Քու յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
Քու յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։15
1. Ի՞նչպէս կրնաք ըսել թէ պտուղ մը հասուն եւ ուտուելու պատրաստ է։
ՁԵՐ մտքին մէջ երեւակայեցէք ձեր նախասիրած պտուղը՝ դեղձ, տանձ, սալոր, կամ ուրիշ պտուղ մը։ Կրնա՞ք ըսել թէ անիկա ե՛րբ հասուն եւ ուտուելու պատրաստ կ’ըլլայ։ Շատ վստահաբար։ Անոր հոտէն եւ գոյնէն, նաեւ դպնալով կրնաք գիտնալ թէ ուտելու հաճելի փորձառութիւն մը կը սպասէ ձեզ։ Անկէ խայծ մը առնելէ ետք, թերեւս գոհունակութեան բացագանչութիւն մը արձակէք։ Ի՜նչ հիւթեղ է։ Ի՜նչ համեղ է։ Անիկա մեծ հաճոյք կը պատճառէ ձեզի։
2. Հասունութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի, եւ անիկա ուրիշներու հետ մեր ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
2 Այս պարզ սակայն հաճելի փորձառութիւնը կեանքի այլ մարզերու մէջ ալ կը կիրարկուի։ Պտուղի հասունութեան պարագային նման, անհատի մը հոգեւոր հասունութիւնն ալ զանազան կերպերով կը նկատուի։ Անհատի մը հասունութիւնը կը նշմարենք, երբ ան հասկացողութիւն, ներատեսութիւն, իմաստութիւն եւ այլ յատկութիւններ կը ցուցաբերէ։ (Յոբայ 32։7-9) Իրապէս հաճելի է ընկերակցիլ ու գործել անհատներու հետ, որոնք իրենց վերաբերմունքին եւ արարքներուն մէջ այսպիսի յատկութիւններ կը ցուցաբերեն։—Առակաց 13։20
3. Իր օրուան մարդոց մասին Յիսուսի տուած նկարագրութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ հասունութեան մասին։
3 Միւս կողմէ, անհատ մը կրնայ ֆիզիքապէս չափահաս ըլլալ, սակայն իր խօսելակերպն ու վարուելակերպը կրնայ յայտնել թէ ան զգացական ու հոգեւոր գետնի վրայ տհաս է։ Օրինակ, իր օրուան կամակոր սերունդին մասին խօսելով, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը’»։ Թէեւ այս մարդիկը ֆիզիքապէս չափահաս էին, սակայն Յիսուս ըսաւ որ անոնք «տղոց»՝ անչափահասներու՝ նման Մատթէոս 11։16-19, Երուսաղէմ, ստորանիշ։
կը վարուէին։ Ուստի, ան աւելցուց. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր գործերէն»։—4. Յառաջդիմութիւնն ու հասունութիւնը ի՞նչ կերպերով յայտնի կ’ըլլան։
4 Յիսուսի խօսքերէն կրնանք տեսնել թէ անհատի մը ճշմարիտ իմաստութիւն ունենալը՝ հասունութիւն յատկորոշող նշանը՝ յայտնի կ’ըլլայ իր կատարած արարքներէն եւ անոնց արդիւնքներէն։ Նոյն գծով, նկատի առէք Տիմոթէոսի տուած Պօղոս առաքեալի խրատը։ Տիմոթէոսի հետամուտ ըլլալիք բաները թուելէ ետք, Պօղոս ըսաւ. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Այո, Քրիստոնեայի մը դէպի հասունութիւն յառաջդիմելը «յայտնի» կ’ըլլայ, կամ՝ բացայայտօրէն տեսանելի կ’ըլլայ։ Քրիստոնէական հասունութիւնը փայլող լոյսի մը նման է. անիկա անտեսանելի կամ պահուած յատկութիւն մը չէ։ (Մատթէոս 5։14-16) Հետեւաբար, երկու գլխաւոր կերպեր նկատի պիտի առնենք, որոնց մէջ յառաջդիմութիւնն ու հասունութիւնը կրնան յայտնի ըլլալ. (1) գիտութեան, հասկացողութեան եւ իմաստութեան մէջ աճիլ. (2) հոգիին պտուղները ցուցաբերել։
Հաւատքի ու Գիտութեան Մէջ Միութիւն
5. Հասունութիւնը ի՞նչպէս կրնայ սահմանուիլ։
5 Շատ մը բառարաններ հասունութիւնը կը բնութագրեն որպէս վիճակ մը, որ լման կերպով մշակուած, լիովին աճելով՝ վերջնական վիճակի կամ փափաքելի չափանիշի մը հասած է։ Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, պտուղ մը հասուն է, երբ անիկա իր աճման բնական ընթացքը ամբողջացուցած է եւ անոր երեւոյթը, գոյնը, հոտը եւ համը փափաքելի նկատուած վիճակի մը հասած են։ Հետեւաբար, հասունութիւնը՝ գերազանցութեան, ամբողջութեան, նոյնիսկ կատարելութեան հոմանիշ է։—Եսայեայ 18։5, ՆԱ. Մատթէոս 5։45-48. Յակոբու 1։4
