Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աբրահամի նման հաւատք մը ունեցէ՛ք

Աբրահամի նման հաւատք մը ունեցէ՛ք

Աբրահամի նման հաւատք մը ունեցէ՛ք

«Անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 3։7

1. Քանանի մէջ Աբրամ ի՞նչպէս նոր փորձութիւն մը դիմագրաւեց։

ԵՀՈՎԱՅԻ պատուէրին հնազանդելով, Աբրամ Ուրի մէջ իր ունեցած հանգստաւէտ կեանքը լքեց։ Յաջորդող տարիներուն իր ունեցած աննպաստ պայմանները, պարզապէս Եգիպտոսի մէջ իր դիմագրաւած հաւատքի փորձութեան նախապատրաստութիւնն էին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն երկրին մէջ սով եղաւ»։ Աբրամի համար որքա՛ն դիւրին պիտի ըլլար իր վիճակին համար ընդվզիլ։ Ընդհակառակը, ան իր ընտանիքին նիւթական կարիքները հայթայթելու համար գործնական քայլեր առաւ։ «Աբրամ Եգիպտոս իջաւ հոն պանդխտանալու համար. վասն զի այն երկրին մէջ սովը սաստիկ էր»։ Կարելի չէր որ Աբրամի մեծ ընտանիքը Եգիպտոսի մէջ աննշմար մնար։ Արդեօք Եհովա իր խոստումին տէրը պիտի ըլլար եւ Աբրամը վնասներէ պիտի պաշտպանէ՞ր։—Ծննդոց 12։10. Ելից 16։2, 3

2, 3. (ա) Աբրամ ինչո՞ւ իր կնոջ իսկական ինքնութիւնը ծածկեց։ (բ) Պարագային ընդառաջելով, Աբրամ իր կնոջը հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։

2 Ծննդոց 12։11-13–ի մէջ կը կարդանք. «Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ Սարային ըսաւ. ‘Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. «Ասիկա անոր կինն է» ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։ Շնորհք ըրէ՛ [«հաճիս», ՆԱ], ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի’»։ Թէեւ Սարա աւելի քան 65 տարեկան էր, սակայն ան տակաւին գրաւիչ ու գեղեցիկ էր։ Ասիկա Աբրամի կեանքը վտանգի ենթարկեց։ * (Ծննդոց 12։4, 5. 17։17) Աւելի կարեւորը, Եհովայի նպատակին հետ կապ ունեցող հարցերը վտանգի տակ էին, քանի որ ան ըսած էր թէ Աբրամի սերունդին միջոցաւ երկրի ազգերը իրենք զիրենք պիտի օրհնէին։ (Ծննդոց 12։2, 3, 7, ՆԱ) Քանի որ Աբրամ տակաւին անզաւակ էր, շատ կարեւոր էր որ ան ողջ մնար։

3 Աբրամ իր կնոջ հետ խօսեցաւ նախապէս իրարու հետ համաձայնուած հնարամտութիւն մը գործածելու մասին, այսինքն՝ հարցնողներուն ըսել թէ ինք Աբրամի քոյրն էր։ Նշմարեցէք թէ, նահապետական հեղինակութիւն ունենալով հանդերձ, ան իր դիրքը չշահագործեց, այլ՝ իր կնոջ համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը խնդրեց։ (Ծննդոց 12։11-13. 20։13) Ասով, Աբրամ լաւ օրինակ հանդիսացաւ ամուսիններուն, որ իրենց գլխաւորութիւնը սիրալիր կերպով ի գործ դնեն, իսկ Սարա՝ իր հպատակութիւնը ցոյց տալով, ներկայ կիներուն համար օրինակ մըն է։—Եփեսացիս 5։23-28. Կողոսացիս 4։6

4. Ներկայիս Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ի՞նչպէս պէտք է վարուին, երբ իրենց եղբայրներուն կեանքը վտանգի տակ ըլլայ։

