամբաներուն մասին աւելի խոր հասկացողութիւն մը կ’ունենայ, ոչ միայն մտածելով Աստուծոյ պատուիրաններուն ի՛նչ ըլլալուն մասին, այլ նաեւ՝ այդ պատուէրները ինչո՛ւ տրուած ըլլալուն մասին։

Վերջապէս, իր յառաջդիմութեան խոչընդոտ եղող բանը յաղթահարելու ջանք թափող անհատը պէտք է անդադար Եհովայէ օգնութիւն խնդրէ։ Ի վերջոյ, Եհովան գիտէ մեր կազմուածքը, գիտէ թէ անկատար ենք՝ հողէ շինուած։ (Սաղմոս 103։14) Օգնութեան համար Աստուծոյ մատուցուած յարատեւ աղօթքներն ու անբարոյ պատրանքներու անձնատուր ըլլալէ խուսափելու ջանքերը, ի վերջոյ շատ փափաքելի արդիւնք մը պիտի տան. մաքուր ու թեթեւ խղճմտանք մը։—Եբրայեցիս 9։14

Ձեր Ձեռքերը Մի՛ Թուլցնէք

Ձեր պայքարը ի՛նչ որ ըլլայ, պէտք է գիտակցիք թէ ընկրկումներ պիտի ունենաք երբեմն։ Երբ ասիկա պատահի բնական է ընդվզիլ եւ յուսահատիլ։ Բայց ձեր միտքը բերէք Գաղատացիս 6։9–ի խօսքերը. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։ Դաւիթի եւ Պետրոսի նման Աստուծոյ նուիրուած ծառաներ նուաստացուցիչ թերացումներ ունեցան։ Բայց անոնք տեղի չտուին։ Անոնք հեզութեամբ խրատ ընդունեցին, հարկ եղած փոփոխութիւնները ըրին եւ ապացուցանեցին որ Աստուծոյ կարկառուն ծառաներ են։ (Առակաց 24։16) Հակառակ Դաւիթի սխալին, Եհովա զինք կոչեց՝ «իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ»։ (Գործք 13։22) Պետրոս ալ իր սխալները նուաճեց եւ քրիստոնէական ժողովքի սիւներէն մէկը եղաւ։

Շատեր ներկայիս խոչընդոտներ յաղթահարելու մէջ նոյնանման յաջողութիւն արձանագրած են։ Նախապէս յիշուած Եութաքան, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան հրաւէր մը ընդունեց։ Ան կը պատմէ. «Իւրաքանչիւր առած քայլիս վրայ Եհովայի օգնութիւնն ու օրհնութիւնը ինծի օգնեցին որ խաղամոլութեան խնդիրս յաղթահարեմ։ Իրապէս ուրախ եմ Յիսուսի խօսքերուն շիտակ ըլլալը իմ անձիս վրայ զգալով, թէ հաւատքը, նոյնիսկ ‘լեռները’ կը տեղափոխէ»։ Ժամանակի ընթացքին, Եութաքան ժողովքին մէջ օգնական ծառայ մը եղաւ։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քէյգոյին մասին, որ ծխախոտի մոլի էր։ Իրեն հետ ուսումնասիրող քոյրը թելադրեց որ ան ծխախոտի մոլութեան մասին Զարթի՛ր–ի տարբեր թիւեր կարդար։ Քէյգոն Բ. Կորնթացիս 7։1–ի խօսքերն ալ բացայայտ կերպով դրաւ իր ինքնաշարժին մէջ, ամէն օր յիշելու համար թէ Եհովայի աչքին մաքուր պէտք է մնայ։ Այս բոլորով հանդերձ, ան ծխախոտը չկրցաւ ձգել։ Քէյգոն կը վերյիշէ. «Ինքզինքիս դէմ շատ բարկացած էի։ Ուստի սկսայ ես ինծի հարցնել թէ իրապէս ի՛նչ կ’ուզէի. Եհովայի՞ կ’ուզէի ծառայել, թէ՝ Սատանայի»։ Երբ որոշեց թէ Եհովայի կ’ուզէր ծառայել, սրտանց օգնութիւն խնդրեց։ Ան կ’ըսէ. «Զա՛րմացայ. առանց չափազանց տառապելու ծխելը դադրեցուցի։ Միայն կը ցաւիմ որ չկրցայ աւելի կանուխ ընել ասիկա»։

Դուք ալ կրնաք յաջողութեամբ պսակել խոչընդոտները յաղթահարելու ձեր ջանքերը։ Ո՛րքան ձեր խորհուրդները, ցանկութիւնները, խօսքերն ու արարքները Աստուածաշունչի չափանիշներուն համեմատ ըլլան, ա՛յնքան աւելի ձեր անձին հանդէպ յարգանք ու ինքնավստահութիւն պիտի շահիք։ Ձեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ ընտանիքի անդամները ձեր ընկերակցութեամբ պիտի թարմանան ու քաջալերուին։ Ամենէն կարեւորը, Եհովա Աստուծոյ հետ ձեր յարաբերութիւնը պիտի խորացնէք։ Ան խոստացաւ որ երբ անհատներ Սատանայի իշխանութենէն կը փորձեն խուսափիլ, Ան ‘խոչը իր ժողովուրդին ճամբայէն պիտի վերցնէ’։ (Եսայեայ 57։14) Իսկ վստահ կրնաք ըլլալ որ մինչ ձեր հոգեւոր յառաջդիմութեան խոչընդոտները յաղթահարելու համար ջանք կը թափէք, Եհովա առատօրէն պիտի օրհնէ ձեզ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Զանազան լեզուներով հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 28]

Յիսուս խոստացաւ որ հաւատքով՝ լեռնանման խոչընդոտներ կրնային յաղթահարուիլ

[Նկար՝ էջ 30]

Աստուածաշունչ կարդալը կը զօրացնէ հոգեւոր թերութիւններ յաղթահարելու մեր ջանքերը