6, 7. (ա) Ի՞նչը ցոյց կու տայ թէ Եհովա անկեղծօրէն հետաքրքրուած է որ իր բոլոր երկրպագուները հոգեւոր հասունութեան դիմեն։ (բ) Հոգեւոր հասունութիւնը ի՞նչ բանի հետ սերտօրէն առնչուած է։
6 Եհովա Աստուած անկեղծօրէն հետաքրքրուած է որ իր բոլոր երկրպագուները հոգեւոր հասունութեան դիմեն։ Այս նպատակաւ ան հոյակապ կարգադրութիւններ ըրած է քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար. մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն [«ճշգրիտ գիտութեան», ՆԱ] միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու. որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։—Եփեսացիս 4։11-14
7 Այս համարներուն մէջ, Պօղոս բացատրեց թէ ժողովքին մէջ այսքան շատ հոգեւոր հայթայթումներ ընելուն Աստուծոյ պատճառներէն ոմանք էին, որպէսզի բոլորն ալ՝ ‘հաւատքի ու ճշգրիտ գիտութեան մէջ միաբանութեան հասնին’, ‘կատարեալ մարդ ըլլան’ եւ ‘Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենան’։ Միայն այն ատեն է որ սուտ գաղափարներու եւ ուսուցումներու պատճառաւ հոգեւոր մանուկներու պէս երերալէ ապահով պիտի ըլլանք։ Ուստի կը տեսնենք քրիստոնէական հասունութեան դիմելու եւ ‘հաւատքի ու Աստուծոյ
Որդւոյն ճշգրիտ գիտութեան մէջ միաբանութեան հասնելուն’ միջեւ եղող սերտ առնչութիւնը։ Պօղոսի խրատին մէջ կարգ մը կէտեր կան, որոնց լաւ է որ սրտանց ուշադրութիւն ընծայենք։8. Հաւատքի ու ճշգրիտ գիտութեան մէջ «միաբանութեան» հասնիլը ի՞նչ կը պահանջէ։
8 Նախ՝ քանի որ ‘միաբանութիւն’ պիտի պահպանուի, հասուն Քրիստոնեայ մը հաւատքի ու գիտութեան մէջ իր հաւատակիցներուն հետ միութեան եւ լիովին ներդաշնակութեան մէջ պէտք է ըլլայ։ Ան անձնական գաղափարներ չի պաշտպաներ կամ անոնց վրայ պնդեր, ոչ ալ անհատական կարծիքներ կը սնուցանէ՝ երբ հարցը Աստուածաշունչի հասկացողութեան հետ կապ ունի։ Ընդհակառակը, ան իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ յայտնած ճշմարտութեան վրայ ամբողջական վստահութիւն ունի։ Քրիստոնէական գրականութիւններու, ժողովներու, եւ համաժողովներու միջոցաւ «ատենին» հայթայթուած հոգեւոր սնունդը կանոնաւորաբար ստանալով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ հաւատքի եւ գիտութեան ‘միաբանութիւնը’ կը պահենք։—Մատթէոս 24։45
9. Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոսի գործածած «հաւատք» արտայայտութեան իմաստը բացատրեցէք։
9 Երկրորդ, «հաւատք» արտայայտութիւնը ո՛չ թէ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի դաւանած համոզումին կ’ակնարկէ, այլ մեր ընդհանուր հաւատքին՝ անոր ‘լայնութեան ու երկայնութեան եւ խորութեան ու բարձրութեան’։ (Եփեսացիս 3։18. 4։5. Կողոսացիս 1։23. 2։7) Իրականութեան մէջ, Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ իր հաւատակիցներուն հետ միաբանութեան մէջ ըլլալ, երբ ան այդ «հաւատք»ին միայն որոշ մասին կը հաւատայ, կամ զայն կ’ընդունի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք չէ բաւարարուինք միայն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները գիտնալով կամ ճշմարտութեան մասին աղօտ կամ մասնակի գիտութիւն ունենալով։ Հապա՝ Իր Խօսքը խորապէս պեղելու նպատակաւ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի ըրած բոլոր կարգադրութիւններէն