4 Սարա կրնա՛ր ըսել թէ ինք Աբրամի քոյրն էր, քանի որ ան իրապէս իր խորթ քոյրն էր։ (Ծննդոց 20։12) Ասկէ զատ, ան ստիպուած չէր տեղեկութիւն տալու այնպիսի անհատներու, որոնք զայն ստանալու իրաւասութիւնը չունէին։ (Մատթէոս 7։6) Արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները պարկեշտ ըլլալու Աստուածաշունչի պատուէրին կը հնազանդին։ (Եբրայեցիս 13։18) Օրինակ, դատարանին մէջ երդում ընելէ ետք անոնք երբեք չեն ստեր։ Սակայն, երբ իրենց եղբայրներուն ֆիզիքական կամ հոգեւոր կեանքը վտանգի տակ ըլլայ, ինչպէս հալածանքի կամ քաղաքացիական խռովութեան ժամանակներուն, անոնք Յիսուսի հետեւեալ խրատին կ’անսան. «Օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ»։—Մատթէոս 10։16. տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1996, էջ 18, պարբերութիւն 19 (Անգլերէն)։

5. Սարա ինչո՞ւ յօժարեցաւ Աբրամի խնդրանքին հնազանդիլ։

5 Սարա ի՞նչպէս ընդառաջեց Աբրամի խնդրանքին։ Պետրոս առաքեալ Սարայի նմանող կիները նկարագրեց, որպէս «իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ» դնողներ։ Հետեւաբար Սարա ասոր մէջ պարփակուած հոգեւոր հարցերը կրնար կշռադատել։ Ասկէ զատ, ան կը սիրէր ու կը յարգէր իր ամուսինը։ Ուստի Սարա ընտրեց ‘իր այրին հնազանդիլ’ եւ իր ամուսնացած ըլլալը գաղտնի պահել։ (Ա. Պետրոս 3։5) Անշուշտ, ասիկա ընելով ան ինքզինք վտանգներու ենթարկեց։ «Երբ Աբրամ Եգիպտոս մտաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը, որ շատ գեղեցիկ էր։ Փարաւոնին իշխաններն ալ տեսան ու գովեցին զանիկա Փարաւոնին առջեւ եւ կինը Փարաւոնին տունը տարուեցաւ»։—Ծննդոց 12։14, 15

Եհովայի Ազատագրութիւնը

6, 7. Աբրամ ու Սարա իրենք զիրենք ի՞նչպիսի նեղացուցիչ պարագաներու ներքեւ գտան, իսկ Եհովա ի՞նչպէս ազատեց Սարան։

6 Ասիկա որքա՜ն նեղացուցիչ ըլլալու էր Աբրամի ու Սարայի համար։ Ըստ երեւոյթին, Սարա բռնաբարուելու վրայ էր։ Ասկէ զատ, Սարայի ամուսնական վիճակէն տեղեակ չըլլալով, Փարաւոն Աբրամի առատօրէն պարգեւներ տուաւ, այնպէս որ «Աբրամ ոչխարներ ու արջառներ եւ էշեր ու ծառաներ եւ աղախիններ ու էգ էշեր եւ ուղտեր ստացաւ»։ * (Ծննդոց 12։16) Աբրամ որքա՛ն արհամարհած ըլլալու էր այդ պարգեւները։ Թէեւ կացութիւնը անյոյս կը թուէր, սակայն, Եհովա երեսի վրայ ձգած չէր Աբրամը։

7 «Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար»։ (Ծննդոց 12։17) Մեզի անծանօթ կերպով մը, Փարաւոնի յայտնուեցաւ այս «հարուածներ»ուն իսկական պատճառը։ Ան իսկոյն ընդառաջեց. «Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. ‘Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է. Ինչո՞ւ համար «Ասիկա քոյրս է», ըսիր եւ քիչ մնաց որ զանիկա ինծի կին պիտի առնէի. բայց հիմա ահա կինդ. առ՛ ու գնա՛’։ Եւ Փարաւոն իր մարդոցը պատուիրեց, որ զանիկա իր կնոջ ու իր բոլոր ստացուածքով ապահով ղրկեն»։—Ծննդոց 12։18-20. Սաղմոս 105։14, 15