օգտուելով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։ Պէտք է ջանանք Աստուծոյ կամքին ու նպատակին մասին կարելի եղածին չափ ճշգրիտ ու լման հասկացողութիւն ձեռք ձգել։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչը ու անոր վրայ հիմնուած գրականութիւնները կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակ տրամադրել, իր օգնութեան ու առաջնորդութեան համար Աստուծոյ աղօթել, քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ, եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ լիարժէք մասնակցութիւն բերել։—Առակաց 2։1-5
10. Եփեսացիս 4։13–ի մէջ «մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։
10 Երրորդ, երեք երեսակ ունեցող նպատակակէտը նկարագրելէ առաջ, Պօղոս հետեւեալ բառերը ըսաւ՝ «մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք»։ «Ամէնքս» արտայայտութեան նկատմամբ, Աստուածաշունչի դասագիրք մը այս բառին իմաստը կու տայ, ըսելով՝ «ոչ թէ բոլորը, ամէն մէկը անջատաբար, հապա՝ ամէնքը միասնաբար»։ Ուրիշ խօսքով, իւրաքանչիւրս համայն եղբայրակցութեան հետ միասին, տրամաբանական ջանք պէտք է թափենք քրիստոնէական հասունութեան նպատակը հետապնդելու համար։ Տը Ինթըրփրիթըրզ Պայպըլ–ը դիտել կու տայ. «Անհատ մը ամբողջական հոգեւոր հասունութեան առանձին պիտի չհասնի, ճիշդ ինչպէս որ մարմնին մէկ անդամը չի կրնար լիովին աճիլ, բացի՝ երբ ամբողջ մարմինը շարունակէ իր առողջ աճը»։ Պօղոս Եփեսացի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ «բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ» է որ պէտք էր ջանային հաւատքին լման տարողութիւնը ըմբռնել։—Եփեսացիս 3։18ա
11. (ա) Հոգեւորապէս յառաջդիմելը ի՞նչ չի նշանակեր։ (բ) Յառաջդիմելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
11 Պօղոսի խօսքերէն բացայայտ կ’ըլլայ թէ հոգեւորապէս յառաջդիմելը պարզապէս չի նշանակեր մեր միտքը գիտութեամբ ու շատ տեղեկութիւններով լեցնել։ Հասուն Քրիստոնեան իր ուշիմութեամբ ուրիշները տպաւորող մէկը չէ։ Հապա՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ (Առակաց 4։18) Այո, «ճամբան» է որ «երթալով կը լուսաւորուի» ու ո՛չ թէ անհատը։ Եթէ շարունակաբար ջանանք քայլ պահել Աստուծոյ Խօսքին հետզհետէ աւելի յստակ հասկացողութեան հետ, զոր Եհովա իր ժողովուրդին կը շնորհէ, հոգեւորապէս պիտի յառաջդիմենք։ Այս պարագային, քայլ պահելը յառաջդիմութիւն կը նշանակէ, եւ ասիկա բան մըն է որ բոլորս ալ կրնանք ընել։—Սաղմոս 97։11. 119։105
«Հոգիին Պտուղը» Ցուցաբերենք
12. Ինչո՞ւ հոգիին պտուղները ցուցաբերելը, հոգեւոր յառաջդիմութեան հետապնդումին մէջ կարեւոր է։
12 Թէեւ ‘հաւատքի ու ճշգրիտ գիտութեան մէջ միաբանութեան հասնիլը’ կարեւոր է, սակայն նոյնքան կարեւոր է Աստուծոյ հոգիին պտուղները ցուցաբերել կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հասունութիւնը, ինչպէս տեսանք, անտեսանելի կամ պահուած բան մը չէ, այլ անիկա կը նշուի բացայայտօրէն տեսանելի յատկութիւններով, որոնք կրնան ուրիշներուն օգտակար ըլլալ եւ զանոնք կերտել։ Անշուշտ, հոգեւոր յառաջդիմութիւն հետապնդելը, պարզապէս տեսակ մը զարգացածի հովեր առնելու ջանք մը չէ։ Ընդհակառակը, մինչ հոգեւորապէս կ’աճինք, Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան հետեւելով, մեր վերաբերմունքին եւ արարքներուն մէջ սքանչելի փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։—Գաղատացիս 5։16
13. Ո՞ր փոփոխութիւնը յառաջդիմութեան բացայայտ ապացոյց մըն է։