8. Եհովա Քրիստոնեաներուն ներկայիս ի՞նչպիսի պաշտպանութիւն կը խոստանայ։

8 Ներկայիս, Եհովա չ’երաշխաւորեր թէ մեզ պիտի պաշտպանէ մահուան, ոճիրի, եւ սովի կամ բնական աղէտներու պատճառած վնասներէն։ Մեզի խոստում տրուած է որ մեր հոգեւորականութիւնը վտանգող բաներուն մէջ Եհովա մի՛շտ պիտի պաշտպանէ մեզ։ (Սաղմոս 91։1-4) Ան գլխաւորաբար ասիկա կ’ընէ, ճիշդ ժամանակին զգուշացումներ տալով, իր Խօսքին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել հալածանքի պատճառաւ մահուան սպառնալիքին մասին։ Թէեւ Աստուած կրնայ թոյլատրել որ անհատներ մեռնին, սակայն ան երբեք թոյլ պիտի չտայ որ իր ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն բնաջնջուի։ (Սաղմոս 116։15) Իսկ եթէ մահը կարգ մը հաւատարիմներ խլէ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ անոնք պիտի յարուցանուին։—Յովհաննու 5։28, 29

Զոհողութիւններ Ընել՝ Խաղաղութիւնը Պահելու Համար

9. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աբրամ Քանանի մէջ թափառական մնաց։

9 Բացայայտօրէն Քանանի մէջ սովը վերջ գտած ըլլալով, «Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր բոլոր ունեցածներով Եգիպտոսէն դէպի Քանանի հարաւակողմը [Յուդայի լեռներուն հարաւը գտնուող ջրազուրկ շրջանը] գնաց ու Ղովտ ալ իրեն հետ։ Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով»։ (Ծննդոց 13։1, 2) Ուստի, տեղացիները զինք հեղինակութեան եւ զօրութեան տէր մարդ մը՝ հզօր իշխան մը՝ նկատած ըլլալու էին։ (Ծննդոց 23։6) Աբրամ հաստատուելու եւ քանանական քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալու ո՛չ մէկ ցանկութիւն ունէր։ Փոխարէն, «իր առաջին իջեւանած տեղէն գնաց հարաւային կողմը, մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը ուր էր առաջ իր վրանը, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ»։ Ինչպէս միշտ, Աբրամ ուր որ կ’երթար Եհովայի պաշտամունքին առաջնակարգ տեղը կու տար։—Ծննդոց 13։3, 4

10. Աբրամի ու Ղովտի հովիւներուն միջեւ ի՞նչ խնդիր զարգացաւ, եւ ինչո՞ւ կարեւոր էր որ անիկա շուտով լուծուէր։

10 «Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։ Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։ Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ»։ (Ծննդոց 13։5-7) Աբրամի ու Ղովտի հօտերը կերակրելու համար երկիրը բաւարար ջուր ու խոտ չէր հայթայթեր։ Ուստի, հովիւներուն միջեւ կռիւներ եւ դժգոհութիւններ զարգացան։ Այսպիսի բախումներ վայել չէին ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներուն համար։ Եթէ այս անիմաստ վէճերը շարունակուէին, մնայուն խրամատ մը պիտի բացուէր։ Ուստի, Աբրամ ի՞նչպէս ձեռք պիտի առնէր այս կացութիւնը։ Ան Ղովտը որդեգրած էր անոր հօր մահէն ետք, թերեւս զայն իր զաւկին պէս մեծցնելով։ Տարիքով Ղովտէն մեծ ըլլալով, Աբրամ լաւագոյնը ընտրելու իրաւասութիւն չունէ՞ր։

11, 12. Աբրամ ի՞նչ վեհանձն առաջարկ մը ըրաւ Ղովտին, եւ Ղովտի ընտրութիւնը ինչո՞ւ անխոհեմ ընտրութիւն մըն էր։

11 Սակայն, «Աբրամ ըսաւ Ղովտին. ‘Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ’»։ Բեթէլի մօտ կը գտնուի ինչ որ կոչուած է «Պաղեստինի ամենէն հոյակապ դիտակներէն մէկը»։ Թերեւս այս վայրէն էր որ «Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր»։—Ծննդոց 13։8-10

12 Թէեւ Աստուածաշունչը Ղովտը կը նկարագրէ որպէս «արդար» մէկը, սակայն պատճառով մը ան այս հարցին մէջ Աբրամի կարծիքը չառաւ, ո՛չ ալ, ըստ երեւոյթին, այս տարեց մարդէն խրատ հարցուց։ (Բ. Պետրոս 2։7) «Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց ու դէպի արեւելք չուեց եւ իրարմէ զատուեցան։ Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ, Ղովտն ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ ու իր վրանը Սոդոմի քով բացաւ»։ (Ծննդոց 13։11, 12) Սոդոմ բարգաւաճ քաղաք մըն էր եւ նիւթական բազմաթիւ օգուտներ կը մատուցանէր։ (Եզեկիէլ 16։49, 50) Թէեւ նիւթական տեսանկիւնէ դիտուած Ղովտի ընտրութիւնը իմաստուն կրնար թուիլ, սակայն, հոգեւոր տեսանկիւնէն՝ անիկա անխոհեմ ընտրութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Սոդոմի մարդիկը խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ», կ’ըսէ Ծննդոց 13։13–ը։ Հոն փոխադրուելու Ղովտի որոշումը, ի վերջոյ իր ընտանիքին շատ վիշտ պիտի պատճառէր։

13. Աբրամի օրինակը ի՞նչպէս կ’օգնէ այն Քրիստոնեաներուն, որոնք դրամական վէճերու մէջ կրնան իյնալ։

13 Սակայն, Աբրամ հաւատք ցուցաբերեց ամբողջ երկիրը ի վերջոյ իր սերունդին սեփականութիւնը ըլլալու Եհովայի խոստումին. ան այդ երկրին մէկ փոքր մասին համար չվիճաբանեցաւ։ Վեհանձնութեամբ վարուելով, ան Ա. Կորնթացիս 10։24–ի մէջ նշուած սկզբունքին համաձայն գործեց. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ Ասիկա լաւ վերյիշեցում մըն է անոնց համար, որոնք իրենց հաւատակիցներուն հետ դրամական վէճերու կրնան բռնուիլ։ Փոխանակ Մատթէոս 18։15-17–ի խրատին հետեւելու, ոմանք իրենց եղբայրները դատի քաշած են։ (Ա. Կորնթացիս 6։1, 7) Աբրամի օրինակը ցոյց կու տայ թէ աւելի լաւ է դրամական վնաս կրել, քան Եհովայի անուան անարգանք բերել, կամ՝ քրիստոնէական ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։—Յակոբու 3։18

14. Աբրամ իր առատաձեռնութեան համար ի՞նչպէս պիտի վարձատրուէր։

14 Աբրամ իր առատաձեռնութեան համար պէտք էր վարձատրուէր։ Աստուած ըսաւ. «Քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ»։ Անզաւակ Աբրամի համար այս յայտնութիւնը որքա՜ն քաջալերական եղած պէտք էր ըլլար։ Ապա Աստուած հրամայեց. «Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։ (Ծննդոց 13։16, 17) Ոչ, թոյլ պիտի չտրուէր որ Աբրամ քաղաքի մը հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ հաստատուէր։ Ան Քանանացիներէն հեռու պէտք էր մնար։ Ներկայիս Քրիստոնեաներն ալ աշխարհէն հեռու պէտք է մնան։ Անոնք իրենք զիրենք ուրիշներէն գերադաս չեն սեպեր, սակայն, սերտ ընկերակցութիւն չեն ունենար ոեւէ անհատի հետ, որ կրնայ զիրենք հրապուրել սուրբ գրային չեղող վարմունքի միջամուխ ըլլալու։—Ա. Պետրոս 4։3, 4