13 Պօղոս կը շարունակէ թուել «մարմնին գործերը», որոնք թիւով շատ եւ «յայտնի» են։ Անհատ մը Աստուծոյ պահանջները գնահատելու սկսելէն առաջ, իր կեանքը աշխարհի ապրելակերպին համաձայն կ’ըլլայ եւ թերեւս Պօղոսի ըսած կարգ մը բաներով լեցուն՝ «շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են»։ (Գաղատացիս 5։19-21) Սակայն, մինչ անհատը հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ, ան աստիճանաբար կը յաղթահարէ այս անփափաքելի «մարմնի գործեր»ը եւ կը սկսի «հոգիին պտուղ»ները մշակել։ Այս արտաքնապէս երեւելի եղող փոփոխութիւնը բացայայտ ապացոյց մըն է թէ անհատը քրիստոնէական հասունութեան կը դիմէ։—Գաղատացիս 5։22
14. Բացատրեցէք «մարմնին գործերը» եւ «հոգիին պտուղ»ները արտայայտութիւնները։
14 Նկատի պէտք է առնենք երկու արտայայտութիւնները՝ «մարմնին գործերը» եւ «հոգիին պտուղ»ները։ «Գործերը»՝ անհատի մը ըրածներուն արդիւնքը, իր արարքներուն հետեւանքն է։ Ուրիշ խօսքով, որպէս մարմնի գործեր Պօղոսի յիշած բաները, կա՛մ անհատի մը կամաւոր ընտրութեան եւ կամ մարդկային նուաստացած մարմնին ազդեցութեան արդիւնքն են։ (Հռովմայեցիս 1։24, 28. 7։21-25) Միւս կողմէ, «հոգիին պտուղ»ները արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ թէ յիշուած յատկութիւնները, այդպէս կոչուած անձնաւորութիւն կերտելու կամ բարելաւելու ջանքերուն արդիւնքները չեն, այլ, անհատին վրայ Աստուծոյ հոգիին ներգործութեան արդիւնքներն են։ Ճիշդ ինչպէս որ ծառ մը պտուղ պիտի տայ եթէ անոր պատշաճօրէն հոգ տարուի, նոյնպէս ալ անհատ մը հոգիին պտուղները պիտի ցուցաբերէ, երբ սուրբ հոգին իր կեանքին մէջ ազատօրէն ներգործէ։—Սաղմոս 1։1-3
15. Ինչո՞ւ կարեւոր է «հոգիին պտուղ»ին բոլոր երեսակներուն ուշադրութիւն ընծայել։
15 Նկատի առնուելիք ուրիշ կէտ մըն է՝ իր յիշած բոլոր ցանկալի յատկութիւնները ներառնելու համար Պօղոսի գործածած «պտուղ» բառը։ Հոգին այլազան պտուղներ չ’արտադրեր որ մենք մեր նախասիրածը ընտրենք անոնց մէջէն։ Պօղոսի թուած բոլոր յատկութիւնները՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն՝ հաւասարապէս կարեւոր են, եւ միասնաբար մէջտեղ կը բերեն քրիստոնէական նոր անձնաւորութիւնը։ (Եփեսացիս 4։24. Կողոսացիս 3։10) Հետեւաբար, թէեւ կրնանք նկատել թէ այս յատկութիւններէն ոմանք շատ աւելի բացայայտ են մեր կեանքին մէջ, շնորհիւ մեր անձնաւորութեան եւ հակումներուն, բայց կարեւոր է որ Պօղոսի յիշած բոլոր երեսակներուն ուշադրութիւն ընծայենք։ Այսպէս ընելով, մեր կեանքին մէջ աւելի լիարժէք կերպով կրնանք արտացոլացնել քրիստոսանման անձնաւորութիւն մը։—Ա. Պետրոս 2։12, 21
16. Քրիստոնէական հասունութիւն հետապնդելու մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ իրագործուիլ։
16 Պօղոսի քննարկումէն մեր սորվելիք կարեւոր դասը այն է, թէ քրիստոնէական հասունութիւն հետապնդելու մէջ մեր նպատակը ո՛չ մեծ գիտութիւն ու հասկացողութիւն ձեռք ձգել է, ո՛չ ալ՝ բնաւորութեան լաւ գծեր մշակել։ Անոր նպատակն է մեր կեանքին մէջ ազատ հոսք տալ Աստուծոյ հոգիին։ Մեր խորհուրդներն ու արարքները ո՛րքան ընդառաջեն Աստուծոյ հոգիին, ա՛յնքան հոգեւորապէս հասուն կ’ըլլանք։ Այս նպատակին ի՞նչպէս կրնանք հասնիլ։ Մեր սիրտն ու միտքը պէտք է բանանք Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան։ Ասիկա կը պարփակէ քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախել ու մասնակցիլ։ Նաեւ կանոնաւորաբար պէտք է ուսումնասիրենք Աստուծոյ Խօսքը ու խոկանք անոր վրայ, թոյլ տալով որ անոր սկզբունքները ուղղութիւն տան ուրիշներուն հետ մեր վերաբերմունքին, մեր որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն։ Վստահաբար, ա՛յն ատեն յայտնի պիտի ըլլայ մեր յառաջդիմութիւնը։
Աստուծոյ Փառքին Համար Յառաջդիմեցէք
17. Յառաջդիմելը ի՞նչպէս մեր երկնաւոր Հայրը փառաբանելուն հետ կապ ունի։
17 Մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընելը ի վերջոյ փառք ու փառաբանութիւն կը բերէ ո՛չ թէ մեզի, այլ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի, որ կարելի կ’ընէ որ հոգեւոր հասունութիւն ձեռք ձգենք։ Յիսուսի սպաննուելէն գիշեր մը առաջ, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ (Յովհաննու 15։8) Աշակերտները Եհովայի փառք բերին թէ՛ հոգիին պտուղները յայտնաբերելով եւ թէ՛ իրենց ծառայութեան պտուղներով։—Գործք 11։4, 18. 13։48
18. (ա) Ներկայիս ի՞նչ ցնծալի հունձք մը տեղի կ’ունենայ։ (բ) Այս հունձքը ի՞նչ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ։
18 Ներկայիս Եհովայի օրհնութիւնը իր ժողովուրդին վրայ է, մինչ անոնք համերկրային հոգեւոր հունձքին կը մասնակցին։ Քանի մը տարիէ ի վեր, տարեկան շուրջ 300,000 նոր անհատներ իրենք զիրենք Եհովայի կը նուիրեն եւ ասիկա ջուրի մկրտութեամբ կը խորհրդանշեն։ Ասիկա մեզ կ’ուրախացնէ եւ անկասկած Եհովայի սիրտն ալ կ’ուրախացնէ։ (Առակաց 27։11) Բայց ասիկա Եհովայի համար շարունակաբար ուրախութեան եւ փառաբանութեան աղբիւր ըլլալու համար, այս նորեկները պէտք է շարունակեն «քալել [Քրիստոսով] արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած»։ (Կողոսացիս 2։6, 7) Ասիկա կրկնակի մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ Աստուծոյ ժողովուրդին։ Մէկ կողմէ, եթէ նոր մկրտուած էք, ջանք թափելու մարտահրաւէրը պիտի ընդունի՞ք, որպէսզի ‘ձեր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ըլլայ’։ Միւս կողմէ, եթէ որոշ ժամանակէ ճշմարտութեան մէջ էք, նորեկներուն հոգեւոր բարօրութեան նպաստելու պատասխանատուութիւնը շալկելու մարտահրաւէրը պիտի ընդունի՞ք։ Երկու պարագային ալ, յառաջդիմելու ստիպողականութիւնը որոշ է։—Փիլիպպեցիս 3։16. Եբրայեցիս 6։1
19. Ի՞նչ առանձնաշնորհումներ ու օրհնութիւններ կը սպասեն ձեզ, եթէ ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընէք։
19 Հոյակապ օրհնութիւններ կը սպասեն բոլոր անոնց՝ որոնք ծանր կ’աշխատին իրենց յառաջդիմութիւնը բացայայտ ընելու համար։ Մտաբերեցէք Պօղոսի քաջալերական խօսքերը՝ Տիմոթէոսը յորդորելէ ետք որ յառաջդիմութիւն ընէ՝ «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Ջանադրութեամբ ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընելով, դուք ալ կրնաք մասնակից ըլլալ Աստուծոյ անուան փառաբանութեան եւ ստանալ իր օրհնութիւնները։
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչ կերպերով հոգեւոր հասունութիւնը յայտնի կ’ըլլայ։
• Ի՞նչպիսի գիտութիւն եւ հասկացողութիւն հասունութիւն կ’արտացոլացնեն։
• «Հոգիին պտուղը» յայտնաբերելը ի՞նչպէս հոգեւոր յառաջդիմութիւն կը նշէ։
• Ի՞նչ մարտահրաւէր պէտք է ընդունինք, մինչ դէպի հասունութիւն կը դիմենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Հասունութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնուի
[Նկար՝ էջ 15]
Հոգեւորապէս կը յառաջդիմենք, յայտնուած ճշմարտութեան հետ քայլ պահելով
[Նկար՝ էջ 17]
Աղօթքը մեզի կ’օգնէ «հոգիին պտուղ»ները ցուցաբերելու