15. (ա) Աբրամի ճամբորդութիւնները թերեւս ի՞նչ նպատակի ծառայած ըլլալու էին։ (բ) Աբրամ Քրիստոնեայ ընտանիքներուն համար, ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ ներկայիս։

15 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, անհատ մը հողամասի մը սեփականատէրը չդարձած, զայն աչքէ անցընելու իրաւունք ունէր։ Հաւանաբար այս երկրին մէջ շրջագայիլը որպէս յարատեւ վերյիշեցում ծառայած ըլլալու էր, թէ օր մը անիկա Աբրամի սերունդին պիտի պատկանէր։ Հլու հնազանդ, «Աբրամ վերցուց իր վրանը ու գնաց բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, որ Քեբրոնի մէջ է եւ հոն սեղան շինեց Տէրոջը»։ (Ծննդոց 13։18) Անգամ մը եւս, Աբրամ ցոյց տուաւ թէ պաշտամունքին ո՛րքան նախապատուութիւն տուած էր։ Ձեր ընտանիքին մէջ ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ընտանեկան աղօթքին եւ ժողովներուն ներկայութեան նախապատուութիւն կը տրուի՞։

Թշնամին կը Յարձակի

16. (ա) Ծննդոց 14։1–ի խօսքերը ինչո՞ւ չարագուշակ ոճ մը ունին։ (բ) Արեւելքցի չորս թագաւորներուն յարձակումին պատճառը ի՞նչ էր։

16 «Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին * եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները, Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին ու Ադմայի Սենաբ թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան»։ Եբրայերէն բնագրին մէջ, «ժամանակները» արտայայտութիւնը չարագուշակ ոճ մը ունի, նշելով՝ «փորձութեան ժամանակաշրջանի մը, որ օրհնութեամբ կ’աւարտի»։ (Ծննդոց 14։1, 2, ՆԱ, ստորանիշ) Փորձութիւնը սկսաւ երբ այս չորս արեւելքցի թագաւորները եւ իրենց բանակները Քանանու վրայ աւերիչ յարձակումը գործեցին։ Ի՞նչ էր իրենց նպատակը։ Հինգ քաղաքներուն՝ Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի, Սեբոյիմի եւ Բաղայի ապստամբութիւնը զսպելու համար։ Բոլոր քաղաքներուն դիմադրութիւնը նուաճելով, «ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդիմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը»։ Ղովտն ու իր ընտանիքը մօտակայքը կը բնակէին։—Ծննդոց 14։3-7

17. Ղովտին գերի տարուիլը Աբրամի համար ինչո՞ւ հաւատքի փորձութիւն մըն էր։

17 Քանանացի թագաւորները կատաղիօրէն դիմադրեցին ներխուժողներուն, սակայն նուաստացուցիչ պարտութիւն մը կրեցին։ «Անոնք [նուաճողները] Սոդոմի ու Գոմորի բոլոր ունեցածնին ու անոնց բոլոր պաշարները առին ու գացին։ Սոդոմի մէջ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը ու անոր բոլոր ստացուածքն ալ առին ու գացին»։ Այս աղիտալի իրադարձութիւններուն գոյժը շուտով Աբրամի հասաւ. «Փախստական մը եկաւ ու այս բաները Եբրայեցի Աբրամին պատմեց։ Աբրամ Եսքողի ու Աների եղբօրը Ամօրհացի Մամբրէի կաղնիներուն մէջ կը բնակէր. վասն զի ասոնք Աբրամին հետ դաշնակից էին։ Աբրամ . . . իր եղբօր գերի առնուիլը լսեց»։ (Ծննդոց 14։8-14) Հաւատքի ի՜նչ փորձութիւն մը։ Իր զարմիկը լաւագոյն հողամասը առած ըլլալուն համար, Աբրամ դժգոհանք սնուցանա՞ծ էր իր մէջ։ Մի մոռնաք թէ այդ նուաճողները իր ծննդավայրէն՝ Սենաարէն եկած էին։ Անոնց դէմ ելլելը կը նշանակէր իր նախկին տունը վերադառնալու ամէն հաւանականութեան վերջ դնել։ Ասկէ զատ, Աբրամ ի՞նչ կրնար ընել բանակի մը դիմաց, զոր Քանանացիներու միացեալ բանակները չէին կարողացած նուաճել։

18, 19. (ա) Աբրամ ի՞նչպէս կրցաւ Ղովտը ազատագրել։ (բ) Այս յաղթանակին վարկը որո՞ւ գնաց։

18 Աբրամ անգամ մը եւս իր անբեկանելի վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրաւ։ Աբրամ «իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնըութը կրթուած ծառաները հանեց ու անոնց ետեւէն ինկաւ մինչեւ Դան։ Ինքն ու իր ծառաները գիշերով գունդ գունդ անոնց վրայ յարձակեցան ու զարկին զանոնք եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի հիւսիսային կողմն է։ Եւ բոլոր ստացուածքը ետ բերաւ եւ իր եղբայրը Ղովտն ալ ու անոր ունեցածները եւ կիները ու ժողովուրդն ալ ետ բերաւ»։ (Ծննդոց 14։14-16) Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք ցուցաբերելով, Աբրամ իր յարաբերաբար փոքրաթիւ գունդերը յաղթութեան առաջնորդեց, Ղովտն ու իր ընտանիքը ազատագրելով։ Ապա Աբրամ հանդիպեցաւ Սաղէմի թագաւոր–քահանային՝ Մելքիսեդեկին։ «Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. ‘Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց’։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր»։—Ծննդոց 14։18-20

19 Այո, յաղթանակը Եհովայի կը պատկանէր։ Իր հաւատքին պատճառաւ, Աբրամ անգամ մը եւս Եհովայի ազատագրութիւնը վայելեց։ Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը բառացի պատերազմներ չեն մղեր, սակայն, անոնք բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Մեր յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ Աբրամի օրինակը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ զանոնք յաջողութեամբ դիմագրաւենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութեան համաձայն (հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ), «հնամենի պապիրոս մը կը խօսի Փարաւոնի մը մասին, որ զինեալ խմբակի մը պատուէր տուած էր՝ յափշտակել գրաւիչ կին մը ու սպաննել անոր ամուսինը»։ Ուստի Աբրամի վախը չափազանցուած չէր։

^ պարբ. 6 Հագար, որ հետագային Աբրամի հարճը եղաւ, այդ ժամանակ Աբրամին տրուած ծառաներուն մէջ եղած կրնար ըլլալ։—Ծննդոց 16։1

^ պարբ. 16 Քննադատները ատեն մը կ’առարկէին թէ Եղամ այսպիսի հեղինակութիւն մը երբեք չէ ունեցած Սենաարի մէջ, եւ թէ Քոդողագոմորի յարձակումը շինծու պատմութիւն մըն էր։ Աստուածաշունչի արձանագրութեան թիկունք կանգնող հնագիտական ապացոյցներու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տեսէք՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1989, էջ 4-7, Անգլերէն։

Նկատեցի՞ք

• Քանանի երկրին մէջ եղած սովը Աբրամի հաւատքը ի՞նչպէս փորձի ենթարկեց։

• Աբրամ ու Սարա ի՞նչպէս լաւ օրինակ մը հանդիսացան ներկայ ամուսիններուն եւ կիներուն։

• Իր եւ Ղովտի ծառաներուն միջեւ եղած վէճը ձեռք առնելու մէջ, Աբրամի օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Աբրամ իր իրաւունքներուն վրայ չպնդեց, այլ Ղովտի շահերը իր շահերէն առաջ դրաւ

[Նկար՝ էջ 24]

Աբրամ իր զարմիկը՝ Ղովտը՝ ազատագրելով, ցոյց տուաւ թէ Եհովայի կ’ապաւինէր